ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶԱՏԱՐՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԵԱՆ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 17 Second

Ա.Ա.

Հարաւային Կովկասեան ռազմաքաղաքական ընդհանուր կացութեան մէջ առանցքային են քանի մը գործօններ, որոնք սերտօրէն փոխկապակցութիւն ունին իրարու հետ եւ որոնց միջեւ հաւասարակշռութեան նուազագոյն խախտումն իսկ կրնայ առաւելագոյնս լարել աշխարհագրական տուեալ շրջանին ապահովական իրավիճակը։
Հարաւային Կովկասեան աշխարհագրաքաղաքական դերակատարները յստակ են։ Բնականաբար՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։ Առանց վարանումի անշուշտ՝ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան։ Այս վեցին աշխարհագրական դիրքերը քարտէսին վրայ երկու օղակներ են՝ ռուսական- թրքական- իրանեանը շրջբոլորելով Հարաւային Կովկասեան երեք հանրապետութիւնները։ Ազդեցութեան նուազ մակարդակի դերակատարներ են ի հարկէ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններէն Թիւրքմէնիստանն ու Ղազախստանը։
Երբ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յուլիսեան բախումներէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը հաստատեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ գանգատեցաւ Հայաստանի վաճառուած ռուսական զէնքին համար, առաւել յստակացաւ, որ Տաւուշեան մարտերուն ընթացքին հայկական կողմը մարտավարական ինչպիսի առաւելութիւններ ձեռք ձգած է, եւ որոնց մասին յստակ ակնարկութիւն կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, թէ՝ հայկական կողմին համար մղիչ գործօն մը եղաւ նախկին սահմանակէտը վերագործարկելու որոշումը՝ աւելցնելով,որ նախկին սահմանակէտը ատրպէյճանական կազատարներէն միայն տասնհինգ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։
Ատրպէյճանական կազատարներու երեք գիծեր Պաքուի մօտերէն՝ Կասպից ծովու Սանկաչալ ելակէտէն կ՛ուղղուին դէպի Վրաստան եւ Թուրքիա։Առաջինը կը հասնի մինչեւ վրացական Սուփսա նաւահանգիստը, երկրորդը՝ Վրաստանէն անցնելով կը հասնի Էրզրում, իսկ երրորդն ալ դարձեալ վրացական հողերը կտրելով կը հասնի Թուրքիոյ Ճէյհան քաղաքի նաւահանգիստը։ Այս երեք կազատարներով փոխադրուող ատրպէյճանական կազին արտաբերման, վաճառման եւ շուկայացման գործերով բաժնետէրեր են անգլիական “Պի․ Փի․”, թրքական “Թփաօ”ե, ատրպէյճանական “Սոքար”, մալեզիական “Փեթրոնաս”, ռուսական “Լուքօյլ” եւ իրանեան- զուիցերիական “ՆաՖթիրան” ընկերութիւնները։ Եւ շատ յստակ է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին ակնարկութիւնը, թէ հայկական հին սահմանակէտին վերագործարկումը ինչպիսի իրավիճակ ստեղծած պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ, որ Ալիեւը պիտի մղէր իր մտահոգութիւնները բացէն ի բաց Ռուսիոյ նախագահին փոխանցելու։
Հայկական կողմին մարտավարական այս բացառիկ առաւելութիւնը ահազանգի մատնեց նաեւ Թուրքիան, որ յուլիսեան բախումներուն ընթացքին եւ անոնցմէ ետք աննախընթաց աշխուժութիւն ցուցաբերեց «եղբայրական» Ատրպէյճանի կողքին կանգնելու իմաստով եւ ինչպէս որ հաստատուած իրողութիւն է, թրքական զինուորական ստորաբաժանումներ արդէն իսկ հաստատուած են Նախիջեւանի ինքնավար մարզ,ուր անոնք Օգոստոս 10-ին ժամանած էին՝ թուրքեւատրպէյճանական միացեալ տասնօրեայ ռազմափորձերուն մասնակցելու պատրուակով։Իսկ առաւել կը յստականայ թրքական այս «իրարանցում»ին էութիւնը, եթէ ի մտի ունենանք, որ վերոյիշեալ երեք կազատարներով փոխադրուող բնական կազը Թուրքիոյ տեղական կարիքին մէկ երրորդը կ՛ապահովէ եւ Անգարա բնաւ հանգիստ չէ՝ յիշելով, որ հայկական ուժերը կրնան հարուածել կազատարները այնպիսի զէնքերով,որոնց գործածութեան համար կարիքը չկայ միջպետական համաձայնութիւններով ճշդուած սահմանափակումներու շրջանցման։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար 2016-ին թրքական բանակին սպայակոյտի պետն էր եւ զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք կայացած դատական գործերուն կցուած գաղտնի փաստաթուղթ մը երեւան հանեց թրքական զինուորական ղեկավարութեան համոզումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատերազմի մը պարագային ռուսերը անպայման հայերուն կողքին պիտի կանգնին։ Հետեւաբար պէտք է զօրակցիլ եւ օժանդակել ատրպէյճանական բանակին, որպէսզի կարենայ դէմ դնել հայեւռուսական ճակատին։ Այս գաղափարին տէրը Աքարն է, որ յուլիսեան բախումներուն ընթացքին կարծր դիրքորոշում որդեգրեց Հայաստանի դէմ՝ քանի մը անգամ ալ սպառնական ոճի յայտարարութիւններ կատարելով։ Եւ ահա ան թրքական զօրաբաժանումները հաստատած է Նախիջեւանի մէջ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles