ԱՐԱՐԱՏ ԼԵՌ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

Օգոստոս 4, 2010 թուականը յիշատակելի եւ իւրայատուկ պիտի ըլլայ վիթխարի Արարատին համար: Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով, հաշմանդամ մը՝ հայորդի Ալեքսան Պայանտուրեան այդ վիթխարի լեռը բարձրացած է:

Հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան աջակցութեամբ եւ ամերիկահայ Վարուժան Ամիրխանեանի հովանաւորութեամբ, 37-ամեայ Ալեքսանը հաշմանդամ դարձած է Արցախի ազատագրութեան պատերազմի ընթացքին, ականի  պայթումի մը ընթացքին 1993 թուականին:

Ձախ ոտքէն զրկուած, ան կ°երազէր նման սխրանք մը իրագործել: Այսպէս, անոր Արարատ բարձրանալու երազանքը, երեք տարուան մարզումներէն եւ կազմակերպական խնդիրներու յաղթահարումէն ետք, վերջապէս իրականացաւ:

Հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան ղեկավար Յակոբ Աբրահամեան յայտնեց, որ շատ մարդիկ կը յուսալքուին հաշմանդամութենէն ետք: Ան յայտնեց թէ Ալեքսանի կատարածը փաստ մըն է թէ ոտքը կորսնցնելով կեանքը չþաւարտիր:

Իր կարգին, մեծ խանդավառութեամբ լի, Ալեքսան յայտնեց թէ անոր տրամադրութիւնները բարձր են եւ մտադրութիւնները ուղղուած են աւելի բարձր գագաթներու յաղթահարման: Իր նպատակը Էվերեսթի բարձրութիւնը յաղթահարելն է: «Տեղեակ չէի, թէ ի°նչ դժուարութիւններու կրնայի հանդիպիլ վերելքի ընթացքին: 4200 մ բարձրութենէն սկսան հիմնական դժուարութիւնները, սակայն թթուածինի պակասը, գլխացաւը յաջողութեամբ յաղթահարեցի: Ուխտս էր բարձրանալ գագաթ մեր բոլոր զոհուած ազատամարտիկներուն փոխարէն, եւ նպատակիս հասայ: Ափսոս, որ մշուշին պատճառով կարելի չեղաւ Հայաստանը տեսնել: Անպայման պէտք է հասնիմ Էվերեսթի գագաթը: Երեք տարուան ջանքերէ ետք Արարատ բարձրացայ: Արդեօք քանի՞ տարի պիտի պահանջէ Էվերեսթի գագաթը հասնելու համար», յայտնեց Ալեքսան, որ 1997-էն ի վեր ամէն տարի կը մասնակցի հաշմանդամներու «Փիւնիկ» միութեան նախաձեռնած Արագածի վերելքներուն, նաեւ բազմաթիւ հաշմանդամներու վերապահուած սայլաով կատարուող յատուկ մարաթոններու:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles