ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ.- «ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second
Լուսանկարներ՝ Տիար Հէրի Գունտաքճեանի

Ուրբաթ, Օգոստոս 13-ի երեկոյեան ըստ Համազգայինի Նիւ Եորք մասնաճիւղի սովորական ժամադրութեան՝ 8:35-ին Ուուտսայտի Հայ Կեդրոնէն ներս յայտնի մտաւորական Յակոբ Պալեան եղաւ զեկուցաբերը Հայաստանի մէջ վերջերս կայացած համագումարին, որուն նիւթն էր Արեւմտահայերէնն ու անոր ուսուցումը Հայրենի դպրոցներէն ներս:

Յակոբ Պալեան բեմ հրաւիրուեցաւ իր վաղեմի դասընկերոջ՝ Ռուբէն Պարսումեանի կողմէ դեռ ճեմարանական օրերու գողտրիկ յուշի մը վերապատմումով:

Պալեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեանի տարած աշխատանքը եւ բծախնդիր մօտեցումը այդ ժողովներուն, որոնք կայացած են խօսքի բացարձակ ազատութեան մթնոլորտի մէջ:

Պարոն Պալեան իր զեկոյցը տուաւ խառն իր մտահոգութիւններով, վերլուծումներով ու թելադրանքներով:

Ժողովներուն մասնակցած են սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներկայացուցիչներ, որոնցմէ ոմանք եկած են գեղեցիկ ծրագիրներով:

Ըստ Պալեանի երկլեզու դասաւանդման հարցը, որ սփիւռքի մէջ հրամայական մըն է՝ հայերէնը որպէս կենդանի լեզու պահելու պարագային, պէտք է վստահուի մեթոտագէտներու ծրագրաւորումին եւ մասնագէտ ուսուցիչներու դասաւանդման:

«Սիրայօժար բառը ազգային առաքինութեան վերածած ենք ու նուազագոյնով կը գոհանանք, այսպիսով գործ առաջ չերթար»,- շեշտեց ան: Սփիւռքի մէջ հսկայ թիւով դպրոցներ կան, այդ հսկայ դրամագլուխ կþենթադրէ, սակայն հայերէնը կը նահանջէ ծրագրաւորման չգոյութեան պատճառով:

«Կոչ կ;ընենք սփիւռքեան եւ հայաստանեան բոլոր կառոյցներուն գլխաւոր հիմնախնդիր համարել հայապահպանութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս հայ դպրոցի պահպանումը եւ զարգացումը, ինչպէս նաեւ հետեւողականօրէն նպաստել արեւմտահայերէնի՝ որպէս ազգային արժէքի պահպանման եւ զարգացման:…Կացութիւնը կը պահանջէ բոլոր ուժերու, անհատներ եւ կազմակերպութիւններ , անվերապահ գործակցութիւնը, որպէսզի հայեցի կրթութիւնը յաջողի, չըլլայ հոգեպարար ճառ: Այս ձեւով կþիրականանայ ոչձեւական հայապահպանումը, որուն մասին խօսիլ կրկնուող սովորամոլութիւն է, ծէս: … Վերջապէս, յատուկ աշխատանք պէտէ է կատարել հայերէնի բառամթերքի եւ շարահիւսութեան զտման եւ հարստացման մարզէն ներս, մանաւանդ լեզուն ձերբազատելու համար աղճատումէ եւ օտար բառերու վայրագ ներխուժումէ: Հայութեան գոյութեան տեսանկիւնէ որոշիչ դեր ունի ազգային լեզուն, ընդունելով հայոց լեզուն որպէս հայկական ինքնութեան հիմնական բաղադրիչ եւ պահպանման կարեւորագոյն ազդակ », կը յայտնէ գրական ,Բագին» ամսագրի դասախօս Յակոբ Պալեան

Ուսուցչանոցներու չգոյութենէն տառապող կամ նուազագոյնով գոհացող սփիւռքը միայն մահուան կը դատապարտէ ինքզինք:

Իսկ սփիւռքի երիտասարդութիւնը գրականութենէն ընդհանրապէս հեռու կը մնայ, որովհետեւ գրականութեան էջերը հասկնալու, ապա ըմբոշխնելու բաւարար հայերէն չի գիտեր:

Սփիւռքի մէջ հայերէնի ուսուցման կերպերը շատ տարբեր են տեղէ տեղ, որովհետեւ սփիւռքի շերտերը եւ իրենց կեանքերը շատ տարբեր են իրարմէ: Այդտեղ կան հայեր, որոնք հայախօս իսկ չեն: Կայ հնչիւնական համակարգը կորսնցուցած սփիւռք, հետեւաբար կայ այդ վերականգնելու հարց: Կայ հիմնական բառապաշարի հարց: Հայ մարդու առօրեային մաս կազմող բառամթերքին հայերէնը օգտագործելի դարձնելու հարց, բառապաշարի աղքատութենէն ձերբազատուելու համար: Իսկ դպրոցներն ալ երբեմն միօրեայ են ու երբեմն ամենօրեայ: Հետեւաբար դասագիրքերու պատրաստութիւնը շատ լուրջ եւ կազմակերպուած աշխատանքի կը կարօտի: Այդ աշխատանքին ամենահիմնականը որոշ ոճ մը մէջտեղ բերելն է դասագիրքի պատրաստութեան համար, որուն վրայ տեղական պայմանները լրացնող պրակ մը պէտք է աւելնայ միշտ:

Մեծ մտահոգութիւն է մանաւանդ Հայաստանի այսօրուան հայերէնը, որուն շարահիւսութիւնն ու բառապաշարը այնքան օտարացած է. ըստ Պալեանի այդտեղ կայ աղաւաղուած ու ձեւով մը «երեւանեան բարբառ»ի վերածուած հայերէն մը: Այդ մաքրագործելու պարտքը կþիյնայ լեզուի ակադեմիայի ճիտին, ինչպէս նաեւ նոր հայերէն բառեր՝ փոխան օտար բառերու ստեղծելն ու հետապնդելը: Նոյնքան մեծ պարտք դասական ուղղագրութեան վերականգնման հարցը կը դասէ Պալեան: Հայութեան երկու հատուածները մօտեցնելու գործը կը սկսի ուղղագրութեամբ, քանի որ հայերէնի երկու ճիւղերը իրարմէ այնքան ալ հեռու չեն:

Պալեան հաղորդեց թէ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն կը սորվեցնեն երբեմն ու մինչեւ իսկ Արցախի մէջ: Եւ այդ պայման է, որպէսզի ժողովուրդի երկու հատուածները չօտարանան իրարու հանդէպ:

Իսկ ժողովներու աւարտին կազմուած է մարմին մը, որուն աշխատանքները պէտք է հետապնդել որպէսզի գործնական դառնայ, ու չմնայ սոսկ ժողովէ ժողով կրկնուող մտահոգութիւններու, կցեց պարոն Պալեան:

Հետեւաբար եզրակացուց ան.- «ժողովը դրական էր որպէս ժողո°վ… բայց պէտք է սպասել գործնականի անցնելուն… այլապէս պիտի համարուի ձախո°ղ»:

* *

Այսօրուայ սփիւռքահայուն սրտցաւ շերտին ամենօրեայ մտահոգութիւնն է հայերէն լեզուի պահպանումը, քանի որ անոր համար իրեն եւ իր սերունդին ամրութիւն տուող հողն է այդ, գլխու վերեւի երկինք է ու շնչելու օդն է այդ ու պապակը հագեցնող ջուրն է լեզուն. մէկ խօսքով՝ լեզուն փոխ-հայրենիքն է, որ զինք պիտի պահէ դարեր ընդառաջ: Մամլոյ միջոցներու այսքան յառաջացած դարուն այս մտահոգ թիւը հայութեան՝ օրը օրին տեղեկացած էր արդէն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովներու անցուդարձերէն. ան եկած էր ի°ր՝ մտաւորական Պալեանին խրոխտ վերլուծումները ըմբոշխնելու, ինչպէս միշտ:

Վարձքերնիդ կատար պարոն Պալեան, ժողովէն ետք ձեր հետապնդումները մեր՝ ներկաներուս կողմէ ալ ստորագրեցէք:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles