ԸՆԿՈՅԶԸ ԵՒ ԾԱՌԵՐԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 41 Second

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Աղջի՛կ ճան, արի էսօր քեզ պոպոկ տամ, թարմ պոպոկ է, էլի՛, ես եմ հաւքել այգուցս: Տա՛ր, կե՛ր, առատ եոտ է պարունակում եւ շատ օգտակար է առողջութեանը: Միջնապատերը չգցես, հա՛, դրանցում եոտը առաւել շատ է…

Եւ որպէս պարգեւ տատիկէս դեղամիջոց մըն ալ ստացած թարմութեան առողջ բոյրը տուն բերի՝ տակաւին թաց, նոր կեղեւազերծուած, հողէն, ջուրէն, արեւէն, օդէն գոյացած ամբողջական տիեզերքի բարիքներ:

«Կերէ՛ք, որ խելքերնիդ աշխատի», կ՚ըսէր մեծ մայրս պնակով ընկոյզը խոհանոցէն բերած ու նստասենեակին սեղանին վրայ զետեղած պահուն: Փոխանցուած պատգամ մը մեզի հասցնելու առաքելութեամբ կը կատարէր կարծես այս գործողութիւնը: Մենք եւս փոխանցուածը անզգալաբար կը շարունակենք, բայց անշուշտ աւելի արդիականացած դարու զարգացմամբ, փոխանցել: Կեանքի շարունակական շղթան է ասիկա օղակ առ օղակ ագուցուած, նոյնանման շրջանակներ, իրերայաջորդ, կրկնուող, իրար կպած:

Աւանդութեան եւ պահպանուած ձեռագրերու տեղեկութիւններուն համաձայն, Բաբելոնի քուրմերը հասարակ բնակչութեան արգիլած են ընկոյզ ուտել, քանի որ խելացի մարդիկը ղեկավարելը աւելի դժուար պիտի ըլլար:

«Մեծ պահք պիտի մտնենք, ընկոյզը շատ բե՛ր», կը խնդրէր մայրս հօրմէս, որպէսզի միսի փոխարէն օգտագործէր պահքի ճաշերուն համար:

Բնութեան հետ առընչութեամբ ժողովուրդը տիեզերքի բարիքները նաեւ իր խօսքին մէջ կ՚օգտագործէ եւ ահա նիւթական բարւոք վիճակ ունեցողին եւ իր ունեցածը մսխողին ակնարկելով՝ «Աստուած ատամ չունեցողին ընկոյզ կու տայ» կ՚ըսեն, ապա բամբասողին արարքը հեգնելով՝ «Բամբասողը ընկոյզի տոպրակ է, որքան շարժես՝ ձայն կը հանէ» կը մեկնեն:

Նոր տարուան աւանդական անուշապուրին զարդն է ընկոյզը, շարոցին, չիրերուն կողքին նաեւ կայուն ներկայութիւն է:

Իսկ ընկուզենիին մասին առասպելի մը մէջ կը պատմուի, թէ երբ գեղուհիները պարած են սրբազան ծառին շուրջ, ծառը զանոնք մահաբեր կայծակներէն փրկած է, սակայն անոնք տուն չեն վերադարձած, այլ ծառի ճիւղերէն կախուած ընկոյզներու փոխակերպուած են:

Իտալացիները 17-րդ դարուն ընկուզենին կը համարէին կախարդական ծառ անկէ յառաջացած բացասական զօրութեան պատճառով, որմէ ետք ընկուզենիները սկսան ախոռներէն հեռու տնկել, որպէսզի կենդանիները չվնասուին:

Մեր մօտ եւս ծառերու պաշտամունքը հինէն ի վեր գոյ է, կը տեսնենք Գեղարդավանքի կից պուրակի գետին շուրջ ծառերուն ճիւղերուն կապուած գունաւոր ժապաւէնները, գոյն-գոյն աղերսներու տեսարան մը կը պարզուի այդտեղ:

Տաւուշի մարզի Հաղարծին վանքի յետսակողմի կիզուած ընկուզենին եւս, որուն բացուած բունին մէջ այցելուները անպայման կը մտնեն կամ շուրջը 3-5-7 անգամ կը դառնան իրենց խնդրանքներուն հետ: Թերեւս այս ծառն ալ կիզուած է հաւատացեալի մը մոմավառութեան պատճառով, ինչպէս պատահած է Արցախի Մարտունի շրջանի, Սխտորաշէն գիւղին մօտ 2000 տարեկանէն աւելի հսկայ սօսիին, զոր «Տնջրի», «Չինարի» եւս կ՚անուանեն: Ըստ աւանդութեան, այս ծառը տնկուած է Մեծն Տիգրան արքայի օրով, որուն շուքին տակ հանգստացած են հայոց առաջին կաթողիկոս՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը, Մեսրոպ Մաշտոցը, հայ եւ հռոմէացի զօրավարներ:

Ռուսաստանի Նիքոլայ Բ. կայսրին պատուէրով, այն օրերուն, տարեկան 300 ռուբլի յատկացուած է ծառին խնամքին համար: Այս հսկայ ծառը (54 մեթր բարձրութիւն, փչակը՝ 44 մեթր, ուր մինչեւ հարիւր մարդ կը տեղաւորուի) կը պահուի սրբութեան պէս:

Ծառը պարսպապատուեցաւ մոմավառութենէն հրկիզուելուն պատճառով:

Իջեւանի Ակնաղբիւր գիւղին մէջ ինկած կայ կաղնի մը, որու կողքին խաչքար մը կանգնեցուած է: Վայրը ուխտատեղի է, Հայրենական պատերազմի գացող զինուորները, ղարաբաղեան մարտերուն գացողները ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ այս կաղնիին առջեւ երդուած են՝ արեան գնով պաշտպանել հայրենիքը: Հիմա դարձեալ նորակոչիկներու երդման արարողութիւնները հոս տեղի կ՚ունենան:

Կ՚ըսուի, թէ կաղնին Վարդան Մամիկոնեանը տնկած է, երբ 450 թուականին, Խաղխաղի ճակատամարտէն յաղթական վերադարձած է: Ծառը 1500 տարի ապրած է, ժողովուրդին մէջ իրեն նկատմամբ պաշտամունք ստեղծուած է. հոս տեղի կ՚ունենար «Վարդանանց կանչ» ծէսը, որուն ներկայ կը գտնուէին տեղացի եւ դուրսէն ժամանած ուխտաւորներ: Ծառը 1500 տարի ապրելէ ետք ինկած է, բայց կը շարունակէ մնալ արժէքաւոր յուշակոթող:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles