ԳՈՅԺ ՄԱՀՈՒԱՆ՝ ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐ ԵՒ ԶԳԱՅՈՒՆ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

 

           Յ. Պալեան

            Լիբանանի գեղանկարչական աշխարհին մէջ յայտնի դէմք էր Յարութիւն Թորոսեան:

            Երէկ, փարիզեան շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Յարութիւն Թորոսեան:

            Ծնած էր 1933ին, Պէյրութ: Մաս կը կազմէր հայ արուեստագէտներու սերունդի մը: Բազմաշնորհ արուեստագէտ էր: Միաժամանակ կը սիրէր գրել: Հետաքրքրական է իր «Անկարելի սէր» գիրքը: Իր գեղանկարչական ուսումը ստացած էր Լիբանանի Գեղարուեստից վարժարանը, ապա Փարիզի Գեղարուեստից Ազգային Բարձրագոյն դպրոցը, նկարչութիւն, փորագրութիւն (gravure) եւ որմնանկարչութիւն (fresque):

            Ունի հայերէնով հրատարակութիւններ եւ իր գեղանկարներու ներկայացման գիրքեր:

            Անդամ էր Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան եւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու Պալատին:

            Յարութիւն Թորոսեանի ստեղծագործական ներշնչման ենթահողը երրեակ է. ծննդավայր Լիբանանը, արմատներու եւ սիրոյ հայրենիք Հայաստանը, եւ Ֆրանսան՝ իր արուեստի մեծութիւններով:

            Վերջին տարիներուն քանի մը անգամ միասին գտնուեցանք Պէյրութի ցուցահանդէսներուն եւ նուագահանդէսներուն: Ֆրանսա, յաճախ իրարու հանդիպեցանք Մոնթրէօյի իր տունը եւ արձակուրի օրերուն՝ Նորմանտի, Վիլլէր-սիւր-մէր կամ Տովիլ ծովափնեայ քաղաքները: Կարօտով կը խօսէր Լիբանանի եռուն  կեանքին մասին, ինչպէս՝ իր ընկերներուն:

            Յարութիւն Թորոսեանէն որպէս յիշատակ կը պահեմ երեք մերկուհիներու գեղանկարներ, որոնք գեղեցիկի եւ կեանքի մասին կը վկայեն:

 

            Անոնք մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան գիրքերուս կողքին, շարունակելով Նորմանտիի մեր զրոյցները, որոնք կը մեղմէին կարօտներ եւ աքսորի տխրութիւնները:

            Արուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ԲԱՆՆ իսկ են, մեզմէ առաջ սկսած, մեզմով շարունակուող եւ դէպի գալիքները ընթացող: Ինչե՜ր ըսած է գեղեցիկը: Յարութիւն Թորոսեանի մերկուհիները ի՞նչ կ’ըսէին իրեն, ի՞նչ կ’ըսեն արուեստասէրին, ի՞նչ պիտի ըսեն վաղը:

           

            Կը դիտեմ: Ինք կը խօսի իր զգացումներով:

            Կը մնայ ներկայութիւն:

            Այդպէս է Բանի եւ Արուեստի բաց պատուհանը:

 

            Լիբանանի արուեստի կեանքին եւ անոր զարգացման մէջ իր տեղը ունէր Յարութիւն Թորոսեան, ինչպէս իրմէ առաջ շիջած Զաւէն Խտըշեանը, Լիւսի Թիւթիւնճեանը, եւ շատեր: Իր սերունդէն ուրիշներ, հակառակ Լիբանանի եւ լիբանահայութեան ապրած խոր տագնապին, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ կենդանութեան շունչ տալ հայ կեանքին:

            Իր ետին տաղանդաւոր արուեստագէտի պայծառ յիշատակ կը թողու Յարութիւն Թորոսեան:

            Օր մը, յաղթահարելէ ետք ներկայի բարդութիւնները, սփիւռքի հայ արուեստագէտներու թանգարան կը ստեղծուի՞ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայկական ժառանգութիւնը պահուի: Այդ կ’ըլլայ օտար երկինքներու տակ տարածուած հայ միտքի լոյսին հայրենիքի տուած տիրութեան եւ սիրոյ տուրքը:

            Յարութիւն Թորոսեանի հետ արուեստասէրներ իրենց անաւարտ զրոյցները պիտի շարունակեն իր նկարներուն հետ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles