Համազգայինի Արցախի Գրասենեակի Նախաձեռնութիւնը` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առթիւ

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second


Փետրուար 19-ը` Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը յայտնի է իբրեւ Գիրք նուիրելու օր: Այս առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան այցելեց Արցախի մայր համալսարան եւ Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն կողմէ հրատարակուած գիրքերէն նուիրեց Արցախի պետական համալսարանի գրադարանին: Արցախի պետական համալսարանի գիտական գրադարանի վարիչ Յասմիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան` նուիրատուութեան եւ համագործակցութեան համար:
Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան եւ Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Զարինէ Սառաջեան այցելեցին Ասկերանի Նախիջեւանիկ գիւղի միջնակարգ դպրոց:
Նախիջեւանիկի միջնակարգ դպրոցին մէջ ներկայացուեցան Համազգայինի Արցախի եւ Երեւանի գրասենեակներուն կողմէ հրատարակուած շարք մը գիրքեր: Հերմինէ Աւագեան ներկաներուն ծանօթացուց Համազգայինի գործունէութիւնը, խօսեցաւ կատարուող աշխատանքներուն մասին, անդրադարձաւ գիրք նուիրելու օրուան եւ այդ կապակցութեամբ գիրքեր յանձնեց դպրոցի գրադարանին:
Արցախի պետական համալսարանի դասախօս Զարինէ Սառաջեան հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կեանքէն ու գործունէութենէն դրուագներ` դասախօսութեան մասնակից դարձնելով աշակերտները, որոնք Զ. Սառաջեանի հետ միասին կազմակերպեցին Թումանեանին նուիրուած հետաքրքրական զարգացնող խաղեր:
Խաղերուն յաղթող խումբերը արժանացան խրախուսական մրցանակներու:
Դպրոցի աշակերտները, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Վարդիթեր Միրզոյեանի նախաձեռնութեամբ, պատրաստած էին գեղեցիկ ցերեկոյթ` նուիրուած հայ մեծերու կեանքին: Վարդիթեր Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա շարունակական ըլլայ: Աւարտին Աւագեան եւ Սառաջեան նուէրներ յանձնեցին դպրոցին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ վերաբերմունքին համար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles