ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ) ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՄՔ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԹԷ ՈՒՆԵՆԱՅԻՆ…

0 0
Read Time:5 Minute, 1 Second

Յ. Պալեան

Յեղափոխութեան պարագային, սկզբունքներու առաջինը այն է, որ չարիքը զոր կարելի չէ արգիլել, զայն կարենալ ղեկավարել է:

Հոնորէ տը Պալզաք, ֆրանսացի գրող, ԺԹ դար

 

            Մտածել քաղաքական կամքի առաջին քայլն է: Մտածել նաեւ ուրիշները լսելով՝ իմաստութիւն է: Այս պէտք է ընէ հայը այսօր:

            Եթէ Հայաստանը միացնէր համայն հայոց կամքերը…

            Եթէ սփիւռք(ներ)ը հաւաքական կամք ունենար, եթէ սփիռքացած հայերը իրենց ազգային կամքը պահած ըլլային…

            Եթէ, եթէ…

            Պատմական չարիք եղան եւ են հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը: Եւ ստեղծուեցաւ Սփիւռքը:

            Սփիւռք(ներ)ը կարծէք հետզհետէ կը հաշտուի «անհայրենիք»ի իր կացութեան հետ:

            «Թաւշեայ» Հայաստանը քաղաքական պերճանք կը համարէ այդ հարցերով զբաղիլ:

            Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Անորոշ միլիոններով սփիւռքի հայերու կարեւոր տոկոսը հեռացած է եւ աստիճանաբար կը հեռանայ հասարակաց կոճղէն: Ամէն գոյնի եւ ամէն վայրի փոքրամասնութիւններ կը փորձեն լաստը պահել ջուրին վրայ, այդ ճիգի ընթացքին անոնք չեն յաջողիր անկարելիին կուրծք տալ: Լաստին վրայ նաւապետները բազմաթիւ են, իրենց առանձին կողմնացոյցներով: Սպառնացող ալիքներուն վրայ ծփացող լաստին վրայ գէթ մէկ նաւապետ ըլլար:

            Մտածենք Պալզաքի հետ. «… չարիքը զոր կարելի չէ արգիլել,… սկզբունքներու առաջինը զայն կարենալ ղեկավարել է»:

            Այսօր, աւելի քան երբեք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր բազմերես դժնդակ կացութիւնը «ղեկավարել»ու հրամայականին առջեւ կանգնած ենք:

            Այդ «ղեկավարել»ը ինչպէ՞ս կ’իրականանայ, երբ ամէն օր ծագող արեւին հետ կը ծնին նոր «ղեկավարներ»: Եթէ ուշանանք գտնելու ճամբան Պալզաքի իմատութեան, գտնելու «սկզբունքներու առաջինը», կը դառնանք մեր անհետացումը հետապնդող բոլոր ուժերուն առարկայական դաշնակիցը: Աւանդական քէներով, արդէն ժամանակավրէպ եւ այդպէս ըլլալու դատապարտուած մրցակցութիւններով, չյաջողեցանք չարիքը արգիլել, հիմա պիտի կարենա՞նք այդ չարիքը ղեկավարել, որպէսզի լաստը վերջնական կերպով ջրամոյն չըլլայ եւ անոր հետ…

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), տիրացուական բնաբան է «միացում»ը: Բայց այդ «միացման» միտումը կը նշանակէ «ինծի միացէ՛ք»: Արդիւնքը այն է, որ Հայաստան կուսակցութիւնները կը բազմանան, նոյն ընթացքը ունի սփիւռքը, ուր կուսակցութիւններու փառասիրութեամբ կազմակերպութիւններ կը յայտնուին, կամ «դասական» համարուած կուսակցութիւնները կ’երփեղկուին:

            Կրկին կարդալ Պալզաքի խօսքը. «…չարիքը զոր կարելի չէ արգիլել, զայն կարենալ ղեկավարել է…»:

            Մոգական բառը «ղեկավարել»ն է, ո՛չ յաւելեալ իրաւունք, ո՛չ անտեսում, ո՛չ իշխանութիւն:

            Հայաստանի կրած պարտութիւնը միայն օրուան իշխանութեան պարտութիւնը չէ, ան պարտութիւնն է ԱԶԳին, բոլորին, քանի որ պարտութեան հետեւանքները կը կրէ, պիտի կրէ ԱԶԳը, այսօր ապրողները եւ անոնք որ պիտի գան:

            Սփիւռքի բազմապատկուող կոտորակումները չեն կոչուած հայրենահանուած-սփիւռքացած զանգուած ըլլալու, աստիճանաբար դադրող-դադրած գիտակցութեամբ կը տեւեն: Ամբոխավարական «միացում»ի ճառերը չեն թաքցներ իրողութիւնը, որ «Սփիւռքահայութիւն»ը որպէս ազգի հատուած կը կծկուի, այդ մեծ բառի ետին գտնուող զանգուածները կը նօսրանան, ազգային խտութիւն չունին, ո՛չ համրանքի, ո՛չ ոգիի:

            Առանց ի վերուստ ստացուած, ընտանեկան, կոմնապաշտական եւ դեռ չարաշահումներու ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքներու ետին թաքնուելու, հարց պէտք է տանք մենք մեզի, թէ ո՞ւր կ’երթանք, ո՞ւր կը տանին, ո՞ւր է հասնումի կայանը:

            Աղէտի ահազանգ հնչեցնողի դեր չեմ տար ես ինծի: Բայց նաեւ չեմ ուզեր կամաւոր, հոգեբանական կամ կողմնապաշտական կուրութեամբ մատներու արանքէն տեսնել եւ դատել ազգի եւ հայրենիքի կացութիւնը:

            Իրականութիւնները յամառ են, անոնք ըլլան չափազանցուած կամ ոչ: Անցեալ դարու քաղաքական մեծ մտածող Ռէյմոն Արոն ըսած է. «Ժողովրդավարութիւններու ճշմարիտ բարոյականը հերոսութեան բարոյական մըն է, ո՛չ վայելքի»: Աւելի պարզ. Ժողովրդավարութիւն յղացքի չարաշահումը անոր ժխտումն է: Այնքա՜ն խոր է Ռէյմոն Արոնի միտքը:

            Այսօր քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ մեր կոտորակներու վերածուած ժողովուրդի պարագային, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ժողովրդավարութիւն կը խաղանք ինքնակոչ «ընտրանի»ներ ստեղծելով եւ անոնց ընտրանքները կը պարտադրենք որպէս ժողովրդավարութիւն: Այդ պարտադրանքը քսակ է, ժառանգութիւն, փողոցի եւ ամբոխի կիրքերու ու դժգոհութեան չարաշահում, մեքենայութիւններ (ինչպէս սովորութիւն է ըսել մանիպուլացիա), որ ժողովրդավարական իտէալը կը տանի այլասերման, «վայելող» փոքրամասնութիւնը փոխարինելով նոր «վայելող» դասով:

            Մեծ ժողովուրդները եւ երկիրները կրնան անձնատուր ըլլալ այս պերճանքի խաղին: Մենք, որպէս ազգ եւ հայրենիք, ենթակայ եղած ենք բնաջնջման աղէտի եւ արհաւիրքի, այսօր ալ կրկին պարտուած եւ ընկճուած ենք: Հիմա, գիտակցական ոստումով մը  պէտք է գտնենք վերականգնումի իրաւ ուղին եւ դադրինք փուճ եւ ոչինչ խոստացող փողոցը զբաղեցնող խաղերու անձնատուր ըլլալէ:

Յաճախ կըսեմ, որ պէտք է երբեմն յաճախել մեծերու դպրոցը: Անցեալ դարու մեծ արուեստագէտ, գրող, թատերագիր Ժան Քոքթօ իմաստուն խօսք ունի. «Ճշմարտութիւնը պէտք չէ շփոթել մեծամասնութեան կարծիքին հետ»: Այսինքն պէտք է ընդունիլ, որ մարդիկ հաւասար են, բայց իրողութիւնը ցոյց կու տայ, որ այսպէս ասած, «ոմանք քիչ մը աւելի հաւասար են», ամէն մարդ հերոս չէ, Պղատոն չէ, Այնշթայն չէ: Այս կը բացատրէ այն միտքը, որ մեծամասնութեան ընտրանքը անպայման ճիշդ չէ: Եթէ այս տեսանկիւնէն դիտենք մեր ժողովուրդի կացութիւնը եւ ղեկավարումը, թերեւս քիչ մը աւելի իրատես կը դառնանք, գտնուինք բուրգին գագաթ(ներ)ը թէ ստորոտը: Եւ կը վերագտնենք Պալզաքի միտքը, որ ղեկավարել գիտնալն է:

            Այս միտքերով երբ կ’առաջնորդուիմ, ես ինծի հարց կու տամ, որ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), ազգային իրաւ հեռանկարով ղեկավարում ունի՞նք: Մեր պարտութիւնները, ձախողութիւնները եւ նահանջները ի՞նչ բանի վկայութիւն են: Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի հարազատ մտաւորականութիւնը այս հիմնահարցով պէտք է խօսի, լուսաբանէ ե՛ւ վերնախաւը (յաճախ ինքնահռչակ եւ «մանիպուլիացական»),  նաե՛ւ  զանգուածը՝ որ կը մտածէ քէնով, քինախնդրութեամբ եւ լաւ ապրելու իրաւունքի տիրանալու ցանկութեամբ:

            Այսօր երբ հարցականի տակ է Հայրենիքը, նոյնիսկ այն քիչը որ մնացած է, եւ մեր ժողովուրդի որպէս ինքնուրոյն ազգ լինել-չլինելը հարց է, ոչ թէ ճարպիկ աթոռասէրներու պէտք ունինք, այլ՝ ղեկավարումի, մարդոց՝ որոնք գիտեն պատմութիւն, գիտեն ճիշդ խօսիլ եւ առաջնորդել, որոնց անպայման չենք հանդիպիր սովորական դարձած մեքենայութիւններու (քոմպինացիա) մէջ:

            Այսօր ազգային առաքինութեամբ յատկանշուող հետեւեալ հարցումը ինքնիրեն պէտք է ուղղէ իւրաքանչիւր հայ, ներսը եւ դուրսը. ի՞նչ կ’ընեմ ես ազգի այսօրուան եւ վաղուան համար, արդեօ՞ք ես կը գտնուիմ հոն ուր որ պէտք է ըլլամ, ունի՞նք ազգային-քաղաքական հոգեկան այն վեհութիւնը, ըսելու որ միւսը աւելի լաւ նաւապետ է քան ես:

            Սկսելու համար, բուրգին գագաթը գտնուինք թէ ստորոտը, իրատեսութեամբ եւ քաջութեամբ, կրնանք հետեւիլ Ժան Քոքթոյի ընթացիկէ տարբեր իմաստութեան, որ   «Ճշմարտութիւնը պէտք չէ շփոթել մեծամասնութեան կարծիքին հետ»:

            Գրաբարով խօսք կայ, որ կ’ըսէ. «Մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս»: Եթէ այս իմաստութեամբ գործենք, կը գտնենք Պալզաքը, որ «չարիքը զոր կարելի չէ արգիլել, զայն կարենալ ղեկավարել է»: Ինքնաշարժ եւ ռազմական օդանաւ վարելու հմտութիւններուն միջեւ տարբերութիւն կայ, զոր պէտք է գիտնան ազգ առաջնորդելու քաղաքական փառասիրութիւններ ունեցողներ, աստ եւ անդ:

            Ռէյմոն Արոնի մեզի պակսող իմաստութիւնը յոգնեցնելու գինով կրկնելու փորձութեան չեմ դիմադրեր. ««Ժողովրդավարութիւններու ճշմարիտ բարոյականը հերոսութեան բարոյական մըն է, ո՛չ վայելքի»:

            Ո՛չ վայելքի: Ո՛չ հայր եւ որդի: Ո՛չ այր եւ կին:

            Այսօ՛ր պէտք է գտնենք այս բարոյականը, նե՛րսը եւ դո՛ւրսը:

            Ողջախոհութիւնը կ’ըսէ՝ որ վաղը ուշ պիտի ըլլայ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles