0 0
Read Time:9 Minute, 22 Second

Նարօտ Քէյվանեան

 

Ծ․Խ․- Այս գրական փորձը կը պատկանի երիտասարդ Նարօտ Քէյվանեանին, որ ծնած է Հալէպ (Սուրիա) եւ փոքր տարիքէն մեկնած՝ Երեւան։ Քանի մը տարիէ ի վեր, Նարօտ կը բնակի Տիթրոյթ (Միշիկըն) եւ հոն ալ կը շարունակէ իր ուսումը։ Ան գործօն անդամ է տեղւոյն Հ․Ե․Դ․-ի «Կոպեռնիկ Թանտրճեան» եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղերէն ներս։

Այս գրութիւնը նուիրուած է հայոց քաջերուն, որոնք կառչած սուրբ հողին, կը պաշտպանեն հայրենիքը։ Անցեալ Յուլիս 12-ին Տաւուշի վրայ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումէն ներշնչուած, սուր երեւակայութեան տէր, Նարօտ թուղթին յանձնած է «Անվախներ»-ը։

 

Սարհատ ընդամէնը տասը տարեկան էր, երբ ընտանիքով Հայաստան փոխադրուեցաւ և իր երազներու դրախտավայրը վերջապէս աչքերով տեսաւ ու ձեռքերով շօշափեց…

Սարհատ Յունիսի մէկին, բոլոր երեխաներուն պէս խաղավայր ու զուարճանքի կեդրոն երթալէ առաջ, Եռաբլուր կ՚երթար յարգանքի իր տուրքը մատուցելու… Ան կը զգար, որ ինչ-որ անասելի բարակ թելով մը կապուած է Եռաբլուրին։ Տասնվեց տարին նոր լրացած էր, երբ Եռաբլուրէն վերադառնալով որոշեց Հայկական անձնագիր մը հանել, իր տարեկիցներուն նման հայրենիքի հանդէպ պարտքը կատարելու։ Շատեր կ՚ըսէին խենթ է, ան ալ ոգեւորուած Խենթը կը գլխագրէր ու կ՚ըսէր Րաֆֆիի չափորոշիչով՝ այո՛։ Բանակ մեկնելէն մէկ օր առաջ, բանակի քէֆին, Սարհատ ըսաւ.- «Պայքա՛ր, մայրս ու հայրս քեզի կը յանձնեմ. տղա՛ք, ձեզի ալ՝ Պայքարիս, լա՛ւ նայեցէք անոր, որովհետեւ ապագայ զինուոր է։ Եթէ զոհուիմ՝ թաղմանս Եարխուշտա պարեցէ՛ք, ատանկ տեղ մը կ՚ընտրէք, որ Արարատին միշտ նայիմ, աղջիկներն ալ թող ճակատիս պսակ հիւսեն։ Աստուծոյ սիրոյն, ինծի ծաղիկներ չբերէ՛ք, մօրս կ՚այցելէք»։

Պայքարին արցունքները նկատելով ու կոկորդի ցաւը զգալով՝ Գիւմրեցի Լեռնիկը, որ Սարհատէն մէկ տարի մեծ էր ու քանի մը ժամով քաղաք եկած էր, ըսաւ.- «Ծօ՜, ընենց կը խօսայ՝ մարդ կ՚ըսէ կախաղան տանին կը, հանգստացէ՜, բանակ է էլի, ինձ որ բան չեղաւ, քեզ էլ բան չի լինի։ Էն խեղճ Պայքարին էլ նեղացրիր, չի կարելի, իրա համար չեմ ըսէ, անունն է մեղք, ի՞նչխ կեղնի Պայքարին նեղացնենք, էդիկ պիտի միշտ լենանայ»։ Խնդացին։ Պայքար, որ տասնհինգ տարեկան էր, անդրադարձաւ, որ անունին հանդէպ պարտաւորութիւն մը ունի։  Սարհատի մայրը ներս մտաւ ու ինքզինք լաւ զգաց, որ ժպիտով ու ծիծաղով կը մեկնի իր զինուորը։ Լեռնիկն ու Սարհատը նստեցան ինքնաշարժը, Լեռնիկը ժպիտով նայեցաւ Սարհատի մօրն ու ըսաւ.- «Կը խոստանամ, որ Սարհատին սաղ-սալամաթ ետ կը բերեմ»։ Պայքարը բաժակով ջուրը թափեց։

Եւ այսպէս Սարհատ «գաղափարի մարտիկ»-էն ու «կամաւոր բանակ»-էն անցաւ արդէն շատ փայփայուած հայկական բանակ ու դարձաւ հայոց մարտիկ։

Անցաւ տարի մը. Զօրամասն ու զօրակիցները Սարհատին արդէն լաւ կը ճանչնային։ Ան «պոետ» ածականը ստացած էր այն պարզ պատճառով, որ ազատ ժամերուն կա՛մ գիրք կը կարդար, կամ ալ տուն նամակ կը գրէր։ Բոլորը գիտէին, որ մայրենի լեզուն ու գրականութիւնը Սարհատի թուլութիւնն էին և այդ պատճառով ալ անոր ներկայութեան զգոյշ էին։ Լեռնիկին ու Սարհատին միացած էր Երեւանաբնակ Արցախցի Բեկնազարեանը, որուն ոչ ոք անունով կը դիմէր։ Բեկնազարեանը Արարատը շատ կը սիրէր ու կ՚ըսէր.- «Ես մի օր Արարատ եմ բարձրանալու ու էդտեղից էս անգամ էլ Երեւանով եմ հիանալու»։  Լեռնիկն ալ հարց կու տար.- «Ապ ջան, էդքան լեռներ ունիս, ինչի՞ չես բաւարարուի որ»։

Արեւոտ, պայծառ առաւօտ մըն էր, երբ հրաման առին դիրքեր բարձրանալու։ Լեռնիկ, որ անել իրավիճակներուն անգամ կը կատակէր, ըսաւ.- «Ծօ՜, էս թուրքերն էլ էս ինչ հարամ մարդիկ են, էս լաւ եղանակին մարդ կրակ կը բացէ՞»։ Բեկնազարեանն ալ ջղային ու անհամբեր.- «Մարդիկ՝ չէ՛, թուրքերը՝ հա՛»։ Սարհատ սաստեց զիրենք.- «Տղա՛ք, վե՛րջ, ատենը չէ։ Երթանք-գանք՝ կը կատակենք»։ Լեռնիկը ժպիտով շարունակեց.- «Ծօ՜, դու մաքսիմում նոր գիրք սկսիս։ Է՜, կ՚ըսեմ մաքսիմում, ամենաշատը»։ Սարհատ նախ ժպտաց, յետոյ լուրջ հայեացքով ըսաւ.- «վե՛րջ տուր»։

Հասան խրամատ։ Փամփուշտներուն սուլոցն ու վժոցը ականջներուն այդքան մօտ էին, որ «Կրակ թափիլ» բառակապակցութեան իմաստը Սարհատ հիմա հասկցաւ։  Այդ գիշեր այդպէս անցաւ. Զոհեր չեղան։ Սարհատ հարցուց.- «Տղա՜ք, վախցա՞ք»։ Լեռնիկը՝ «Էս ինչ կ՚ըսես, ծօ՜, ամօթ չե՞ս ընէ, մենք ի՞նչից կրնանք վախենանք, ումի՞ց»։ Բեկնազարեանը՝ «Ես վախեցայ, որ մեր տղերքի արիւնով պահած պոստը էս թուրքերի ձեռը կ՚ընկնի, վախեցայ, որ սրանք մեզ կ՚անցնեն ու կը հասնեն քրոջս, մօրդ ու սաղիս տներին ու հարազատներին»։ Լռեցին։ Սարհատ ըսաւ.- «Այս հողն ու լեռը մեր հայրերն են, իսկ գիւղի աղբիւրն ու գետը՝ մեր մայրերը»։ Լեռնիկը՝ «Պոե՜տ, բա քուրերին ու ախպերներին ինչի՞ չես ըսէ որ»։ Սարհատ՝ «Քոյրերը ծաղիկներն են, իսկ եղբայրները՝ արծիւները»։

Յաջորդ առաւօտ նորէն յարձակում մը եղաւ. ետ մղեցին։ Մթնշաղ էր, երբ սկսան կատաղի մարտերը։ Սարհատ, Լեռնիկ ու Բեկնազարեան հայեացքով անձայն համաձայնեցան վատագոյն պարագային՝ մնացածին հարազատներուն հոգ տանիլ։ Ժամանակը կարծես սառած էր և փոխադարձ կրակը իսկական դժոխքի մը վերածուած։ Յաւերժ բան կա՞յ։ Այո՛, մի քանի յաւերժութիւններ կ՚ապրէին երիտասարդները սահմանին։ Սարհատը կը փորձէր կեդրոնանալ, բայց աչքին դիմաց հերոսներու կերպարներ կու գային, Նիկոլ Դումանէն մինչև Դուշման Վարդան ու Աբաջեան։ Ոգեւորիչ էր՝ միանշանակ, բայց միեւնոյն ժամանակ կեդրոնացումը կը շեղէր։ Լեռնիկը մտովի արդէն իր մանկութեան ընկերներուն՝ Արտակին ու Գէորգին, այս կատաղի մարտը կը պատմէր ու հայրենասիրական կ՚երգէր։ Բեկնազարեանը յանկարծ անդրադարձաւ, որ երկար ժամանակ իր կրկնած նախադասութիւնը մեծ սխալ մըն է՝ «Ես Արցախում եմ ծնուել, Արցախում էլ կը մեռնեմ»: Ի՞նչ յիմարութիւն, Արցախն ու Տաւուշը հայրենի նոյն լեռներն են։ Արցախը Հայաստան է, ի վերջոյ, Արցախի ու Տաւուշի լեռները հայերէն կը խօսին։ Հոն մարդիկ ժպտերես են և կոպիտ։ Ինչո՞ւ…

Այս կրակոցը հազարաւոր այլ կրակոցներէ տարբեր էր։ Ան կոտրեց Սարհատի ու Լեռնիկի անվերջ ժամանակը, բերաւ ներկայ, իսկ Բեկնազարեանի միտքը ընդհատեց,  քրոջ պատկերը յիշեցուց ու սուր ցաւ մը տուաւ, որ ցաւօք քանի մը վայրկեանէ աւելի չտեւեց։

Բեկնազարեանը երբեք Արարատ չի բարձրանար, քրոջը՝ Շուշանիկի, հարսանիքին բարի ժպիտով չի ներկայանար եղեկեցի և նարօտը քրոջը գլխուն դրած վայրկեանին աչքերը չեն արցունքոտիր. Արցախը Հայաստանի վերջնականապէս միացած չի տեսներ ու ընկերներուն չի հասցներ պատմել, որ իրենց մտածածը յիմարութիւն էր. Բեկնազարեանը իրենց կողքի գիւղի աղջկան չ՚ըսեր, որ ցուրտ օրերուն անոր մասին կը մտածէր, որպէսզի տաքնայ, չի հասցներ ըսել, որ շատ երկար սպասած է, որ զինք գրկէ,  որ իրմէ աղջիկ մը կ՚ուզէ ունենալ և մօր անունով կնքել։ Բեկնազարեան մօրմէն վերջին անգամ ներողութիւն չի խնդրեր ուշ տուն գալու ու ոտքերը յաճախ առանց լուալու անկողին մտնելու համար։ Բայց Բեկնազարեան յոյսը կը հասցնէ ընկերներուն վրայ դնել և մտովի յիշեցնել իրենց լուռ պայմանաւորուածութեան մասին։

Սարհատ սառած վիճակ մը ունէր, հրամանատարին կոչերը կը լսէր և ինքն իրեն ալ կ՚ըսէր՝ շարժի՛ր, զէ՛նքդ առ, կրակէ՛։ Մարմինը չէր ենթարկուեր։

Լեռնիկն ալ հակառակը՝ անբնական եռանդով զինուած խրամատէն դուրս կը նետուի ու կը սկսի աջ ու ձախ կրակ բանալ։ Հրամանատարը  Լեռնիկին թեւէն կը քաշէ, կ՚իջեցնէ խրամատ, իսկ Սարհատին երկու ապտակով ուշքի կը բերէ։ Սարհատն ու Լեռնիկը կ՚անցնին կատաղի մարտին, բայց այս անգամ կեդրոնացած և հաւասարակշռուած։ Անոնք ո՛չ միայն իրենց դիրքը կը պահեն, այլ առաջանալով «Անվախ» դիրքը կը գրաւեն, որուն վրայ Եռագոյնը կը պարզեն և ծառ մը կը տնկեն։ Տղաներէն մէկը կ՚ըսէ.- «Տղէ՜ք, էնքան ուրախ եմ, ոնց որ Արարատի վրայ պարզած լինենք էս դրօշը»։ Սարհատն ու Լեռնիկը տխուր հայեացք մը կը փոխանակեն և կարծես անգամ մը եւս Բեկնազարեանը կը կորսնցնեն։

Արարա՜տը, Բեկնազարեա՜նի Արարատը…

Կորուստի ցաւն ու ուրախութիւնը իրար անցած էին. Սարհատ անոնց ալիքներուն մէջ կարծես կը խորասուզուէր, երբ սկսան «Լեռան լանջին» երգել և կրակել։

Քանի մը ժամ չանցած՝ դեռ լուսաբացին, վերսկսան կրակոցները, այս անգամ տղաքը աւելի ինքնավստահ էին ու աւելի կազմակերպուած, յարձակման տրամաչափը աւելի մեծ էր, բայց կարծես թշնամին իր մարտունակութիւնը կորսնցուցած էր։

Ցաւի յառաջանք մը լսուեցաւ. Լեռնիկ վախով նայեցաւ Սարհատին, որուն թեւէն կարմիր գետ մը բուն կ՚առնէր. վազեց ընկերոջ մօտ ու արիւնահոսութիւնը կասեցնելու ժամանակ զգաց թէ ինչպէ՛ս փամփուշտ մը մարմնին մէջ կը մխրճուի. աչքերը փակեց և արիւնը միախառնուեցաւ Սարհատի արեան հետ։ Լեռնիկի դէմքին արիւնոտ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ…

Սարհատ ճերմակ լոյսեր տեսաւ՝ մտածեց, որ մահը ճերմակ գոյն ունի և երբ յաջորդ անգամ աչքերը բանայ, հսկայ դատաւորի մը առջև պիտի ըլլայ։ Հասկցաւ, որ կը սխալի, երբ ռումբի պայթիւնը հիւանդասենեակի ապակիները փշրեց։ Ուզեց ոտքի ելլել, բայց մարմինը կարծես անկողնին գամուած ըլլար։ Լեռնիկին մասին մտածեց և կողքի անկողինները դատարկ տեսնելով՝ անասելի տկար զգաց ինքզինք։ Սարհատի հոգին կը մաշէր մտածումներէն… Արդեօք Լեռնիկը հիւանդանոց տեղափոխեցի՞ն, արդեօք ուրի՞շ գիւղ մը տարին, արդեօ՞ք…

Սարհատ յիշեց Բեկնազարեանին. գուժա՞ծ էին, ո՞վ և ինչպէ՞ս սեւ նամակն ու արիութեան մետալը տուն պիտի տանէր։ Կը պատկերացնէր արդէն ընկերոջ նկարը պատէն կախուած, ժպիտը՝ դէմքին անմահացած։

Երկու օր անց, Սարհատ դուրս եկաւ գիւղէն և ուղղուեցաւ դէպի խրամատ։ Անհամբեր կ՚ուզէր ընկերը գտնել, երբ հրամանատարը ըսաւ, որ ի զուր կը շտապէ և թուղթ մը երկարեց։ Բացաւ նամակը ու առաջին բառէն իսկ լսեց Լեռնիկին ձայնը։ Իրեն այնպէս թուեցաւ, որ Լեռնիկն էր կարդացողը։

«Եթէ էս նամակը հասնի մօտդ ես Բեկնազարեանի մօտ եմ գնացել, էլ չեմ գալու, բայց դու ախպերական տուն կը գնաս, մօրդ բան եմ խոստացել, չանեմ՝ ամօթ է. կ՚ըսէ՝ ըսաւ ու չարեց։ Մէկ էլ մի խնդրանք՝ ինձ ու Բեկնազարեանին միասին կը թաղէք։ Տո՜ւն գնա, ընկե՛րս»։

Մտածեց՝ Լեռնիկ այլևս չկար, մտաբերեց Քանաքեռաւանի խարոյկն ու յեղափոխական երգերը։ Քանի՜ անգամ արշաւին, երբ ոտքը սայթաքած էր, Լեռնիկ միշտ բռնած էր զինք։ Քանի՜ անգամ միջոցառումներուն Լեռնիկ խենթութիւն մը ընելով տրամադրութիւն բարձրացուցած էր։ Քանի՜ անգամ ինքզինքը ատամի մածուկի մէջ տեսնելով՝ Լեռնիկի քնապարկը մինչև վերջ կոճկած էր։ Քանի՜ անգամ պատժուած էր Լեռնիկի պատճառով ու Լեռնիկն ալ՝ իր։ Քանի՜ անգամ մինչև ուշ գիշեր խնդացած էին Լեռնիկի կատակներուն…

Ուժասպառ գետին նստեցաւ. ցաւէն կը մղկտար ու լացը կոկորդը կը խեղդէր։ Հրամանատարը գրկեց զինք ու ճակատը համբուրեց, կարմրած դէմքը ափերուն մէջ առաւ ու ըսաւ.

-Պատերազմ է, տղես, պատերազմում մենակ կորցնում են։

=եթէ պիտի միայն կորուստներ տանք, ինչո՞ւ կը պատերազմինք։

_Որ աւելի չկորցնենք,- հանդարտ պատասխանեց հրամանատարը։

Սահմանը համեմատաբար հանդարտ էր, կրակոցները՝ հատ ու կենտ։ Զոհուած տղոց թաղման զինուորական համազգեստով էր Սարհատ։ Լեռնիկի կտակին համաձայն՝ երկու ընկերները միասին թաղեցին։ Արտակի ու Գէորգի, ներկայութիւնը կը սփոփէր, իսկ Շուշանիկի ներկայութիւնը շնչահեղձ կ՚ընէր զինք։ Երեքը միասին մօտեցան ցաւակցելու Շուշանիկին, որ գրկեց Սարհատին և ըսաւ, թէ Շահէն շատ պատմած էր իր մասին։

Շահէ՞ն, Բեկնազարեանի անունը Շահէն է, աւելի ճիշդ՝ էր։ Այդքան քնքոյշ հնչեց անոր շուրթերէն Շահէն անունը. Սարհատ ափսոսաց, որ Բեկնազարեանին անունով չէր դիմած։ Յիշեց իրենց լուռ համաձայնութիւնը… Կը նայէր Արարատին և չէր կրնար Բեկնազարեանն ու Լեռնիկիը առանձնացնել Արարատէն։ Սարհատ հիմա հասկցաւ իր կապը Եռաբլուրին հետ և իր գտաւ բարակ անասելի թելը

Սարհատի մտորումները ընդատուեցան Եարխուշտայի ելեւէջներով. ապշահար ետ նայեցաւ ու տեսաւ, որ Բեկնազարեանի ու Լեռնիկի հայրերը Եարխուշտա կը պարեն։ Պայքար մօտեցաւ Սարհատին ու ըսաւ «…Եթէ զոհուիմ՝ թաղմանս Եարխուշտա պարեցէ՜ք, ատանկ տեղ մը կ՚ընտրէք, որ Արարատին միշտ նայիմ, աղջիկներն ալ թող ճակատիս պսակ հիւսեն…», քու խօսքերդ չե՞ն, վստահ եմ որ Լեռնիկն ու Բեկնազարեանն ալ նոյնը պիտի ըսէին։ Պայքարն ու Սարհատը սկսան պարել. իրենց միացան Արտակն ու Գեւը և հերթով՝ բոլորը։ Աղջիկները կը փորձէին պսակ հիւսել իրենց գտած ծաղիկներով ու մեղմ կ՚երգէին

«…Հիւսենք պսակ նրանց ճակտին՝ վարդ, մանիշակ, մեխակից. Երդուենք նրանց յիշատակին չվախենալ տաճիկից…»։

Իսկական հարսանիք էր, տղոց դէպի երկինք ու դէպի «մեծ երամ» կը ճանապարհէին…

Սարհատ վերադարձաւ այն սահմանապահ գիւղը, ուր քանի մը օր հիւանդ պառկած էր. խաղաղ օրերուն պատերազմը կը վերապրէր։

Գիւղէն մանչուկ մը մօտեցաւ.

– Ախպե՛ր, դու էս գիւղից չե՞ս, չէ՞։

= Չէ, մա՜նչս, ինչո՞ւ կը հարցնես։

-Սփիւռքի՞ց ես։

= Էի, այլևս ոչ, բայց ինչո՞ւ կը հարցնես։

– Անծանօթ դէմք տեսայ, ասեցի ճշդեմ, ի՞նչ ես կորցրել մեր գիւղում։

Սարհատ վայրկեանի մը մէջ բոլոր կորսնցուցածները կարծես անգամ մը եւս կորսնցուց, բայց ուժ գտաւ ժպտալու և «Անվախ» դիրքը մատնանշեց։ Տղան ապշահար հարցուց.

-«Անվախ» դի՞րքը։

= Եռագոյնի ետեւի փոքրիկ ծառը կը տեսնե՞ս։

– Հա՛։

= Այդ ծառը ընկերներս ու ես միասին տնկած ենք։ Այդ ծառն է, որ գտած եմ, ոչ թէ կորսնցուցած։

– Դո՞ւ էլ ես կռուել։

= Այո՜։

Տղան գրկեց Սարհատը ինչպէս հարազատ եղբայրը ու ըսաւ.

-Դու շատ բան կորցրած կը լինես։ Շնորհակալ եմ, որ պաշտպանել ես մեր գիւղը, բայց յաջորդ անգամ, որ հարցնեն՝ էս գիւղից ես, թէ չէ՝ կ՚ասես «Անվախ»-ից ես։

Այս մանչը Սարհատի դէմքին մեծ ժպիտ մը գծագրեց, իսկ Սարհատ՝ անոր հոգւոյն մէջ սահմանին կանգնած խորարմատ ծառի մը պատկերը…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles