ՊՈԼԻՍ․- Դեկտեմբեր 13-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն՝ Եդուարդ Թովմասեանը, որ ծանօթ էր Թոմօ անունով։
75 տարեկան Եդուարդ Թովմասեան, 1993-ին Հրանդ Տինքի, Արտաշէս Մարկոսեանի եւ Մկրտիչ Մարկոսեանի հետ հիմնած էր «Արաս» հրատարակչատունը, որ հաղորդեց մահուան բօթը, տեղեկացնելով․
«Կորսնցուցինք մեր հրատարակչատան հիմնադիրներէն, մեր ուսուցիչն ու մշտական աջակցող Եդուարդ Թովմասեանը եւ բոլորիս Թոմօն։ Թոմօ աղբարիկ իր կեանքը նուիրեց հայ հասարակութեան, մշակոյթին ու գրականութեան։ “Արաս”-ի հիմնադրումէն ի վեր աճած վիթխարի սօսին անոր ջանքերով արմատներ արձակեց ու բազմաթիւ պտուղներ տուաւ։ Թոմօ աղբարիկի վճռականութիւնը, համեստութիւնն ու քաջութիւնը միշտ առաջնորդեցին մեզ։ Մեր հրատարակչատան էջերն ու մեր հրատարակած իւրաքանչիւր աշխատանք կը կրէր անոր դրոշմը։ Սիրով, յարգանքով ու երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք զինք։ Ձեռքդ միշտ մեր թիկունքին պահէ, Թոմօ աղբարիկ»։
Թովմասեանի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17-ին եւ թաղումը պիտի կատարուի Պալըքլըի հայկական գերեզմանատան մէջ։