Կարօ Արմենեան
Փետրուար 24, 2022
Ռուսական նախայարձակումը Ուքրայինայի դէմ բնականաբար տեղի կու տայ շարք մը հարցադրութիւններու Ռուս-Ուքրայինական Պատերազմի Կովկասի վրայ ունենալիք հաւանական հետեւանքներու գծով։
Ռուսական այս նախաձեռնութիւնը (իր համաշխարհային կնճիռներու պարունակին իբրեւ մաս) պէտք է դիտել յատկապէս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ հետապնդուող փանթուրքիզմի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան դիրքերէն։ Թէ՛ Ղազախստանի եւ թէ՛ Ուքրայինայի քաղաքական ռազմաբեմերուն վրայ, Մոսկուա (այլեւայլ պիտակաւորումներու ետին), առաջին հերթին, կը թուի լուծել փանթուրքիզմի իր փշոտ հարցը։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի փանթուրքիստական խարիսխներն են, որ սեւեռուն քայլերով լուծարքի կ՚ենթարկուին Ռուսաստանի կողմէ խուճապի մատնելով Անգարան եւ Պաքուն։ Իսկ Ուքրայինայի պարագային, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը կորսնցնեն հրաշալի դաշնակից մը եւ գործընկեր մը ռազմարդիւնաբերական եւ տնտեսական բազմապիսի համագործակցութիւններու ոլորտին մէջ։
Ռուսական ուժի այս գրոհով, Ուքրայինան կ՚ենթարկուի բացայայտ «ապաթրքացման»։ Բա՛ն մը՝ որ ինքնաբերաբար պէտք է նպաստէ Հայաստանի դիրքերու ամրապնդման։ Այս մասին կը գրէ նաեւ յայտնի վերլուծաբան եւ աշխարհաքաղաքական հարցերու մասնագէտ՝ Պր. Արմէն Այվազեան։ Հարցո՛ւմ. ի՞նչ չափով այսօր Հայաստանը ի վիճակի է օգտուելու ստեղծուող այս հաւանական առաւելութիւններէն։
Ինծի կը թուի, թէ դեռ շատ կանուխ է դրական գնահատական տալու ձեւաւորուող այս առաւելութեան։ Ռուսական ներկայ յաղթարշաւը դեռ շատ բան ունի բացայայտելիք թէ՛ «ներքին» տարածաշրջանային եւ թէ՛աշխարհակարգային ծաւալներով։
Մոսկուան տարբեր Մոսկուա է այսօր, երբ հարցը կը վերաբերի Կովկասի (կամ «Կասպեան Տարածաշրջանի…) ներքին իրականութեան։ Մոսկուա լիովին ի վիճակի է — եւ իրմէ սպասելի՛ — որ այսօր եւս ան ուզէ խնդիրներ լուծել Կովկասի մէջ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՇՒՈՅՆ։ Այս վտանգը երբեք չէ հեռացած։ Ընդհակառակն կարելի է ըսել, որ ան նոյնիսկ մօտեցած է։ Դամոկլեան այդ սուրը այսօր եւս կախուած է մեր հայրենիքին վրայ։ Այս մասին գրած եմ քանիցս։ Մոսկուա Կովկասի մէջ կը գործէ բազմաթիւ հակասական թուող առաջնահերթութիւններով։ Այս բարդութիւնը մաս կը կազմէ Կովկասեան տարածաշրջանի քաղաքական հիւսուածքին եւ Մոսկուա տիրապետած է այդ բարդութիւնը ի նպաստ իրեն գործածելու արուեստին։
Այսօր, Կովկասի մէջ, Մոսկուայի նպատակներն են՝
(ա) Ագահօրէն բաժին վերցնել Ատրպէյճանական ընդերքի եկամուտներէն Ալիեւին շնորհելով (Հայաստանի եւ Արցախի հաշւոյն) իր իրերայաջորդ «յաղթանակ»-ները։ Ալիեւ կրցած է յաջողապէս ստեղծել այս յատուկ գործընկերութիւնը Մոսկուայի establishment-ին հետ օֆշորային հաշիւներու մանուածապատ կտրուածքով։
(բ) Իր ամբողջական հակակշռին տակ առնել Ալիեւն ու Ատրպէյճանը։ Փետրուար 22, 2022 -ի համաձայնագիրը (ռուսական նախայարձակման շեմին) այս գործընթացին բանալի հանգրուաններէն մէկն է։
(գ) Հետզհետէ բաժնել Ատրպէյճանը Թուրքիայէն նոյնիսկ Մեղրիի միջանցքի դարձդարձիկ ծրագիրներու իրականացման թուացեալ շառաւիղներու առկայութեամբ։ Այս առընչութեամբ, անկախ այն բանէն, թէ ի վերջոյ ի՞նչ տարբերակ հող կը գտնէ սակարկութիւններու սեղանին վրայ, մէկ բան պէտք է ընդունիլ որպէս անվիճելի։ Եթէ կայ Մեղրիի միջանցք եւ Փաշինեանի բնորոշումով ՝«կոմունիկացիոն ծրագիրներ», այդ բոլորին վրայ պիտի դրուի Մոսկուայի թաթը։
(դ) Սանձել փանթուրքիզմի յառաջխաղացքը առանց բացայայտ «պատերազմ» յայտարարելու փանթուրքիզմի շարժման դէմ, այլ պարզապէս ռուսական նրբամտութեամբ փանթուրքիզմի գործընթացները ներսէն գրաւելով (ինչին նախաձեռնեց Լենինը Խորհրդային Միութեան սկզբնական տարիներուն)։
Այս բոլոր ճակատներուն վրայ (գէթ առայժմ), Մոսկուայի յաջողութիւնները կրնան ըլլալ տոկոսային կամ հանգրուանային։ Բայց անոնք շարունակական հոլովոյթներ են։ Մոսկուայի մարտահրաւէրն է կառավարել այս «անմաքուր» իրավիճակը գերտէրութեան դիրքերէ եւ ի հարկին իր հաւանական մարտավարական «պարտք»երը մարել Հայաստանի, Արցախի եւ այլ զոհերու հաշւոյն։
Այս բոլորէն կը հետեւի, որ Ուքրայինայի «ապաթրքացում»ը — այո՛ — կարեւոր մեկնարկային առաւելութիւն մը կրնայ բերել Հայաստանին եւ Արցախին, բայց ան չի դադրիր ներկայիս «ապառիկ» ըլլալէ։ Ասիկա այն առաւելութիւնն է, որ Հայաստանի ձեռքերուն մէջ դեռ պէտք է վերածուի լծակի, որպէսզի տեսական առաւելութիւնը վերածուի իրական, ռազմավարական առաւելութեան (strategic leverage) եւ «կանխիկ»ի։ Դժբախտաբար Հայաստան ներկայ իրավիճակը կը դիմագրաւէ լայնօրէն անպատրաստ եւ տկարութեան դիրքերէ եւ մեր հաւաքական խնդիրն է այսօր անյապաղ ճշտել այն գործօնները, որոնք Հայաստանին կը հայթայթեն անհրաժեշտ զինարանը ներկայ իրավիճակը յեղաշրջելու եւ Հայաստանն ու Արցախը օժտելու նոր ու բանալի ուժականութեամբ։
Այսօր արդէն յարացոյցը փոխուած է հիմնովին եւ մենք խնդիր ունինք նոր յարացոյցի բաղադրիչներուն արագօրէն տիրապետելու։
Աս գրութիւնը լաւ կետեր ունի, շատ լոճիքով գրուած է: Տխուր մասը անի է, որ Հայաստանը ոչ թէ միան պատրաստ չէ եւ տկար է, հապա տխմար Բաշինյանին եւ ընկերներուն աչքը դրված է արեւմուտքի եւ թիւրքիոյ եւ Ատըրպայճանի վրան: Ասիկա լալիք է: Ճիշտ է որ Ռուսիոյ հարձակումը չնշանակէր, որ ամմէն բան վերջացած է, վաղը ետքայլ չիպիտի ընէ, բայց եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը քիչ մը խելք ունենար, հիմա արիդէն կօգտվէր, Բութինն ալ Աիիէվին ասքան չէր մոտենար: Ասոնք իրենց շուրջը ինչ կըլլայ, լուր չունին եւ Հայաստանը եւ Ղարաբաղը թիւրքերուն եւ ազերիներուն նվիրելու նոր ցեւեր կը գտնեն, միան թէ իրենց աթորէն վար չինան: Անանկ կերեւի որ Իրանը աւելի շատ մտահոգված է որ ազերիները Երեւանի ճամին ազերիական կըկոչեն, հետոյ ալ բաշինեանականները լուր կըկենան եւ չիլսելու կուգան որ ազերիները որոշէր են Երեւան վերադարնան եւ այդ ճամիին մէջը աղոթեն: Ասի ինչ ըսել է, գիտԷ’ն. ամմէն օր ապուշութեան նոր փաստ մը կուտան, լալս կուգայ որ մեր ժողովուրդն ալ աչքը եւ ականջը գոցեր է եւ այս դավաճաններուն չիքշէր: