ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՄԱՐԹԻՆ ԷՍԱՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Յ.Դ. ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՐԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 49 Second
Մարթին Էսայեան (կեդրոն), իր կողքին ունենալով ձախէն աջ՝ Ժան Աւետիսեան, Վաչէ Բրուտեան, Թաթուլ Սոնենց Փափազեան եւ Ժիրայր Պէօճէքեան

Երեք­շաբ­թի, Օգոս­տոս 10ի առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին, նա­խա­պէս առն­ուած ժա­մադ­րու­թեամբ, Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կու­թեան Հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Մար­թին Էսայ­եան այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­խիւ­նե­րու Հիմ­նար­կի գրա­սեն­եա­կը, Ուաթըր­թաուն (Մէ­սէ­չու­սէց նա­հանգ, Մ. Նա­հանգ­ներ), »Հայ­րե­նիք« հաս­տա­տու­թեան շէն­քէն ներս, ուր ծա­նօ­թա­ցաւ անձ­նա­կազ­մին եւ կա­տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Մար­թին Էսայ­եան ըն­դուն­ուե­ցաւ Ար­խիւ­նե­րու Հիմ­նար­կի տնօ­րէն Վա­չէ Բրուտ­եա­նի կող­մէ, որ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ ար­խիւ­նե­րու պահ­պան­ման ու թուայ­նաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Նա­խոր­դող տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ ներ­կայ ար­հես­տա­գի­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թեան մա­սին յա­ւել­եալ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին նա­եւ Թա­թուլ Սո­նենց Փա­փազ­եան եւ Ժի­րայր Պէ­օ­ճէք­եան: Մար­թին Էսայ­եան իր կող­մէ ուղ­ղեց հար­ցում­ներ, որոնց տրուե­ցան սպա­ռիչ պա­տաս­խան­ներ: Մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած այս հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին նա­եւ Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ Ժան Աւե­տիս­եան, »Ար­մինի­ըն Րի­վիու«ի խմբա­գիր Աս­պետ Գո­չիկ­եան, »Հայ­րե­նիք«ի խմբա­գիր Զա­ւէն Թո­րիկ­եան, շրջա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բէն Տիգ­րան Խա­լիկ­եան:

Ապա, Մար­թին Էսայ­եան այ­ցե­լեց ար­խիւ­նե­րու պա­հես­տը, ուր տեղ­ւոյն վրայ առի­թը ու­նե­ցաւ տես­նե­լու կարգ մը նմոյշ­ներ թէ՝ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­խիւ­նե­րէն:

Կէ­սօ­րին, Մար­թին Էսայ­եան ճա­շի հիւ­րը եղաւ Հ.Յ.Դ. Ար­խիւ­նե­րու Հիմ­նար­կին: Ապա ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պու­մը շա­րու­նակ­ուե­ցաւ: Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, հիւ­րը առի­թը ու­նե­ցաւ նա­եւ ծա­նօ­թա­նա­լու Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան գրա­սեն­եա­կի անձ­նա­կազ­մին, ինչ­պէս նա­եւ »Ար­մինի­ըն Ուիք­լի« եւ »Հայ­րե­նիք« շա­բա­թա­թեր­թե­րու խմբագ­րա­կան կազ­մե­րուն: Կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 3:00-ին, հիւ­րը հրա­ժեշտ տուաւ հաս­տա­տու­թեան:

Յի­շեց­նենք, որ 2009-ին, Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան Հիմ­նար­կը 50,000 տո­լա­րի, իսկ ըն­թա­ցիկ տար­ուան ըն­թաց­քին 25,000 տո­լա­րի յատ­կա­ցում կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. Ար­խիւ­նե­րու Հիմ­նար­կին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles