ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) . – Յունիս 2021-ին, Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 37-րդ ուսումնական տարեշրջանը, հակառակ տիրող Համաճարակին: Ամավերջի Հանդէսները տեղի ունեցան Յունիս 17-ին (Մանկապարտէզ) և Յունիս 18-ին (Նախակրթարան), ներկայութեամբ միայն աւարտականներու ծնողներուն:
Թէ Մանկապարտէզի եւ թէ Նախակրթարանի շրջանաւարտները ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ հայկական պար: Առաւել Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին փոքրիկ թատերգութիւն մը, իսկ նախակրթարանի շրջանաւարտները կարդացին իրենց Հրաժեշտի Ուղերձները:
Տնօրէնուհի Տիկին Հուրի Պոյամեան յայտնեց, որ բոլոր կարգերը կրցան ամբողջացնել իրենց ուսումնական ծրագիրը, առաւել դպրոցը մեծ թիւով արտա-դասարանային ձեռնարկներ կազմակերպեց հեռավար կերպով՝ ինչպէս Հայ Մշակոյթի Օրուայ, Վարդանանցի, Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւններ, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում, Գեղարուեստական Ելոյթներ, Ամերիկայի Հայկական Թանգարան Այցելութիւն եւ Աւարտական Դասարանի մէկ շաբաթով Հայաստան Այցելութիւն: Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական և վարչական կազմերուն, ծնողական մարմնին, դպրոցի խնամակալութեան և յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ Սբ. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Հովիւ` Տէր Անդրանիք Աւագ Քհնյ. Պալճեանին և Հոգաբարձութեան:
Տէր Անդրանիկ իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցիչներուն և տնօրէնութեան իրենց արդիւնաբեր աշխատանքին, իսկ աշակերտներուն` իրենց գեղեցիկ ելոյթին համար:
Տնօրէնը և Եկեղեցւոյ Հովիւը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:
Յունիս 17-ին, Մանկապարտէզէն վկայական ստացան 15 աշակերտներ՝
Մոնա Արզունեան, Ալեք Աւագեան, Սամուէլ Պարսումեան, Էլէն Պոյամեան, Արենի Կարապետեան, Օլիվիա Ղազարեան, Արենի Համալեան, Սերոբ Խաչատուրեան, Հայկ Մարտիրոս, Այգի Միքայէլեան, Յովհաննէս Սարճընթ, Դաւիթ Սիմոնեան, Լիանա Թոմսըն:
Յունիս 18-ին, Նախակրթարանէն վկայական ստացան 14 աշակերտներ՝ Նելլի Աղաջանեան, Պելլա Թամպուրինի, Թալիա Թարապուլսի, Արմեն,Ղալայեան, Դավիթ Հովհաննիսեան, Ստեփան Կիւզէլեան, Նարա Փօթուգեան – Պեհպահանի, Աւետիս Պէլ, Կասիա Սարգիսեան, Տաթեւիկ Սարգիսէան, Լոռի Փանոսեան, Ճուլիա Քէպաճեան, Էմմա Ֆոնթէս, Իզապէլ Ֆոնթէս:
2021 –ի Մրցանակներ
Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական Խորհուրդի
Հայոց Պատմութեան Մրցանակ (Լեւոն Ա. Արծաթեայ Դրամ)՝ Աւետիս Պէլ
Նախագահական Մրցանակներ– Ե. Դասարան
–Գերազանցութեան Մրցանակ՝ (կը վերաբերի բոլոր նիւթերու)
Թալիա Թարապուլսի, Պելլա Թամպուրինի, Աւետիս Պէլ
–Ուշագրաւ Յառաջդիմութեան Մրցանակ՝ (կը վերաբերի բոլոր նիւթերու)
Նելլի Աղաջանեան, Ճուլիա Քէպաճեան, Տաթեւիկ Սարգիսեան
Մասնաւոր Յիշատակութիւններ – Հայերէնի Դասընթացքներու մէջ
–Ջանասիրութեան՝ Նելլի Աղաջանեան, Պելլա Թամպուրինի, Թալիա Թարապուլսի
-Ստեղծագործութեան եւ Քերականութեան՝ Ճուլիա Քէպաճեան
-Իր Լաւագոյնը Փորձող՝ Ստեփան Կիւզէլեան
-Հայոց Պատմութեան Հանդէպ Հետաքրքրութեան՝ Իզապէլ Ֆոնթէս, Էմմա Ֆոնթէս, Լոռի Փանոսեան, Աւետիս Պէլ
-Արտայայտութեամբ եւ Զգացումով Կարդացող՝ Դավիթ Օհաննիսեան
-Հայերէնի Հանդէպ Մեծ Հետաքրքրութեան՝ Նարա Պեհպահանի
-Տիպար Հայու՝ Արմեն Ղալայեան
-Հայօրէն Մտածող եւ Արտայայտուող՝ Տաթեւիկ Սարգիսեան
-Հայերէնի մէջ Փայլուն Աշակերտի՝ Թալիա Թարապուլսի
Մասնաւոր Յիշատակութիւններ – Բոլոր Նիւթերու մէջ
-Փորձող՝ Նելլի Աղաջանեան
-Իր Լաւագոյնը Կատարող՝ Նարա Պեհպահանի
-Հետաքրքիր միտք Գիտութեան եւ Պատմութեան մէջ՝ Աւետիս Պէլ
-Յառաջադէմ Ուղղագրութեան մէջ՝ Էմմա Ֆոնթէս
-Յառաջադէմ Պատմութեան մէջ՝ Իզապէլ Ֆոնթէս
-Օգտակար Ընկերային Յարաբերութեանց մէջ՝ Արմէն Ղալայեան
-Յառաջադէմ Քերականութեան մէջ՝ Ստեփան Կիւզէլեան
-Ստեղծագործող Թուաբանութեան եւ Պատմութեան մէջ՝ Ճուլիա Քէպաճեան
-Արտայայտութեամբ Կարդացող՝ Դավիթ Հովհաննիսեան
-Հետաքրքրութիւն Պատմութեան Հանդէպ՝ Լոռի Փանոսեան
-Յառաջադէմ Թուաբանութեան մէջ՝ Կասիա Սարգիսեան
-Քաջութեան՝ Տաթեւիկ Սարգիսեան
-Յառաջադէմ Թուաբանութեան տուեալներու մէջ՝ Պելլա Թամպուրինի
-Ղեկավարի Յատկութիւններ ունեցող՝ Թալիա Թարապուլսի