Հեռաւորին Եւ Մօտաւորին Հետ Զրուցելու Ցանկութեամբ .- ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ, ԿԸ ԴԱՌՆԱ՞Ն ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉ ԾԻՍԱԿԱՆ ԼԻԻՐԱՒ ՔՈՒՐԱՅ  

0 0
Read Time:4 Minute, 11 Second
Ethcmiadzin, Armenia – June 27, 2015: Decoration details of the monumental gate of the Ethchmiadzin Cathedral in Armenia.

Յ. Պալեան

Այսքան թանձր անհեթեթութեամբ աշխարհի մը մէջ, հարկ է հասնիլ մարդոց միջեւ աւելի մեծ հասկացողութեան, աւելի մեծ անկեղծութեան մը:

Ալպէր Քամիւ, Ֆրանսացի գրող, Ի դար

 

            Մնայուն պատերազմի մէջ եղող աշխարհի մը մէջ, ուր անհեթեթութիւնները բնական կը համարուին, երբեմն պէտք է յանձնուիլ տարբեր մտածելու փորձութեան:        Մտածել՝ մենք մեզ դիտելով, դիտելով Միւսը:

            Որպէս հայ, որպէս մարդ:

            Մեր ինքնութեան անխաթար պահպանումը երաշխիքն է մեր որպէս ինքնուրոյն ազգ գոյատեւման, չանհետանալու համար պատմութեան բեմէն: Այս ալ իրաւունք է:

            Տարբեր ըլալու իրաւունք: Ինչպէս տարբեր մտածելու ազատութեան իրաւունքը:

            Օտար տիրապետութիւններու տակ, երբ քաղաքացիական իրաւունքներ չունէինք, ինքնիշխան չէինք, մենք մեզ կը սահմանէինք որպէս հայ քրիստոնեայ, այդ էր նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած մեր անցագիրը: Անով մնացինք, դիմացանք, տեւեցինք:

            Ի հարկէ, ժամանակակից ընկերութիւնները, քաղաքակրթութիւնները, օրէնքները, կրօնքը կը համարեն անհատական խիղճի ազատութեան հարց:

            Իմաստասիրական եւ քաղաքական ըմբռնումներ կրօնը դասած են ինքնախաբէութեան եւ անիրատեսութեան մէջ, հիմնուելով նիւթապաշտական այն ըմբռնումին վրայ, որ ոչ մէկ առարկայական հիմնաւորում ունի Աստուծոյ մը գոյութիւնը:

            Բայց հաւատքը ո՛չ գիտական փորձանօթներու մէջ պէտք է փնտռել, ո՛չ ալ մեծ գիտնականներու տարազներուն եւ տեսութիւններուն մէջ, որոնք, ճիշդ է, յառաջդիմութեան լծակ եղած են, ծնունդ տուած են գլխապտոյտ պատճառող գործնական գիւտերու, ընդլայնած են նախամարդու նեղ աշխարհը եւ սահմանափակ կարողութիւնները: Այս ընթացքը կը շարունակուի: Գիտական նուաճումներու պարագային կը խօսինք գերանցումներու մասին: Հաւատքը այդ բոլորի գերանցումն է:

            Գիտութիւնը չի փոխարիներ հաւատքը, այլ իր իմաստութեամբ զայն կը հիմնաւորէ:

            Հաւատքը անհատապէս կը նուաճուի: Եկեղեցին,- խօսքը քարի եւ պատի մասին չէ,- իմացական եւ զգացական հաղորդութեան մենաշնորհեալ շրջանակն է, ուր հաւատքը կը սաւառնի, խօսքի եւ փորձի առկայութեամբ: Այդ շրջանակին մէջ մենք պէտք է գտնենք նաեւ մեր միութիւնը, միասին ըլլանք, անդենական խոստացող տիրացուական քարոզչութիւն-շատախօսութիւններէ անդին: Այս ընելու համար, մեր ժողովուրդին մէջ աւելի պէտք է զարգացնել կրօնա-իմաստասիրական խորացումը, թափանցուելու համար հաւատքով, որուն մէջ պէտք է նուաճենք մեր միութիւնը:

            Այս ապրուած միութեան վրայ պէտք է խարսխել մեր միասին ըլլալու, միասին գործելու կամքը, որպէսզի իրաւունք եւ ազատութիւն նուաճենք: Այս միասնութիւնը ընթացիկ քաղաքական կարգախօսներէն, կազմակերպութիւններէն եւ փառասիրութիւններէն տարբեր որակ է: Այս չի նշանակեր, որ ազգի եւ ժողովուրդի երկրային առաջնորդութինը պիտի յանձնենք եկեղեցիին եւ եկեղեցականին, այլ հաւատքի մէջ միացած, պիտի փորձենք նոյն ուղղութեամբ նայիլ, յաղթահարելով եսերը: Այսինքն՝ ձգտիլ արդարութեան, մասնակի հետաքրքրութիւններէ եւ շահակցութիւններէ անդին:

            Այս ապրումով եւ վերաբերումով հարց պէտք է տանք մէկուն եւ միւսին, թէ ի՞նչ ունինք, որ չենք յաջողիր բաժնուիլ, մեր ո՞ր խլուած իրաւունքին համար պիտի պայքարինք, հաւատքով միացած եւ գալիքին համար:

            Սխալ պէտք չէ ըմբռնել. նպատակ չէ կրօնապետական իշխանութեան ստեղծումը, այլ աշխարհիկ քաղաքականին տալ շատ յաճախ անոր պակսող լիութեան ուժը, որ անհատը եւ հաւաքանութիւնը կ’առաջնորդէ անմիջական եւ մակերեսային ճապկումերէ անդին, ամբոխահաճութիւնը փոխարինելով իրա՛ւ մարդկայնութեամբ, բարձրորակ հիւմանիզմով, մարդկայնացնելով քաղաքականութիւնը եւ արդարութեան հետապնդումը: Միշտ նպատակադրելով իմաստասէրին այն լուսաւոր միտքը, որ «ուրիշին իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Գաղափար՝ զոր անվարան կրնան կրկնել բոլոր հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդները:

            Այս մտածումներէն պէտք է հետեւցնել այն, որ Հայաստանեայց եկեղեցին պէտք չէ ըլլայ միայն կիրակնօրեայ հանդիպման վայր, կամ աւանդութիւն յարգող թաղման, հոգեհանգստեան, ամուսնութեան եւ մկրտութեան ծէսի վայր, այլ՝ միասին ըլլալու եւ միասնաբար խորհելու, ծրագրելու եւ համագործակցելու շրջանակ, միշտ յաւելեալ արդարութեան, իրաւունքի, փոխհասկացողութեան եւ սիրոյ:

            Այս գիտակցական զարթօնքը, եթէ կ’ուզէք հոգեբանական եւ բարոյական յեղափոխութիւնը, կ’ենթադրէ իրերամերժ հասկացողութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ անհատներու մերձեցումը, ծառայելու համար մարդուն, մեր պարագային՝ հայ ազգի զաւակներուն:

            Այս մտածումները, կրկնենք, նախնական-տիրացուական եւ կողմնապաշտական թափառումներ չեն: Անոնք կը միտին վերականգնումի, բացասականութիւններու յաղթահարման, մարդկային իրաւանց յարգումին, որպէսզի վերջ տրուի Հոպզի սարսափելի «Մարդը մարդուն գայլն է», «homo homini lupus» տարազին: Եւ ընկերաքաղաքական մեծ տեսութիւնները պսակել գլխագրուած Մարդուն առաջնահերթութեամբ:

            Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ: Բարի կամքի տէր մարդիկ պէտք է խօսին եւ այս պահանջեն բոլոր անոնցմէ, որոնք կը տիրապետեն ազգերու, ժողովուրդներու եւ համայն մարդկութեան համար որոշում կայացնողներու շրջանակին: Ի հարկէ, հանրային կարծիք առաջնորդողները, շահախնդրութիւններ եւ կողմնապաշտութիւններ յաղթահարելով, պէտք է խօսին, լուսաբանեն: Աւերածութիւն եւ քանդումներ մարդկային ընկերութիւններու առօրեան են եւ այդ սադայէլի շրջանակէն դուրս պէտք է գալ, որպէսզի յոռեգոյնը չպատահի:

            Միշտ կրկնելով այն սկզբունքը, որ պէտք չէ պայքարիլ յաւելեալ իրաւունքի համար, այլ՝ յաւելեալ արդարութեան եւ պարտքի:

            Չլսել նաեւ չարացած եւ կեղծ իմաստունները, հանգամանաւորները, եւ անոնց աշկերտները, որոնք վարդապետականօրէն եւ չես գիտեր ուրկէ ստացուած լիազօրութեամբ, կը յայտարարեն, որ «ոչինչ ունինք ընելիք եկեղեցիին հետ»:

            Թերեւս դատարկ գաղափարապաշտութիւն համարուին այս ցանկութիւնները, բայց եթէ անկեղծութեան աստեղային պահու մը մենք մեզի հետ հաշուի նստինք, կը յաղթահարենք խոչնդոտները: Կը կատարենք ԻՐԱՒին գիւտը:

            Ընդհանրապէս:

            Նաեւ մեր փոքրիկ ածուի պարագային, ուր կան խրձիկ դարձած դժուարութիւններ, որոնց նախ մենք լուծում պէտք է գտնենք:

            Յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան ճանապարհը կ’անցնի անկաշկանդ գիտակցութենէ, եւ մեր մէջ գտնուող մեր կողմէ սնուցուող գայլին դէմ մեր մղած պայքարէն, ինչպէս ըսած է Ամերիկայի Շերոքի ցեղախումբի նահապետը:

            Մեր մէջ գտնուող գայլին դէմ, յանուն Մարդուն: Հայ քրիստոնեայի իրաւ առաքինութիւնը գտնել՝ որպէսզի արդարութեան եւ իրաւունքի նպաստով մաքրուինք եւ մաքրենք, իրականացնելով յոյն իմաստասէրներու catharsisը:

            Ի հարկին, ընդունելով զոհողութիւն եւ զոհողութիւններ: Հայաստան եւ սփիւռքներ… Առաջնորդուելով ֆրանսական դառն իմաստութեամբ առածին դէմ կանգնելու քաջութեամբ, որ կ’ըսէ, թէ «խօսքը տրուած է մարդուն թաքցնելու համար իր մտածումը»:

            Եւ հետեւելով Ալպէր Քամիւ մեծ եւ իմաստուն գրողին, յաղթահարել եւ գերանցել մեր «թանձր անհեթեթութիւնները», նուաճել արդարութիւն եւ իրաւունք, այսինքն՝ Բարին:

            Պարտադրե՛լ ազնիւը, իրաւունքը եւ անշպար մարդկայինը:

            Ի հարկէ, յոռետեսութեամբ կրնանք խորհիլ, որ աւելի դիւրին է ըսել՝ քան ընել:

 

 

           

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles