Արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեանի Հրաժեշտը

0 0
Read Time:3 Minute, 56 Second


Յունուար 10-ին Փարիզի մէջ մահացաւ վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս, հայկական ու օտար միջավայրի մէջ համբաւ կերտած եւ հայութեան անունը բարձր պահող, դրական տրամադրութիւն սփռող լաւատես խառնուածքով յատկանշուած, ընկերային, շուրջը գեղեցկութիւն սփռող ու ամէն ինչի մէջ գեղեցիկը տեսնելու տենչով օժտուած Յարութիւն Թորոսեանը։
Ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն մէջ: 1951-1952 հետեւած է Վահէ Վահեանի գրականութեան դասընթացքներուն: 1953-1955 յաճախած է Academie Libanaises des Beaux-Arts: 1956-ին մեկնած է Փարիզ ու հետեւած Ecole Nationale Superieure des Beaux-Arts նկարչական, փորագրական եւ խճանկարչութեան դասընթացքներուն: 1956-1960 ուսումնասիրութիւններ կատարած է Լուվրի (Փարիզ), Փրատոյի (Սպանիա), Փիթթիի (Իտալիա) թանգարաններուն մէջ եւ ճամբորդած եւրոպական երկիրներ:
1960-2014-ին կատարած է անհատական 23 ցուցահանդէսներ Փարիզ, Միացեալ Նահանգներ, Պէյրութ եւ Երեւան: Մասնակցած է աւելի քան յիսուն միջազգային ցուցահանդէսներու, Փարիզի եւ Աղեքսանդրիոյ արուեստի փառատօներուն:

Ինքնանկարներ

Դասաւանդած է Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից կաճառին, Լիբանանեան արուեստի հիմնարկին, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգային հայագիտական բաժիններուն մէջ: Անոր գործերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Հայաստանի թանգարաններուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ:
Ստացած է Պէյրութի հանրահռչակ Սըրսոք թանգարանի 2-րդ մրցանակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Սուրբ Մաշտոց» շքանշանը, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան մրցանակը, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց մրցանակը, Պէյրութի միջազգային փառատօնի մրցանակը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մրցանակը, Լիբանանցի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան մրցանակը, Հայկազեան համալսարանի «Արուեստներ»-ու մրցանակը: Հրատարակած է «Խոհեր կեանքի եւ արուեստի մասին», «Դիտանկիւնէս» եւ «Անկարելի սէր» հատորները: Գրած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` արուեստի մասին:
1960-ին Անտրէ Վիպեր Փարիզի «Ժիւվինալ» թերթին մէջ գրած է. «Թորոսեան երիտասարդ նկարիչ, ծնունդով հայ, ստորագրած է իր «Զոյգը» պաստառը, որ թելադրող քաղցրութեան բացարձակ նմուշ մըն է: Բանաստեղծ-նկարիչ մը, որուն պէտք է հետեւիլ, քանի իր վրձինին տակ արդէն կը հոսին իր արժանիքները»:
Գրիգոր Շահինեան «Սրտակիցի խօսք` Յարութիւն Թորոսեանին» խորագրեալ յօդուածով գրած է. «Ես հետեւած եմ հոգիիդ փթթումին` արուեստիդ հոլովոյթին ընդմէջէն. բանաստեղծական բնանկարներէն անցար կանացի կորութիւններու քերթուածին եւ անոնցմէ, բնական ընթացքով, գրեթէ աննիւթական վերացականութեան մը հասած էիր պաստառին ճերմակը հազիւ ծածկող եթերային թափանցելիութեան, որմէ անդին ալ լռութիւնն էր պարապին, կամ համերգը իրականութեան ձայներուն:

Յարութիւն Թորոսեան հին դրամներու իր հաւաքածոն Արցախի թանգարանին նուիրելու ժամանակ, ներկայութեամբ այդ օրերու նախագահ Բագօ Սահակեանի

Վերջին տարիներու մենաւոր խոհիդ եւ ստեղծագործ որոնումիդ մէջէն դուն յաջողեցար համադրելու անհամադրելի թուացող այս եզրերը: Եւ ահա մեր աչքերուն առաջ կը փռես ամբողջ աշխարհ մը գիծի, գոյնի եւ ձեւի, ուր հասուն լռութիւնը կը հիւսուի կեանքի հնչեղ իրականութեան, զայն կը հասցնէ հանդարտ քերթուածի ներդաշնակութեան: Ու բնական է այս հոլովոյթը: Ճանչցած ընտանեկան կեանքի քաղցրութիւնն ու հոգերը, ճաշակած` առօրեայի հաճոյքներն ու դժուարութիւնները, դուն գիտցար, առանց երազներէն կտրուելու, ընկալել կեանքը իրատես խորհողի մը ծանրութեամբ ու տալ արուեստիդ կշռութիւնը հողին ու ժայռին, բիւրեղացնելով զանոնք ու հասցնելով ոգեղէնի պայծառութեան: Առանց սակայն պարպելու զանոնք ներուժ այն զօրութենէն, որուն կշռոյթը զգացիր ընտանիքի հօր ու քաղաքացիի ամրացող հոգիիդ մէջ: Եւ հայրենի հողը եղաւ ամուր այն կռուանը, որուն վրայ կոթողուեցար ու նայուածքդ ուղղեցիր դէպի վեր ու դէպի առաջ` հեռաւոր հորիզոնի հմայքին, կամ տեսադաշտդ լեցնող տուներու եւ տանիքներու տեսքին: Եւ զարմանալի չէ, որ մարդերը բացակայ են այնքա՜ն մարդկային քու աշխարհէդ` ցուցահանդէսիդ իւղաներկերովը, ջրաներկերովը եւ գծանկարներովը իրացած: Կենդանագիրներդ տաղանդիդ մէկ երեսը կը ներկայացնեն անշուշտ, բայց յատկանշականը, ինծի համար, տուներդ են, ուր մարդիկ կը բնակին, ճամբաներդ, ուրկէ անոնք կ՛անցնին, ժայռերդ ու եկեղեցիներդ, ուր անոնց հաւատքը կը խարսխուի: Անոնց բոլորին նայուածքը բռնուած աչքերուդ մէջ` դուն վերէն, հեռուէն կը նայիս աշխարհի վայրերուն` հանդարտ խոհականութեամբ եթէ ոչ անպայման խաղաղութեամբ: Հասունցած ես հիմա, բայց չես փոխուած հիմնովին: Նոյն նկարիչ – բանաստեղծն ես միշտ, բայց աւելի մտածել կու տաս «Հացին երգը» երգող Վարուժանին մասին, որ միջօրէիդ ջերմութեան մէջ ինքն իր երգովը կ՛արբենայ, ինչպէս արեւոտ իր լոյսով: Դուն նման ես նաեւ հոգիի լիութիւնը երգող ուրիշ քերթողի մը` մեր երկուքին բարեկամ Մուշեղ Իշխանին, որուն լաւագոյն քերթուածներէն մէկուն տողերը բնականօրէն արթնցան յիշողութեանս մէջ` հանդարտ ուժականութիւնդ բնորոշելու փորձիս ընթացքին»:
Իսկ Սարգիս Մահսերէճեան, Թորոսեանի լոյս ընծայած «Անկարելի սէր»-ին մասին յայտնած է․-
«Ուշագրաւ գիծեր են մեր բանաստեղծութեան ու երաժշտութեան աշխարհին հետ Թորոսեանի մտերմութեան արտայայտութիւնները` գիրքին էջերուն: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Թորոսեան կը պատկանի սերունդի մը, որ գեղանկարչութեան մէջ խորացած ըլլալու կողքին, համակուած է արուեստի այլ բնագաւառներով եւ ոչ թէ ինքզինք «բանտարկած» իր նախասիրած աշխարհին մէջ: Իրեն ժամանակակից արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու հետ հանդիպումներու, բարեկամութիւն մշակելու մասին հպանցիկ ակնարկութիւնները որոշ համեմ կը ներարկեն հատորին: Հատորը կը յատկանշուի աղուոր հայերէնով մը, որ հաղորդական է ու կը խուսափի վերամբարձ ձեւերէ: Էջերուն, կարելի է փնտռել եւ գտնել «դարաշրջան» մը ու անոր անուղղակի վաւերագրումը: Ի մասնաւորի` արուեստագէտը աւելի լաւ ճանչնալու միջոց մըն է նաեւ, ըմբռնելու, որ կինը ինչո՛ւ այնքան տիրական ներկայութիւն է անոր պաստառներուն մէջ: Գրքոյկին կողքի նկարը պերճախօս վկայութիւն մըն է այս իմաստով: Պատումին կողքին, տեղ գտած են քանի մը գեղանկարի լուսանկար, իսկ վերջին կողքին վրայ` հեղինակին սեղմ կենսագրութիւնը:
Նշենք, թէ Թորոսեան եղբայրն է Լիբանանահայ արուեստագէտ տիկին Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles