Նախ եւ առաջ, ընթերցողին համար յստակ թող ըլլայ, թէ այս բացատրականը կապ չունի հողամշակման կամ երկրագործութեան հետ, ոչ ալ յաւակնութիւն ունինք Դանիէլ Վարուժանեան «Հացին Երգը» շարքը «վերաթխելու», այլ կ՛ուզենք յստակօրէն նշել, թէ Վեհանոյշ Թեքեանի «Ո՞ւր կ՛երթանք» խորագրեալ ցասման ճիչը ուրե՞ր կրնայ տանիլ եւ ինչ հարցականներու դուռ կրնայ բանալ։ (Ի դէպ, Վ. Թեքեան առանձին չէ, այլ արձագանգ մը՝ հայութեան քաղաքական կամքին):
Շեշտենք դարձեալ. Թեքեան դիմատետրեան «խենթանոց»-էն դուրս բերելով արտայայտութիւններ, յաւելեալ լրջութեամբ մօտեցած էր (եւ կը շարունակէ նոյն լրջութեամբ մօտենալ) ՏԱԳՆԱՊին։ Ան անմիջականօրէն արձագանգած էր բանաստեղծ եւ մտաւորական Յարութ Պէրպէրեանի մէկ արդար մտահոգութեան:
Անի Աստուրեանի «Իսկապէս՝ ո՞ւր կ՛երթանք»-էն (սեղմել՝ https://hairenikweekly.com/2021/08/15/47981) ետք, այս անգամ Յարութիւն Կիւլիւզեան (որուն մէկ դիմատետրեան արտայայտութիւնը մէջբերած էր Թեքեան) պատասխան նամակ մը յղած է խմբագրութեանս։ Թեքեան իր կարգին պատասխանած է Կիւլիւզեանի։
Մանրամասնօրէն կարդալէ ետք երկու գրութիւնները, կարելի է նկատել, թէ Յարութիւն Կիւլիւզեան չափէն աւելի անձնականացուցած է եւ կարծէք, թէ վրէժխնդիր քինախնդրութեամբ՝ վիրաւորանքի հասցուցած իր հակազդեցութիւնը, որքան ալ որ փորձենք ճիշդ կէտեր փնտռել եւ գտնել ի՛ր մտահոգութիւններուն մէջ. պիտի ըսէինք՝ չէ կրցած զանազանել ու զատել ցորենը, այսինքն մամուլը՝ դիմատետր կոչեցեալ որոմէն, մինչեւ իսկ հասած է… սպառնալիքի, չըսելու համար՝ յոխորտանքի։ Մինչդեռ, Թեքեանի արտայայտութեան ոճն ու մտահոգութիւնները շատ աւելի իրապաշտ են եւ ըստ բաւականին հեռու՝ անձնականէ։ Այնքան մը՝ որ քանի մը նախադասութիւն փոփոխութեան ենթարկելով, կարելի է այդ սեղմ վիճաբանութենէն եւ դիմատետրեան ոճաբանութենէ դուրս գալ եւ իբրեւ վերլուծական յօդուած՝ ահազանգային մտահոգութիւններ կամ պարզ ու մեկին «Լուր ցաւեր» ներկայացնել։
Դժուար է դուրս գալ տեսանելի եւ մանաւանդ անտեսանելի ճահիճէն։
Նկատի ունենալով, որ ցորենը որոմէն զատելու խմբագրութեանս փորձը, այսինքն առողջ քննական եւ քննադատական փորձերը տարբեր ընթացք կը ստանան (արդէն իսկ ստացած են), ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ի խմբագրութիւնը որոշեց «Ո՞ւր կ՛երթանք»-ով բացուած հեռահաս բանավէճին ասկէ ետք յաւելեալ ընթացք չտալ եւ վարի երկու տեսակէտները միաժամանակ ընթերցողին դատողութեան յանձնելով՝ վերջակէտ դնել։ Չենք կրնար չարձանագրել, որ Վ. Թեքեանի արտայայտած մտահոգութիւններն ու ախտաճանաչումները կը գտնենք արդարացի եւ արդարացուած:
Հուսկ, ժամանակագրական կարգով խմբագրութեան ե-հասցէին հասած Կիւլիւզեանի եւ ապա Թեքեանի նամակները։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ-ՆԱՄԱԿ՝ ԱԶԳՍ ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑԵԽԱՒԱԶԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽՐԵԼՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆԻՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
15 Օգոստոս 2021
Պէյրութ
Տիկի՛ն Թեքեան,
Ձերիններուն փոխարէն ի՛մ այտերս կը կարմրին՝ ի տես ամենապարզ նախադասութիւններն անգամ ըմբռնելու ձեր անընդունակութեան: Կը ցաւիմ: Արդեօք ի՞նչը մեզ հասցուց այստեղ, եւ ճիշդ ի՞նչը հարկադրեց հրապարակային սուր բանավէճի բռնուելու: Եթէ կ’ուզէք, եկէ՛ք, պահ մը ետդարձ կատարենք՝ այս հարցումներուն պատասխանը գտնելու համար:
11 Օգոստոսին մոնրէալաբնակ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան ֆէյսպուքեան գրառում մը կատարեց, ուր ան վրդովում յայտնեց՝ անընդունելի համարելով Երեւանի փողոցներէն ու սրճարաններէն «իր յիշողութիւնը կորսնցուցած» ամբոխին անփոյթ-անտարբեր քահքահանքն ու շաղակրատութիւնը, թէկուզ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ինը ամիս ետք: Իրողութիւնը այն է, որ, անհամաձայն գտնուելով պրն. Պէրպէրեանի՝ ազգովին վիշտի ծովին մէջ լող տալու, անորմէ դուրս գալ չփորձելու ոչ-շինիչ գաղափարին հետ, ինծի գերագոյն պարտք համարեցի հետեւեալ պատասխան-մեկնաբանութիւնը գրելու անոր գրառումին տակ. «Պրն. Պէրպէրեան, ուրիշ ձեւ չկայ բուժուելու: Որպէսզի առաջ անցնինք, պիտի ընդունինք եղածը»:
Արդ, տիկ. Թեքեան, «ուրիշ ձեւ չկայ բուժուելու» կը նշանակէ թէկուզ ակամայ, թէկուզ կեղծ ու պատիր ժպիտով մը շպարել մեր դէմքերը՝ յանուն ատրպէյճանական կրակոցին անիրաւօրէն զոհ գացած, վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած կամ գերեվարուած մեր բոլոր եղբայրներուն սրբազան դատին: Միւս կողմէ՝ «պիտի ընդունինք եղածը» պարզապէս կը նշանակէ գերի կամ ենթակայ չմնալ մեր առանց այն ալ ահագնացող ցաւերուն, այլ խօսքով՝ գէթ առժամաբար մէկ կողմ դնել մեր այլապէս արդարացի զայրոյթը, վիշտն ու դառնութիւնը եւ անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի: Որքան կը նկատեմ, դուք կը նախընտրէք շարունակել սգահանդէսը եւ նոյն այդ պարտուողական ոգիով ալ մահաքունի դատապարտել՝ մեր ջախջախիչ պարտութենէն ետք համայն աշխարհին առջեւ գլուխը հակած, հոգեպէս ընկճուած, անստուգութեան ովկիանոսին մէջ թափահարող հայը:
Դուք կ’ուզէք մահուան դատավճիռ արձակել մեզ այսօրուան ստորնացուցիչ վիճակին բերած-հասցուցած «հրոսակախումբին», իմա՝ անոր պարագլուխին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր աշխատակազմին դէմ: Ինչպէս կը նշէք ձեր գրառումին մէջ, դուք կ’ուզէք ամէն բանէ առաջ «ախտաճանաչում» կատարել, որմէ ետք միայն արմատական լուծում գտնելու մասին մտածել. շատ լաւ: Այս բոլորը տրամաբանութեան ամենեւին պիտի չհակասէին, եթէ անշուշտ ատրպէյճանական զինուած ուժերը երեք ամիս առաջ ներխուժած չ՛ըլլային Հ.Հ. տարածք: Միթէ որեւէ նշանակութիւն ունի՞ ներկայ անապահով իրավիճակին նման մանրուքներով զբաղիլը: Միթէ նպատակայարմա՞ր է պատասխանատուութեան ենթարկել Փաշինեանը կամ, օրինակ, հաշիւ պահանջել անկէ, նոյնիսկ եթէ «առանձնապէս» ի՛նքը ըլլայ մեր այժմու դժբախտութեան մեծագոյն պատասխանատուն:
Հակառակ տուած բացատրութիւններուս՝ դուք կը շարունակէք միեւնոյն յանկերգը՝ «անզգամ» ու «անխիղճ»: Արդեօք չէ՞ք կարծեր, թէ դուք ինքնե՛րդ էք «անզգամ»-ն ու «անխիղճ»-ը, որ, դէն նետած-շպրտած հոգեբանական վերակազմաւորում, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք անբաժան երրորդութեան վերակազմակերպուածութիւն, ազգային վերազարթօնք եւ ուրիշ խիստ էական կէտեր՝ ձեր հոգեմտաւոր ամբողջ կարողութիւնը ի սպած դրած էք Փաշինեանի ու մանաւանդ անոր գործակիցներուն «գահընկէցութեան»: Չէ՞ք կարծեր, թէ գործող իշխանութենէն վեր կայ ուրիշ «իշխանութիւն» մը եւս, որ կը գործէ անխտիր բոլոր ժամանակներուն համար: Ան ոչ մէկ ատեն «գահընկէց» կրնայ ըլլալ, վասնզի ան կատարեալ միահեծան է. ան նուաստիս կեանքին ու գոյութեան հիմքն է. Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք երրորդութիւնն է ան: Ցաւով պիտի նշեմ, որ Փաշինեանի անյապաղ հեռացումը պահանջելու ձեր անտեղիտալի մարմաջին ետին գլուխ կը ցցէ մէկ այլ՝ թաքուն նպատակ մը, որն է՝ իշխանութեան ղեկին տեսնել ձեր իսկ նախընտրած քաղաքական ուժը: Ասոր անունը «հայրենասիրութիւն» դնելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ հեգնա՛նք մեր հաւաքական ցաւերուն: Դուք «հայրենասիրութիւն» ընդհանուր վերնագրին տակ լռելեայն կը ճգնիք կուսակցական նեղ հաշիւներ փակել, ինչը ամբողջութեամբ կը հակասէ ձեր գրողի կոչումին:
Իմ միակ փափաքս է, որ հայը այլեւս իր վրայէն թօթափէ «էրմեն հարամ»-ի հինցած ու մաշած ցնցոտիները: Ես չեմ ուզեր, որ ան թշուառութեան ու ենթակայութեան խորհրդանիշը դառնայ: Չեմ ուզեր, որ ան յաղթուածի դիրքին մէջ մնայ: Եթէ պէտք է,– եւ, այո՛, պէտք է,– թող ինքն ալ հեղձամահ ընէ իր մէջ խղճմտանքը, բարոյականութիւնն ու մարդկայնութիւնը, ինչպէս թուրք-ատրպէյճանցի ճիւաղը: Միթէ ուրիշ ձեւ կա՞յ զայն ծունկի բերելու, մարտադաշտին վրայ ոչ թէ զոհուած, այլ անմահացած մեր հերոսներուն վրէժը լուծելու, եւ մեր բռնագրաւեալ հողերը մէկ առ մէկ վերադարձնելու:
Կ’ենթադրեմ, թէ այս բոլորը ընկալելու կարողութենէն զուրկ էք, քանզի ձեզի համար կայ ազգի փրկութեան մէկ ուղի, որն է՝ Փաշինեանի իշխանութեան տապալումը եւ նոր իշխանութեան մը գալուստը: Արդեօք որքանո՞վ կ’երաշխաւորէք, թէ նոյնինքն վերջինս պիտի ըլլայ մեր բոլորին փրկութեան լաստը, առաջինը՝ ձեր: Արդեօք մեզի անծանօթ ինչ-որ երաշխաւորագի՞ր տուած է ան ձեզի: Արդեօք մեզմէ աւելի ինչ-որ բան գիտէք ու չէ՞ք ըսեր:
Եւ վերջապէս, տիկին Թեքեան, «կեանքը պիտի շարունակուի»՝ անկախ անկէ՝ կ’ուզէ՞ք, թէ՞ ոչ: «Կեանքը պիտի շարունակուի» ոչ թէ մեզի, այլ անոնց համար, որ այժմ կը հանգչին Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ: «Կեանքը պիտի շարունակուի», թէկուզ ոչ առաջուան նման, որովհետեւ երբ Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին թուրք-ատրպէյճանական սպառնալիքներուն տակ, մենք իրաւունք չունինք կանգ առնելու եւ ընկրկելու: Եւ «կեանքը պիտի շարունակուի», որպէսզի ոչ մէկ ատեն, ոչ մէկ վայրկեան թուլնայ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի աննկուն ու մարտունակ ոգին, որով պէտք է դաստիարակել մեր մատղաշ սերունդը: Իսկ ձեզի նման ողբասաց գոյակները, հասարակութեան ցաւերը իրենց յետի՛ն նպատակներուն համար օգտագործող եւ «հայրենասիրութիւն» անուան տակ ինչ-որ կողմերու թուշերը շոյող անխտիր բոլո՜ր հաճկատարները պիտի ոչնչանան մի առ մի եւ կը վստահեցնեմ, ոչնչացնողը պիտի ըլլայ ոչ այլ ոք, քան ես՝ Յարութիւն Կիւլիւզեանս:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ
ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆԻ ԻՐ ԴԻՄԱՏԵՏՐԻՆ ՄԷՋ ԴՐԱԾ ԱԿՆԱՐԿԻՆ
^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^^
Վեհանոյշ Թեքեան
Օգոստոս 13, 2021
Ա.Մ.Ն.
Պարո՛ն Յարութիւն Կիւլիւզեան,
Պահ մը մտածեցի թէ մայր եմ ամենէն առաջ, խնայեմ ձեր երիտասարդական պոռթկումներուն, մանաւանդ որ տեղ-տեղ աղեկէզ շեշտ մըն ալ կար։
Բայց նշանաւոր սուրճը խմելէս ետք պարտականութիւն համարեցի զգաստացնել ձեր մոլորած «լուծում»-ը։
Ամենէն առաջ սահմանելու ենք «դիւրին»-ի եւ «դժուար»-ի տարբերութիւնը։
Դիւրին է իյնալ մեծամասնութեան յորձանքին մէջ, եւ հակառակ պղտոր ջուրին՝ առաջ անցնելու դրօշակ պարզել, անտեսելով զուլալ ջուրի կենարար օգտակարութիւնը եւ առանց գիտակցելու, թէ այդ պղտոր հոսանքը դէպի ո՛ւր կ՚առաջնորդէ։
Դժուարը դիմագրաւելն է իրականութիւնը, դիմադրել մահաշունչ դաւադրութիւններուն եւ ցոյց տալ վտանգը որ արդէն ինքզինք կը տեղաւորէ եւ կը սպառնայ մեր երկրի կեանքին։ Քաղցկեղէ տառապողին կ՚ըսե՞ս՝ մի մտահոգուիր, արմատական դարման մի փնտռեր, պէտք է առաջ երթաս որպէսզի բուժուիս։ Մինչ այդ՝ հիւանդութիւնը իր ճանկերը կը լարէ ամբողջ մարմնին մէջ։
Ուրեմն այդքան հե՞շտ է «դիւրին» որակել մէկու մը դիրքորոշումը որ բովանդակ կեանքի ընթացքին ապացուցած է թէ դիւրինին քովէն իսկ չէ անցած։ Անարդարութեան, բռնութեան, ճգնաժամի հանդէպ երբեք լուռ չէ մնացած։ Թէ՝ ծիծաղած, երբեմն մըն ալ մեղքցած է անոնց՝ որ փորձած են վարկաբեկել իր նուիրումը, եւ անտեսել իր խոր ու գիտակից կեցուածքն ու խօսքը։
Դուք որ Սփիւռքէն կու գաք, դուք որ մանկութենէն Հայաստանի շունչը զգացեր էք, ձեզ չի՞ մտահոգեր ինչպէ՛ս կ՚անդամահատուի մեր երկիրը, ղեկավարներու փրփրագին ճառերն ու գլուխէն զարնուած վախուորած գիւղերու եւ քաղաքներու յատկացուած շինութիւններու օգնութիւնը կը փորձէ բնակիչներուն երախտապարտ զգացնել, լռութիւն պարտադրել, մինչ միւս կողմէ՝ նախապէս լեցուն ամաններով, հիմա պատառ-պատառ՝ մեր հողը կը դնէ թշնամիին երախին մէջ։
Վարչապետ մը, այդ տխրահռչակ թուղթը ստորագրելէ ետք եւ «Հայաստանի օգտին համար» մեզմէ պահանջուած բոլոր կէտերը գոհացնելէ ետք, տակաւին չէ կրցած կատարել նոյն համաձայնագրին իններորդ կէտը – մեր ռազմագերիները ազատել ազերիներու գեհէնէն։ Կը նետէ մեր զինուորներու դիակները խուցերու մէջ, ամիսներով կ՚անտեսէ որդեկորոյս ծնողներու մղձաւանջը, եւ ամենագռեհիկ խօսքերով, հայհոյանքներով, մուրճ կը ճօճէ ժողովուրդին դիմաց։ Արձակազէններ կը ստեղծէ մայրաքաղաքին մէջ, որոնք պատրաստ էին հայո՛ւն զգետնելու։ Այնքան ատեն, որ կայ իբր իշխանաւոր՝ այս բոլորը կրնան կրկնուիլ։ Ձեզ չի՞ մտահոգեր մեր պայծառ ժողովուրդին այժմու հոգեխառնութիւնը։
Խիղճի պակասն է որ կ՚արտօնէ առանց հարցադրելու, ըմբոստանալու եւ հաշուետուութիւն պահանջելու, ձիու բերնակապ դրած՝ առաջ երթալ։
Ես չէ՛ որ ժողովուրդին ապրելու կամքը կը թուլացնեմ։ Այլ՝ ժամանակաւոր անզօր վիրակապերով մխիթարելէ աւելի, արմատական դարմանումին կը ձեռնարկեմ։ Կ՚ուզեմ որ ապրի՜, ապրի, գերապրի՛։ Չխաբուի, չյուսախաբուի, չզոհուի՜։ Քօղարկուած մորթին տակ թարախ կապող վէրքին մասին կը մտահոգուիմ։ Եթէ առաջքը չառնենք՝ ամբողջ մարմինը պիտի թունաւորուի։
Անզգամութեան վարագոյրը մէկդի։ Եթէ Հայաստանի մէջ էք, եւ գացած էք Եռաբլուր, տեսա՞ծ էք ցաւի հեղեղը, անոնք ձեր եղբայրները չե՞ն։ Մեր մեծ ընտանիքին անդամները չե՞ն բոլոր անոնք որ հաշմանդամ դարձան, որբ եւ այրի դարձան, անոնց որոնց տուներուն եւ սրտերուն մէջ ուրախութեան լոյսը մարեցաւ, մեր հաւատքի ու խունկի պապենական տաճարները վիրակապուած տեսքը, որ հիմա մզկիթի կը վերածուին, ձեր սիրտը չի՞ կծկեր։
Այս հիւծող պատերազմը ծրագրուած էր եւ կամ՝ շարունակուեցաւ պարտուելո՛ւ համար. կարելի էր դադրեցնել Հոկտեմբեր 20-ին, բայց կասեցաւ այն պահուն միայն երբ Շուշին առանց փամփուշտի յանձնուեցաւ։ Երկու հազար մարդ եւս զոհուեցաւ։
Մինչ այդ ժողովուրդը իրաւամբ ինկաւ սարսափի մէջ ու համակերպեցաւ հողերը տալու, միայն թէ պատերազմ չըլլար։ Ձեզ չի՞ մտահոգեր թէ պատերազմի անհրաժեշտ ռազմամթերքը չունէինք, մեր հայրենիքը պաշտպանելու հաւատացողները լքուա՜ծ, ապարդիւն զոհուեցան։ Իսկ հիմա վարչապետին բառախաղերը – յանձնուելիքը միջանցք կոչուի կամ ոչ, – իր դաւերը դիւրացնող անցք է։
Յուզում կա՛յ անշուշտ որ կու գայ իրատեսութենէ, եւ ոչ թէ ինքնախաբէութենէ։ Անշուշտ զգացական տարր ունի, որովհետեւ մարդասիրական է, իսկ ձեր այս բոլորին վրայ գիծ քաշելը՝ այո՛, անզգամութիւն է «ու նը՛ս», ինչպէս կ՚ըսենք արաբերէնով։
Ես չէ՛ որ կը տապլտկիմ անցեալին մէջ, այլ դուք թերեւս անգիտակցաբար խրած էք ցեխի մէջ, ձեր չեմ գիտեր ի՛նչ յետին հաշիւով, պղտոր ջուրերու լողորդ էք։
Եթէ եղեռնահար սերունդի շառաւիղ էք՝ չէք կրնար թուրքին հետ բարեկամութեան ձգտիլ եթէ անիկա տակաւին մատը թափահարելով ատելութեան ձայնով կը սպառնայ մեզի։ Մեր պատմութիւնը ֆետայիներով լուսաւորուած է, հերոսներով, եւ խոցահար բայց ամրակուռ ընտանիքներով որոնք անցեալի աղէտը չմոռցան, թուրքին կողմէ զոհուածներու յիշատակի կանթեղը վառ պահեցին եւ ճիշդ անոր համար գաղթն ու անորոշութիւնը յաղթահարելով՝ ներկայի գաղութները կերտեցին։ Իրենց բիւրեղեայ սրտով, լեցուն քսակներով կամ լումաներով օգնեցին Հայաստանի ամէն կարիքին։
Դուք չմտածեցի՞ք թէ ինչպէս կ՚ըլլայ որ հակառակ Սփիւռքէն արտասահմանեան օտար երկիրներէն հասած ամենամեայ առատ օգնութեան, երկրաշարժի զոհ ընտանիքներ տակաւին քառորդ դար ապրեցան խաւաքարտէ տուներու մէջ. թէ ինչ նոյնիսկ տարրական բարենորոգում, որ հարկաւոր էր ընդհանրապէս սփիւռքահայ բարերարներ ստանձնեցին։ Ո՞ր խողովակին մէջ թխմուեր էին միլիոնները։
Մինչ այդ ի՞նչ կը պատահէր երկրին մէջ։ Ղեկավարներ եւ օլիկարգներ շքեղ դղեակներ կը կառուցանէին զիրար գերազանցելով, մենաշնորհներով կ՚ողողուէին եւ ամենասուղ ինքնաշարժներով կ՚երթեւեկէին փողոցներու մէջ, որ մուրացկաններով, անտունիներով, անօթիներով լեցուն էին. երբ անտէր կիներու համար մարմնավաճառութիւնը անհրաժեշտ, յաճախ բռնի էր։ Երբ նորածիններ կը խլուէին իրենց մօրմէ եւ կը ծախուէին նոյնիսկ օտարներու. Եւ այս բոլորը կ՚ընէին անոնք որ դիրք ունին, զօրութիւն ունին ճնշելու։
Ինչո՞ւ համար այս աղէտին դիմաց սակաւ էին անոնք որոնց խօսքը զօրութիւն ունէր։ Կա՛մ յուսահատ էին, կա՛մ ակնկալութիւն ունէին որ իրենց յատկացուած նիւթական օգնութիւնը շարունակուէր։ Երբեմն երկուքը միասին։
Սփիւռքը լուռ մնալով թալանին դէմ, մեծ եղբօր պէս շարունակեց իր «հայրենասիրութիւն»-ը։ Եւ հիմա «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք» լոզունգը փշրուած է։ Ընտրութիւնները ցոյց տուին։
Ու վերջապէս, դուք որ գրական յաւակնութիւններ ունիք եւ Սփիւռքի գրականութեան ծանօթ էք, ի՞նչ ըրիք երբ հայ գրականութեան նոր դասագիրքերու ճակատէն «Հայ»-ը վերցուեցաւ։ Երբ քսանհինգ օտարազգի գրող կը ներկայացուէր եւ միայն ութ արեւմտահայ գրող, որոնցմէ միայն մէկը երիտասարդ էր, երբ ներկայացուած էին մեծ թիւով ժամանակակից հայրենի գրողներ։ Կազմը թրքամէտ էր։ Կը փորձէ ուղեղալուալ թէ այլեւս ցեղասպանութիւն պէտք չէ կոչել աղէտը որ մեր խերը անիծեց։ Թուրքը ո՛չ ներողութիւն կը խնդրէ, ո՛չ ազնիւ խօսք մը կ՚ըսէ, մերինները մուկի պէս կը ճվճվեն թէ ի՞նչ է օգուտը թուրքին թշնամի մնալու։ Իսկապէս չե՞ն հասկնար թէ թուրքը պիտի խաբէ, պիտի լափէ։
Եթէ ըմբոստութիւն կամ յեղափոխութիւն չըլլայ՝ անցեալը կ՚որոշէ ապագան։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Այս իրողութիւնը մտահան մի՛ ընէք։
Եւ հաւատացէ՛ք.-
Մեր փոքր եւ երկարակեաց ազգը պիտի իր էութիւնը չկորսնցնէ անոնց պատճառով որ դիւրինը կը ջատագովեն։ Տուեալ պահու յարմարութեան մէջ կ՚ապաստանին։ Անոնք ովկիանոսին յատակը չեն իջած հայութիւնը կլանել փորձող հոսանքները տեսնելու։
Ո՞ր հայը չուզեր մեր բովանդակ ժողովուրդին հոգեկան արագ ապաքինումն ու անդորրը։ Ո՞ր հայը չճգնիր Հայաստանը ամուր հիմերու վրայ վերականգնելու։ Այդ մէկը կարելի է միայն ախտաճանաչում կատարելով, դարմանելով, ի հարկին վիրաբուժութեան ենթարկելով։ Մեծագոյն գաղափարի, արժանապատիւ կեանքի համար իրար հանդուրժելով, համագործակցութեամբ։ Հարկաւոր է գիտակցիլ թէ պղտոր գետը կրնայ իր կոյր թաւալքին մէջ հաւաքել չորս կողմի խճաքարերը, խիւսերն ու սատկած կենդանիները, ուռիլ, փքանալ եւ անհետացնել տեսարանը … մինչեւ իսկ Սեւանայ լիճը։
Կը յուսամ որ դուրս կու գաք դիւրինէն. ձեզի համար անտեսանելի, իսկ շատերուս համար տեսանելի ճահիճէն։
Համակ էութեամբ սիրեցէ՛ք եւ պաշտպանեցէ՛ք հայութեան արժանապատուութիւնը, հայրենիքի սրբութիւնը, սփիւռքի անսահման հաւատքը, մղկտացողներու սուգը, բոլոր մարզերէ ներս նուիրեալներու առողջութիւնը, երիտասարդութեան կենսաբեր կորովը, եթէ կ՚ուզէք որ ծաղկի հայ մշակոյթը։ Եթէ կ՚ուզէք որ յաղթապանծ յառաջանայ մեր ժառանգած հայոց պատմութիւնը։
Բարին ընդ ձեզ։