Կիրակի, Փետրուար 21-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի ընտանիքը կորսնցուց միութեան կարեւոր դէմքերէն` վաստակաշատ եղբայր Ժաք Պոյաճեանը:
Ան եղած է պասքեթպոլիստ, ֆութպոլիստ, վարչական պատասխանատու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ անոր հիմնադիրներէն մէկը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ծառայութեան» եւ «Արժանեաց» շքանշանակիր, ինչպէս նաեւ վարած է միութենական տարբեր տեսակի պաշտօններ` զանոնք բոլորն ալ կատարելով սիրայօժար կերպով, առանց որեւէ մէկ ակնկալութեան` միշտ ալ գերադասելով Հ․Մ․Ը․Մ․-ի անունը:
Աւելի քան 70 երկար տարիներ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մեծ ընտանիքին ծառայած եւ իր ամբողջ կեանքը միութեան նուիրած 90-ամեայ Ժաք Պոյաճեան այս աշխարհէն կը հեռանայ` իր ետին ձգած քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներ, նկատի ունենալով, որ ան դաստիարակած է սերունդներ` անոնց մէջ դրոշմելով Հ․Մ․Ը․Մ․-ական ոգին:
Ժաք Պոյաճեան միշտ ալ ներկայ կը գտնուէր Հ․Մ․Ը․Մ․-ի տղոց եւ աղջկանց կատարած պասքէթպոլի բոլոր մրցումներուն, մինչեւ անոնց դադրեցումը` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով:
ՄԱՀԱԶԴ
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր, վաստակաշատ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական
ԺԱՔ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, Փետրուար 21-ին, Պէյրութ: