Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի Բազմահազար Լուսանկարներու Արխիւի Մասնագիտական Աշխատանոց

1 0
Read Time:1 Minute, 43 Second

 

Ընթացիկ տարուայ 24-29 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի (CSDCA) կողմէ կազմակերպուած մասնագիտական աշխատանոց մը, յատկացուած լուսանկարչական արխիւներու պահպանումի, ցուցակագրումի եւ արժեւորումի խնդիրներուն։ Լման շաբթուան մը տեւողութիւնը ունեցող խտացեալ այս աշխատանոցը տեղի ունեցաւ նոյնինքն Կեդրոնի տարածքէն ներս, եւ հայ ու տարածաշրջանի պատմամշակութային կոթողներու բազմահազար լուսանկարներու ու չափագրութեանց նիւթերուն վրայ։

Աշխատանոցին մասնակցեցան Երեւանի Պետական Համալսարանի Արուեստի Պատմութեան կաճառէն չորս աշակերտներ (Լիլիթ Տատոյեան, Արամ Յարութիւնեան,Դիանա Ղազարեան եւ Մարինէ Աբրահամեան), ընտրուած արուեստաբան՝ Փրոֆ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ։ Աշակերտները առիթը ունեցան հետեւելու եւ շփուելու Իտալիոյ կարեւորագոյն մասնագէտներէն՝ Տոքթ. Մարգերիթա Նայիմի (Եւրոպայի եւ աշխարհի մեծագոյն արուեստի պատմութեան լուսանկրաչական արխիւներէն՝ Kunsthistorisches Institut in Florenz | Max-Planck Institut), Տոքթ. Պարպարա Քաթթանէօ (Իտալիոյ Մշակոյթի Նախարարութեան կարեւորագոյն պահպանումի ու վերանորգումի հաստատութիւն՝ Ֆիրենցէ քաղաքի Opificio delle Pietre Dure), Տոքթ. Մոնիքա Բասսանելլօ (Իտալիոյ մշակոյթի մեծագոյն հիմնարկութիւններէն եւ հսկայական լուսանկարչական արխիւ ունեցող, Վենետիկի Fondazione Giorgio Cini հիմնարկութիւնը), մասնայատուկ թեմաներու շուրջ, ինչպէս լուսանկարչական արհեստագիտական մեթոտներուն եւ ճանաչումին, լուսանկարչական նիւթերու պահպանումի կարեւոր կիրառումներուն եւ լուսանկարչական արխիւի ցուցակագրումի ռազմավարութեանց։

Սոյն աշխատանոցը առաջին հանգրուանն է «To Armenia and Back Through Photos: the CSDCA Collection as a Bridge Between Venice and Yerevan» ծրագրին, որու հովանաւորն է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը, մասնագիտական ու բարոյական նեցուկը վայելելով նաեւ՝ Giorgio Cini Հիմնարկութեան Արուեստի Պատմութեան Բաժանմունքին ու Երեւանի Պետական Համալսարանին։

Ծրագիրը, որու համադրողներն են Կեդրոնի աշխատակիցներ, միջնադարու արուեստաբան՝ Տոքթ. Բէատրիչէ Սպամպինաթօ եւ միջնադարու ճարտարապետութեան մասնագէտ՝ Տոքթ. Ֆրանչէսքա Պենոնի, կը միտի արժեւորել Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի լուսանկարչական հարուստ արխիւը, կազմուած անցեալ դարու վաթսունականներէն մինչեւ ինիսնականները երկարող մի քանի տասնեակ հետազօտական գիտարշաւներու ընթացքին, ուսումնասիրելու եւ վաւերագրելու Հայաստանի, Վրաստանի,

Պարսկաստանի ու Պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ գտնուող պատմամշակութային ժառանգութեան կոթողները։

Ուսումնական-մասնագիտական կազմաւորումի այս առաջին շաբաթը եւ 2025-ի Յունուար-Յունիս ամիսներու վարժեցումի շրջանը, աշակերտներու մասնագիտացումին եւ Կեդրոնի լուսանկարչական արխիւի արժեւորումին բացառիկ հնարաւորութիւն մը կ՛ընծայեն։

Անշահախնդիր այս կառոյցին՝ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի ռազմավարութիւնն է, զանազան ծրագիրներով կարելի եղածին չափ արագ եւ առցանց մատչելի դարձնել հարուստ լուսանկարչական, երաժշտական ու վաւերագրական եզակի արխիւները, որոնց համար հարկաւոր են նաեւ կարեւոր նպաստներ եւ նուիրատուութիւններ։

 

Դիւան՝ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի

Վենետիկ, Դեկտեմբեր 2024

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles