Ուրբաթ, Օգոստոս 28-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յղեց հետեւեալ ուղերձը` ի զօրակցութիւն լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան:
Սիրելի՛ հոգեհարազատներ,
Միջինարեւելեան տագնապները մեզ բոլորս հարկադրանքի տակ կը դնեն, որ ձեռք երկարենք եւ հասնինք օժանդակութեան այն համայնքներուն, որոնք եղած են կենսատու սիրտը սփիւռքահայութեան: Լիբանանի պարագային ձեզի ծանօթ է, որ հոկտեմբերէն սկսած տնտեսական տագնապը, առաւել թագաժահրի գործած աւերը, ինչպէս նաեւ վերջին պայթումը ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ, ուր անհրաժեշտ է անմիջականօրէն կազմակերպուիլ եւ օգնութեան ձեռք երկարել լիբանանահայութեան, որպէսզի ան վերագտնէ իր նախկին կենսունակութիւնը եւ ինչպէս անցեալին, ապագային եւս շարունակէ իր կեդրոնական դերը համասփիւռքեան եւ համահայկական առումով:
Սուրիոյ պարագային աւելի անմիջական եւ ճգնաժամային է կացութիւնը` նկատի ունենալով, որ երկիրը նաեւ շրջափակուած է շարք մը արեւմտեան պետութիւններու կողմէ եւ օժանդակութիւն հասցնելու խնդիրն ալ դժուարացած է: Բայց ատիկա մեզի չի յուսահատեցներ, եւ այդ ուղղութեամբ բոլորս պէտք է տանինք այն հարկաւոր աշխատանքը, որպէսզի այդ գաղութն ալ ունենայ անհրաժեշտ բժշկական, առողջապահական եւ մարդկային միջոցները, որպէսզի ան եւս վերականգնէ իր նախկին կենսունակ վիճակը:
Կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու կառավարութիւններուն, մեր երկու կաթողիկոսներուն, կրօնական պետերուն եւ համահայկական բոլոր կառոյցներուն, որոնք առաջին օրուընէ օժանդակութեան ձեռք երկարեցին Լիբանանին եւ տակաւին կը շարունակեն հանգանակութեան եւ օժանդակութեան արշաւները:
Կ՛ուզեմ նշել նաեւ այն յատուկ աշխատանքը, որ կը տանինք Սուրիոյ պարագային Հայաստանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն հետ, ի մասնաւորի` այնտեղ դաշտային հիւանդանոց հիմնելու ուղղութեամբ, որպէսզի հասնինք մեր ժողովուրդի առողջապահական կարիքներուն: Նշեմ նաեւ, որ Հալէպ գտնուող մարդասիրական պահակազօրը արդէն իսկ իր կարեւոր օժանդակութիւնը կու տայ Սուրիոյ ընդհանրապէս եւ յատկապէս հայ համայնքին: Ասոնք իսկական եւ լաւ օրինակներ են համազգային ճիգի, ամբողջական նուիրումի, համահայկական ուժի կուտակման եւ յստակ թիրախաւորելու այն երկու պատմական ու կարեւոր համայնքները, որոնք բաբախուն սիրտը հանդիսացած են սփիւռքին:
Վստահ ենք, որ մեր այդ համայնքները պէտք է վերականգնին ու վերադառնան իրենց նախկին կենսունակ եւ ամբողջապէս հայ ժողովուրդին նուիրուած դերին: