Ատրպէյճանի Սադրանքները Հետզհետէ Կը Սաստկանան

0 0
Read Time:1 Minute, 29 Second


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ․- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադառնալով Յունուար 10-ի ատրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան խախտման, լոյս ընծայեց հաղորդագրութիւն մը, յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով, թէ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր շուկայ-Թաղավարդ եւ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ համայնքներու վրայ կատարուած յարձակումներուն մասին։
«Նման գործողութիւններ Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով վարուող հայատեաց եւ նացիական քաղաքականութեան դրսեւորումներ են, որոնք անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն «խաղաղասիրական» յայտարարութիւնները ոչ մէկ աղերս ունին այդ երկրի իրական` Արցախի, հայ ժողովուրդի եւ շրջանի նկատմամբ ահաբեկչական եւ ծաւալապաշտական նպատակներուն հետ։ Անհրաժեշտ կը նկատենք անգամ մը եւս ընդգծել, որ նման քայլերով Ատրպէյճանը չի կրնար սասանել արցախցիի վճռականութիւնը` ապրելու եւ արարելու Արցախի մէջ, որուն համար բացարձակապէս անընդունելի է որեւէ կարգավիճակ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», յայտարարած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` եզրակացնելով.- «Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել եւ զօրացնել մեր հայրենիքը»։
Արցախի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ դէպքին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ միջոցներու ձեռնարկուեցաւ «ատրպէյճանական կողմը հրադադարի պահպանման դրութեան վերադարձնելու ուղղութեամբ»:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ միջադէպին առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ միջոցներու ձեռնարկուեցաւ:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց հայկական կողմի պնդումները՝ նշելով, որ ատրպէյճանական բանակը «չէ կրակած քաղաքացիներու եւ անոնց պատկանող ինչքերուն վրայ»:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ վերոնշեալ ինքնաշարժին մէջ ծագած կրակը մարելու փութացած Արցախի Հանրապետութեան հրշէջ փրկարարները եւս հրդեհը մարելու աշխատանքներ կատարելու ընթացքին թիրախ դարձան ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն: Դէպքին վայրի զննութեան ընթացքին գտնուեցան ինքնաշարժին մէջ մնացած կապարներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց նոյն օրը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը, ըստ որուն, իբր թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները ռմբակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը: «Սահմանի տուեալ հատուածում ատրպէյճանական ստորաբաժանումները մի քանի անկանոն կրակահերթ են արձակել, որոնց հայկական կողմը չի պատասխանել: Այս պահին իրադրութիւնը հայ-ազերիական սահմանի ողջ երկայնքով յարաբերականօրէն կայուն է եւ գտնւում է Հայաստանի բանակի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ», կը հաստատէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles