ՓՈԹՈՐԻԿԷՆ Ե՞ՏՔ

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրախալի է տեսնել մանուկներուն վազվզուքը, խաղերը բակերուն ու տալաններուն, այգիներուն ու խաղավայրերուն մէջ, լսել անոնց հաճելի ձայները, դիտել նաեւ պահուըտուքը, տուն-տունիկը, ուսուցիչն ու աշակերտը, գնդակի խաղերը… բաներ, որ մտածել կու տան, թէ կեանքը բնականոն հունին մտնելու ճամբան բռնած է. համավարակին մասին ծանուցուած թիւերը նոյնպէս դրական մտածումներ կ՚առաջացնեն եւ փոթորիկէն ետք սեւ ամպին փարատումը կը պատկերացնես պահ մը չորս դիդ անցած դարձածը տեսնելով, բայց, շատ չանցած, ձայները ժխորի կը վերածուին եւ համերաշխօրէն խաղացող մանուկներուն պոռչտուքը, վէճը ունկեր կը խլացնեն եւ դուռ ու պատուհան գոցելով մեկուսարանդ քաշուիլ կ՚ուզես:

Այսպէս չէին անոնք անցեալ տարի, կամ թերեւս չենք հանդուրժեր ժխորը, ձայները: Ամիսներու մեկուսացումէն ետք կարծես կորսուած է հանդուրժողականութիւնը. «մի՛»երու ազդեցութիւնն է, որ ակնյայտօրէն կ՚երեւի մանուկներուն շարժուձեւերէն, խաղերէն: Մութ բանտախուցէն արձակուած, ամիսներէ ի վեր լոյս չտեսած, ջերմութեան իմաստը կորսնցուցածներու կը նմանին:

Փոթորիկին ազդեցութիւնն է, անոր փլած բարիքները, արմատախիլ ըրած դալարութիւնը…, կը վերազարթնի՞ ամէն ինչ, յուսանք:

-Դիմակդ պահիր, էլի՛, թէ չէ տուն կը գաս:

Կը սաստէ մայր մը պատուհանէն:

-Չեմ ուզում խաղամ, մա՛մ, բոլորը վիճում են,- կը պատասխանէ պատանին եւ դիմակը բռնած կ՚ուղղուի տուն:

Ասիկա միայն մեր թաղամասին մէջ անցած-դարձածն է, հապա ինչե՜ր տեղի կ՚ունենան մեկուսարաններուն դռները բացուած աշխարհի երկիրներուն մէջ կամ տեղի ունեցածները արդեօք այս պզտիկ պատկերին ընդարձակները չե՞ն:

Հարիւրամեայ թշնամանքը գլուխ ցցեց եւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ առերեսուեցեան հակառակորդներ, նոյնիսկ անմեղ կեանքեր խլուեցան եւ ջղագրգիռ վիճակը չենք գիտեր ե՞րբ կամ ինչպէ՞ս պիտի հանդարտի:

Տասնամեակներէ ի վեր օդին մէջ պտտող պարոյկները կարծես պատասխան, լուծում կ՚որոնեն, եզրայանգում մը, վերջակէտ մը գտնելու յոյսով:

Բայց բախտաւոր են այս մանուկները, որ դուրս ելլելու առիթը ընծայուած է իրենց եւ սկսած են թօթափել ներսի կուտակները, անդին տակաւին կան տուներէն ամիսներէ ի վեր դուրս չելլողներ եւ չես գիտեր ինչպէ՞ս անոնցմէ ոմանք վարակուածներու ցանկին մէջ են, հակառակ իրենց ծնողաց բծախնդիր հոգածութեան: Առեղծուած մըն է այս հիւանդութիւնը:

… Եւ կը շարունակուի տարածուիլ համավարակը, կը շարունակէ այցելել իրեն ոտքի կոխան չդարձած վայրերը, եռաժանիքը պարզած կը հնձէ աջէն-ձախէն. «Հոս ալ վիճակը պիտի բարդանայ, սկսած է վարակը արագ տարածուիլ, «արեւահարութենէն կը յառաջանայ» կը յայտարարեն, զգոյշ պէտք է ըլլանք եւ զօրաւոր արեւուն տակ դուրս չելլենք. մենք ալ պիտի սկսինք դիմակ կրել», կը յայտնէ սրդողած բարեկամ մը Հալէպէն:

Իսկ Պէյրութի մէջ պատահածը անցաւ արհաւիրքէն շա՜տ անդին եւ կարմիրին, նարըն-ջագոյնին, մանիշակագոյնին, վարդագոյնին մէջէն ժայթքած ոլորապտոյտ ամպամարմին պայթումին պէս տարածուեցաւ, տարածեց Մայրին ամէնուր՝ մէյ մը յայտնուեցաւ Եգիպտոսի բուրգերուն վրայ, մէյ մը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հռչակաւոր Պուրճ Խալիֆէին շէնքը լուսաւորուեցաւ անով… տարածելով գոյժը համայն աշխարհին, զօրակցութիւնը նաեւ եղբայրական, ինչպէս ձեռքը մարդուն, որ կ՚երկարի ինկողը բարձրացնելու:

Լուրերու տարափին տակ անգիտակցաբար կը հեռաձայնես, կը խօսակցիս հեռաւոր մտերիմիդ հետ, որ ծրագրած էր ընթացիկ ամրան այցելել Երեւանը եւ թարմացած վերադառնալ: Ժպիտներով կը սկսի զրոյցը, յուզումնախառն ապրումներով կը շարունակուի եւ դուն պահ մը ինքզինքդ ցաւերէն հեռացած կը գտնես, բայց՝

-Մէյ մըն ալ պիտի տեսնուի՞նք:
Կը լսուի ընկալուչէն…
Նախադասութիւն մը
պարզ…
եթէ «ոչ» ըլլայ պատասխանը
հարցեր կ՚աճին
արդեօք ոեւէ մէկուն ցաւ պատճառա՞ծ եմ
արդեօք մէկը նեղացուցա՞ծ եմ
մտահորիզոնին մէջ տեսերիզի պէս կը դառնան պատկերները
մարդկային հաղորդակցութեանց սպիները մէկիկ-մէկիկ կը յայտնուին
ինքնազննում
ու կը փորձես զանոնք մաքրել
վէրք առ վէրք դեղել
բուժել
բայց մարդը կատարելութիւն մըն է
Իր պատկերին համաձայն
Իրեն պէս կատարեալ
կեանք նոր թեւակոխած շրջանին
որմէ ետք հանգամանքները բջիջ առ բջիջ
կը խլեն կատարելութիւնը մարդուն
մինչեւ որ ինքնազարթնում մը տեղի ունենայ
եւ ան ըսէ՝ «ես ի՞նչ ըրի»…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles