QUO VADIS…ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՎԱՐՉԱՊԵՏ, ՆԱԽԱՐԱՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

0 0
Read Time:4 Minute, 36 Second

Յ. Պալեան

Դարը մեզ մուրհակ է տալիս,-

բայց այդ փակ մուրհակի հատուցումը
Սերունդնե՛րն են ճշդում ապագայ –

եւ շատե՜րն են սնանկ հռչակուում։

Եղիշէ Չարենց (1897-1937)

 

            Մեր այսօրուան սխալներուն համար պիտի վճարեն մեր յետնորդները:

            «Զարթօնք», Պէյրութ, 25/08/2020. Գէորգ Կիւլիւմեան ընդվզումով կը խօսի Հայաստանի հայերէնի դասագիրքերուն եւ կրթական բարեբախումներուն մասին. Հայ գրականութիւնը եղած է սոսկ գրականութիւն, ՀԱՅը պերճա՞նք է: Կը կարդանք.

«…ծրագրում ի սկզբանէ ներառուած չի եղել հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան որեւէ ներկայացուցիչ: Փոխարէնը ներառուած են ժամանակակից գռեհկաբան, գրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեցող թուղթ մրոտողներ,:… դպրոցական դասագրքերում չներառել Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Օշականը, Համաստեղը, Կոստան Զարեանը, Մնձուրին, Շահնուրն ու միւսները: Ո՞րն է այդ չափորոշիչը, ովքե՞ր են չափորոշիչներ սահմանողները եւ ովքե՞ր են չափորոշիչ սահմանողներին ընտրողները»: … «Հասարակութեան մէջ այսօր շրջանառւում է այն գաղափարը, ըստ որի` դասագիրքը կազմողները միտումնաւոր են արել այդ ընտրութիւնը` նախապէս հրահանգուած լինելով ինչոր տեղից (ընդգծ. Յ.Պ.):… «… Խօսք չեղաւ նաեւ մի շարք մաքուր ազգայնական արեւմտահայ գրողներու մասին, որոնք ներառուած չեն դասագրքերում: Ասենք` Ռուբէն Սեւակը: Չնայած` ի՞նչ կարիք կայ նրա մասին գրելու, երեխաները յանկարծ կ’իմանան, որ թուրքերը 1915 թուականին եղերական մահով սպանել են նրան: Ի՞նչ փոյթ, չէ՞ որ հիմա ոմանք որոշել են ներել թուրքերին եւ լուանալ ՏէրԶօրի արիւնոտ աւազները: Մի պատեհ առիթով սերունդները անպայման կը թքեն դաւաճանների անունների վրայ. Արիւնը ջուր չի՛ դառնալու» (ընդգծ. Յ.Պ.):

            Քաղաքական կեանքի սխալներու ճակատագիրը այնպէս է, որ հազուադէպօրէն սխալ գործողները իրենք վճարեն անոնց գինը, այլ՝ իրենց յետնորդները: Այս ըմբռնումով եթէ դիտենք եւ դատենք քսաներորդ դարու սկիզբէն  մինչեւ մեր օրերը երկարաձգուող հայ կեանքը, Հայաստան եւ սփիւռք, պիտի տեսնենք որ սերունդները ապրած են պաղ ու տաք օրեր: Գործուած են սխալներ: Ճակատագիրը այնպէս է, որ անոնց հետեւանքներուն կրողները եղած են յետնորդները: Ազգովին մեր ներկան գերանցող իմացական բարոյականութիւն եթէ ունենայինք, թերեւս մեր այսօրը երէկուընէ լաւ կ’ըլլար, մեր յետնորդներուն ապագան աւելի լաւ հունի մէջ կը դնէինք:

            Ի հարկէ, այսպէս է նաեւ բոլոր ժողովուրդներու պարագային:

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), փոխանակ օտար աղբիւրներէ ներշնչուելով առաջնորդելու մեր ժողովուրդը, երբեմն լսէինք մեր հարազատ մեծերու խօսքը, կ’ունենայինք պատշաճ վերաբերում մեր ազգային, քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային հարցերուն նկատմամբ: Ազգային առաջնորդութիւնը, բոլոր մակարդակներու, պատասխանատուութիւն է ազգին ներկային եւ ապագային առջեւ: Այսինքն, ղեկավարութիւնները պատասխանատու չեն միայն անմիջական ներկային մէջ, այլ նաեւ՝ վաղը, գալիք սերունդներուն առջեւ, քանի որ զանոնք կը դնեն պարտքի տակ, անոնց կտակ կը ձգեն մուրհակներ, զորս իրենք պիտի չվճարեն: Այս գալիք սերունդներուն չարաշահումն է, անոնց դէմ գործուած չարագործութիւն: Կեանքի եւ լինելութեան մուրհակ:

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), առաջնորդութեան կոչուածներ եւ իրենք զիրենք կոչածներ, անփոխարինելի ե անսխալական համարողներ, եթէ երբեմն կանգ առնէին եւ լսէին վաւերականութեան գաղափարները: Այսպէս, ինչո՞ւ փոխանակ լսելու միայն մի ոմն ամերիկացի, ֆրանսացի, գերմանացի կամ այլ իմաստունը, չտրամադրուինք արտակարգ տեսիլք ունեցած եւ ունեցող մեր հարազատի խօսքը լսելու: Լսելու՝ Եղիշէ Չարենցը, որ գիտցած է գեղեցիկի հետ սեւեռել նաեւ հայու եւ մարդու հոգին, տեսնել մարդկութիւնը:

            Եղիշէ Չարենցի անձը միշտ խռոված է զիս, իր բարդ ներաշխարհով, անհանգիստ եւ անհանգստացնող հոգեխառնութեամբ եւ կեանքի մէջ ըլլալու իւրայատուկ արկածախնդրական ոգիով: Երբ ուրիշներ քառասուն տարեկանին,- տաղանդաւորներու մասին է խօսքը,- նոր կը սկսին իրենց դրոշմը դնել ժամանակին վրայ, Չարենց հեռացած է (զինք հեռացուցած են) այս աշխարհէն, բայց այդ պատճառ չէ եղած, որ իր հզօր խօսքը չշարունակէ ուռճանալ, ծաւալիլ, մնալ դարուն մէջ եւ մնալ դարերուն մէջ, ինչպէս աստուածաշնչական խօսք:

            Եղիշէ Չարենցը պէտք է կարդալ եւ լսել, առանց դասական բանասիրական կաղապարներու մէջ բանտարկուելու: 1897ին ծնած Եղիշէ Սողոմոնեանը քառասուն տարի պիտի ապրէր իր կողմնացոյցը կորսնցուցած դարու մը մէջ եւ այսահար մարդոց հետ, որոնք իր մահէն ետք  ալ շարունակեցին գազազած ապրիլ, զիրար յօշոտելով: Գաղութարարութիւն, երկու համաշխարհային պատերազմներ, գիտութիւնը դարձնելով մարդասպանութեան գործիք, գաղափար եւ գաղափարաբանութիւններ՝ ստրկացման հանդէս: Այդ բոլորին մէջ, ի հարկէ, մեր ժողովուրդը:

            Եղիշէ Չարենց ընդհանրապէս մարդոց եւ հայերու միջինէն անջատուող եւ տարբեր ըլլալու կոչուած խառնուածք եւ ճակատագիր մըն էր: Անհատը գերացնելով հաւաքականութեան ապրումը եւ տեսիլքը խտացնելու եւ արտայայտելու հանճարը ունէր, որ ի վերուստ տրուած շնորհ է: Այդ տեսիլքը Եղիշէ Չարենց կ’ապրէր իր ժողովուրդին, անոր պատմութեան, լեզուին, մշակոյթին, հողին, քաղաքին հետ, այդ ամբողջութիւնը իրեն կը պատկանէր, զայն իր մէջ կը կրէր:

            Այդ արտակարգ հզօրութեան մասնակից պէտք է ըլլան հայը, ի հարկէ, որպէսզի տէր ըլլայ իր ինքնութեան, մարդը՝ ընդհանրապէս, գիտնալու համար, որ շարունակող են, անարմատ բոյսեր չեն:

            Եթէ պահ մը կանգ առնէինք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), դիմէինք Եղիշէ Չարենցի խորհուրդին, առաքինութեամբ մտածէինք իրեն հետ մեր իւրաքանչիւր քայլին համար, ներկան կը գերանցէինք:

            Եղիշէ Չարենց կ’ըսէ.

Դարը մեզ մուրհակ է տալիս,-

բայց այդ փակ մուրհակի հատուցումը
Սերունդնե՛րն են ճշդում ապագայ –

եւ շատե՜րն են սնանկ հռչակուում։

            Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կը մտածե՞նք Չարենցի հետ: Օրինակ, 1922ին դեկրետով մը հայերէնի հարազատ ուղղագրութիւնը (չ)բարեփոխեցին, այլ խորթութիւն ստեղծեցին անցեալի եւ ներկայի միջեւ, նաեւ՝ ազգի հատուածներուն միջեւ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), կամայականութեամբ պարտադրուած մուրհակ, որուն համար դեկրետը ստորագրող Պօղոս Մակինցեանները չվճարեցին, այլ կը վճարեն երկփեղկուած հայերէնը եւ անով ապրելու կոչուած նոր սերունդները:

            Ի՞նչ պիտի շահի հայ ազգը իր նոր սերունդի միտքի տեսադաշտէն դուրս պահելով Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Օշականը, Համաստեղը, Կոստան Զարեանը, Մնձուրին, Շահնուրը, Մուշեղ Իշխանը: Ինչո՞ւ սերունդները պիտի չգիտնան, որ հայու ստեղծագործ հանճարին տապարի հարուած տրուած է 1915ին, այդ հանճարը մարմնաւորող պայծառ դէմքերը ջարդելով… Դանիէլ Վարուժան եւ Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ եւ Գրիգոր Զօհրապ… Վեց հարիւր անուններ եւ մէկուկէս միլիոն ժողովուրդ եւ հայրենահանուածներ: Ի՞նչ բան կ’ուզեն ծածկել, ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ այս անձնատուութիւնը…

            Անդրանիկ Ծառուկեանի բառերը կրկնելով, ըսենք. «Ո՞վ կարող է ժամանակների վճիռը եղծել»… Եւ մտածել Չարենցի հետ, որ՝

                        Սերունդնե՛րն են ճշդում ապագայ –

եւ շատե՜րն են սնանկ հռչակուում։

            Սնանկութիւն՝ որ անհատներէն անդին ազգը կրնայ տանիլ իր յորձանքին մէջ:

            Այսքան պարզ ճշմարտութիւն պէտք է ըսել մեր ժողովուրդին, ներսը եւ դուրսը:

            Բայց մնացա՞ծ են լսողներ եւ ինքնութեան կորուստին դէմ պայքարելու ատակ եւ պատրաստ խելագար ամբոխներ: Միթէ՞ ուշ է:

            Չմոռնալ Ֆետերիքօ Մայորի խօսքը, որ՝ վաղը միշտ ուշ է:

 

 

           

 

 

 

 

           

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “QUO VADIS…ՅՈ՞ ԵՐԹԱՅՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՎԱՐՉԱՊԵՏ, ՆԱԽԱՐԱՐ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ

  1. Աս գրութիւնը շատ հաւնեցայ: Գամերը ճիշդ տեղերուն վրայ դրեր է եւ գլուխնին զարկեր է: Երկու հարցում ունիմ Յ.Պ.-ին: 1.- Արայիկը եւ Նիկոլը Չարենցին մասին լսա՞ծ են: 2.- Չարենցին եւ միւս լաւ գրողներուն գիրքերէն դուրս դնող Արայի՞կը աւելի նշանաւոր է եւ հանճար, չէ ոչ Նիկոլը եւ իր պզտիկ խելքով նախարարները: Եւ հիմա ասոնք ելեր են Իստամպուլի օրէնքները պիտի գործադրեն Հայաստանի մէջ, իրենց խելքերուն հիւանդութիւնը պիտի վարակեն մատ մը մանուկները, ըսելով ,որ պէտք է սէքսի դասեր տանք իրենց: Ասի գորոնայէն աւելի վտանգաւոր է իմ կարծիքովս

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles