Գէորգ Պետիկեան
Այս տարի -2021-Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան հարիւր վաթսուն (160) ամեակն է:
Միջին Արեւելք ապրող բազմահազար հայերէն շատեր թերեւս յիշեն կամ իրենց մեծերէն լսած ըլլան այս օտարազգի մեծ ու բարեսիրտ մարդուն անունը, որ մեր ժողովուրդը առ ի երախտագիտութիւն զինք դասած է մեծ հայասէրներու շարքին: Նաեւ կրնան յիշել բոլոր անոնք, որոնք 1920 թուականներու վերջերուն, Մեծ եղեռնի եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի պատճառով, իբրեւ տարագիր կամ թափառական՝ այս մարդուն շնորհիւ ստացած էին յատուկ անցագիր՝ «Նանսէնիէն» անունով- “Nansen passport” ու այս ձեւով կրցած էին իրենց կեանքը իբրեւ անհատ շարունակել, կամ շրջաքայիլ եւ տեղափոխուիլ զանազան երկիրներ:
Պարզ ծանօթացման գծով ներկայացնելով այս համանուն մարդը՝ ըսենք, որ Ֆրետիոֆ Նանսէն ծնած էր 10 Հոկտեմբեր, 1861-ին, Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքի մօտիկ Stor Froen-ի մէջ: Իր հայրը եղած էր հանրածանօթ կրօնասէր, շատ յարգուած ու ճանչցուած իրաւաբան, իսկ մայրը՝ նշանաւոր ու հանրայայտ մարզիկուհի մը, որ ամէն առիթներով իր զաւակներուն քաջալեր հանդիսացած էր արտատնային մարզանքներ կատարելու եւ այս ձեւով զիրենք չարքաշութեան վարժեցուցած:
Նանսէն, Օսլոյի համալսարանին մէջ ուսանած էր Zoology: Եղած էր նաեւ մեծ գիտնական մը, որ իբրեւ բեւեռախոյզ սիրած էր հետազօտութիւններ կատարել: Եղած էր ովկիանոսագէտ մը եւ այս ձեւով կտրած՝ ծովեր եւ ովկիանոսներ, նոյնպէս ցամաք, լեռ եւ վերջապէս բեւեռ ու յատկապէս` հիւսիսայինը: Բազմաթիւ անգամներ ծրագրած է ու յաջողութեամբ իրագործած արշաւներ դէպի Կրինլէնտ սառոյցապատ հսկայ տարածք-երկիրը:
Այս բոլորին մասին օրին գրած էր հետաքրքրական հատորներ, որոնք իբրեւ հետազօտական նորութիւն-գիտութիւն, մեծապէս օժանդակած էին իր շրջանի եւ յաջորդող գիտնականներուն եւ աշխարհի մարդկութեան:
Հաւանաբար ընթերցողը քիչ մը տարբեր ակնոցով մօտենայ վերեւի տողերուն ու զարմանայ, ըսելով թէ այս բոլորը ի՞նչ կապ ունէին Նանսէնը դասելու մեծ հայասէրներու շարքին:
Տողերս պարզեմ: 1905-ին, երբ Նորվեկիան Շուէտի տիրապետութենէն անկախանալով առանձին ազատ եւ ինքնիշխան երկիր մը դարձաւ, այս պատճառով կանգ առին այս մեծ հետազօտող գիտնականին աշխատանքներն ու գիտարշաւները, որովհետեւ ան նետուեցաւ քաղաքական ասպարէզ, դառնալով նախ՝ Անգլիոյ մէջ, իր երկրի դեսպան-նախարարը (1908-ին), ապա Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք 1917-18-ին, ան դէպի Ուաշինկթըն Տի Սի գլխաւորեց Նորվեկիական այն պատուիրակութիւնը, որ պատերազմէն յաղթական դուրս եկող դաշնակիցներէն թոյլտուութիւն կը խնդրէր, իրենց ձեռք ձգած երկիրներու ժողովուրդներուն մարդկային օժանդակութիւն եւ մանաւանդ ուտեստեղէն ուղղարկելու:
Ան 1919-ին նշանակուեցաւ Նորվեկիոյ գլխաւոր պատուիրակութեան ներկայացուցիչը, այդ օրերուն նորակազմ «Ազգերու Լիկ»ին եւ յատկապէս Փարիզի մէջ կայացած համաշխարհային «Խաղաղութեան Խորհրդաժողով»ին:
Հոս է, որ շնորհիւ իր մեծ ճիգերուն, աւելի քան 450 հազար պատերազմի գիրիներու փոխանակումները կատարուեցան զանազան երկիրներու միջեւ: Ու բազմազան մարդասիրական աշխատանքներու իրագործումներու կողքին, 1925-ին անձնապէս իր շնորհիւ ստեղծած “Council of the League” ին եւ մանաւանդ իր անունով հիմնած “Nansen International Office for Refugees”ին մինչեւ իր մահը (1930), ան կարողացաւ հազարաւոր հայեր հաստատել Երեւանի (10,000), իսկ Սուրիոյ-Լիբանանի մէջ (40,000):
Պէտք է յիշել նաեւ, որ իր այս մեծ բարիքներէն հայերու կողքին օգտուեցան նաեւ մեծ եւ յատկանշական թիւով նաեւ յոյներ, թուրքեր, ռուսեր եւ ասորիներ: Իր կատարած այս աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն համար 1938-ին, յետ մահու՝ ան արժանացաւ «Նոպելեան Խաղաղութեան» մրցանակին:
Այսօր, աշխարհի վրայ աւելի քան յիսուն երկիրներ զինք յարգանքով կը յիշեն, իբրեւ մեծ գիտնական, բեւեռագէտ, բեւեռախոյզ, խաղաղասէր, մարդասէր ու իր անունով հաստատած են զինք յաւերժացնող կոթողներ եւ անուանած փողոցներ ու հրապարակներ:
Իսկ մենք, մէկը այդ երախտապարտ ժողովուրդներէն, մեր կարգին մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք եւ պէտք է որ մատուցենք, իր սրտին մէջ հայ ժողովուրդին լայն տեղ տուող եւ հայ դատին ծառայող այս մեծ օտարական նորվեկիացիին:
Կեանքի մէջ, երախտապարտութեան գիտակցութիւնը մարդը բնորոշող եւ անոր նկարագրի ազնիւ տարրերէն մէկն է: Արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը՝ յատուկ բարենիշներ են մարդոց կեանքին մէջ։
Կը կարծեմ, որ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ժողովուրդ իր դարաւոր կեանքի ընթացքին մեզի չափ տեսած ու համտեսած է պատմութեան դառն ու լեղին եւ մանաւանդ իր շրջապատին անտարբերութիւնն եւ արդարութեան անհաւատալի ու աներեւակայելի բացակայութիւնը:
Բայց երախտապարտ ժողովուրդ ըլլալով, չենք կրնար մոռնալ Նանսէն անունը, որովհետեւ ան անքակտելիօրէն կապուած է մեր ժողովուրդի որոշ մէկ պատկառելի թիւին, քսաներորդ դարու պատմութեան: Մեզի համար Նանսէն, դուրս գալով մարդկայինէն, դառնալով համամարդկային, անսակարկօրէն կը ներկայացնէ մարդու իրաւ խիղճը, մանաւանդ Ա. Համաշխարհային պատերազմին, երբ դաշնակիցներ կ՛ուրանային մեր ժողովուրդի իրաւունքն ու արդար դատը:
Ֆրետիոֆ Նանսէն համամարդկային դէմք մըն էր ու այդպէս ալ պիտի մնայ համայն աշխարհի մարդոց համար, բայց մանաւանդ մեզի, իր օրինակելի կարեկցութեան, գութին, սիրոյն, նուիրումին եւ զոհաբերութեան համար:
Վայրկեանի մը համար մտաբերեցէք, պատմական այդ ճգնաժամային օրերուն, այս մեծ սիրտ ունեցող մարդուն բացակայութիւնը: Ի՞նչ պիտի ըլլային մեր ժողովուրդի այդ շրջանի տարագիր հազարաւոր զաւակներու ճակատագիրը:
Նանսէն եկաւ իր բարի սիրտով մեզի եւ բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու զաւակներուն, նոր շունչ տալու, անոնց նոր ու պատուաւոր ճակատագիր մը տնօրինելու: Իմ կարգիս
այս համեստ տողերովս, ուրախութիւնս կ՛ուզեմ վերածել գիտակից ու անխառն գնահատանքի եւ երախտագիտական զգացումի մը: