Կեդրոնականցի Արմենակի հետ հայկական արուարձանի սրճարանը նստած կը զրուցէինք:
Մեզի միացաւ թաղի «զառամած թոշակառու մտաւորական» Աթանաս: Որպէսզի զինք չմոռնան, դարձած է երգիչներու եւ ճաշկերոյթներու թղթակից, տեւաբար կը նշէ անոնց երաժշտական կամ խոհանոցային թերիները,:
Միացան ուրիշներ, քանի մը երիտասարդներ ալ: Ի հարկէ խօսուեցան Հայաստան, Արցախ, կուսակցութիւններ, եկեղեցի, թաղապետական ընտրութիւններու հայերու մասնակցութիւն: Իսկական համայնքային ժողով:
Աթանաս, իւրաքանչիւր խօսողէ ետք, կը միջամտէր, եւ կ’ըսէր. «Ըսածդ թերի է, ճիշդ չէ, այսպէս պէտք է ըսել»: Իսկական հայկական թաղային թատրոն եւ Աթանաս իրաւարարի դերով:
Իմաստութիւններու հանդէսը օղակ փոխեց եւ մարդիկ սկսան խօսիլ Հայաստանի վարչապետի, իշխանութեան, ընդդիմութեան, պատերազմի, պարտութեան, կուսակցութիւններու, Թուրքիոյ հետ սիրաբանութեան, երեք եկեղեցիներու եւ աղանդներու մասին: Աթանաս երջանիկ էր: Իւրաքանչիւրի խօսքէն ետք կը կրկնէր. «ճիշդ չէ, յստակացո՛ւր»:
Երիտասարդ մը քանի մը անգամ խօսեցաւ: Ուշադրութեամբ կը լսէինք: Աթանաս այս անգամ «ճիշդ է, ճիշդ չէ» չկրցաւ ըսել, բայց յիշեցնելու համար իր ներկայութիւնը, երիտասարդին դիտողութիւն ըրաւ, որ ան պէտք է «իր հայերէնը սրբագրէ, հոլովները յարգէ, օտար բառեր չգործածէ»:
Մինչ այդ լուռ մնացած Կեդրոնականցին խօսքը Աթանասին ուղղելով ըսաւ. «Սուս եղի՛ր, ժամ մըն է տիւտիւկութիւն կ’ընես, ըսելիք բան մը ունիս, ըսէ՛: Երիտասարդը մի՛ խանգարեր: Փոխանակ համրիչ շրխկացնելով «տիւտիւկութիւն» ընելու, դրամներդ արդուկելով պահելու, թող հայերէն սորվեցնէիր: «Տիւտիւկութեամբ» մի՛ խանգարեր»: Երիտասա՛րդ, խնդրեմ, շարունակէ՛ բան մը սորվինք»:
Թաղային ակադեմեան ծափահարեց:
«Տիւտիւկ» Աթանա սուսիկ-փուսիկ հեռացաւ: Ոչ ոք ըսաւ, «Մի՛ երթար, նստի՛ր, պարոն Աթանաս»:
Քանի մը շաբաթ ետք կրկին նոյն սրճարանն էինք Արմենակին հետ: Սպասեակը քմծիծաղով ըսաւ.
– Տիւտիւկ ըլլալէ ետք Աթանաս այլեւս սրճարան չի գար: Եթէ կ’ուզէք զինք տեսնել, թուրքերու սրճարանը գացէ՛ք: Հոն հիմա իր թրքերէնը կը կատարելագործէ, որպէսզի Հայաստանի ապագայ թուրք տուրիստներուն հետ հիւրընկալ հայերը սխալ չխօսին:
Երբ փողոցն էինք, Կեդրոնականցին տրտմութեամբ ըսաւ.
– Մակա՛ր, գիտես, բոլոր «տիւտիւկ»-ները կը նմանին կուշտ ջորիի: Ամուլ են:
Մակար ի Գաղիա, 30 Դեկտեմբեր 2021