Յ. Պալեան
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՛ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի պէս…
Սիլվա Կապուտիկեան (1919-2006),
«Դէպի Լերան Խորքը», Հայաստան Հրատարակչութիւն, Երեւան, 1972
Ինչե՜ր կրնանք իմանալ,- այս բառին լիութեան թելադրանքով,- եթէ գիտնանք պահ մը անջատուիլ մեր առօրեայ ցաւերէն, կիրքերէն, քէներէն, ընչաքաղցական եւ տիրակալական գինովութիններէն, կարգախօսներէն, եւ լսել բանաստեղծները, իմաստունները, զրկեալները:
Հայաստանի ամենօրեայ տխրութիւններու լուրերէն եւ պատկերներէն փախուստ տալով, գրադարանիս խառնիխուռն շարուած-չշարուած, ոտքի եւ պառկած գիրքերը կը տնտղէի: Կանգ առի պրակի նմանող հատորիկի մը վրայ. կողքին գրուած՝ Սիլվա Կապուտիկեան, «ԴԷՊԻ ԽՈՐՔԸ ԼԵՌԱՆ»… Բանաստեղծութիւններ. չորս տասնամեակ մը անցեալէն, թուղթին յանձնուած նորի պէս հին ապրումներ: Չհինցող: Ընթերցուած եւ յիշողութեան գաղտնարաններուն յանձնուած հին եւ միշտ նոր տպաւորութիւններ: Այդպէս է բանաստեղծին ուժը:
Դարձուցի էջերը, մերթ կանգ առնելով, ապա՝ շարունակելով: Ուղեւորութիւն մը՝ մեր կեանքի եւ պատմութեան հոգեկան աշխարհի խռովայոյզ ալիքներուն վրայ: Անոնց յանձնուած տատանող մեր նաւուն ղեկին գտնուողներէն քանինե՞ր բացած են, կը բանան խորհուրդ բերող ոչ իսկ հարիւր էջերու վրայ փռուած բանաստեղծութիւններու էջերը, որպէսզի ներկան տեսնեն հայու հարազատութեամբ: Կանգ առի ութերորդ էջի անվերնագիր տասնըչորս տողերու վրայ: Իրաւ բանաստեղծութիւնը միշտ ներկայութիւն է: Այսօր ըսուածի տպաւորութիւն: Կ’արտագրեմ.
Մեզ չի միացնում այլեւս ներկան.
Գալիքն՝ աւելի՜ կը նետի հեռու.
Անցեա՜լն է մերը:
Մեր հոգիներում
Յիշատակների Զուարթնոցներ կան,
Եւ մենք լա՛ւ գիտենք՝
Անհնարին է վերականգնելը:
Միայն կարենանք՝
Անփոյթ մի խօսքով,
Մի մութ արարքով
Զեղծե՛լ, չաղարտե՛լ սուրբ խոյակները,
Նրանց պահպանե՛լ միայն կարենանք,-
Որ եթէ այցի գնանք անցեալին՝
Լուռ ծնրադրելու քարե՜ր ունենանք…
Խօսք՝ երէկի եւ ներկայի մորմոքի մասին: Մեր պատմութեան պատկերացումը: Կարծէք միայն անցեալն է մերը, իր մորմոքով, «յիշատակների Զուարթնոցներով», որոնք մերն էին եւ մերը չեն, դարձած ենք յիշատակներու պահակներ, այն իրաւունքով, «որ եթէ այցի գնանք անցեալին… ծնրադրելու քարե՜ր ունենանք», որպէս ուխտաւոր կորսուածի:
Եւ սովորութիւն դարձուցած ենք կոչ կ’ընել միջազգային խլացած-բթացած խիղճին, Մ.Ա.Կ.-ին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕին, որ չպղծեն մեր յիշողութեան քարերը, չքանդեն Խաչքարերը: Բայց պատկերները կ’ըսեն, թէ այդ յիշողութիւն կրող քարերը կը ջարդուին:
Եւ մորմոքը անուն ունի. «Մեր սէրը», էջ 53-ի բանաստեղծութիւնը, անցեալի եւ անմիջական ներկայի արձագանգող: Այսօր, ինչպէս անցեալին:
Հայաստա՛ն աշխարհ,
Դու մե՛րը եղար ու մերը չեղա՛ր,
Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի պէս…
……
Ինչպէս մերը չէ Վարագայ սարի արեւածագը,
Սասնայ անտառին իջնող մանանան,
Մշոյ դաշտերը շոյող սօսափը…
……..
Եւ հեռու եղար՝
Սահմանից այն կողմ
Անիի կարմիր աւերակներից մեզ երեւացող
Մայր-տաճարի՜ պէս…
…….
Մենք՝ անվերջ հասնո՜ղ,
Իսկ դու՝ հեռացո՜ղ, անվերջ հեռացո՜ղ…
…….
Քեզ կորցնելու ահից տագնապա՛ծ,
Քեզ ունենալու խինդից՝ երջանի՜կ,
Եւ բախտիդ համար անվերջ, ամէն պահ մեռնել-ապրելով…
Հայոց նորագոյն պատմութիւնը նոր չէ, հինի կրկնութիւն է: Հայուն հայրենիքը կարծէք դատապարտուած է ըլլալու յիշողութեան աշխարհ մը, ընտանեկան կամ զբօսաշրջիկի լուսանկարներու ալպոմի պէս: Կրկնուող թատրոն, նոյն հերոսներով:
Մերը չեն ո՛չ Վարագայ սարը, ո՛չ Անիի կարմիր աւերակները, բայց սորվեցանք, կրկնեցինք, հաւատացինք, որ անոնք միշտ մերն են: Անոնք արդէն այդպէս չեն: Անիի եւ Աղթամարի մեզի համար յուշ-յիշատակ-լուսանկարներուն գումարուեցան կրկին Արցախի hայու ձեռքով եւ հաւատքով կառուցուած հարիւրաւոր վանքեր եւ եկեղեցիներ, շունչ տալով աշխարհին եւ քարին, այդպէս կը ստեղծուի հողի եւ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Հեռացող երաժշտութեան նմանող անուններ, Գանձասար եւ Դադիվանք, Ծիծեռնավանք եւ Ամարաս, Հոռեկայ վանք, Աւետարանոց, Ծակուռիի Ծաղկավանք…
Եւ հիմա, Վարագայ վանքի արեւածագի եւ Անիի կարմիր քարերու տոչորող կարօտով ապրող բանաստեղծուհին եթէ մեզի հետ ըլլար, իր հոգեմաշ զրոյցի հորիզոնը պիտի ընդլայնէր եւ յիշէր Արցախի վանքերն ու եկեղեցիները, եւ կրկին պիտի ըսէր, Հայաստա՛ն, Արցա՛խ, դուք մե՛րը եղաք եւ մերը չեղա՛ք…
Ինչպէս երէկ, այսօր ներկայի հայերուն մնացած է հեռուէն սիրելու իրաւունքը, բանաստեղծուհին խօսքով, «Դրա համար էլ մենք քեզ սիրեցինք սիրահարի՜ պէս», սէր՝ զոր ոչ ոք կրնայ յափշտակել, այդ չարիքը կրնայ գործել միայն զգացում եւ արժէք չճանչցող ժամանակը:
Կը փակեմ գիրքը:
Եթէ հնարաւորութիւն ունենայի, եթէ եկուոր ասպատակողները եւ բռնագրաւողները պահ մը ուզէին չարի թելադրածէն տարբեր խօսք եւ ճշմարտութիւն լսել, կը հարցնէի իրենց, թէ այդ խօսող քարերը ե՞րբ իրենք դրած են մէկը միւսին վրայ, այդ չեն ըրած, չէին կրնար ընել, քանի որ բացակայ էին այդ աշխարհէն, հիմա հոն են յափշտակողի իրաւունքով:
Հայուն ձգած են զգալու իրաւունք, ցաւով մղկտալու իրաւունք: Կամ, Սիլվա Կապուտիկեանի բուռն զգացումով, սիրահարի պէս սիրելու իրաւունք:
Եւ կը մտածեմ, որ ինչո՞ւ չենք կրցած եւ չենք կրնար սիրահարի պէս սիրելու չանհանգստացնող մենաւոր հաճոյքը փոխարինել տէր ըլլալու սիրով:
Տէր ըլլալ: Հայրենատիրութիւն:
Գերանցելով ամէն կարգի եսերը, ընչաքաղցութիւնը, աթոռաքաղցութիւնը, զանոնք փոխարինելով ներկայութեամբ, յանձնառութեամբ: Ի հարկին, ո՛չ ուրիշին, այլ մանաւանդ՝ մեր կեանքին գինով:
Կրկին կը մտածեմ մարդուն մէջ մարդը գերանցելու իմաստութիւն եւ քաջութիւն ունեցող Մարթէն Լութեր Քինկի մասին, որ ըսած է. «Շնորհիւ մեր գիտական եւ արհեստագիտական հանճարին, աշխարհը դարձուցած ենք թաղամաս մը: Եւ հիմա, մեր բարոյական եւ բարոյագիտական յանձնառութեամբ զայն պէտք է դարձնենք եղբայրութեան թաղամաս: Պէտք է ամէնքս սորվինք ապրիլ միասին որպէս եղբայրներ, ապա թէ ոչ բոլորս միասին պիտի կորսուինք որպէս տխմարներ»: Այսինքն վերջ տալ չարութեան, կողոպուտներու…
Ինչո՞ւ եկուորը յափշտակողի իրաւունքով պիտի իրաւազրկէ միւսը, երկրին տէրը: Ինչո՞ւ ամէն առիթով հնչած միջազգային համայնքը, իր տպաւորիչ որակումներով կառոյցներով, լուռ կը մնայ, սպասելով որ իրականանայ Մարթէն Լութեր Քինկի իրատեսական-յոռետեսական վախճանը. «…ապա թէ ոչ բոլորս միասին պիտի կորսուինք որպէս տխմարներ»:
Իսկ մենք պիտի մնա՞նք հոն ուր որ ենք, հաշտուելով իրողութեան հետ, կրաւորականութեամբ լսելով Սիլվա Կապուտիկեանի տառապանքի ձայնը.
Մեզ չի միացնում այլեւս ներկան.
Գալիքն՝ աւելի՜ կը նետի հեռու.
Անցեա՜լն է մերը:
Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) անցեալէն եկող բանաստեղծուհիին խօսքը լսելէ էտք: Ինչպէ՞ս ըլլալ ներկայ եւ միանալ:
Հարազատ մտաւորականութիւնը ճամբացոյց պէտք է ըլլայ:
Իսկ մեր ժողովուրդը դեռ կը պահէ՞ լսելու առաքինութիւնը: Առաքինութիւն՝ հռոմէական իմաստով. հոգեկան ուժ:
Պէտք է պատասխանել նաեւ խորագրի հարցման:
Տէ՛ր ըլլալ Հայաստանի: Այս տիրութիւնը ո՛չ կողմնապաշտութիւն է, ո՛չ դիր-քապաշտութիւն, ո՛չ շաբաթավերջի զուարճացնող զբօսանք:
Ան միաժամանակ պայքարի յանձնառութիւն է եւ մանանաւնդ՝ ղեկավարում:
Տարբեր բան մտածել եւ տարբեր բան ընել «Լուռ ծնրադրելու քարե՜ր ունենանք»է: