Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հանրային կապերու տնօրէն՝ Միրա Եարտըմեան, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 11-ին, «Հայկազեան» Համալսարանի Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնը կատարած է «Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայողներու Աշխատանքի Համագործակցութիւն: Լիբանանեան Ընկերային Ծառայողներու Զինում Անբարենպաստ Եւ Խոցելի Մարդոց Հետ Գործնականութեան Նպատակով» միջոցառումը:
«Մուկար» շէնքի Մաթոսեան ցուցասրահին մէջ, սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին ապահոված է առցանց լայն մասնակցութիւն:
Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Պէյրութի Ա․Մ․Ն․-ի Դեսպանատան կողմէ եւ նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները՝ յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մէկ մաս կը կազմէ ձեւաւորման – գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ յետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ՝ կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը՝ ներգրաւելով տեղական կառավարական մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:
Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, Ա․Մ․Ն․-ի դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական Ուսումնառութեան Կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որ ներկայացուց ծրագիրի ընդհանուր տեսութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ՝ դոկտ․ Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը՝ Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ դոկտորներ՝ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչըլ Հէյկզը՝ Սամֆորտ համալսարանի ընկերային ծառայութեան Բաժինէն:
Ա․Մ․Ն․-ի դեսպանատան Հանրային Դիւանագիտութեան բաժինի Հասարակական Կապերու մասնագէտ Էլի Ֆեռնէյնի, ներկայացուց իր դիտարկումները՝ որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ: Նշենք, թէ այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Պէյրութի Ա․Մ․Ն․-ի Դեսպանատան կողմէ:
Իր կարգին, Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ՝ դոկտոր Տանիա Պատրանը շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը՝ խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշները եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները՝ արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց «Հայկազեան» համալսարանը՝ Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:
Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք, միջոցառումը փակուեցաւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ՝ Վերապատուելի Դոկտոր Փօլ Հայտօսթեանի եզրափակիչ խօսքով: