Յ. Պալեան
Ազգային մշակոյթի եւ ինքնութեան դէմ նախայարձակումը կու գայ նախ մեր ժողովուրդէն, ինչպէս կ’ըսուի՝ իւրայիններէն: Այս՝ ներսը եւ դուրսը: Իրատեսութեամբ մենք մեզ քննադատենք՝ յաջողելու նպատակով:
Պատմութիւն անցած եւ դեռ տեւող հայութիւնը, ինքնուրոյն ազգ մնալու համար յարափոփոխ աշխարհի մէջ, այսօր եւ վաղը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հեռանկարային ընտրանք եւ ընդհանրական ծրագիր պէտք է մշակէ եւ ընդունի, գերանցելով անցեալի ճիշդի ու սխալի վէճը, ներկայի տաբերութիւններն ու տարակարծութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք: Պէտք է դադրինք մենք մեզի դէմ չարագործութիւն ընելէ: Տեւաբար գործուած սխալներու եւ թերացումներու մասին խօսելով, զանոնք պառակտումներու պատճառ-պատրուակ դարձնելով, մենք մեզ կ’ամլացնենք, մեր ուժերը կը մսխենք:
Պիտի հասկնանք, որ ղեկավարներ եւ իշխանութիւններ ժամանակաւոր են, անոնք կոչուած են ազգի եւ ժողովուրդի գոյապահպանման, ինքնութեան հարազատութեան եւ բարօրութեան ծառայելու: Այս ըմբռնումով պէտք է վստահիլ-չվստահիլ անոնց եւ գնահատել: Այս ընելու համար անհրաժեշտ է ազգային գիտակցութիւնը վառ պահել, զարգացնել, պայքարելով ամէն կարգի նախայարձակումներու դէմ, անոնք ըլլան ներքին թէ արտաքին, միտումնաւոր թէ անգիտութեամբ: Ամէն կարգի նախայարձակումներու դէմ յաջող պայքար մղելու համար, անհրաժեշտ է ներքին ճակատը ամրացնել, մեր գործած սխալները սրբագրել եւ զանոնք չօգտագործել թշնամութիւններ հրահրելու, յաճախ եսասիրական-դիրքապաշտական մղումներով, ունենալ տոկալու, տեւելու եւ յաջողելու տեսիլք, ինչ որ կարելի է իրականացնել միացումով, ուժերու մէկտեղումով:
Ինքնապաշտպանութիւնը միայն ռազմի դաշտին վրայ տեղի չ’ունենար: Ան ամէն օր տեղի ունեցող պայքար է սահմանին վրայ, ի հարկէ, բայց նաեւ տան, թաղին եւ հանրակառքին մէջ, դպրոցը, համալսարանը, շուկան, մարզադաշտին վրայ, գտնուինք հայրենիք, թէ աշխարհի ոստանները, հեռու եւ մօտ: Այս պայքարը ամէն օր է, ամէն ժամ, քնացած ըլլանք թէ արթուն, քանի որ գոյութենական խնդիր է, եթէ համաշխարհայնացումը եւ անոր հունով ընթացող ընդարմացումը մեզ չեն հասցուցած տեսակ մը բուսական կեանքի վիճակի, երբ արդէն չենք անդրադառնար, որ չենք հակազդեր, կրաւորական դարձած ենք, նոյնիսկ եթէ երբեմն օրուան պատշաճ մեծխօսիկութիւններով մենք մեզ եւ մեր շրջապատը ոտքի կը քնացնենք:
Ֆիզիքական գոյապահպանական ենթահողը Հայրենիքն է,- որ մեր պարագային Հանրապետութենէն տարբեր ըմբռնում պէտք է ըլլայ,- ուր մենք կրնանք մենք ըլլալ: Այս ըմբռնումով պէտք է վերականգնել եւ ապրեցնել հայրենիքը, որ տարբեր աշխարհագրութիւն է երէկի եւ այսօրուան հանրապետութիւններէն: Հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս, որպէսզի մենք կարենանք մենք ըլլալ, պէտք է կառչինք ազգային գաղափարախօսութեան, որ կը կենսագործուի լայն առումով մշակութական ազդակներով, որոնք ստեղծուած են ապրող ազգին հետ, որոնք են լեզու, գրականութիւն, կրօն, բարքեր, աւանդութիւններ: Ազգի աշխարհագրութիւնը, ըլլայ թագաւորական շրջանի Հայաստանը, Կիլիկիան թագաւորութիւնը, վերջին հարիւրամեակը իր պատմութեամբ եւ հանրապետութիւններով, անցանկալի բայց ազգային իրողութիւն սփիւռք(ներ)ով, մէկ պէտք է տեսնել:
Ազգային գաղափարախօսութիւնը կը կերտուի ինքնութեան պատուանդանին վրայ:
Անինքնութիւն մարդիկ եւ զանգուածներ կրնան խօսիլ ծագման, լաւ ապրելու իրաւունքի մասին, նոյնիսկ թաքնուիլ պետութիւն կառոյցի ետին:
Միամիտ չըլլանք: Անցեալին եւ այսօր տիրակալներ միշտ ունեցած նոյն տրամաբանութիւնը, ուզած են ջնջել տարբերութիւնները. Հռոմը, Պարսկաստանը, Թուրքիան, Ռուսիան, Սովետը այսօր ամէն օր քիչ մը աւելի իրականացող Ճորճ Օրուէլեան համաշխարհայնացումը, անանուն եւ անանցեալ թուանշաններու մարդկութիւնը:
Տարբերութիւնները ջնջելու տրամաբանութիւնը միշտ ներկայ է, զանազան ձեւերով, մեղմ, բիրտ, մեծ տեսութիւններով սնանող. անդասակարգ ընկերութիւն, մէկ լեզու, սահմաններու վերացում: Միշտ հզօրին ի նպաստ: Մեր ժողովուրդը, կամայ ակամայ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զանազան ձեւերով, բռնուած է այդ ջրապտոյտին մէջ: Իսկ մենք կ’ուզե՞նք ազատիլ, մեր գլուխը վեր պահել ջրապտոյտէն, թէ՞ կը յանձնուինք սպառողական անինքնութիւն քաղաքակրթութեան յորձանքին:
Կրկին եւ կրկին պէտք է մտածել Գրերու Գիւտի գլխագրուած Հրաշքի մասին: Ի՜նչ արտակարգ եւ օրինակելի դատողութիւն ունեցած են Ե դարու քաղաքական, կրօնական եւ եկեղեցական ՄԵԾ ԴԷՄՔԵՐը, որոնք պատմութեան աստեղային անկրկնելի պահուն,- եթէ կ’ուզէք քիչ մը աւելի հասկցուիլ ըսէք՝ մոմենտում,- շատերու կողմէ երազուած բայց չիրականացող ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՄՔՈՎ, մեր ժողովուրդին պարգեւեցին ՀԱՅ ԳԻՐԵՐը, որպէսզի շրջապատի հզօր ուժերը մեզ չկլանեն: ԴԻՄԱԴՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ: Այսօր՝ հասկնալի բայց անընդունելի պատճառներով՝ այդ յաղթանակի պատնէշի ետին հետզհետէ նուազ կը կանգնի սփիւռք(ներ)ը,- դիմադրող փոքրամասնութիւնը պէտք չէ շփոթել ծովացած մեծամասնութեան հետ,- բայց նաեւ Հայաստանի բեկոր Հանրապետութիւնը, արդիականացման եւ կապկումի հեւքով:
Գրերու Գիւտը հանդիսացաւ ձուլման դէմ հզօր զրահ:
Տիրողներ, տիրակալ դրացիներ, հայ դպրոցներ փակեցին,- յիշե՛լ ցարի հրամանով հայկական դպրոցներու փակումը,- հայերէնը ուզեցին արգիլել, Հայաստանի մէջ ռուսական դպրոցներ հաստատեցին, յայտարարելով՝ որ իւրաքանչիւր սովետ քաղաքացի պէտք է սորվի ռուս մեծ լեզուն (Ստալինէն Պրեժնեւ): Հիմա, համաշխարհայնացումը (կլոպալիզիցիա) կը սպառնայ հայերէնի որպէս կենդանի լեզու գոյութեան, միջազգայնացած եւ այդպէս ընդունուած անգլերէնի ճնշման տակ:
Երէկ սպառնալիքը ռուսերէնն էր, այսօր՝ համատարած ամերիկերէնն է, որուն անձնատուր կ’ըլլանք՝ վասն արդիականութեան եւ… յաջողութեան, մեծամասնութեան մաս կազմելու համար համար: Միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Կը բաւէ Երեւանի եւ Հայաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ թափառիլ ու դիտել ցուցանակները, երբ համեստ նպարավաճառն անգամ դրան վրայ կը գրէ open-close, կարծէք հոն ամերիկացի զբօսաշրջիկներ վխտան: Հարց պէտք է տալ, թէ հզօր ուժե՞ր կ’ուզեն մեզ այլասերել, հեռացնել մեր արմատներէն, թէ՞ մենք դարձեր ենք անուղղայ օտարամոլներ՝ վասն արդիականութեան եւ ցուցամոլիկութեան:
Համախմբումներու եւ հանրաժողովներու ընթացքին, ներսը եւ դուրսը, կը սիրենք ճառել հայ մշակոյթի արժէքի, դերի, հզօրացման եւ զարգացման մասին, աղաղակելով, որ անոր հարազատ նկարագրի պահպանումը երաշխիք է մեր ինքնութեան, որպէս ինքնուրոյն ազգ գոյատեւման: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը այս ըմբռնումով յաճախ խօսեցաւ: Բայց ինքնութեան կռուան հանդիսացած եւ եղող հայերէնը ստորադասուեցաւ այլ նկատումներու, ան անկարեւոր համարուեցաւ գիտական առարկաներու ուսուցման համար համալսարաններուն մէջ, որպէսզի գիտութեան ուսուցումը ունենայ յաւելեալ որակ, քանի որ որակեալ գիտութիւնը համաշխարհայնացած է, նոյնիսկ աւելի մեծ եւ հզօր երկիրներու մէջ, ինչպէս Ֆրանսայի, ուր գիտական համագումարներու կը խօսին ամերիկերէն, տեղեկատու պրակները կը հրատարակուին ամերիկերէնով: Գոյութենական ու ազգային ինքնութեան պահպանման խնդիր ունեցող պետութիւնը քայլ կը պահէ անձնատուական այս չակերտեալ յառաջդիմութեան հետ: Ֆրանսան կրնայ դիմադրել, քանի որ իր ետին ունի բազմաթիւ քաղաքներ, Ֆրանսա Փարիզը չէ միայն: Ի՞նչ կրնայ ըլլալ Հայաստանի ապագան, որ գրեթէ միաքաղաք երկիր է:
Ոչ ոք թող մտածէ, թէ ընդհանուր առմամբ մերժելի է օտար լեզուներու ուսուցումը: Այդ ուսուցումը հարստացում պէտք է ըլլայ, բայց ոչ ի հեճուկս մայրենիին: Մայրենիի երկրորդականացումը, անտեսումը, անպէտք եւ արգելք համարումը արդիականացման, այս ալ պետական կազմակերպութեամբ, անորակ քաղքենիացումով, ազգի նկարագիր փոխելու ծրագիր է: Սփիւռք(ներ)ի մէջ, կամայ ակամայ, բացառութիւնները նկատի չառնելով, Շաւարշ Միսաքեանի բնորոշումով, քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս, կարեւոր համեմատութեամբ, «հաց պանիրի հայերէն» կը պահուի: Զանազան կապկումներով, տուրք տալով համաշխարհայնացման եւ անոր պարտադրած միօրինականացման, վերջապէս անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանի՞ մէջ ալ հող պիտի պատրաստենք «հաց-պանիրի հայերէն»ը բաւարար համարելու:
Եւ յետո՞յ…
Համաշխարհայնացման լեզուի ոդեգրումէն ետք, բախտաւոր պարագային, հայերէնը պիտի դառնայ տեսակ մը գաւառաբարբառ, ինչպէս Արցախի, Քեսապի, Չմշկածաքի, կամ այլ բարբառ:
Ո՞վ մեզմէ կը պահանջէ այս այլասերումը, կամ մենք ինչո՞ւ օրէնքի եւ կրթական ծրագրի կը վերածենք այլասերումը:
Ի հարկէ պէտք է հաղորդուիլ տարբեր ժողվուրդներու գրականութեամբ, բայց առաջնահերթիւնիւն պէտք է տալ մեր ազգային նկարագրով ՀԱՅ գրականութեան ուսուցման, քանի որ անոր մէջ նորերը կը գտնեն ինքնութեան կռուանները: Ռաֆֆիի գրականութիւնը ընդհանրապէս գրականութիւն չէ, ան հայու հայ գրականութիւն է, Թումանեանի, Վարուժանի, Չարենցի, Կոստան Զարեանի, Համօ Սահեանի գրականութիւնը Զանզիպարի կամ Զոնկուլտաքի գրականութիւն չէ: Հայ գրականութիւնը հայելի է, որուն մէջ սերունդները իրենք զիրենք կը տեսնեն, հայը կը տեսնեն: Միջազգային գրականութիւնը միշտ օգտակար է եւ կարեւոր, որպէսզի սերունդները հայուն հետ տեսնեն նաեւ մարդը, բայց ոչ ստորադասելով կամ անգիտանալով հայը:
Մեծ ժողովուրդները իրենց գաղութարարական հակումներուն հետ գաղութացուցած են տիրապետուածները՝ իրենց մշակոյթով:
Կրթութիւնը հարազատ եւ նկարագիր կերտող ըլլալու համար նախ պիտի ըլլայ տիրական կերպով ազգային, որպէսզի հետագային այլ լեզուներ եւ մշակոյթներ ճանչնալու պարագային, սեփականը անհետացման չդապարտուի, չդառնայ զբօսաշրջիկ զուարճացնող սոսկ ֆոլքլոր:
Ֆրանսայի մէջ, Գրականութեան ուսուցումը մինչեւ երկրորդական վարժարանի աւարտը, էապէս ֆրանսական գրականութիւն է, ազգային գրականութիւն, ընդհանրապէս գրականութեան ուսուցում չէ: Տիրապետելէ ետք ազգային լեզուին եւ անով հասած գրականութեան, ուսանողը, օտար լեզուի ուսուցման հետ, աստիճանաբար կը ծանօթանայ օտար գրականութիւններու, ուղղակի բնագրի լեզուով, եթէ այդ լեզուն կը սորվի կամ սորված է, կամ որակաւոր թարգմանութիւններու ճամբով:
Մեր պետութիւնը ամրանալու համար ինքզինք նախ պէտք է հաստատէ սեփական ըմբռնումներու եւ արժէքներու վրայ, որ այլամերժութիւն չէ, այլ ըլլալ զօրաւոր եւ պատրաստուած ուրիշներու հետ ըլլալու, առողջ համակեցութեան համար:
Պարզ պէտք է ըլլայ, սեփականի անտեսումը եւ լքումը մեզ կը դատապարտէ հոգեկան եւ իմացական գաղութացման, որուն յաջորդ հանգրուանը ընկեցիկի նորի մը սկիզբը կ’ըլլայ ուրիշի մէջ, բայց ոչ հարազատի շարունակութիւն:
Պէտք է խօսիլ մեր ժողովուրդին, դիմել անոր ողջմտութեան, ի վերջոյ ան է դատաւոր:
Հարազատ մտաւորականը եւ հայ հրապարակախօսը, ներսը եւ դուրսը, առանց իշխանաւորներուն կարծիքը անպայման ճիշդ եւ օգտակար համարելու, առանց «սալամ ալէք» ընելու, արեւուն տակ անկիւն մը ունենալու սեթեւեթի, պէտք է գիտնան տէր կանգնիլ ազգային հարազատին եւ ժողովուրդը տէր դարձնեն այդ ժառանգութեան:
Մշակոյթ, ինքնութիւն եւ արժէքներ սակարկելի չեն, պէտք չէ ըլլան, վասն արդիականութիւններու (մօտայիկի) եւ կապկումներու:
Այսօր Փարիզի Փէր Լաշէզ գերեզմանատունը գացեր էինք ուխտաւոր պէս, ութը հոգի, հակառակ պսակաձեւ ժահրին, Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմին յիշելու ծաղիկ տանելու համար, Ահարոնեանին՝ որ նաեւ հայ եւ հայերէն գրող է, հայու մեր կեանքը սեւեռած գրող:
Մեղանչո՞ւմ կ’ըլլայ հարցնել, որ Հայաստանի ղեկավարութենէն, ժողովուրդէն, գրասեղաններու ետին գտնուող աշակերտներէն քանի՞ հոգի տարին գէթ մէկ էջ Ահարոնեան կը կարդայ:
Նոյն հարցումը նաեւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւն-էսթէպլիշմընթին եւ ամէն կարգի համացանցի ինքնագոհ փրկարար-տեսաբաններուն:
Տէ՞ր ենք մեր ժառանգութեան եւ ազգ մարմնաւորածներու կտակին:
Հարիւր տարի առաջ, բազմաթիւ երկիրներ, արդարութեան համար Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած էին, խոստում եւ մուրհակ՝ մեր ժողովուրդին:
Այդ երկիրներու շարքին, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Իտալիան եւ ուրիշներ: Երբ Թուրքիան կը դատափետենք, պէտք չէ մոռնանք երկու խօսք ալ ըսելու այդ երկիրներուն:
Վաղը, 10 օգոստոս, Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակ: