ԱՐՑԱԽԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԻԱ

0 0
Read Time:2 Minute, 59 Second


Անցնող տասնամեակին պատերազմի պատճառով սուրիահայութիւնը որոշ չափով հեռու մնաց համահայկական նախաձեռնութիւններէն (բանակումներ, մրցումներ, փառատօներ եւ այլն…): Երբեմնի հիւրընկալ Սուրիան մնաց առանց հիւրերու, իսկ ժողովուրդին դէմքէն քիչ մը եւս պակսեցաւ ժպիտը: Եկան սերունդներ, որոնք զրկուած մնացին համահայկական բանակումներու տաքուկ մթնոլորտէն եւ նոր ընկերներ ունենալու հաճոյքէն: Արցախեան վերջին պատերազմէն սուրիահայութիւնը անմասն չմնաց, ան եւս մասնակցութիւն բերաւ պատերազմին եւ նահատակներ ունեցաւ:
Նկատի ունենալով Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութեան եւ հայ պատանիին հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին հրաւէրով, Արցախէն ժամանեցին Հ․Յ․Դ․ Արցախի Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական Միութեան անդամներ՝ Վահագն Խաչատրեան (Մարտունի) եւ Բենօ Բաբայեան (Ստեփանակերտ)։
Ընկերները Սուրիոյ մէջ ծանօթացան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն, մասնակցեցան վարժողական համապատասխան ծրագիրներու եւ նպաստեցին փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին։
Այս այցելութիւնները հոգեփոխութիւն մը ստեղծեցին գաղութէն ներս, մանաւանդ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն մօտ: Անոնք երկու շաբաթ արցախցի ընկերներուն հետ հաճելի եւ օգտաշատ ժամանակ անցուցին: Ընկերները Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան իւրաքանչիւր մասնաճիւղի գործունէութեան ներկայ եղան:
Անոնք հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան անդամներուն հետ, այցելեցին Ազգային կառոյցներ, եկեղեցիներ, մշակութային, բարեսիրական կեդրոններ,«Գանձասար» խմբագրատուն, տպարան «Արեւելք», Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, Ազգային Միացեալ նախակրթարան, կրթասիրաց Ս. Չեմպէրճեան եւ Մխիթարեան վարժարաններ, շրջեցան Սուրիոյ պատմամշակութային վայրերով, ծանօթացան գաղութի կազմակերպական կեանքին, հալէպահայութեան բարքերուն եւ սովորութիւններուն: Անոնք այցելեցին նաեւ Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ, ուր նոյնպէս հանդիպում ունեցան Ս․Ե․Մ․-ի, Պատանեկան Միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Իրենց այցելութիւններու ընթացքին լոյս սփռեցին Արցախի ներկայ իրավիճակին մասին մութ մնացած կէտերուն վրայ եւ յստակօրէն պարզեցին ներկայ կացութիւնը:
Ողջունելի են նման նախաձեռնութիւնները այն առումով որ հիւրընկալողն ալ հիւրընկալուողին չափ կ’օգտուի: Այցելութիւններուն հիմնական նպատակը ոչ միայն Սուրիոյ կազմակերպական կեանքը ծանօթացնելն էր ընկերներուն, այլ նաեւ անոնց փորձառութենէն օգտուիլն ու արցախեան իրականութեան մօտէն ծանօթանալն էր:
Անբացատրելի էր պատանիներուն խանդավառութիւնը: Անոնք երկու շաբաթ ապրեցան Արցախով, ընկերներուն միջոցաւ կարծես իրենց կարօտը առին Արցախէն, հարցուցին արցախցի իրենց տարեկիցներուն մասին, ողջոյններ եւ նամակներ ուղարկեցին անոնց:
Ընկերները իրենց այցելութեամբ յոյս ներշնչեցին սուրիահայութեան շեշտելով, որ արցախցին ամուր կանգնած է իր հայրենի հողին վրայ եւ տրամադիր չէ նոյնիսկ կտոր մը հող զիջելու թշնամիին:
Վահագն Խաչատրեան իր դպաւորութիւնները փոչանցելով, ըսաւ, թէ․- «Մենք այցելեցինք հայկական 8 դպրոցներ, որտեղ հանդիպումներ ունեցանք ուսուցչական եւ աշակերտական անձնակազմի հետ, ներկայացրինք Արցախում տիրող յետպատերազմեան իրավիճակը, խօսեցինք Հ․Յ․Դ․ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութեան աշխատանքների մասին, ներկայացրինք պատերազմի սկսման դրդապատճառներն ու ընթացքը, մի քանի դրուագ պատմեցինք մեր տղաների կատարած բազմաթիւ հերոսական արարքներից, պատասխանեցինք նրանց յուզող հարցերին, ինքներս էլ ծանօթացանք ուսումնառութեան կազմակերպման ընթացքին, շէնքային պայմաններին: Յատկապէս մեզ համար տպաւորիչ էր երեխաների եւ ընդհանրապէս, հայութեան` հայոց լեզուով վարժ ու ազատ խօսելը, չնայած փոքր տարիքներին` մեծահասակին վայել քաղաքական ու տնտեսական հարցերի մասին պատկերացումները, նրանց ցանկութիւնները` Արցախ գալու, զինուոր դառնալու, Հայրենիքը պաշտպանելու»:
Խաչատրեան խոր շնորհակալութիւն յայտնեց, եզրափակելով, թէ․-«Ընդհանուր առմաբ, եթէ ամփոփուի այս երկշաբաթեայ այցը, պէտք է նշենք` լաւագոյն օրերն էին մեզ համար այս տարուայ ընթացքում: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնենք պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմնին, Սիրիայի երիտասարդական միութեան անդամներին, դաստիարակներին` տարիներ ի վեր դրսեւորուող բարձր գիտակցման, սերունդների կրթման ու հայապահպանման գործում ունեցած անգնահատելի աւանդի, պատանիների մօտ ազգային ինքնութեան բարձրացման եւ ազգային դաստիարակութիւն տալու համար: Շնորհակալ ենք նաեւ պատանիներին, որոնք տուեցին մեզ բազմատեսակ հարցեր հայրենիքի, 44-օրեայ պատերազմի, տարածաշրջանում ստեղծուած իրավիճակի մասին: Ուրախ ենք, որ հնարաւորութիւն ունեցանք դասախօսութիւններով հանդէս գալու նրանց համար եւ ներկայացնելու մեր հայրենիքի աշխարհագրական դիրքի, Արցախեան պատերազմների, անկախութեան կերտման, մշակութային, կրթական բնագաւառների մասին: Ուրախ ենք, որ նրանց մէջ յոյս արթնացրինք եւ ամրապնդեցինք այն միտքը, որ բոլորս պարտաւոր ենք գործել ի շահ մեր հայրենիքի եւ ամէն ինչ անել հայրենիքի փրկութեան համար: Յուսով ենք, որ ապագայում մեր ընկերները եւս առիթ կ՚ունենան ծանօթանալու արցախեան հիւրընկալութեանը եւ իրենց աչքերով տեսնելու հայրենիքի ամէն մի յուշարձան ու եկեղեցի: Մենք կ՚ամրապնդենք կապերը նրանց հետ բոլոր հարթակներում եւ կը շարունակենք համագործակցել` յանուն ապագայ սերունդների հայեցի կրթման ու դաստիարակման»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles