ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ («Երկիր»).- Հոկտեմբեր 11-ին, «Եւրոպա» հիւրանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք կը վերադառնանք. փրկուած պատառիկներ» ցուցահանդէսին բացումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբեր 11։ Այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներէն փրկուած հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներ:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մշակութային ժառանգութեան հանրային խորհրուրդի «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» հիմնարկի եւ «Եւրոպա» պանդոկի համատեղ ջանքերով:
Ցուցահանդէսին ներկայ էին Արցախի կրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը, Մշակութային ժառանգութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգեյ Շահուերտեանը, խորհուրդի անդամներ` Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Հովիկ Աւանեսովը, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցուոյ հոգեւոր հովիւ, Արցախի թեմի հոգեւոր սպասաւոր Տէր Անդրէաս քահանայ Թաւադեանը, մշակոյթի ոլորտի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
«Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» հիմնարկի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեանը նշեց, որ փրկուած պատառիկներէն իւրաքանչիւրն ունի իր հետաքրքիր ճակատագիրը:
«Ես ուզում եմ հաւատալ, որ մի գեղեցիկ օր, այս պատառիկներից իւրաքանչիւրը կը վերադառնայ իր տեղը», ըսաւ ան:
էին Արցախի կրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը նշեց, որ իւրաքանչիւր ցուցանմուշի մէջ կայ մեծ լռութիւն․ «․․․Որուն մէջ սոսկալի աղաղակ կայ ու այդ աղաղակը մեզ աւելի թշուառ է դարձնում: Մենք թշուառ չէինք, բայց թշուառ է դարձնում ու այդ թշուառութիւնն իրականում մեզ դարձնում է վրէժխնդիր, լցնում ատելութեամբ, մղում խիզախման եւ չնայած այս հակասական զգացողութիւններին` պարուրում ետ վերադառնալու զգացումով» շեշտեց ան:
Մշակութային ժառանգութեան հանրային խորհուրդի նախագահ Սերգէյ Շահուերտեանը ըսաւ, որ իրենց նախաձեռնութեանը շուտով արձագանգեցին պետական մարմիններն ու բազմաթիւ անհատ անձիք:
«Ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքների ժամանակ մենք հասկացանք, որ փրկուած պատառիկները միայն մեր ձեռքի տակ եղածը չէին, որովհետեւ բազմաթիւ մարդիկ սիրով տրամադրեցին իրենց կողմից փրկուած նմուշները», շեշտեց Շահուերտեանը, յոյս յայտնելով, որ դեռեւս կը գտնուին այլ «Փրկուած պատառիկներ», որոնք տեղ կը գտնեն ներկայացուած ցուցանմուշներու կողքին:
Read Time:1 Minute, 16 Second