Մնայուն Oտարակա՞ն

0 0
Read Time:4 Minute, 15 Second

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Օտար ըլլալու զգացումը համատարած իրականութիւն մըն է այսօր, հաւանաբար ամեն ժամանակէ աւելի՝ նոյնիսկ այն երկրին մէջ ուր ծնած ու հասակ առած ես, նոյնիսկ այն երկրին մէջ, որ քու պապերուդ հայրենիքը հանդիսացած է։

Օտարական՝ տարբե՛ր ըլլալուդ պատճառաւ։ Շրջապատէդ տարբեր, նոյն տարածքին վրայ ապրող մեծամասնութենէն տարբեր։

Այս հարցը կը յուզէ մեզ՝ հայերս, բայց ոչ միայն մեզ։

Ահա այդ մասին կը գրէ Փուլիծըր մրցանակին արժանացած վիեթնամցի-ամերիկացի գրագէտ ու Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս Viet Thanh Nguyen («The Model Minority Trap» / «Տիպար փոքրամասնութեան ծուղակը») TIME շաբաթաթերթի 2020 յուլիս 8 եւ 15-ի միացեալ թիւին մէջ։

Վիեթնամէն Ամերիկա ապաստանած իր շատ մը հայրենակիցներուն, ինչպէս իր ծնողքին համար,– կ՚ըսէ գրողը,– օտարականի զգացումէն ձերբազատելու լաւագոյն ձեւը հանդիսացած է մաս կազմել «տիպար փոքրամասնութեան», այսինքն՝ առաւելագոյն չափով նմանիլ տեղացի մեծամասնութեան՝ նուազագոյն չափով զանազանուելու համար անկէ։

Սակայն վիեթնամցիները, ասիացիները՝ ընդհանրապէս, եւ մանաւանդ թխամորթ (brown), մահմետական կամ միջինարեւելքցի փախստականները կամ ներգաղթողները կը շարունակեն զգալ, որ օտար են ԱՄՆ-ի մէջ, որովհետեւ առկայ է ցեղապաշտութեան (racism) ոգին (vibe)։ Իսկ հարցը ֆիզիքական գրոհը չէ։ «Երբեք ֆիզիքապէս յարձակումի չեմ ենթարկուած երեւոյթիս պատճառաւ»,– կը շարունակէ Ինկույէն,– ¦սակայն յարձակումի ենթարկուած եմ ձայնասփռումներու, ձայնասփիւռային անհամ կատակներու, ժապաւէններու վիրաւորական չարամիտ կամ ծաղրուծանակային նկատողութիւններու ցեղապաշտութեան»։ Եւ կ՚աւելցնէ՝ «շատ ասիացի-ամերիկացիներու նման ես ալ սորվեցայ ամօթի զգացում ունենալ այն բաներուն համար, որ ենթադրաբար մեզ օտարական կը դարձնեն՝ մեր կերած-խմածը, մեր լեզուն, մազերու մեր յարդարումը, մեր հագուստ-կապուստը, մեր բուրմունքը, մեր ծնողքը»։

Հետաքրքրական են այս ազդակները, որոնք կը վերաբերին շատ գաղթականներու, յատկապէս անոնց, որոնց արտաքին երեւոյթը կը մատնէ իրենց դրսեցի ըլլալը։ Սակայն անոնք, անոնց մեծ մասը կը վերաբերին նաեւ բոլորին, իսկ կան տակաւին այլ ազդակներ, որոնք նոյնպէս տեղացիներուն մէջ բացասական հակազդեցութիւններ կը ստեղծեն։ Գրողը կ՚անդրադառնայ անոնցմէ ոմանց, ինչպէս ձեռք ձգած յաջողութիւնները, որոնք նախանձ կը յառաջացնեն, ինչ որ պատահած է իր ծնողքին ալ նկատմամբ, երբ կրցած են յաջող ճաշարան մը մէջտեղ բերել։ Ան սակայն չի մատնանշեր յանցագործ խումբերու գործադրած ճնշումները նման յաջողութիւններու հասած «դրսեցիներու» վրայ՝ եթէ նոյնիսկ անոնք քո՛ւ իսկ ազգէդ են, ինչպէս յաճախ պատահեցաւ անկա՜խ Հայաստանի մէջ։ Ան չանդրադառնար նաեւ այլ երեւոյթներու, որոնք շատ անգամ առկայ են ներգաղթողներու մէջ եւ որոնք նոյնպէս բացասական հետեւանքներ կ՚ունենան։ Անոնցմէ՝ ինքզինք գերադաս նկատելը ու տեղացիին վրայ վերէն նայիլը, ինքզինք ամենագէտ կարծելը ու երկրին պայմաններուն եւ օրէնքներուն ընդդիմանալը, մանաւանդ «կրօնական» եւ այլ ժամանակավրէպ աւանդութիւններու կառչիլը, ինչպէս կիներու ստորադասումը, աղջիկ զաւակներու նկատմամբ բռնութիւնները, մարմնական խեղումները, մինչեւ անգամ սպանութիւնները, երբ անոնք չեն ենթարկուիր իրենց հայրերու հրահանգներուն՝ նոյնիսկ չափահաս տարիքին։

Ինկույէն կը վկայէ, թէ ասիացի-ամերիկացներու  «անկարեւորութիւնը եւ մեր պատմական իրավիճակը ԱՄՆ-ի մէջ որպէս մշտական օտարական պատճառներէն մէկն են, որ նախագահը եւ շատ ուրիշներ COVID-19-ը կրնան կոչել «չինական ժահր» կամ  «Kung flu» (Քունկ ֆլու)…

Հակա-ասիական ցեղապաշտութեան հիմքը այն է,– կը բացատրէ յօդուածագիրը,– թէ ասիացիները Ասիոյ կը պատկանին, որքան ալ երկար, նոյնիսկ մի քանի սերունդէ ի վեր անոնք ապրած ըլլան ոչ-ասիական երկրի մը մէջ ու որքան ալ ջանացած ըլլան ամեն ճիգ թափելու՝ փաստելու համար իրենց պատկանելութիւնը նոր երկրին, նոյնիսկ երբ հո՛ն իսկ ծնած են իրենք։

Իրականութիւնը այն է, որ ԺԹ. դարուն ԱՄՆ-ը ներածած է հազարաւոր չինացիներ՝ աշխատցնելու համար անդրցամաքամասային երկաթուղիին վրայ, իսկ երբ իրենց օգտակարութիւնը աւարտած է, անոնք ցեղական դիւականացման ենթարկուած են (are demonized) որպէսզի սպիտակամորթ աշխատողներուն դէմ յանդիման նուազի իրենց մրցակցութիւնը կամ մրցունակութիւնը։ Այսօր ամերիկացիները մէկ կողմէ կախեալ են Չինաստանէն ու ասիական այլ երկիրներէ՝ ձեռք ձգելու համար աժանագին ապրանքներ, որոնց շնորհիւ կրնան ապրիլ իրենց «Ամերիկեան երազը» (American Dream). միւս կողմէ կը դառնան ու կը մեղադրեն չինացիները՝ ամերիկեան գործերու կորուստին եւ տնտեսական մրցակցութեան մէջ ամերիկեան խոցելիութեան համար։

«Ասիացի-ամերիկացիները բռնուած են ընդմէջ այն հասկցումին, թէ անխուսափելիօրէն օտարական ենք եւ այն փորձութեան, թէ կրնանք դաշնակցիլ սպիտակամորթներուն հետ երկրի մը մէջ, որ կերտուած է սպիտակի գերակայութեան վրայ։ Ասոր հետեւանքով՝ հակասեւ (եւ հակաթուխ, հակաբնիկ) ցեղապաշտութիւնը խորապէս ամրագրուած է ասիացի-ամերիկացի համայնքներուն մէջ»։

Ինկույէն կը շարունակէ.– «Եթէ կ՚ուզենք տէր կանգնիլ մեր ամերիկացիութեան, ապա պէտք է անոր տէր կանգնինք իր ամբողջութեանը մէջ՝ իր յոյսով ու կեղծաւորութեամբ, իր շահով ու ցաւով, իր ազատութեամբ եւ իր կորուստներով, իր անկատար միութեամբ ու իր շարունակուող խտրականութեամբ»։

Ամերիկան հիմնուած է բնիկներու նուաճումին ու սեւամորթ ստրուկներու ներածումին վրայ, կը հաստատէ այս լուսամիտ գրողը։ «ԱՄՆ-ը յաջող գաղթարարական ձեռնարկի մը օրինակն է, զոր գաղթարարութեան անունով չենք կոչեր։ Փոխարէն, յաջող գաղթարարութիւնը կը կոչենք “Ամերիկեան երազը”»։

Վիէթ Թանհ Ինկույէնի այս յօդուածին անդրադառնալուս գլխաւոր դրդապատճառը մե՛ր իրավիճակն է, հայերո՛ւս՝ սփիւռքահայերո՛ւս իրավիճակը, որ ի վերջոյ այնքան ալ տարբեր չէ ասիացի թէ այլ տարագիրներու, ապաստանեալներու, գաղթականներու կամ պարզապէս ներգաղթողներու իրավիճակէն։

Ընկերային արդարութեան ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ քիչ չէ թիւը մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք նոյնպէս կ՚իյնան նոյն այդ երկմտանքային ծուղակին մէջ ու ի վերջոյ կ՚ընտրեն նուազագոյն դիմադրութեան ուղին՝ տեղացիին նմանելու, անոր մէջ ձուլուելու եւ ա՛յդ ճամբով նոր միջավայրի «բարիքներէն» առաւելագոյնս օգտուելու համար։

Այս տեսանկիւնէն դիտելու ենք մեր իրավիճակը ու ըստ այնմ մշակելու ենք Հայրենիքէն դուրս ապրելու մեր ռազմավարութիւնը։ Նաե՛ւ այդ տեսանկիւնէն, քանի որ Դատ հետապնդող մեր հաւաքականութիւնը այլ խնդիրներ ալ ունի իր առջեւ, այլ մարտահրաւէրներ ալ, որոնց անդրադարձած ենք ու միշտ պիտի անդրադառնանք։

Ինկույէն կ՚ըսէ, թէ «մարտահրաւէրը թէ՛ ասիացի-ամերիկացի ըլլալն է, թէ՛ անկէ անդին աշխարհ մը երեւակայելը, աշխարհ մը ուր ասիացի-ամերիկացի ըլլալը կարեւոր չէ»։

Մենք կ՚երեւակայենք այն աշխարհը ուր հա՛յ ըլլալն է կարեւորը, ոչ՝ գանատահայ, ամերիկահայ ու նման մասնակի հայ-ութիւն։

Եւ մա՛րդ ըլլալը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles