Ասեղն ի՞նչ է. դա շատ բարակ,

չնչին բան է մի հասարակ,

շատ բաներում, բայց թէ յաճախ,

ասեղն է միշտ լինում պատճառ։

 

Երախտապարտ ենք բա­նաս­տեղծ եւ վի­պագիր Խա­չիկ Դաշ­տենցին, որ նկա­տեց փոք­րիկն ասե­ղը ու բա­նաս­տեղծու­թիւն մը նո­ւիրեց անոր։ Եր­կա­րաշունչ է այդ բա­նաս­տեղծու­թիւնը, անու­նը՝ «Ասեղ­նա­պոեմ», որուն նա­խաբան քա­ռեակը դուք կար­դա­ցիք։ (Քիչ վերջ դար­ձեալ պի­տի անդրա­դառ­նամ այդ հե­տաքրքրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութեան)։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, բա­ռերու խորհրդա­ւոր աշ­խարհին նո­ւիրո­ւած յօ­դուա­ծաշա­րիս մէջ շատ ան­գամ հիւ­րա­սիրե­ցի բա­ռեր, որոնք թէեւ փոքր, խիստ օգ­տա­շատ եւ ծա­ռայա­սէր էին, ինչպէս՝ ասե­ղը։ – Պահ մը երե­ւակա­յենք աշ­խարհը առանց մէկ ասե­ղի։ Ո՞վ պի­տի կա­րէր մեր պատ­ռած տա­բատը կամ փէ­շը։ Տրակ­տո՞րը։ Ուստի, այ­սօր, երախ­տա­գիտա­կան զգա­ցու­մով, ասե­ղի մը ծայ­րով քրքրենք հայ­կա­կան լե­զուի դաշ­տե­րը, կա­տարենք գրա­կան պե­ղումներ ու կա­րենք «ասեղ» բա­ռի մանր պատ­մութիւն մը։

Չենք գի­տեր, թէ ո՛վ էր ասեղ­նա­գործ առա­ջին հա­յու­հին, սա­կայն ստոյգ գի­տենք «ասեղ» բա­ռի գրա­կան առա­ջին գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Աս­տո­ւածա­շունջի հա­յերէն թարգմա­նու­թեան մէջ յայտնո­ւեցաւ ան, որ­պէս «աս­ղա­նի», «ասղնա­գործ» եւ «ասղնա­գոր­ծութիւն»։ Այն ժա­մանակ աւե­լի մեծ ու ներ­կա­յանա­լի էր, «Ասեղն», ու­նէր տառ մը աւե­լի։

Կը կար­ծէինք, թէ դեր­ձանն ու մատ­նո­ցը միայն կ՚ըն­կե­րակ­ցին ասե­ղին, սա­կայն Մատ­թէոսի, Մար­կո­սի եւ Ղու­կա­սի Աւե­տարան­նե­րու մէջ «ասեղ»ի քով յայտնուեցաւ… ուղտ մը, քան­զի աւե­տարա­նիչ­նե­րը ըսին. «Աւե­լի հեշտ է, որ ուղտն ասե­ղի ծա­կով անցնի, քան թէ հա­րուստը Աս­տուծոյ ար­քա­յու­թիւն մտնէ»։

Ապա մեր թարգմա­նիչ սուրբե­րը եւ մա­տենա­գիր­նե­րը տիւ ու գի­շեր, աս­տե­նագոր­ծի մը բծախնդրու­թեամբ ստեղ­ծե­ցին «ասեղ»ով բա­նուած բա­ղադ­րեալ բա­ռեր։ Ահա քա­նի մը նրբա­գոյն օրի­նակ. ասեղ­նա­բանո­ւածք, ասեղ­նա­կար­կատ, ասեղ­նա­գործ, աս­ղա­նի։ Այս բա­ռերով պեր­ճա­ցաւ մեր նախ­նեաց գրա­կանու­թիւնը- «Ասեղ­նա­կար­կատ անօ­րէնու­թեամբն իւ­րեանց», «Խո­րան նկա­րակերտ ասեղ­նա­գործ», «Աս­ղա­նի կա­պու­տակ»…։ Միջ­նա­դարուն յայտնո­ւեցաւ նոր մէկ բառ՝ «ասեղ­նա­լից»։ Ան տեղ գտաւ ձե­ռագիր յի­շատա­կարա­նի մը մէջ. «Ասեղ­նա­լից ոս­կետտուն ալամ զար­դիս կո­ղոպ­տե­ցար, ա՜յ»։

Ան­շուշտ պէտք է յի­շել ասեղ­նե­րու երեք ժա­մանա­կակից տե­սակ­նե­րը՝ մագ­նի­սի, կողմնա­ցոյ­ցի, եւ ձայ­նապնա­կի։ Անոնք չեն ցաւցներ ձեր մատ­նե­րը, սա­կայն զգու­շութեամբ պէտք է գոր­ծա­ծել գնդա­սեղը։

Մեր լե­զուն, որ ճկուն է ար­տա­յայ­տութիւններ ստեղ­ծե­լու մէջ, չէր կրնար ան­տարբեր մնալ նաեւ «ասեղ» բա­ռին։ Երբ անցնինք դժո­ւարու­թիւննե­րէ եւ փոր­ձանքնե­րէ, կ՚ըսենք՝ «Ասե­ղի անցքով անցնիլ»։ «Ասե­ղի ծա­կէն կ՚անցնի» ան, որ չա­փազանց նի­հար է։ Ժլատ ու խա­բեբան «Ասեղ մաշ­կող» է։ «Ասե­ղի ծա­կէն Հնդկաս­տան» կը նա­յին անոնք, որոնք խո­րամանկ են, կը լսեն եւ կ՚իմա­նան ամէն բան։ Իսկ, յար­գե­լի ըն­թերցող, չպա­տահի ձե­զի «Ասեղ­նե­րու վրայ ըլ­լալ», քան­զի ան կը նշա­նակէ՝ ան­հանգիստ ըլ­լալ, ան­յարմար վի­ճակի մէջ գտնո­ւիլ։ Իսկ ո՞վ ներ­կայ չէ եղած հա­ւաքոյ­թի մը, որ «Ասեղ նե­տես գե­տին չ՚իյ­նար», կամ «Ասեղ նե­տելիք տեղ չկայ»։ Խա­չատուր Աբո­վեանը «Վէրք Հա­յաս­տա­նի» վէ­պի մէջ նկա­րագ­րեց այդպի­սի պատ­կեր մը- «Բեր­դի մէջն ու չորս կող­մը, որ ասեղ քցէիր, գետ­նին չէ՛ր հաս­նիլ»։

Ի՞նչ է «ասեղ» բա­ռի ծա­գու­մը։ Լե­զուա­բան բազ­մա­թիւ մտա­ւորա­կան­նե­րու զբա­ղումն էր գտնել այս հար­ցումի պա­տաս­խա­նը։ Ման­րակրկիտ պրպտումնե­րէ ետք, անոնք հա­սեր են հե­տեւեալ եր­զա­կացու­թեան. «Ասեղ» բա­ռը յա­ռաջա­ցած է բնիկ հնդեւ­րո­պական aklon կամ akln ար­մա­տէն, որ կը նշա­նակէ «սուր»։

Միջ­նա­դարուն «ասեղ» բա­ռը ու­շադրու­թիւնը գրա­ւեց աս­տո­ւածա­բան եւ լե­զուա­բան, Տա­թեւ վան­քի վա­նահայր Գրի­գոր Տա­թեւա­ցիին։ Քա­րոզ­նե­րու իր գիր­քին մէջ սուրբը ըսաւ. Եր­կիւղը մեզ կ՚առաջ­նորդէ դէ­պի Աս­տուծոյ սի­րոյ եւ ար­քա­յու­թեան, ապա ին­քը կ՚ան­հե­տանայ, ինչպէս ասե­ղը իր հետ կը տա­նի դեր­ձա­նը, դեր­ձա­նը կը մնայ կտա­ւի մէջ, բայց ասե­ղը կը մնայ դուրս։

19-րդ դա­րուն մէկ այլ հո­գեւո­րական, Ղե­ւոնդ վրդ. Տա­յեանը գոր­ծա­ծեց «ասեղ» բա­ռը։ Ան նկա­րագ­րեց հրդեհ մը, որ այ­րեց ամէն բան՝ «մին­չեւ չմնա­լոյ եւ ոչ ասեղ մի»։ Հա­զուա­գիւտ է բա­ռիս գոր­ծա­ծու­թիւնը աշուղնե­րու կող­մէ։ Լոկ մէկ տա­ղասաց, Ստե­փանոս Թո­խաթե­ցին գոր­ծա­ծեց զայն, ժա­մատան մէջ զինք անխնայ խայ­թող լո­ւերը նկա­րագ­րե­լու հա­մար. «Ո՛չ կու թո­ղուն սաղ­մոս ասել, / Ո՛չ ծունտր ածել, ո՛չ աղօ­թել, / Հանց կու խայ­թեն որ­պէս ասեղ»։ Պետ­րոս Դու­րեանի հա­մար «ասեղ» բա­ռը ու­նէր ազ­գա­յին իմաստ։ Ըստ անոր, ազա­տու­թեան հա­մար ասե­ղի չափ զէնք պէտք չէր, եթէ հա­յը ու­նե­նար տրո­փող սիրտ մը. «Է՜հ, մի՛ վա­խէք, ասեղ մ՛ան­գամ պէտք չէ մեզ… Կուրծեր­նուս տակ տրո­փող սի՞րտ մ՛ալ չ՚ու­նինք»։ Դա­նիէլ վա­րու­ժա­նը եր­գեց աղ­քա­տիկ ասեղ­նա­գործ կոյ­սե­րու ցա­ւը. «Կ՛աշ­խա­տէիք հիւ­ղա­կին մէջ, ճրա­գին տակ ար­դար… Ասեղն հիւ­ծած մա­տեր­նուդ մի­ջեւ ցուրտէն կը սարսռար»։

Նոյն օրե­րուն, երբ դեռ խօ­սուն էին հա­յոց սա­րերն ու ձո­րերը, Հրա­չեայ Աճա­ռեանը ականջ տո­ւաւ բար­բառնե­րուն, ար­ձա­նագ­րեց «ասեղ» բա­ռի հա­զար ու մէկ ձե­ւերը։ Ակ­նայ, Խար­բերդի, Կար­նոյ, Սե­բաս­տիոյ եւ Պոլ­սոյ մէջ «ասէխ» էր ան, Ջու­ղա­յի մէջ՝ «ասուղ», իսկ Թիֆ­լի­սի մէջ՝ «ասիղ»։ Ահա, թէ ին­չո՛ւ Սա­յաթ-Նո­վան եր­գեց այսպէս՝ «Ախր, գո­զա՛լ, ի՞նչ իս ու­զում. / Խմո­րից վո՞ւնց նիտ կու­լի, / Ջրից վո՞ւնց մզրախ կու շի­նուի, / Մաս­տա­կից (ծա­մոց) ի՞նչ ասիղ կու­լի»։ Երբ դեռ խօ­սուն էին հա­յոց սա­րերն ու ձո­րերը, տե­ղանուն էր նաեւ «ասեղ»ը. գիւղ էր ան Կար­նոյ նա­հան­գի Քղիի գա­ւառա­կի մէջ եւ գիւղ մըն ալ Վաս­պուրա­կանի մէջ՝ Ղա­զար Ան­ձե­ւացիի ծննդա­վայ­րը։ Այժմ ու­նինք նաեւ լե­րան չափ մեծ ասեղ մը՝ Ասե­ղասա­րը, որ Գե­ղամայ լեռ­նաշղթա­յին պատ­կա­նող լեռ է, ու­նի 2482 մ. բարձրու­թիւն։

«Ասեղ» բա­ռը կը շա­րու­նա­կէ հե­տաքրքրա­կան ար­տա­յայ­տութիւններ՝ մա­նաւանդ զար­մա­նալի վեր­նա­գիր­ներ հիւ­սել հայ­րե­նիքի մէջ։ Ահա մա­մու­լէն առ­նո­ւած քա­նի մը զգա­յացունց խո­րագիր. «28 տա­րեկան հար­սը կեան­քին վերջ տա­լու հա­մար ասեղ է կուլ տո­ւել», «Բժիշկնե­րը փրկել են ասեղ կուլ տո­ւած տղա­մար­դու կեան­քը»։ Կիւմրե­ցի ասեղ­նա­գործ, 91 ամեայ Քնա­րիկ Խա­չատ­րեանի հա­մար ասե­ղը ու­նի ու­րիշ նշա­նակու­թիւն. «Իմ վրձինն ասեղն է, ներ­կապնակս՝ թե­լերը»։ Իսկ երե­ւանեան թէ­յարա­նի մը մէջ ձե­զի առա­ջար­կեն «Ար­ծաթ ասեղ» խմել, մի՛ վախ­նաք, վտան­գա­ւոր բան չէ ան, այլ ըն­տիր թէյ, որ ու­նի ասեղ­նա­ձեւ, սրա­ծայր ար­ծա­թագոյն-կա­նանչ տե­րեւ­ներ։

30-ական թո­ւական­նե­րուն ինչպէ՞ս յան­կարծ Հա­յաս­տա­նի բո­լոր ասեղ­նե­րը ան­հե­տացան, շու­կան մնաց առանց ասե­ղի։ Հա­յաս­տա­նը այդ օրե­րուն ասեղ կ՚ար­տադրէ՞ր։ Եկէք դար­ձեալ ականջ տանք «Ասեղ­նա­պոեմ»ին, Խա­չիկ Դաշ­տենցի զա­ւեշ­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութեան եւ ստա­նանք պա­տաս­խաններ։ Նախ լսենք, թէ ուրկէ՞ կու գա­յին բո­լոր ասեղ­նե­րը. «Ասեղ կը գար նախ Մոս­կո­վից / Յե­տոյ կ՚անցնէր Կաս­պից Ծո­վից / Թիֆ­լիս կը գար ու Երե­ւան / Երե­ւանից կ՚անցնէր Աւան»։ Ան­շուշտ, թէ ար­տա­սահ­մա­նէն պի­տի գար ան, քան­զի ասեղ շի­նելը մեծ ճար­տա­րարո­ւեստ կը պա­հան­ջէ…։ Որ­պէսզի մենք ալ ու­նե­նանք մեծ մեծ գոր­ծա­րան­ներ, այդ օրե­րուն յայտնո­ւեցան յա­ռաջա­դէմ միտ­քեր եւ առա­ջար­կե­ցին. «Ասեղ­նե­րը պէտք է ձու­լենք / Ռելս, տրակ­տոր, աւ­տօ շի­նենք»։ Հետզհե­տէ պակ­սե­ցաւ ասե­ղը ու դար­ձաւ անգտա­նելի… Օր մը ապա­գայա­մոլ յա­ռաջա­դէմի տա­բատը պատ­ռե­ցաւ, գնաց դեր­ձակ բա­րեկա­մի մօտ, որ մէկ հատ ասեղ տայ։ Բա­րեկա­մը զայ­րա­ցած պա­տաս­խա­նեց. «Ասեղ չկայ, գնաս բա­րով, / Շորդ կա­րիր տրակ­տո­րով»։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ գի­շերա­յին ժա­մերուն կը կար­դաք այս յօ­դուա­ծը, զգոյշ եղէք, քան­զի երա­զի մէջ ասեղ տես­նե­լը ու­նի բազ­մա­թիւ ան­յարմար նշա­նակու­թիւններ։ Եթէ կը կա­րէք ասե­ղով, ապա ձեզ կը սպա­սեն ան­յա­ջողու­թիւններ։ Բա­ցի այդ դուք կրնաք կորսնցնել ձեր մտե­րիմ մար­դու սէ­րը։ Ասեղ փնտռե­լը կը նշա­նակէ դա­տարկ մտա­հոգու­թիւններ, իսկ ասեղ կոտ­րե­լը՝ միայ­նութիւն եւ աղ­քա­տու­թիւն։ Լա­ւագոյ­նը, դուք այս գի­շեր փոր­ձե­ցէք երա­զի մէջ ասեղ գտնել, քան­զի ան կը նշա­նակէ նոր հե­տաքրքրա­կան ծա­նօթու­թիւններ։