ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, Դեկտեմբեր 26-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան մասնակցեցաւ անմահ պատարագին, Տակլըսթընի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Պատարագեց ու քարոզեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն․ Թրթռեան։ Սուրբ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Սուրբ Ստեփաննոսի տօնի յատուկ արարողութիւն մը։ Եկեղեցւոյ երեք սարկաւագները՝ Պետրոս Գալաճեան, Պերճ Յակոբեան եւ Ռազմիկ Նէնէճեան, քահանայական սաղաւարտով զարդարուած, խնկարկեցին Սուրբ Սեղանին եւ ստացան Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ անսովոր կերպով նշուող այս տօները երբե՛ք չնուազեցնեն հաւատքն ու հայ քրիստոնեայի ինքնութիւնը։