ՆՇՄԱՐ.- ԱՌԱՋՆԱՅԻՆՆ ՈՒ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆԸ…

0 0
Read Time:4 Minute, 12 Second

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

16 Օգոստոս 2021

Հայաստան-Արցախ ճակատներուն վրայ Օգոստոսի երկրորդ կէսը բացուեցաւ նախընթաց՝ արդէն իսկ սովորութիւն դարձած իրադարձութիւններու կրկնութեամբ (անմիջապէս ըսենք, որ «ա՛լ վարժուեցէք»ը չի քալեր):

Ազերիական արձակազինութիւն, կրակոցներ, յարձակում եւ թափանցման փորձեր՝ Երասխի, Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի շրջաններուն մէջ: Ունինք երկու նոր զոհ, վիրաւորներ: Դրականը այն է, որ մեր պաշտպանական ուժերը հակադարձած են (արդէն քանի՛երորդ անգամն ըլլալով) եւ ետ մղած՝ թշնամին, պատճառելով զոհ ու վիրաւոր:

Սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները կը գանգատին, որ ազերիական «հովանիին» տակ անցած իրենց արօտավայրերն ու մշակուած դաշտերը կը մնան անհասանելի, վաղը-միւս օր ստիպուած պիտի ըլլան հրաժարելու իերնց գոմերու բնակիչներէն, որովհետեւ անասնակերի տագնապ կայ: Ատրպէյճանի կողմէ ՊԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ զարգացումները ընդհանուր առմամբ կը մնան բութ հակադարձութեան սահմանին մէջ, կը փորձենք մենք մեզ համոզել, որ մենք խաղաղասէր ենք, նախայարձակ չենք (իսկ ո՞վ է ականջ տուողը…): Միակ բուռն հակադարձութիւնը կը հնչէ (ըստ սովորութեան) Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութեան պատասխանատուին բերնով, որ իր պաշտօնին էութեան հաւատարիմ մնալով՝ ստիպուած կը զգայ ահազանգ ահազանգի ետեւէ հնչեցնելու… մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն միայն:

Արտաքին գործոց նախարար չունինք տակաւին. այս պաշտօնը վարող Արմէն Գրիգորեան լայն ժպիտով կը խօսի Ուրուկուայի իր պաշտօնակիցին՝ Ֆրանսիսքօ Պուսթիոյի հետ հանդիպումէն ետք, որովհետեւ Ուրուկուայ որոշած է դեսպանատուն բանալ Հայաստանի մէջ (անվիճելիօրէն դրական զարգացում. իսկ Ուրուկուայը եղած էր Ցեղասպանութեան ճանաչում տուող առաջին երկիրը), սակայն միայն կէս-բերան կը խօսի ազերիական թշնամանքներուն մասին, բարեկամներէ եւ կարեկիցներէ ակնկալութիւններ կը հրապարակէ:

***

Սահմանային գօտիներէն այս մտահոգիչ եւ մեզի համար մի՛շտ վնասաբեր դէպքերուն մասին, լրատու աղբիւրներուն արտայայտութիւնները «խայտաբղետ» են:

Իշխանութեան մօտիկ աղբիւր մը եւ մօտենալ ջանացող այլ աղբիւր մը հազիւ մէկ-մէկու կէս վայրկեան կը տրամադրեն ազերիական յարձակումներուն, առանց բառ մը ըսելու, թէ Հայաստան արդեօք քաղաքական-դիւանագիտական ինչպիսի՞ հակայարձակումի ձեռնարկած է (եթէ բան մը ըրած ըլլար, վստահաբար պիտի շեփորահարէին եւ հայութիւնն ալ պիտի ողջունէր): եթէ նշենք, թէ սահմանային դէպքերը տուին… իբրեւ առաջին լուր: Ընդդիմադիր աղբիւր մը մօտաւորապէս վեց վայրկեան յատկացուց դէպքերուն եւ արձագանգներուն:

Տրամադրուած վայրկեանները, ինքնին, մեծ բան չեն նշանակեր, ո՛չ ալ բան կը փոխեն իրականութենէն, սակայն, ըստ սովորութեան, գործնապէս կը բացայայտեն Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող զարգացումին նկատմամբ իշխանականներուն իրողական անտարբերութիւնը, որոշ կրաւորականութիւն (աւելորդ չենք նկատեր շեշտել, որ իշխանութիւն եւ պետութիւն հասկացութիւնները նոյնը չեն): Անդին, պատկերը կը շրջուի այլ նիւթերու պարագային: Իշխանութեան բանբերը նկատուող աղբիւրը աւելի քան 5 վայրկեան կը յատկացնէ Աֆղանիստանի (այլապէս պատմակշիռ) իրադարձութիւններուն, իսկ ընդդիմադիր աղբիւրը՝ հազիւ մէկ ու կէս վայրկեան: Նմանապէս, բազմաթիւ վայրկեաններ կը տրամադրուին Թոքիոյի Ողիմպիականներէն վերադարձած մեր մարզիկներուն վարչապետին ընդունելութեան, բազմաթիւ վայրկեաններ՝ համաճարակին նոր տարածման դէմ միջոցառումներուն: Սխալ չհասկցուինք. հիւրընկալումը տեղին է, համաճարակին դէմ միջոցառումները՝ կենսական, սակայն…

***

«Արցախը տուինք, հիմա հանգիստ ու ապահով պիտի ապրինք» օդապարիկը ամէն օր քիչ մը աւելի օդ կը կորսնցնէ: Ատրպէյճանի սադրանքները կը խոստովանինք, առանց մոռնալու ճամբաներու բացման միջոցով գործակցութեան «վարդագոյն հորիզոնները», ու չենք տեսներ հակասութեան մատնած սնանկութիւնը: «Արցախի հարցը լուծած ենք» ալիեւեան յոխորտանքին դիմաց, հատու պատասխան չենք հնչեցներ միջազգային բեմին վրայ, իսկ թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը որքա՞ն լուծուած է՝ ամէն օր մեզի ցոյց կու տան խորհրդարանի պատերէն ներս զարգացող բանավէճերը (ուր ընդդիմադիրներուն քողազերծումները հետզհետեէ կը դառնան աւելի՛ հնչեղ ու սուտեր քողազերծող), իսկ այդ պատերէն դուրս՝ տնտեսական-ընկերային իրական անկումները:

***

…Եւ յանկարծ, քաղաքական բանավէճը նոր վառելանիւթ կը գտնէ. Ալիեւ թրքական մամուլի մէկ թղթակիցին զարմանք յայտնած է, թէ Հայաստանի ժողովուրդը պարտեալ Փաշինեանը վերադարձուցած է իշխանութեան ղեկին, ուրեմն, պէտք է հասկնալ, որ հայերը համակերպած են պարտութեան:

Նման դաւադիր արտայայտութիւն մերժելի է ըստ ձեւի եւ բովանդակութեան: Ալիեւներն ու Էրտողանները չեն, որ պիտի ճշդեն հայկական համանուագին ձայնանիշները: Դժբախտ իրականութիւն է, որ «վերանորոգուած» իշխանաւորներուն վերադարձը վաղուց մերժած են ընդդիմադիրները, հաստատ կը մնան իշխանափոխութեան առաջադրանքին վրայ, գիտեն, թէ հայութեան իսկական մեծամասնութիւնը չի կրնար մարսել պարտութիւնը, չի կրնար ընդունիլ, որ «եղածը եղած է, պէտք է վարժուինք այս վիճակին եւ յառաջ նայինք» տրամաբանութիւնը (ի՜նչ վնաս՝ ցատկել-պարելէ) ծնունդ տուաւ «Դժբախտ Շուշի»-ի մտածողութեան, յետոյ նաեւ՝ Հայաստանէն նոր հողեր պէտք է ազերիներուն զիչինք «վարկած»-ին, վաղը կրնայ հող պատրաստել Տաւուշէն ու Արմաւիրէն, Սիւնիքէն ու Գեղարքունիքէն այլ գօտիներ ալ «դժբախտ ու անպէտ» որակելու «տեսութեան»: (Մոռցա՞ծ ենք, որ պատերազմի զոհերուն թիւը 50-ով աւելի կամ նուազ՝ փլիւս-մինիւս հաշուարկելու տրամաբանութիւնը կրնայ կիրարկուիլ նաեւ փլիւս-մինիւս հող տալու առումով ալ…):

***

Այս ու նման ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ դիմաց, հայկական բեմը կը շարունակէ փոթորկիլ «ներքին բանավէճերով». խօսքը միայն քաղաքական հակաճառութիւններուն մասին չէ, այլ նաեւ այն կէտերուն, թէ արդեօք այս իշխանութիւնը վնասարա՞ր է, մեր դիմագրաւած հարցերը լուծելու կարողութիւնը ունի՞, ատա՞կ է երկիր կառավարելու, թէ միակ կարողութիւնը կը մնայ նահանջել, զիչիլ եւ աղաղակել, որ «նախկիններն են միակ մեղաւորը»: Կը նախընտրենք մոռնա՞լ, որ այս մարդիկը 44 օր շարունակ խաբեցին բոլորս, ու հարց չե՞նք տար, թէ մէկ անգամ ստողը ինչո՞ւ ինքն իրեն պիտի խնայէ դարձեալ ու դարձեալ ստելու… պերճանքը:

Փաշինեան եւ գործակիցները չէի՞ն, որ հռչակած էին, թէ ժողովուրդէն գաղտնի որեւէ քայլ պիտի չառնեն: Առի՛ն, գիրով ու բերանացի խոստումներով հողեր զիչեցան: Ինչո՞ւ պէտք է հաւատանք, որ «ժողովուրդէն գաղտնի նոր համաձայնութիւն պիտի չկնքենք»-ները վաղը դարձեալ պիտի չդրժուին, եւ օր մըն ալ պիտի առթննանք ու իմանանք, որ Ոսկեպարի մօտակայ «ազերիական կղզեակները» յանձնած են Ատրպէյճանին, որպէսզի… Հայաստան աւելի ապահով ըլլայ, ազերիները ջարդելու չելլեն: Նման «բարիքներ» կրնան բերուիլ նաեւ Տիգրանաշէնի եւ Սիւնիքէն «նուիրաբերումներով»: Յետո՞յ, ազերիական ախորժակները աւելի՛ պիտի բացուին ուտելով:

Մէկ խօսքով՝ ե՞րբ է իրականութիւնները բաց աչքերով եւ ուղեղներով տեսնելու պահը, Սարդարապատն ու Արցախեան յաղթարշաւը վերականգնելու «մոմենտ»-ը, թէ՞ պարտադրուած «սովորութիւնները» պիտի վերածենք սովորամոլութեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles