«Եալլա պայ» եւ ասոր նման ուրիշ բազմաթիւ օտար բառեր եւ բառեր: Այսպէս «օ քէյ»էն սկսեալ մինչեւ «թանք եու», «սօրի», «շուր» «ուաթ» «նօ ուէյ» «այ թինկ», «եու նօ», եւ տակաւին շարքը երկար է: Այսպէս, զաւակ, թոռնիկ, ծնողք, դրացի, զարմիկ, բարեկամ կամ խնամի, աշակերտ, միութենական կամ առեւտրական, դուք ձեզի հարցուցէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ կը գործածէք այս բառերը:
Անկեղծօրէն բոլորս ալ այս բառերը, իբրեւ սովորական եւ բերնի ծամօն, կը գործածենք գիտակցաբար եւ կամ՝ անգիտակցաբար: Կը գործածենք, կարծես մեր շրջապատին ցոյց տալու, թէ.- – «Տեսէ՛ք, ես անգլերէն ալ գիտեմ…»:
Պէտք է նշել, թէ այս յիշած բառերս դիւրին հնչուող են, եւ հաճոյալի ալ են, միավանկ, կարճ ու սահուն, ու համայն աշխարհի մարդկութեան հասկնալի: Շատերուն համար այս բառերու սո-վորական գործածութիւնը կարծես տեսակ մը իրենց անձին «շուք» կու տան, անգլերէն «գիտցողի» հովերէն քշուած: Բայց չմոռնանք, որ այս նշուած բոլոր բառերուն հայերէններն ալ կան: Նորէն, դուք գիտէ՛ք:
Սակայն ինչո՞ւ այս յառաջաբանը, ըսե՛մ որովհետեւ Փետրուար 21-ը «Մայրենի Լեզուի Օր» նշանակուած է: Այդպէս որոշուած է: Հպարտութիւն բուրող տօն ալ է: Անոր համար, երբ թուականն ու առիթը յիշեցի, անհանգիստ ջիղ մըն էր, որ յանկարծ սկսաւ տրոփել մտքիս մէջ: Նաեւ ըսեմ, որ նոյն այս թուականն է, որ իր հետ բերաւ զանազան հարցեր եւ խնդիրներ, որոնք թէեւ նոր չեն, բայց հաւատացէ՛ք, տագնապալի են, իրենց արդիւնքներուն նման:
Անկասկած, շատ շատերու մօտ այս բոլորը նոր բացուած արշալոյսի նման կը մտնեն իրենց կեանքին մէջ, արեւի գոյնին նման պայծառ: Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ ալ հոգեպէս տառապանք հագած կ’ապրին: Այս եւ նման բառերու արտասանութեամբ կարծես նոյնիսկ մեր մտքի բանալին կորսնցուցած ըլլանք: Ահա մտահոգութիւնը: Տեսակ մը մեծամտութիւն: Երբեմն պարտաւոր ենք նման «բաներ» հրապարակային հնչեցնել:
Ինչո՞ւ սակայն: Որովհետեւ հայ ենք եւ Սփիւռք կ’ապրինք: Ուստի յստակ եւ տեսանելի է, թէ ինչպէս սկսած ենք մաշիլ: Միւս կողմէ նաեւ ըսեմ, որ դժբախտ ազգ ալ ենք, մեր երկրին պէս եւ մեր ներկան մեր աչքին առջեւ իսկ հսկայ վիհ մըն է: Այս է մեր ճակատագիրը: Բայց…:
Տխուր եւ հաստատ ըսեմ.- բոլորս ալ շուարած կը նայինք մեր այս ճակատագրի աչքին որովհետեւ մենք զոհ ենք, բայց նաեւ մտահոգ ենք, այս անբնական կացութեան դիմաց: Արեւելքի միւս ժողովուրդներու նման մենք մոլեռանդ ազգ չենք: Սակայն այս բոլորը խորունկ եւ շօշափելի կը զգանք:
Եւ տակաւին աւելցնեմ, որ Արցախեան պատերազմն ալ եկաւ իր խիստ խօսքերով ու մահացու, քանդեց մեր կորովը, վիրաւոր մեր երազներուն հետ: Անոր համար մշուշը բռնած է մեր ուղեղները եւ զայն խստօրէն պաշարած: Օտար աղմուկներու մէջ եւ ամէն տեղ սկսած ենք ծերանալ: Յստակ է, թէ ապրումը զիչած է մեր խոհին, ու Սփիւռքեան մեր ապրած երկիրներէն ներս տեղական լեզուները, նոր գոյն եւ տարբեր գիծ տուած են մեր խօսակցութեան եւ մայրենիի հարազատութեան:
Չեմ փորձեր եւ ոչ ալ կ’ուզեմ, որ տողերս յարատեւ տագնապի երգեր դառնան: Բայց եւ այնպէս պէտք է պահպանել մեր մնայուն արժէքները, որոնց առաջին շարքին կու գայ մայրենի լեզուն:
Հայ զանգուածները կապելու միակ բանալին մայրենի լեզուն է. կը կրկնենք շարունակ: Բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք եւ սակայն յաճախ ալ անոր հետ անհոգ կը վարուինք: Կարծես ան մերը չէ: Օտարինն է: Մեզի համար՝ անծանօթ: Տեսնուած է, որ յաճախ ալ դիմազուրկ կ’ապրինք:
Քաջութիւն է պէտք ցեղին հայելիին մէջ դիտելու: Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը պէտք է, որ գիտնանք:
Ուստի հայ միտքը պէտք է ազատել օտար եւ «վնասակար» փշրանքներէն: Գիտակցելու զօրութիւնը ունենալ է պէտք: Հակառակ մեր շուրջը տիրող եւ փոխուող արագ իրողութիւններու, մեզի կ’իյնայ մեր նոր սերունդը հայրենի մթնոլորտէն չզրկել:
Երբ շատերու բերնէն մաքուր հայերէնով արտայայտութիւնը կը լսեմ, հիացումս կ’երթայ:
Յաճախ զմայլանք մը ունիմ: Հաւանաբար շատ բան կայ այս մասին գրելիք եւ խօսելիք:
Նաեւ աւելցնեմ, որ մեր պատմութեան անիւը ծռած է: Ուստի հաստատ կամք է պէտք: Դրական մօտեցում: Ճիշդ է, որ մեր լեզուի նահանջի ներկայութիւնը կ’ապրինք, ականատեսներ ենք արդէն, ուստի ամէն օր եւ ամէն առիթով անոր մաքուր գործածութեան հանդէպ անտարբեր պէտք չէ որ մնանք կամ ըլլանք: Ճեղք մը կայ հայերէն լեզուի պարզ սովորական խօսակցութեան եւ մաքուրին միջեւ: Ժամանակն է, պաշտպանել լեզուի իշխանութիւնը որպէսզի ան դառնայ թռիչք եւ մտածում: Այս մէկը կը սկսի տուներէն հասնելու անմիջապէս հայ դպրոցին եւ հայ ակումբ-կեդրոնին ու միութենական կեանքին:
Ուստի խորապէս կապուինք մեր լեզուին սիրենք եւ պաշտպանենք: Պահենք եւ գուրգուրանք:
Այս կը նշանակէ մեր ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը բազմացնել: Լաւ յիշենք, որ մեզմէ շատ շատեր հայութեան աղմուկէն հեռու կ’ապրին, զանազան պատճառաբանութիւններու եւ պատրուակներու ետին պահուըտելով: Օտար լեզուն է տիրապետողը եւ որ աղէտալի հետեւանք կը ձգէ մեր եւ մեր մշակոյթին վրայ: Չեմ խօսիր հայրենիքի մասին: Հո՛ն, պապենական երկիր է: Հո՛ն, մեր երկիրը իր տէրը ունի, որ հայ ժողովուրդն է: Հո՛ն, հող կայ, դարերու պատմութեամբ եւ մշակոյթով: Ահա սեփականու-թեան հրճուանքը: Ուստի այս խօսքս կամ մատնանշումս հասցէագրուած է մեզի, Սփիւռքի մէջ ապրողներուս, զաւակներէս, թոռներէս եւ հարազատներէս սկսեալ, մինչեւ համայն հայութեան:
Յիշենք այս առթիւ Շահան Շահնուրի մտահոգ տողերը.-
«Սփիւռք դարձած հայերս, պիտի սկսինք կամաց-կամաց մոռնալ մեր լեզուն: Լեզուն կորսնցնելով մեր կռնակը պիտի դարձնենք հայուն մեծագոյն գանձին՝ մեր մշակութային արժէքներուն»:
Նաեւ յիշեցնեմ Պարոյր Սեւակի մտածումներէն բաժին մը.- «Օտար բառեր գործածելով ոմանք ուզում են կրթուած կամ իբրեւ ժամանակակից երեւնալ»:
Լեզուն պահպանելու ահաւոր այս բեռը կ’իյնայ նախ հայ ծնողքին եւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչին վրայ: Յաճախ կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ հայ լեզուն մեզմէ դուրս է: Կարծես մերը չէ: Անտէր ձգած ենք զինք: Որբ եւ աղքատ: Ուստի զայն ներգրաւելու միջոցներու անմիջական կարիքը պէտք է որոնենք: Եւ կը կարծեմ, որ լաւագոյն դեղատոմսը՝ իրարու հետ հայերէն խօսիլն է: Հայերէն գիրքեր կարդալն է: Այլապէս պարտութեան կը մատնուինք, եւ ձուլումը կը յաղթանակէ: Եւ այն ժամանակ՝ վա~յ եկեր է մեզի…:
Բացառութիւնները ներելի ու հասկնալի են: Իսկ եթէ իրապէս կ’ուզենք հայօրէն ապրիլ, մենք պէտք չէ որ մեր դէմքը, մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն փոխենք: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, կ’այլափոխուինք: Պարտաւո՛ր ենք մնալ հայ:
Եւ եթէ կամքը կայ, մեր բոլոր ճիգերը ապարդիւն չեն:
bedig43@aol.com