Գրողի Անկիւն

Թոքիոյի Ողոմպիական Խաղերն Ու Մենք

Գէորգ Պետիկեան

Օգոստոս 8 ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ Յուլիս 23-ին սկիզբ առնող Համաշխարհային Ամառնային Ողոմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճափոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշ-տերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ «Քորոնա» համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան: Շատեր յաղթեցին, ու շատ շատեր նաեւ պարտուեցան, եւ ապա սակայն վերջին, ձեռնուեցան, գիրկընդխառնուեցան, զիրար շնորհաւորեցին: Անշուշտ յաղթողները առ ի գնահատանք եւ վարձատրութիւն, ստացան իրենց ոսկի, արծաթ կամ պրոնզէ մետալները, իսկ պարտուողներն ալ մէկ կողմ քաշուելով, յաճախ բարձրաձայն եւ կամ՝ անձայն, արտասուեցան ու նոյնիսկ երկար ափսոսանքով՝ լացին:

Ու բոլորին նման, ես ալ, օրը-օրին, ժամանակիս եւ համբերութեանս ներած չափով, մօտէն եւ հեռուէն հետեւեցայ այդ խաղերուն, հեռատեսիլիս եւ «այ բատիս» որոշ կայանէն եւ կայքերէն սփռուած խաղերուն, անոնց արդիւնքներուն, մրցանակներուն եւ մանաւանդ այս առթիւ, խաղե-րու մասնագէտ խօսնակներուն, ինծի համար շատ հետաքրքրական նկատուած արտայայտութիւններուն, զեկուցում-մատնանշումներուն եւ թելադրանքներուն:

Պատմա-աւանդական դարձած այս խաղերուն պաշտօնական բացումը կատարած էր Ճաբոնի Նարիւհիթօ կայսրը, ներկայութեամբ շատ մը երկիրներու նախագահներու եւ  ներկայացուցիչներուն, որոնց կարգին էր նաեւ մեր հայրենիքի նախագահն ալ:

Ու այս առթիւ, պարզապէս եւ անմեղօրէն պատմութեան յիշողութեան վրայ յենուելով աւելցնեմ, որ այս խաղերը սկսած էին 2700 տարի առաջ Յունաստանի Olympia լեռան շրջապատը, իբրեւ կրօնական տօնախմբութիւն՝ նուիրուած Zeuz աստուծոյն: 6 Օգոստոսէն մինչեւ 19 Հոկտեմբեր երկարող այս խաղերը, սկսած էին 776-393 (Ն.Ք.): Սակայն անկէ ետք, անյայտ պատճառներով դադրած:

1894-ին, այսինքն շուրջ 1503 տարի ետք, ֆրանսացի Փիեռ տը Կուպրիթին գեղեցիկ գաղափարը կ’ունենայ վերակենդանացնելու այս խաղերը: Ու իր այս ծրագիրը կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու: Եւ այսպէս, 1896-ի Ապրիլ 6-ին, Յունաստանի մէջ կը կազմակերպուի համաշխարհային Ա. Ողոմպիական խաղերը, որուն բացումը կը կատարէ Ճորճ Ա. Թագաւորը եւ որուն այդ օրերուն մասնակցեցան 9 երկիրներու մարզիկներ ու կ’որոշուի այս մրցախաղերը կազմակերպել ամէն չորս տարին անգամ մը, եւ կամաւոր հիւրընկալող երկրի մը մէջ: 1924-ին «Ամառնային» կոչուած այս մրցախաղերուն վրայ պաշտօնապէս նաեւ կ’աւելնար «Ձմեռնային»-ը՝ դարձեալ ամէն չորս տարին անգամի մը դրութեամբ: Սակայն տեսնուած է, որ ամէն երկիր, իր կարողութեան եւ երբեմն ալ քաղաքական դիրքորոշումներէն մեկնած, յաճախ մերժած է մասնակից դառնալ այս մրցախաղերուն:

Այս առթիւ կարելի է յիշել 1956-ի Սուէզի ջրանցքի պատերազմի պատճառով, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Լիբանանի, այս խաղերուն չմասնակցիլը: Նոյնպէս, նման «ժխտումի արարքին» ականատես եղանք 1976-ի Մոնրէալի խաղերուն, որուն՝ Ափրիկեան 33 երկիրներ, մերժեցին մասնակիլ: Նաեւ, առ ի բողոք Խորհրդային Միութեան Աֆղանիստան ներխուժումին, 40 երկիրներ, որոնց մէջ Ճաբոնը, Ամերիկան, Չինաստանն ու Գերմանիան, չմասնակցեցան 1979-ի Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած ողոմպիական խաղերուն: Նաեւ կրնանք յիշել, որ Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմներու պատճառով (1916-1940-1944) ողոմպիական այս խաղերը տեղի չունեցան: Եւ տակաւին, համաճարակ «Քորոնային» պատճառով ալ, 2020-ի խաղերը յետաձգուեցան 2021-ին:

32-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի ունեցան Թոքիոյի մէջ 2021-ին, մասնակցեցան 206 երկիրներ, 93 տարբեր ազգերու ներկայացնող 11,656 մարզիկներով, (որոնց տարիքը 12-66 տարիներու մէջ կը տարուբերի), եւ որոնք մրցեցան 44 մարզաձեւերու խաղերուն: Յիշենք, որ յաջորդ Ողոմպիականը տեղի պիտի ունենայ Փարիզ՝ 2024-ին, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Լոս Անճելըսը՝ 2028-ին: Իսկ ձմեռնայինը՝ Չինաստան՝ 2022-ին:

***

Արդ, այս բոլորէն ետք, իբրեւ հայեր, կը կարծեմ, որ մեզի համար այս խաղերուն մէջ ամէնէն հետաքրքրականը, մեր հայրենիքը ներկայացնող 17 անդամ-մարզիկներու ներկայութիւնն էր: Հաւատացէ՛ք, բոլորովին տարբեր զգացում է, յատկապէս բացման հանդիսութեան աւանդական տողանցքին «մերիններուն» ներկայութիւնը, որ իւրաքանչիւրիս անկասկած մեծ հպարտանք եւ նոյնքան ալ յուզմունք պատճառած էր: 44-օրուայ ծանր եւ արիւնոտ պատերազմէն ետք, գերագոյն զոհողութիւներով եւ հաւատքով եկած էին հայ մարզիկները ու տիրացած՝ 4 մետալներու:

Արդ, կը հաւատանք, որ նման իրագործումներու եւ ծրագիրներու յաջողութեան համար մեծագոյն խոչընդոտ-բանալին նիւթականն է: Գիտենք, որ հայրենիքը բազմաշերտ, բազմահազար եւ տեսակաւոր ու էական եւ անմիջական «կարիքներու» պէտք ունի: Այո՛, եւ անկասկած: Բայց տակաւին ան «կը շնչէ» շնորհիւ պետական ծրագիրներու ու նաեւ հայրենի եւ Սփիւռքի բարերարներու կամեցողութեան, առատաձեռն ու անսակարկ նուիրաբերումներուն:

Կը կարծեմ, որ բոլոր յայտնի կամ անանուն «կարիքներու» կողքին նաեւ էական է զարկ տալ, թեւ ու թիկունք ըլլալ եւ կենալ մեր բոլոր մարզիկներուն, զանոնք հասցնելու համաշխարհային բեմահարթակներու: Ունինք եւ անկասկած օրհնեալ, արթուն ու գիտակից նոր սերունդ մը, որ անպայման կարիքն ու կարօտը ունի մեր բոլորի աջակցութեան, անխտիր: Կրթել, դաստիարա-կել, մշակել անոնց կամքը, հաւատքը, մարմինն ու հոգին: Այս է պահանջուածը:

Այս տարի ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած ենք 69-րդ դիրքը: Ի՞նչը կը պակսի այս մէկը դաձնելու առաջին շարքերուն: Բարի նախանձով, եթէ նման զգացում կայ աշխարհի մարդկութեան մօտ, հետեւեցանք մեծ ու փոքր երկիրներու յաղաթանակած մետալներու արարողութեան, անոնց այս առթիւ իրենց երկրի դրօշին ծածանման: Նաեւ՝ մերինին ալ, սակայն միայն չորս անգամ: Երեւակայեցէ՛ք, իւրաքանչիւր յաղթական նկատուած եւ մետալի արժանացած մարզիկի անուան ծանուցման, նոյնիսկ երկվայրկեաններու համարանքով նաեւ կը յիշուի անոր պատկանած երկրին, ազգին, դրօշակին եւ կամ ժողովուրդին մասին կարգ մը տեղեկութիւններ ալ: Ու խաղերուն հետեւող աշխարհը, ինքնաբերաբար տեղեակ կ’ըլլայ…այս բոլորին:

Ամէն առիթներով կը լսենք, կը տեսնենք, կը կարդանք, որ մեր մարզիկները, Եւրոպայի մէջ կայացած կարգ մը մրցախաղերուն մասնակից դառնալով, մետալներ կը շահին կամ շահած են: Այս մէկը մեծ պատիւ է բոլորիս համար ալ: Հիմա պահն է նաեւ որ անոնք համաշխարհային այս ողոմպիական խաղերէն ալ մետալներով վերադառնան: Մտածելու բան է: Համեստ առաջարկ:

Ջուրի, դաշտի կամ գետնի, հողի կամ աւազի վրայ կատարուած այդ մրցախաղերուն, անկասկած կրնանք յաջորդ ողոմպիականին եւ ինչու չէ նաեւ բոլոր ողոմպիականներուն համար ալ պատրաստել մեր մարզիկները:

Կարեւորը ոգին է… հաւատքն եւ զոհաբերումը:

Այս տարի միայն չորս մետալներով գոհացանք: Յոյսով ենք, որ մեր բոլորի նիւթաբարոյական ներդրումով, յաջորդներուն կրկնապատկուի մեր հայ մարզիկներու այս թիւն ու անոնց  ապահոված յաղթանակներու մետալները: Յուսալը, թէեւ բաւարարաչափ օգուտ է, սակայն էականը, մեր բոլորի անսակարկ քաջալերանքն է:

Մինչ այդ, յաղաթանակած եւ մետալներ շահած չորս հայորդիներ՝ վարձքերնիդ կատար եւ անպայման մարզիկներուդ յաղթանակը շնորհաւոր՝ Արմենիա–մեր Հայաստան:

bedig43@aol.com

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button