Դրան զանգը հնչեց եւ բեւեռային ցուրտին հետ տուն մտաւ Կեդրոնականցի Արմենակ, կրկնելով. «Ափսո՜ս Հայաստան»:
Հիւրասենեակ գացինք: Երկինքի կապոյտին մէջ կը շողար արեւը, ապակիի ետին ձիւնածածկ երդիքներն էին: Արմենակ բարեւ ընդունելու վիճակի մէջ չէր:
Մակարուհին թէյ բերաւ, աչքով-ունքով հարցուց թէ՝ ի՞նչ պատահած էր: Մատներս դրի շրթներուս վրայ, որ չխօսի:
Արմենակ քանի մը անգամ եւս կրկնեց՝ «ափսո՜ս, ափսո՜ս»… Ապա՝
– Մակա՛րս, Հայաստանը ձեռքէ կ’երթայ: Թշնամի թուրք-ազերին Հայաստանը մասնիկ առ մասնիկ կը ծուատէ: Օր մը ճամբու հատուած, ուրիշ մը օր գիւղի ծայրամասի տուներ: Դարերու ոգի պահած մեր սրբատեղիները, ինչպէս կ’ըսեն, ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ են, չըսելու համար՝ որ բռնագրաւուած են:
Արմենակ լռեց: Ես ալ ըսելիք չունէի: Ապա.
– Յուսալքուած պարզ ժողովուրդը ունեցած-չունեցածը հաւաքած երկրէն կ’երթայ, եթէ չի կրնար Եւրոպա կամ Լոս երթալ, կ’երթայ Ռուսիա: Իսկ երկրի երեւելիները, ամօթխած են, չեն ըսեր թէ երկրէն կը փախին, դիւանագիտական ոճով կ’ըսեն, թէ՝ «բուժման համար կը մեկնին արտերկիր»…
– Արմենա՛կ, Հայաստան կ’ըսեն, որ հայ մարդը թասիպ ունի, գիտէ որ հայրենիք լքել ազգին դէմ յանցանք է, կը պատճառաբանեն, անցեալին կ’ըսէին, թէ կը հետապնդուէին, կամ կը մեկնէին լաւ ապրելու իրաւունքի համար, հիմա կ’ըսեն՝ բուժման:
– Կարեւորը այն է, որ կը մեկնին: Գիտես ինչ, Հայաստան այնքա՜ն մեծ թիւ կը կազմեն դատական հետապնդումի ենթարկուածները, որ եթէ անոնք ալ որոշեն փախուստ տալ երկրէն…
– Մակա՛ր, Հայաստան ցոյցերու, դատերու, ոստիկանական երկիր է հիմա: Տխրահռչակ Նոյեմբեր 9–էն ի վեր Հայաստանի մէջ կ’աղմկեն եւ կը պահանջեն հրաժարական եւ արտահերթ ընտրութիւն: Լսող չկայ: Ոստիկանութիւնը դարձած է իշխանութեան նեցուկը:
– Արմենակ, միամի՞տ ես: Իշխանութիւնը ընտրութեան արդիւնքէն չէ որ կը վախնայ, այլ լուռ եւ գլխուն լախտի հարուած ստացած ժողովուրդի անտարբերութենէն: Մարդիկ կրնան ընդհանրապէս չքուէարկել:
Արմենակ գրպանները խառնշտկեց եւ թուղթի կտոր մը հանեց:
– Հայաստանեան թերթի մը մէջ կարդացի Արթուր Համբարձումեանի կսկծալի խօսքը: Չեմ գիտեր թէ ո՞վ է ան, ի՞նչ ըրած է եւ կ’ընէ, ո՞ր կուսակցութեան անդամ է: Լսէ՛. «Արտահերթ ընտրութիւնների պահանջ չի կարող լինել. Հայաստանն այսօր կարծես դարձել է մի մեծ մեռելատուն»: Նոր իշխանութիւն ընտրելէ առաջ մեռածներուն դատը պէտք է ընել, պարտք եւ իրաւունք ճշդել, մեղքերէ սրբուիլ:
– Այդ ընել տասնեակ տարիներ կը պահանջէ,- ըսի:
– Մակա՛ր, մեռելատան մէջ կառավարութիւն չի նստիր:
– Ի՞նչ ընել:
– Եթէ գիտնայի ղեկավար կ’ըլլայի, նախագահ, վարչապետ, եւ այդպէս բաներ,- եզրակացուց Կեդրոնականցին, ապա գլխարկը առաւ եւ գնաց:
Մեռելատան մէջ ասոր կամ անոր քուէ կը տրուի՞ եւ… կը ծափահարուի՞:
Մակար ի Գաղիա, 23 Փետրուար 2021