Գէորգ Պետիկեան
Տարիներէ ի վեր, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ը յատուկ հռչակագրով, միշտ գալիք նոր տարին կ’անուանէ մակդիր ածականով մը եւ ժողովուրդին կը թելադրէ, որ ամբողջ տարուան ընթացքին հետեւին այս անուան հետ կապուած եւ տրուած յորդորներուն, կէտերուն եւ դրական կառոյցներ որոնեն եւ աշխատին նոր ծրագիրներ իրականացնել:
Ու մեկնելով սփիւռքեան բազմազան եւ բազմաշերտ մտահոգութիւններէն, Կիլիկիոյ կաթողիկոսը այս 2022 տարին, հռչակած է «Սփիւռքի Տարի»։
Իսկապէս, որ նման պատմական հռչակագրի մը առթիւ, անարդար պիտի ըլլայ, եթէ երբեք հայ գրիչներ, յատկապէս՝ սփիւռքահայ, ինքնահաճոյ մօտեցումով եւ կամ գրիչի ծայրով փորձեն խօսիլ, անդրադառնալ եւ կամ մակերեսային վերլուծումներ կատարեն: Որովհետեւ հրամցուցածը ազնիւ ցանկութիւն է եւ պատասխանատու մօտեցում կ’ենթադրէ ու կը պահանջէ: Որովհետեւ, խորքին մէջ Հռչակագիրը նաեւ կը միտի նոր երազի նման սփիւռքեան մեր հասարականութիւնը արթնցնել, միւս կողմէ ալ հայուն սրտին արդար եւ գեղեցիկ դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուող նոր տրոփում եւ մանաւանդ նոր հորիզոններ բանալ, ճոխացնելու համար անոր վաղուան այդ սպասուած յոյսը:
Լոյսի նման ճշմարտութիւն ըլլալով հանդերձ, նաեւ նորութիւն մը չէ, երբ յիշենք, որ Սփիւռքը ոչ միայն անբնական կացութեան հետեւանք-արդիւնք է, այլ՝ քաղաքական մեծ խաղի մը ողբերգու զոհ: Ու դարձած է ցիրուցան:
Հաւատացէ՛ք, Սփիւռքը հայուն համար հայրենիք չէ եւ չի կրնար ըլլար, որովհետեւ «ցուրտ» եւ «խաբուսիկ» է: Ահա հայու ճակատագիր եւ հայոց պատմութիւն: Հոն միշտ առկայ են հայուն աստիճանական քայքայումն ու մաշումը: Մտահոգութիւն: Բայց այլեւս անիմաստ է անորոշը անիծել: Կարիք չկայ:
Թէեւ ժամանակներն ու անոնց պայմանները փոխուած են, բայց նաեւ փոխուած է ինք՝ սփիւռքահայը: Կամայ թէ ակամայ ան սկսած է կիսամիջոցներով գոհանալ, անիմաստ եւ ժամանակավրէպ: Եւ որովհետեւ, ան օտար երկրի մէջ մը կ’ապրի ուստի եւ բնականաբար օտարահպատակ է: Այս ձեւով արդէն իսկ շատ «բան» կորսնցուցած է իր էութենէն: Մտահոգութեան ալիքները միշտ ներկայ են:
Ու իբրեւ սփիւռքահայեր, մենք բոլորս ալ շօշափելի կերպով կը զգանք այս բոլորը: Այս է մեր ներկայ վիճակը: Օտարացման գերանդին գրեթէ ամէն օր, անթիւ զոհեր կը հնձէ մեր շարքերէն: Մեզմէ շատ-շատեր կը պայքարին հայ կեանքի ապերախտ պայմաններու դէմ: Բայց, անդին կայ նաեւ բազմութիւն մը, որ դժբախտաբար, կամայ թէ ակամայ իր սեփական խեղճութեան գիտակցելու գիտակցութիւնը նոյնիսկ չունի: Ահա անոր համար է այս Հռչակագիրը: Տեղին եւ ժամուն: Ներշնչող հոգեկան իրականութիւն:
Եւ նաեւ պէտք է ըսել, որ սփիւռքները իրար չեն նմանիր: Թէեւ ունին նոյն մտահոգութիւններն ու հաւանաբար նոյն «վերջաւորութիւնները», սակայն իրենց ապրած երկիրներու պետական պայմանները յստակօրէն կը տարբերին: Տեղ մը ազատ փոքրամաս նութիւն են, ուրիշ տեղ «խեղդուած» կամ հազիւ շնչող քաղաքացի:
Բայց, բոլորին մօտ ալ «զոհերն» ու «կորուստները» նոյնն են: Ուրեմն, սփիւռքներու աշխարհը ուրիշ է:
Այս բոլորի մասին ներկայիս ահազանգ հնչեցնելն ալ աւելորդ եւ անիմաստ է: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք ներկայ մեր իրավիճակի մասին: Ուրեմն կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ չկայ: Գործի պէտք է անցնիլ:
Մեզի կը մնայ, մօտէն հետեւիլ հրամցուած այս Հռչակագրի բոլոր կէտերուն եւ մտածումներուն եւ գործնական միջոցներու անցնիլ: Առաջարկուածը յստակ է.- մեր նոր ապագայի պատրաստութեան համար է: Նոր հայութիւն: Անոր համար, բոլորս ալ որոշ եւ յստակ առաքելութիւններ ունինք:
Եւ Հռչակագրին մէջ տեսնելու համար հայ նոր կեանքի յոյսն ու լոյսը, պայման է նախ տրամադրուիլ, ծրագրել եւ նոյն Սփիւռքի կամ գաղութի մէջ ապրող հայրենակիցներու «ուժերը» միաւորել: Փորձել, յանուն վաղուան այդ յոյսին եւ լոյսին համար, միասնաբար եւ համագործ ծրագրել ու գործել: Աշխատիլ: Համախմբել գաղութի դրական մտքերը, որպէսզի հաւատք ստեղծուի եւ լուծումներ որոնուի:Այս առթիւ պայման է, որ գաղութէն ներս շեփորուի ազգային գիտակցութիւնը: Ու այս մէկը՝ սկսելով տուներէն, դպրոցներէն հայ կեդրոններէն: Այս առթիւ, մամուլը իր մեծ դերը ունի խաղալիք, ինչպէս նաեւ շրջանի մտաւորականն ու իր գրիչը, փորձագէտն ու իր փորձառութիւնները, հայ գիտնականն ու տնտեսագէտը:
Մէջտեղը աղէտ մը կայ, տեսանելի եւ վշտալի, որ գործնական քայլերու կը կարօտի:
Բայց անպայման եւ էական է ունենալ եւ տեսնել այս բոլորը լսողն ու գործադրողը:
Հարկ է գաղութէն ներս բոլոր կազմակերպութիւններու, հին ու նոր միութիւններու միջեւ բանալ երկխօսութեան ազնիւ դռները: Ի մի բերել բոլոր անոնք, որոնք լաւատեղեակ են «նաւարկել» հայու սպառնացող հոսանքերու դէմ եւ գիտեն հայ մնալու եւ ապրելու գաղտնիքը եւ խոհեմ ու դրական լուծումներ ծրագրելու կերպերը:
Սակայն ո՞վ այս բոլորը պիտի կազմակերպէ: Ինքզինք իբրեւ ղեկավար համարողը կամ հաստատութիւնը, եւ կամ՝ միութիւնը: Արդեօ՞ք հրամցուցած Հռչակագրի կէտերէն բոլորն ալ լաւապէս ներշնչուա՞ծ են: Չեմ գիտեր: Միայն այն գիտեմ, որ այսօր Սփիւռքը տարբեր կառոյց դարձած է: Ժամանակին՝ ժամանակաւոր էր, իսկ հիմա՝ մնայուն եւ տեւական: Միւս կողմէ տեսանելի է, զիրար չխաբենք, երկպառակտուած ալ է: Բաժանուած: Յաճախ անգլուխ եւ յաճախ ալ իրարու այլամերժ ու հակասող: Փոխուած են ապրելու եւ գոյատեւելու պայմանները, որոնք նաեւ սկսած են ներքնապէս հայ կեանքը հիւծել: Հսկայ եւ տխուր իրականութիւն:
Բայց, փառք Աստուծոյ, ամէն բան տակաւին չէ կորսուած: Անոր համար է այս Հռչակագիրը, որպէսզի եղածն ալ չկորսուի: Չհալի: Անոր համար եւ անյապաղ բոլորիս հրաւէր մըն է, որ ստանձնենք մեզի թելադրուած կամ վերապահուած յատուկ դերերը: Մենք, իբրեւ ծնողք, դպրոց, աշակերտ, ուսուցիչ, գրող, մամուլ, մտաւորական, համեստ հայ, միութենական, հոգեւոր հովիւ եւ կամ՝ կազմակերպութեան ղեկավար:
Լաւ յիշենք, որ հայ լեզուն, հայութիւնը միաւորող կամուրջ է: Հայ լեզուն սփիւռքը պաշտպանող վահաննէ եւ յաճախ զգալի է անոր բացակայութիւնը մեր տուներէն, փողոցներէն, միութենական ժողովներէն եւ նոյնիսկ հայկական վարժարաններու շրջափակերէն ներս: Ուստի պայման է, համախմբել հայ միտքերը, որպէսզի հաւատք ստեղծուի: Լեզուի ներկայութեան եւ գործածութեան մասին լրջօրէն եւ լաւապէս մտածել եւ ծրագրել է պէտք: Նաեւ մեծ ճիգ է պէտք, խարազանելու համար սփիւռքահայ մեր ներկայ յուսահատութիւնը:
Հռչակագիրը Սփիւռքեան մեր վերազարթօնքի մաքուր հրաւէր մը ըլլալով հանդերձ,
նաեւ կը միտի նոր ժամանակներու սփիւռքեան հայութիւն ծրագրել: ժամանակի եւ միջավայրի պայմաններու նոր միջոցառում եւ լուսաւոր կէտեր փնտռել: Փորձել հայը իբրեւ արթուն զանգուած պահել: Վերջ ի վերջոյ ստիպուած ենք նոր եւ գալիք սերունդներու մասին մտածել: Էական ու կենսական է ունենալ երկար եւ մանաւանդ առողջ տարիներու համար ուսումնական, ընկերային եւ ազգային ծրագրուած ռազմավարութիւն՝ հայու ինքնութեան հաւատարիմ մնալու ճիգերով: Այլ խօսքով՝ նոր սրբազան առաքելութիւն: Չհաշտուիլ սփիւռքի ներկայ, ժամանակավրէպ, հին ներկի նման գոյնը նետած կացութիւն-իրականութեան հետ:
Արդեօ՞ք պատրաստ ենք նման յանձնառութիւններ վերցնելու, եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսին առաջարկած նիւթաբարոյական դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու: Ամերիկա կ’ապրինք: Արդէն ամերիկան իր կաթսային մէջ ձուլել է մեր մարդկային բոլոր հոսանքները: Ձրի զոհեր չդառնանք: Անոր համար հարկ է, լրջօրէն որոնել Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը եւ զայն փոխանակել սփիւռքեան այլ գաղութներու հետ:
Լաւ յիշենք.- ամուր եւ հայեցի Սփիւռքը, հայրենիքին ալ յոյս եւ ուժ կը ներշնչէ: