Տալիի եւ Փիքասոյի Ցուցահանդէսը Մեծ Թիւով Այցելուներ Կ՚ունենայ Թանգարաններու Վերաբացման Առիթով

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second


Տարօն Պարոյր Հալլաճեան

Օգոստոս 26, 2020

Երեւան

Անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս վերաբացուեցան Երեւանի թանգարանները ու Ազգային թանգարանին դիմաց պարզուեցաւ երկար հերթ մը այցելուներով որոնք անհամբեր կը սպասէին տեսնելու Փապլօ Փիքասոյի եւ Սալվատոր Տալիի գործերը։ Հերթը Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն ընթացքին կ՚երկարէր մինչեւ Հանրապետութեան Հրապարակի միւս կողմը, եւ զօրաւոր ապացոյց մըն էր թէ մարդիկ անհամբեր կը սպասէին տուներէն դուրս գալու եւ դարձեալ մասնակից դառնալու բնականոն հասարակական կեանքի։

Ցուցասրահներէն ներս կը ցուցադրուին 260 գործեր Ռուս հաւաքիչ, մարդասէր-բարերար, եւ առեւտրական ՝ Ալեքսանտր Շատրինի անձնական հաւաքածոյէն, որ նաեւ հիմնադիրն է «Ազգերու Արուեստը» հիմնադրամին։ Երկու արուեստագէտներուն ողջ եղած ատեննին չէ պատահած զոյգ ցուցահանդէս մը։ Երկուքը առաջին անգամ հանդիպած են 1926ին Փիքասոյի աշխատանոցին մէջ։ Փիքասոն, ըլլալով մեծաւորը, օգտակար հանդիսացաւ որպէսզի Տալին Ամերիկա երթայ, եւ այս իրողութիւնը առանցքային դեր ունեցած է Տալիի ապագայի յաջողութեան հետ։ Երկու արուեստագէտները յայտնի դէմքեր են 20-րդ դարու
կերպարուեստի եւ հակառակ որ հանրային կերպով խորշում կը ցուցադրէին իրարու հանդէպ, իրականութեան մէջ գնահատած են փոխադարձաբար միւսին աշխատանքը։

260 գործերուն մէջ, (անստոյգ է թէ բնօրինակներ են թէ չէ եւ երբ հարցուցի պաշտօնեային ըսաւ կրնայ ըլլալ որ աշակերտներուն գործերն են կամ իրենց աշխատանոցներէն ելած արտադրանքներ), ներառուած են ստուարաթուղթի, վիմատիպի, խեցագործական եւ քանդակագործի յօրինումներ։

Նկատառելի է թէ ցուցադրուած գործերէն մեծամասնութիւնը Տալիին աշխատանքներն են։ Առաջին պատկերասրահը ցուցադրած է իր «Հրեշտակներ» շարքին պատկանող գործերը։ Այս շարքին պատկանող գործերուն մէջ արուեստագէտը օգտագործած է արագ խոզանակի հպումներ ու որպէս հիմնական գոյներու երանգակալ՝ իւրացուցած է կապոյտ, դեղին, նարնջագոյն եւ սեւ գոյները։ Տալիին աշխատանքներուն մէջ ակնյայտ է քրիստոնէական բնաբաններ։
Հեղինակին «Մարդկային Արատներ» շարքը կը պատկերէ հիմնական մարդկային տկարութիւնները օգտագործելով վառ գոյներ եւ հեգնանքով ընդելուզուած այլանդակ կերպարներ որ կարծես խոշորացոյցի տակ կ՚առնեն մարդուն բնազդային եւ կրքոտ բնաւորութիւնը։ Որպէս բնաբան, գործերուն անուանումները կը իւրացուին հիմնական մեղքերէ, զոր օրինակ «Ագահութիւն», «Խանդ» եւ «Ցոփութիւն»։ Նաեւ ցուցադրուած են «Մարդկային Անտառ»-ին պատկանող գործերը որոնք վիմագիր աշխատանքներ են, օգտագործելով դարձեալ աւելի պայծառ գոյներ եւ արտասովոր կերպարներ։ Այս գործերուն արտայայտութեան միջոցը իր
արմատները կ՚առնէ Ֆրանսացի բանաստեղծ, Անտրէ Պրէթոնէն, որ 1924-ին հրատարակեց գերիրապաշտութեան առաջնորդող գործը՝ Manifeste du surréalisme (Surrealist Manifesto), որ ծնունդ տուաւ նոր յառաջադէմ՝ avant-garde շարժումի մը, որ կը փորձէ շեշտել մարդու հոգեկան ներաշխարհը եւ անգիտակցութիւնը։ Surrealism-ի նուիրուած արուեստագէտները առանցքային դեր ունեցան հոգեվերլուծութեան մէջ, եւ պատճառ հանդիսացաւ որ համագործակցութիւն ստեղծուի ջղաբան՝ Զիկմունտ Ֆրոյտին միջեւ։

Տալիին պղնձեայ քանդակագործութիւններն ալ ուշագրաւ են, զոր օրինակ «Յաղթական Փիղ»ը, «Սուրբ Յովհաննէսի Խաչելութիւն»ը, «Թռչնամարդ»ը, «Խխունջն ու Հրեշտակը» եւ զոյգ քանդակները՝ «Ժամանակի Պարը Անցեալ» եւ «Ժամանակի Պարը Ապագայ», որ գրպանի ժամացոյցը այլանդակուած կերպով կը ներկայացնեն։

Տալիէն նաեւ կարգ մը գծագրութիւններ կան զետեղուած։ Ընդհանուր առմամբ, ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ աւելի շատ Տալիին գործերը։ Փիքասոյին ցուցադրուած են ստուարաթուղթի վրայ նկարուած «Երեւակայական դիմանկարներ»ուն պատկանող գործերը որոնք նոյնպէս հետաքրքիր ու գունաւոր աշխատանքներ են։

Թանգարանը մինչեւ այս շաբթուայ վերջը երկարած է ցուցահանդէսը ու վստահ կրնայ ըլլալ այցելուն որ գոհ պիտի մնայ այս իւրայատուկ ցուցադրութենէն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles