Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան, Կիրակի, Նոյեմբեր 3-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։
Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան, Հ․Օ․Մ․-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ական քոյրեր ու եղբայրներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Օրուան հանդիսավարներն էին Շրջանային Վարչութեան ատենադըպրուհի Անի Մինասեանն ու Շրջանային Սկաուտ Խորհուրդի անդամ Վանենի Մինասեան- Պէպէճեանը։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շրջանային Վարչութեան անդամ Աբիկ Խաչոյեանը։ Ան յայտնեց, որ միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի ու օտարացումի վտանգներուն դէմ, սակայն շնորհիւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներու բարձր գիտակցութեան, հասակ պիտի առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ։
Հանդիսատեսները հետեւեցան Հ․Մ․Ը․Մ․-ի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը, որ պատրաստուած էր Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի կողմէ։
Գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցաւ փունջ մը ազգային երգեր, կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։
Տօնակատարութեան բանախօսն էր՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեան (կարդալ ամբողջութեամբ՝ աւարտին)։ Ան երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր՝ պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ Նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։
Եղբ. Խաչերեան հաստատեց, թէ 106- տարեկան Հ․Մ․Ը․Մ․-ը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն, աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը։
Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Յարութ Օգճեան:
Ան նախ անդրադարձաւ 106-ամեայ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց մարմնամարզի կողքին Միութեան ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերուդին մէջ։
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան առաջնորդ սրբազան հայրը, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան կատարելու Ծառայութեան շքանշանի տուչութիւն տարիներու ծառայութիւն ունեցող Հ․Մ․Ը․Մ․- ականներուն՝ Հայկազ Ասատուրեան, Պատրիք Չրաքեան, Վիգէն Մարաշլեան, Մարիա Սէրայտարեան, Խոսրով Մանսուրեան, Սուրէն Մանսուրեան, Յարութ Ղազարեան, Զաքար Ղազարեան եւ Ռաֆֆի Նազարեան (յետ մահու)։
Այնուհետեւ Շրջանային Վարչութեան անունով առաջնորդ սրբազան հօր եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին փոխանցուեցան յուշանուէրներ։
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ան յայտնեց, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, որ կ’արձագանգէ դար մը եւ աւելի, կ’արտայայտէ անձնդիր ծառայութիւնը անոր անդամներուն՝ սրբազան առաքելութիւն ունենալով հայակերտումի, ազգակերտումի, սերունդներ պատրաստելու եւ զանոնք առաջնորդելու ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեամբ գործելու։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։
Նշենք, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ անդամ Աւետիս Տերվիշեան, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան, Լաթաքիոյ յարաբերական յանձնախումբի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան Լաթաքիոյ անդամ Յարութ Գաբրիէլեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամներ, նաեւ` Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեան, այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, ուր շրջագայելով` ծանօթացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ սրբապատկերներուն արժէքին: Այնուհետեւ Յակոբ Խաչերեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ` Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, Արմէն աբղ. Գալաճեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայակերտումի ի նպաստ Հ․Մ․Ը․Մ․-ին տարած գործունէութեան, յատկապէս` ներկայ մարտահրաւէրներուն մէջ: Սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սերունդներ կերտելու աշխուժ գործունէութեան, գնահատեց միութեան պատասխանատուները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած աշխատանքներուն:
Նոյեմբեր 2-ին, Հ․Մ․Ը․Մ․-ի պարտէզի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան եւ Սուրիոյ Շրջանային խորհուրդին կազմակերպած սկաուտական ցուցահանդէսին` ձեռամբ սրբազան հօր եւ Յակոբ Խաչերեանի:
Ստորեւ, Յակոբ Խաչերեանի բանախօսութիւնը ամբողջութեամբ․-
Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը։
Հաւաքուած ենք Հալէպ․ 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ ցեղասպանութիւնը կատարուած վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Համաշխարհային կառոյցի բազմահազար իւրաքանչիւր անդամի անունով, արտայայտուած իր գերագոյն մարմնի ճամբով, երախտագիտութեան ամենա-ազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրել Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները, գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սով ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկ ու տատիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ ու մասնաւորաբար այս քաղաքին մէջ, գտան ապաստան/պատսպարան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, դիտեցին հորիզոններ, վերակազմեցին իրենց տաք բոյները եւ ընտանիքները․ կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։
Բիւր շնորհակալութիւն եւ յարգանք Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան։
6 դար ստրուկ ապրած տարաբախտ հայ ազգի զարթօնքի բարեբախտ օրերուն հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած սկաուտական/մարզական միութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր 106 տարեկան է։
106 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ, եռանդ ու ոգեւորութիւն վարակող,
106 տարի անաղմուկ եւ կարգապահ շարքերով տողանցող, բայց հոգիներ թնդացնող,
106 տարի Արարատ ու Եռագոյն կրող նոյն, բնաւ չմաշող, բայց յարգանք պարտադրող տարազով,
106 տարի շարունակ ու աննահանջ, հակառակ հալածանքներու, արգելքներու եւ խոչընդոտներու, յամառեցաւ բոլոր գլուխներէ վեր բարձրացնել ու ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը եւ շեփորահարել Ազգային Օրհներգը’ Մեր Հայրենիքը,
106 տարի ընտանիքի եւ դպրոցի կողքին, եղած է դաստիարակող հայ պատանին եւ երիտասարդը ըլլալու բարի, ազնիւ, աշխատասէր, ազգասէր ու հայրենասէր հայորդի,
106 տարի եղած է «ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»-ը եւ «ԼԱՒԱԳՈՅՆ»-ը ։
106 տարի եւ տակաւին նահատակ ցեղի անմահները, վրէժի զրահները, հսկայ նուիրման հրաթեւ տորմիղը, կամաւոր բանակը կը շարժին յառաջ, դրօշ եռագոյնը կոթողելու կատարն հայրենի լեռանց հեռագոյն։
Փառահեղ Երթ։
Այս երթի իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած Հ․Մ․Ը․Մ․-ի շրջաններէն մէկը եղած է Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից իր շարքերով մղիչ ուժը հանդիսացած է միութեան երթի յաջող ընթացքին։
Փաստ՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ հաստատուած կազմակերպութիւններու գործունեայ տարրերու յարգելի տոկոսը կը կազմեն Սուրիոյ մեր մասնաճիւղերուն մէջ հասակ նետած տարազաւորները։
Եւ վստա՛հ այլ որակի վերաբերում, պակասաւոր նուիրում կամ անբաւարար կազմակերպուածութիւն կարելի չէր սպասել Զարեհաշնորհ հովանաւորութեան տակ գործող մեր Սուրիոյ կառոյցէն։
Վարձքը կատար Հ․Մ․Ը․Մ․-ի այս միջնաբերդը հիմնողներուն, քար առ քար անոր պարիսպները բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն։
Կրկնակի վարձքը կատար, բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներուն, որոնք պատնէշի վրայ մնացին ու ղեկավարեցին Սուրիոյ գաղութի գոյութիւնը, ու այդ կարգին մեր կառոյցը, ըլլայ այդ 1960-ական թուականներու հալածանքներու ժամանակաշրջանին կամ 2011-էն սկսեալ եւ շուրջ 12 տարիներու վրայ երկարած Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած միջազգային պատերազմի օրերուն։
Յիշատակը անթառամ մնայ այս երկու ժամանակաշրջաններու բոլոր նահատակներուն Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Ռաֆֆի Պչաքճեան:
Այսօր մենք բացակայ չենք դներ եղբ. Յարութ Բանոյեանը, եղբ. Յակոբ Աստարճեանը եւ եղբ. Մոսիկ Սեքլէմեանը, որոնք 4 տարի առաջ, այս պահուն իրենց զինակիցներու հետ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերը կը մղէին ազերի-թուրք բանակներուն դէմ, եւ 5 Նոյեմբերին հաւատարիմ իրենց երդումին վասն Հայրենեաց կը նահատակուէին ու կը մտնէին Հայ քաջարիներու Պանթէոն:
Պատիւը Ձերն է։
106 տարիներու յաջողութիւններու եւ իրագործումներու նշումը չի հանգստացնէր մեր ներաշխարհը,
-որովհետեւ մեր բազկերակը կը բաբախէ հայու ազգային զգայարանքներու կշռոյթով, բայց 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք այդ կշռոյթը մեզի հարազատ չէ:
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Արարատի լանջերուն բանակելու մեր սկաուտ տարազաւորներուն երազն իսկ ապօրինի կը յայտարարեն,
-որովհետեւ, 9 Նոյեմբեր 2020-էն ազատագրելի Տարօնի Բագրեւանդ գաւառի մէջ մեր Նաւասարդեան խաղերը վերականգնելու կամքը թշնամական գաղափար կը սեպեն:
Վաղո՜ւց տաճարը ներսից քանդողները ու իրենց ձեռքով թշնամիին սուրը սրողները’ այսօրեայ խունթան, կրկնօրինակն են Վասակ Սիւնիի եւ Մելիք Ֆրանկիւլի:
Սակայն մենք՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներս, Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բեկի ծոռները, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական միութեան անդամներ, Ազգն ու Հայրենիքը գերադաս արժէքներ դաւանող միութենականներ:
կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն,
պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը,
անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժէհամակարգը՝ լեզու, կրօնք, մշակոյթ, ընտանիք, պատմութիւն, բարքեր,
բուռն պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ,
Մենք չենք հաշտուիր դաւաճանական պարտութեան հետ: Կորսնցուցած ենք տարածք, ունեցած ենք զոհեր, արատաւորուած է մեր արժանապատուութիւնը, թունաւորուած է մեր կեանքը, առօրեան, բայց մեր կամքը անկոտրում է եւ Արարատի ժայռերուն պէս ամուր: