Վանաձորի Մէջ.- Համազգայինի Գիրքի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկը

0 0
Read Time:1 Minute, 2 Second


«Արեւի նման նայեցէ՛ք աշխարհին». Յովհաննէս Թումանեանի այս պատգամով սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան Լոռիի մարզային բաժանմունքի միացեալ ձեռնարկը Լոռիի մարզային գրադարանին մէջ` գիրք նուիրելու օրուան կապակցութեամբ:
Գրողներու միութեան բաժանմունքի նախագահ, գրող Մանուէլ Միկոյեան իր խօսքին մէջ շեշտեց օրուան խորհուրդը, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին` այսպիսի նախաձեռնութեան համար:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան ներկայացուց բոլոր այն գիրքերը, որոնք տպագրուած էին Համազգայինի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական միջոցներով:
«Գիրքը միայն գրողի հոգիին հայելին չէ, անիկա մեզ կը մօտեցնէ մեր անցեալին, կը պատկերուի ներկայով եւ յոյս ու հաւատք կը ներշնչէ ապագայի հանդէպ: Մեր գրականութիւնը եւ մշակոյթը մեզի կը սորվեցնէ չափանիշ դարձնել անանցանելի արժէքները, մեր մէջ կը ձեւաւորէ իտէալ ունենալու գաղափարախօսութիւնը, առանց որուն` աղօտ կ՛ըլլայ մեր անցնելիք ճանապարհը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Ռուզան Առաքելեան:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօսները, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ կարեւոր նկատեցին Համազգայինի նախաձեռնութիւնը եւ օրուան խորհուրդը: Անոնք անդրադարձան այն հեղինակներուն, որոնց հեղինակած գիրքերէն նուէր ստացան:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս Արմէնուհի Կիւրեղեան իր խօսքին մէջ կարդաց Թումանեանի խօսքերը, որոնք նոյնքան արդիական են, որքան` Ամենայն Հայոց բանաստեղծին ժամանակներուն:
Ձեռնարկի վերջաւորութեան բոլոր ներկաները նուէր ստացան Համազգայինի տպագրած գիրքերէն: Գիրքի տօնին նուիրուած ձեռնարկի աւարտին դարձեալ վկայակոչուեցան անմահ Թումանեանի խօսքերը. «Արեւի նման նայեցէ՛ք աշխարհին»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles