Լրահոս

Արցախի Հսկայ Օգնութիւնը Մէկ Տարի Շարունակ «Մոռցուած» Կը Մնայ Զուարթնոց Օդակայանի Պահեստանոցներուն մէջ

Փետրուար 2021-ին, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւն մը կատարեց։
Չորս շաբաթներու վրայ երկարող ժամանակամիջոցին, Հ.Օ.Մ.-ի ընկերուհիներուն կողքին, Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտ. Միութեան, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամները ժրաջանօրէն հաւաքեցին եւ դասաւորեցին օգնութեան բոլոր իրերը՝ բժշկական սարքեր, հագուստեղէն եւ այլ կարեւոր իրեր։
Հաւաքուած հսկայ քանակը Հայաստան ուղարկուեցաւ Յունաստանի պետութեան կողմէ տրամադրուած երկու օդանաւերով, իսկ վերջին մասը ծովային ճամբով։
Վերջին երկու առաքումներուն համար Հայաստանի ղեկավարութեան պարտականութիւնն էր ամբողջացնել մաքսային դիւանակալական բոլոր աշխատանքները, որպէսզի օգնութեան մնացեալ մասը եւս հասնի Արցախ եւ բաշխուի պատերազմէն տուժած կարիքաւոր բոլոր ընտանիքներուն։
Սակայն, դժբախտաբար ցայսօր «Զուարթնոց» օդակայանի պահեստանոցին մէջ կը մնայ այս առաքումը, որ պիտի տրամադրուի կարիքաւոր, պատերազմէն տուժած արցախցի ընտանիքներուն։
Այս հարցին շուրջ «Երկիր»-ի հետ զրոյցին անդրադարձան Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետուհի Նորա Քիւրտօղլեան եւ Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Կիւլա Գասապեան։

Ստորեւ, Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Օր»-ի խմբագրականը․-

Լրջութեամբ Եւ Զգօնութեամբ Պայմանաւորուած Է Ժողովուրդի Վստահութիւնը

­­Դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ պե­տա­կան մե­քե­նա­յի քան­դիչ ու­ժը ու երկ­րի մը յա­ռաջ­դի­մու­թեան զսպո­ղը։ ­­Բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ ին­կած են դի­ւա­նա­կա­լու­թեան ճի­րան­նե­րուն մէջ, իսկ ան­կէ ա­զա­տու­մը կը պա­հան­ջէ երկ­րի մը պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան այդ­պի­սի շրջա­դարձ, որ նոյ­նիսկ ամ­րօ­րէն առն­չո­ւած է ժո­ղո­վուր­դին մօտ պե­տա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րի ըմբռ­նում­նե­րուն խոր ար­մա­տաց­ման ու զայն հա­ւա­քա­կան գա­ղա­փար դարձ­նե­լու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պա­հան­ջին հետ։ ­­Դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը պատ­ճառ կը դառ­նայ պե­տա­կան ան­գոր­ծու­թեան, որ իր կար­գին կը քայ­քա­յէ ժո­ղո­վուր­դի վստա­հու­թիւ­նը պե­տու­թեան հան­դէպ։ ­­Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, խորհրդա­յին տա­րի­նե­րէն ժա­ռան­գո­ւած պե­տա­կան ան­ծայր դի­ւա­նա­կա­լու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ­պէս­զի ­­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թէն ներս հա­ւա­քո­ւած՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մի վի­րա­ւոր զի­նո­ւոր­նե­րուն ու քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար հսկայ օգ­նու­թիւ­նը մէկ տա­րի շա­րու­նակ «մոռ­ցո­ւած» մնայ ­­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­կա­յա­նի պա­հես­տա­նոց­նե­րուն մէջ։

«Ա­զատ Օր»-ին կող­մէ օ­րեր ա­ռաջ լոյս տե­սած լրա­տո­ւու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ՝ Հ.Օ.Մ.-ի ­­Յու­նաս­տա­նի եր­կու միա­ւոր­նե­րուն՝ Հ.Կ.­­Խա­չի եւ Հ.Գ.­­Խա­չի նա­մա­կը ուղ­ղո­ւած ­­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ա­ւե­լի քան ցայ­տուն են՝ ստեղ­ծո­ւած ա­մօ­թա­լի կա­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ։
­­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մա­տա­րած վէրք դար­ձած պե­տա­կան դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը այն­քան խոր է ու մա­շեցնող, որ երբ ար­դէն յու­նա­հա­յու­թեան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հար­ցը լայ­նօ­րէն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի մա­մու­լին մէջ, երբ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դի­ւա­նա­գի­տա­կան մեր մար­մի­նը եւս պաշ­տօ­նա­պէս կը դի­մէ պե­տա­կան այ­րե­րուն, նոյ­նիսկ նա­մա­կի մը պա­տաս­խան տա­լու հա­մար մին­չեւ այ­սօր յայտ­նի կը դառ­նայ, թէ ­­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այն­քան կլա­նո­ւած է դի­ւա­նա­կա­լու­թեան մէջ, որ կը շա­րու­նա­կէ նոյն ան­տար­բե­րու­թեամբ, նոյն ան­գոր­ծու­թեամբ գրգռել իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի հայ­րե­նա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ ո­չինչ ը­նել այն­քան կա­րե­ւոր մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան եւ բժշկա­կան սար­քե­րուն հետ՝ գէթ այս ան­գամ զբա­ղե­լու գոր­ծով։ ­­Չենք ու­զեր ու­րիշ պատ­ճառ­ներ փնտռել պե­տա­կան այս ա­պի­կա­րու­թեան դրսե­ւո­րու­մին մէջ։
Ար­դեօք ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է պատ­ճա­ռա­բա­նել օ­դա­կա­յա­նին մէկ մա­սը պա­հո­ւած մնա­ցած՝ փճա­նա­լու վտան­գին են­թա­կայ, յու­նա­հա­յու­թեան եւ յոյն ժո­ղո­վուր­դին սիր­տէն բխած այն­քան կա­րե­ւոր օգ­նու­թեան մե­ծա­քա­նակ ծրար­նե­րու պատ­կե­րը։
­­Սա­կայն, ո­րե­ւէ պա­տաս­խա­նէն ան­դին, ­­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է կա­տա­րէ՝ ան­մի­ջա­պէս ձեռ­նար­կե­լով օգ­նու­թեան տրա­մադ­րու­մի աշ­խա­տան­քին, գործ­նա­կան այն բո­լոր քայ­լե­րուն, ո­րոնք պի­տի հաս­տա­տեն եւ պի­տի ա­պա­հո­վեն, որ գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շար­ժը իր տե­ղը հա­սաւ, հաշ­ման­դամ զի­նո­ւոր­նե­րուն կամ հի­ւան­դա­նոց­նե­րուն ու բժշկա­կան կեդ­րոն­նե­րուն հա­սա­նե­լի ե­ղան այն ամ­բողջ դե­ղո­րայ­քը, ան­թա­ցու­պե­րը, բժշկա­կան տար­բեր սար­քե­րը, սայ­լակ­նե­րը եւ այլ, ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր ու անհ­րա­ժեշտ ի­րե­րը, որ ան­մի­ջա­պէս տրա­մադ­րե­լի դառ­նան իւ­րա­քան­չիւր վի­րա­ւոր զի­նո­ւո­րին ու քա­ղա­քա­ցիին։
Իսկ ժո­ղո­վուր­դի խախ­տած վստա­հու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է, որ պե­տու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով եւ հրա­պա­րա­կայ­նօ­րէն ցոյց տայ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր զա­ւակ­նե­րուն, թէ վեր­ջա­պէս կրնայ դի­ւա­նա­կա­լու­թեան մա­հա­ցու ճի­րան­նե­րէն ա­զա­տե­լով, տէր կանգ­նիլ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ու վի­րա­ւոր ժո­ղո­վուր­դի մը կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու գոր­ծին։
­­Հայ­րե­նի պե­տա­կան մե­քե­նա­յին մէջ գոր­ծող պաշ­տօ­նա­կա­տար­նե­րը նախ եւ ա­ռաջ պէտք է նա­խան­ձախն­դիր ըլ­լան վե­րա­կանգ­նե­լու նա­­՛եւ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տը յու­նա­կան աշ­խար­հին հան­դէպ, որ իր պե­տա­կան եւ ժո­ղովր­դա­յին մի­ջոց­նե­րով զգա­լիօ­րէն սա­տար հան­դի­սա­ցաւ բա­րե­կամ երկ­րին ու ի­րեն դաշ­նա­կից պե­տու­թեան օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու գե­րա­գոյն յանձ­նա­ռու­թեան մէջ։
­­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րը ու պե­տա­կան այ­րե­րը ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնա­յեն ժամ ա­ռաջ պա­տաս­խան տա­լու ի­րենց ան­գոր­ծու­թեան հա­մար, զգայ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին հան­դէպ, բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք տիւ ու գի­շեր աշ­խա­տե­ցան օգ­նու­թիւն հա­ւա­քե­լու հա­մար, ան­տե­սե­լով ա­մէն տե­սա­կի դժո­ւա­րու­թիւն ու սեղ­մում­ներ հա­մա­վա­րա­կի ծանր օ­րե­րուն։
Ա­մէն բա­նէ վեր, պէտք չէ խախ­տի ժո­ղո­վուր­դի եւ մա­նա­ւանդ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան վստա­հու­թիւ­նը մեր պե­տա­կան շէն­քին հան­դէպ։ ­­Վար­չա­խու­մբե­րը գնա­յուն են, սա­կայն պե­տու­թիւ­նը, իր ամ­բող­ջու­թեամբ, կը շա­րու­նա­կէ մնալ ե­րաշ­խի­քը իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի սպա­սում­նե­րուն եւ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն։
Ակն­կա­լո­ւա­ծը պե­տա­կան տար­րա­կան պար­տա­կա­նու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ստանձ­նումն է։ Ոչ մէկ պե­տա­կան «սպա­սար­կու» կամ պաշ­տօ­նեայ ի­րա­ւունք ու­նի դի­ւա­նա­կա­լու­թեան ե­տին թաքց­նել իր ան­գոր­ծու­թեան ու ան­կա­րո­ղու­թեան թափթ­փա­ծու­թիւ­նը։
­­Հե­րիք է այ­լեւս ազ­գա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն գլուխ բարձ­րաց­նե­լու հա­մազ­գա­յին ճի­գին մէջ պե­տա­կան այ­րե­րու խեղ­ճու­թիւ­նը։

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button