ԵՐԵՒԱՆ․- Շաբաթ, Փետրուար 20-ին, «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ կատարուած Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հսկայածաւալ հանրահաւաքէն ետք, գրեթէ օրական դրութեամբ, կը շարունակուին ցոյցերն ու քայլարշաւները։
Ոստիկանութիւնը չափազանցուած բռնութիւն կը կիրարկէ ցուցարարներուն դէմ, որոնց թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ։
երեքշաբթի, Փետրուար 23-ին Հայաստանի կառավարութեան երրորդ մասնաշէնքին դիմաց տեղի ունեցած ցոյցին ցուցարար քաղաքացիներուն հանդէպ ոստիկանութեան կողմէ բիրտ ուժի գործադրութեան եւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանի դէմ ուժի կիրարկումն ու խոշտանգումը բռնօրէն դատապարտելով, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, նշելով.
«Այսօր հայրենադաւ իշխանութեան գլխաւոր խորհրդանիշի այցը կառավարական 3-րդ մասնաշէնք ուղեկցուեց բազմաթիւ արժանապատիւ քաղաքացիների հանդէպ ակնյայտ անհամաչափ ուժի գործադրմամբ:
Յատուկ դիտաւորութեամբ բռնութեան ենթարկուեց նաեւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման համակարգող Իշխան Սաղաթէլեանը: Տասնեակ քաղաքացիներ հաշուեյարդարի ենթարկուեցին ոստիկանական բաժանմունքներ տեղափոխուելիս:
Հայրենիքին դաւաճանածի, թուրքի առաջ ծնկի եկածի վերջին յոյսը նրա հլու կամակատար, ոստիկանի կոչումն ու համազգեստն արատաւորող, օրէնքն ու Սահմանադրութիւնը ոտնատակ տուած մի խումբ յանցագործների վրայ է:
Տապալելով սահմանադրական կարգը, ոտնահարելով մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտում միջազգային պարտաւորութիւններն ու հեղինակազրկելով Հայաստանի հանրապետութիւնը` ոստիկանապետութեան ձգտող գլխաւոր յանցագործը խուճապի մէջ է:
Բոլոր յանցագործներն անխուսափելիօրէն պատժուելու են:
Առնուազն տարակուսելի է իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան բնութագիրն աղաւաղող, մարդու հիմնական իրաւունքների ոտնահարման աղաղակող փաստերի վերաբերեալ միջազգային կազմակերպութիւնների լռութիւնը, այն դէպքում, երբ դրանց պարտաւորութիւնն է հետեւել եւ գնահատել իշխանութիւնների վարքագիծը:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին: Տէ՛ր կանգնենք մեր իրաւունքներին, անհատական եւ հաւաքական գործողութիւններով հեռացնենք պետականութեան այս սպառնալիքին եւ հաստատենք ազգային իշխանութիւն:
Կոչ ենք ուղղում Զինուած ուժերի, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, դատախազութեան, Յատուկ քննչական ծառայութեան եւ այլ պետական կառոյցներում աշխատող հայրենասէր եւ օրինապաշտ քաղաքացիներին` տէ՛ր կանգնէք հայ ժողովրդին տուած ձեր երդմանը, պաշտպանէ՛ք հայրենիքը յանցագործ իշխանութիւններից, հրաժարուէ՛ք նրանց ապօրինի ցուցումների կատարումից, կանխէ՛ք պետական ահաբեկչութիւնը»:
Ոստիկանները փորձեցին բռնի ուժով բերման ենթարկել Իշխան Սաղաթէլեանը, որ դուրս գալով ոստիկաններու շրջափակումէն, կրցաւ ազատիլ եւ հեռանալ ցոյցի տարածքէն, սակայն ոստիկանները հետապնդեցին եւ կրկին փորձեցին բերման ենթարկել, սակայն չյաջողեցան:
Սաղաթէլեան հանդէս եկաւ ուղերձով մը, յայտնելով․«Նիկոլ, դուն մէկ տարի առաջ Հայաստանի մէջ կը պտտէիր հեծանիւով, ո՛վ ամբոխավար, քարոզչութիւն կը կատարէիր, կ՛ըսէիր` ժողովուրդին վարչապետն ես, իսկ այսօր մայրաքաղաքին մէջ կը շրջիս զօրքով, 3-4 հազար ոստիկաններով, ես կը խոստանամ` մենք քեզի թոյլ պիտի չտանք Հայաստանի մէջ հաստատես բռնատիրութիւն, դուն օր ու արեւ պիտի չտեսնես, դուն պէտք է հեռանաս իշխանութենէն, քանի որ հեռացումէդ ետք մենք կրնանք փրկել մեր երկիրը։․․․Խօսքս կ՛ուղղեմ ոստիկանութեան: Դուք ձեզի պահեցէ՛ք սպայի պէս, մի՛ կատարէք այդ խելագարին ապօրինի որոշումները, դուք վաղուց անցած էք կարմիր գիծերը, բոլորիդ կը ճանչնանք, եւ բոլորդ պատասխան պիտի տաք, կանգնեցէ՛ք ժողովուրդի կողքին: Մենք բոլորս այսօր ունինք մէկ գլխաւոր խնդիր` երկրի վարչապետի աթոռը զաւթած այս խելագարը միասին հեռացնելու այս իշխանութենէն», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Կառավարութեան մասնաշէնքերուն մօտէն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող 57 քաղաքացիներ ձերբակալուեցան:
Քաղաքացիները պատշգամներէն կ՛ողջունէին Փաշինեանի հրաժարականը պահանջողները: Երթին մասնակիցները պարբերաբար կոչ կ՛ուղղէին անոնց` իջնելու եւ միանալու երթին, ոչ ըսելու Նիկոլ Փաշինեանին: Երեւանի փողոցներուն մէջ վարորդները ազդանշաններով ողջունեցին երթի մասնակիցները, որոնց կարգին էին նաեւ զոհուած զինուորներու ծնողներ:
Փետրուար 20-ին հաւաքին, Իշխան Սաղաթէլեան յայտնեց․ «Արցախեան շարժումէն 33 տարի անց այս պատմական հրապարակին վրայ, այս պատմական օրը մենք պէտք է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բանանք նոր լուսաւոր էջ։ Դուք նաեւ այսօր ուժեղ ապտակ տուիք այս իշխանական խմբակին եւ անոնց, որոնք կ՛ըսէին` այս շարժումը մարած է, որ ժողովուրդը համակերպուած է այս վիճակին: Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան մէջ այսպիսի ապիկար, տկար, սրիկայ, անսուրբ, ստախօս իշխանութիւն երբեք չէ ունեցած։․․․ Մենք ծանօթ ենք ձեր տրամադրութիւններուն, տեսած ենք ձեր վճռականութիւնը, գիտենք նաեւ ձեր դժգոհութիւնը, սակայն ունինք պատասխանատուութիւն ձեր նկատմամբ եւ երբեք չենք տանիր արկածախնդրութեան, միասին, յամառ, հետեւողական պայքարի արդիւնքով պիտի հեռացնենք այս չարիքի կառավարութիւնը եւ կառուցենք երազանքներու հայրենիքը»։
Սաղաթէլեան նշեց, որ բոլորը պէտք է հասկնան, թէ ինչ ճամբով պէտք է հեռացնենք այս իշխանութիւնները: Ան կարեւոր նկատեց, որ այս համաժողովրդական պահանջը դառնայ համաժողովրդական պայքար: «Յառաջիկային պիտի գումարենք համահայկական ներկայացուցչական մեծ ֆորում, այս պահէն սկսեալ այդ ֆորումի նախապատրաստական աշխատանքներու մեկնարկը տրուած է եւ սկիզբ պիտի դրուի Հայաստանի վերելքի ծրագրին», եզրակացուց ան:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեանի` Փետրուար 20-ին հանրահաւաքի ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ ոստիկանութեան կեդրոնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին ըսին Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն:
Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն նշեցին, որ քրէական գործը յատուցուած է Հայաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածով (Իշխանութիւնը զաւթելուն, տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելուն կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելուն ուղղուած հրապարակային կոչեր): Քրէական գործը ուղարկուած է Հայաստանի քննչական կոմիտէ` վարոյթ ընդունելու եւ նախաքննութիւն կատարելու նպատակով:
Վազգէն Մանուկեանը յայտարարած էր իշխանութիւնները հեռացնելու տարբերակներուն մասին` այդ կարգին նշելով, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ կայծակնային արագութեամբ` ապստամբելով վերցնելու իշխանութիւնը:
«Մենք ո՛չ միայն պէտք է վերականգնենք այն, ինչ որ կորսնցուցած ենք, այլեւ մենք պէտք է անոր վրայ կառուցենք այն պետութիւնը, որուն մասին կ՛երազէինք: Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը երթայ եւ գան մարդիկ, որոնց համար իշխանական տենչը, անհաւասարութիւնը, ընտրութիւնները կեղծելը, ժողովուրդին դրամ բաժնելը մնայ, ուրեմն մենք ոչ մէկ նպատակի չհասանք, նորէն Նիկոլ մը կը յառաջանայ, ուրեմն մեր պայքարին մէջ պէտք է ըլլայ եւ մերժումը ներկայի: Պէտք է կառուցենք այն պետութիւնը, որուն մասին երազած էինք: Պէտք է, նախ եւ առաջ, վերակառուցել մեր բանակը, ապահովել մեր անվտանգութիւնը, մեր անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն ոչ թէ ռուսական, այլ հայկական զօրքերը: Պէտք է նաեւ մեր յարաբերութիւնները լաւացնել դաշնակից երկիրներու` Չինաստանի եւ որեւէ երկրի հետ, որ կը պայքարի Թուրքիոյ դէմ», շեշտեց Մանուկեան:
Երկուշաբթի, Փետրուար 22-ին, Պրահայի այգիէն մեկնարկ տրուած էր բողոքի երթին, բազմահազար մասնակիցներու ներկայութեամբ։
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի խորհուրդի անդամ Արփինէ Յովհաննիսեան շեշտեց, թէ այս իշխանութեան ամէնէն լպիրշ եւ ամէնէն շնական ներկայացուցիչներէն մէկը երէկ մեզի փոխանցած է գերագոյն-գլխաւոր վախկոտի, հոգին խեղուածի, դաւաճանի ուղերձը, որ եթէ ինչ որ բան իրենց սրտով չըլլայ, ապա անոնք կրակ պիտի բանան ժողովուրդին վրայ։ Խօսքը կը վերաբերէր «Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ եթէ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները պետական հաստատութիւններ գրաւեն, ապա իրենք իրաւունք ունին կրակելու։
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իվեթա Տօնոյեան յայտնեց, որ Նոյեմբեր 9-էն անցած է արդէն երեք ամիս, բայց եւ այնպէս այդ յանձնուողական փաստաթուղթը ստորագրած, վարչապետի աթոռին սոսնձուած պաշտօնեան տակաւին չէ պատասխանած քանի մը կարեւոր հարցումի` քանի՞ զոհ ունեցանք արցախեան երկրորդ պատերազմին, քանի՞ն հաշմանդամ դարձան, Հայաստանի տարածքէն քանի՞ հազար քառակուսի մեթր կորսնցուցինք:
Ազգային ժողովի «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան, իր կարգին մատնանշեց, թէ «2300 հայ մայր կը փնտռէ իր զաւակը, իսկ Ատրպէյճանը յայտարարեց, որ այլեւս թոյլ պիտի չտայ, որ գրաւեալ տարածքներուն մէջ որոնողական աշխատանքներ կատարուին: Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուած ձեւով յանձնած է Արցախը: Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր վարչախումբը պիտի կանգնին դատարանին առջեւ: Պիտի ըլլայ Արցախը յանձնողներու Նիւրենպերկը, եւ ոեւէ մէկը ատկէ չկասկածի»։
Read Time:5 Minute, 8 Second