Ղազախստանի Հարցով Առցանց Վեհաժողով

0 0
Read Time:2 Minute, 18 Second


Ղազախստանի մէջ կատարուած խլրտումները, որոնք խլած են 150-է աւելի զոհ, հետզհետէ աւելի սկսած են մտահոգութիւն պատճառել յատկապէս տարածաշրջանէն ներս, ուր Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրները, որոնց այս տարեշրջանի նախագահութիւնը վստահուած է Հայաստանի, կատարեցին առցանց վեհաժողով մը՝ Յունուար 10-ին։
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքայեւ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոն, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ եւ Հ․Ա․Պ․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բացման խօսքին մէջ յայտարարեց, որ կազմակերպութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ լարուածութիւնը չի նուազիր, եւ անդամ երկիրները կը շարունակեն գտնուիլ նոր սպառնալիքներու դէմ յանդիման:
«Ղազախստանի մէջ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներգրաւուածութեան մասին տեղեկատուութեան առումով: Ոչ հեռու անցեալին մենք եւս բախած ենք մեր շրջանին մէջ օտարերկրեայ ահաբեկիչներու ի յայտ գալուն», ըսաւ Փաշինեան:
Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքայեւին, յայտարարեց, որ իր երկրին մէջ արձանագրուած անկարգութիւնները Ղազախստանի մէջ պետական յեղաշրջման փորձ էին:
Անոր համաձայն, զանգուածային անկարգութիւններու ալիքը բռնկած է «միասնական հրամանով»: Ան յայտարարեց, որ աւազակախումբերը փորձած են զէնք ու զինամթերք ձեռք բերել, եւ ընդգծած, որ երկրին մէջ ուժային կառոյցներու 16 աշխատակից զոհուած է, խաղաղ բնակչութեան մօտ զոհերուն թիւը կը ճշդուի:
Թոքայեւ յայտարարեց, որ Ղազախստան աւելի ուշ ահաբեկչական յարձակումի պատրաստութեան մասին ապացոյցներ ցոյց պիտի տայ: Անոր համաձայն, Ղազախստանի մէջ սահմանադրական կարգը վերականգնուած է:
Թոքայեւ շեշտեց, թէ Հ․Ա․Պ․Կ․-ի խաղաղապահ ուժերը երկրին մէջ պիտի մնան, մինչեւ որ կացութիւնը ամբողջովին կայունանայ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ կարելի չէ գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութեան իրագործումը արտօնել: «Մենք պիտի չարտօնենք մեր տան մէջ կացութիւնը զարգացնել, գունաւոր յեղափոխութիւններու բեմագրութիւն իրագործել։ Ասիկա արտաքին միջամտութեան ո՛չ առաջին, ո՛չ վերջին փորձն է։ Ղազախստան ուղղարկուած է Հ․Ա․Պ․Կ․-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերու զօրակազմը, եւ կ՛ուզեմ ընդգծել, սահմանափակ ժամանակով, որ Ղազախստանի նախագահը կարելի կը գտնէ», ըսաւ Փութին:
Մինչ այդ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի զինուած ուժերը Հ․Ա․Պ․Կ․-ի խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ մեկնեցան Ղազախստան` մասնակցելու կացութիւնը հանդարտեցնելու ջանքերուն: «Հիմք ընդունելով Հ․Ա․Պ․Կ․-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 4-րդ յօդուածին համաձայն սահմանափակ ժամանակահատուածով Ղազախստանի Հանրապետութիւն Հ․Ա․Պ․Կ․-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժեր ուղղարկելու վերաբերեալ որոշումը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խաղաղապահ գործունէութեան մասին պայմանագիրի դրոյթներուն համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը Հ․Ա․Պ․Կ․-ի խաղաղապահ ուժերու կազմին մէջ Ղազախստանի Հանրապետութիւն գործուղած են խաղաղապահ ստորաբաժանում (թիւով` 100 զինուոր): Առաքելութեան ընթացքին Հայաստանի զինուած ուժերու խաղաղապահ ստորաբաժանումը պիտի իրականացնէ բացառապէս ռազմավարական նշանակութեան շէնք-շինութիւններու եւ ենթակառուցուածքներու պահպանութեան գործառոյթներ», յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշենք թէ, անծանօթներ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դեսպանատուներուն մէջ պայթումի վտանգի մասին լուրեր տարածեցին, պահանջելով Ղազախստանէն հեռացնել բոլոր զօրքերը: «Մէկ օր առաջ յայտնի դարձած է, որ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային հասցէներուն յղուած է նամակ մը` ականահարման սպառնալիքով: Անծանօթ անձեր պահանջած են Ղազախստանի տարածքէն հեռացնել երկիրներու զօրքերը», հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles