Ամբողջական Հայութեամբ Դէպի Միացեալ Հայաստան

0 0
Read Time:4 Minute, 7 Second

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Ճարտարապետ։ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ։

«Դրօշակ», թիւ 8 (1642), Օգոստոս, 2020

Դեկտեմբեր 1990-ին Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի կազմակերպութիւնը կը գումարէ իր Ա. Շրջանային (գերագոյն) ժողովը, որուն յաջորդող յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «Մեկնելով Հ․Յ․Դ․ Ծրագրի եւ 24րդ Ընդհանուր ժողովի տրամադրութիւններից` Շրջանային ժողովը մշակեց Հայաստանի կազմակերպութեան ռազմավարութիւնն ու քաղաքական ուղեգիծը եւ հաստատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հայաստանեան գործունէութեան փլաթֆորմը, որը շուտով կը ներկայացուի հանրութեանը։

Շրջանային ժողովը հաւաստեց, որ Հ․Յ․Դ․ մայր կազմակերպութիւնը, հաւատարիմ Դաշնակցութեան հարիւրամեայ աւանդոյթներին, հողահաւաք-հայահաւաք շրջագծի մէջ հետապնդելու է հայ ժողովրդի ամբողջական իրաւունքների լիակատար վերականգնումը»:

Դաշնակցութեան ծրագրային առաջադրանքները էապէս գործնականացումն են անոր գաղափարաբանութեան: Ըստ էութեան, ընդգրկուն աշխարհայեացքով հարազատ խօսքն են ազատատենչ հայութեան եւ միտուած են ծառայելու բացառապէս անոր արդար դատին ամբողջական իմաստով՝ Ցեղասպանութեան հատուցում, Արցախի միջազգային ճանաչում եւ միացում մայր հայրենիքին, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամասերու խնդիրներ, Հայաստանի ընկերատնտեսական մարտահրաւէրներ:
Հ․Յ․Դ․ հիմնադրութիւնը արտայայտութիւնն էր հայ ազգի արդար եւ վեհանձն գաղափարականչին:

Այս կուսակցութիւնը տակաւին կը մնայ հայութեան բոլոր ցիրուցան, տարտղնուած ուժերը համախմբող, զանոնք ներդաշնակող եւ ազգի ու պետութեան օրհասական օրերուն հաւաքական կամքը ջրդեղող յառաջամարտիկը: 130 տարուան գաղափարակեդրոնացեալ գործունէութեամբ, Դաշնակցութիւնը յաջողած է ըլլալ կենսունակ եւ ազատաշունչ` ի պատիւ իր պայծառ սերունդներու ճկուն ու արթուն քաղաքական մտքին, եւ առարկայական պայմաններու համատեղ ներգործութեամբ ու հաշուառումով, ապահոված է ծրագրային առաջադրանքներու բնականոն եւ տրամաբանական հոլովոյթն ու զարգացումը եւ հայութեան դատի բազմաբովանդակ գործընթացներու հասունացումը` բարենորոգումներու ճամբով Տաճկահայաստանի (Արեւմտահայաստանի) հայութեան վիճակի բարելաւման եւ բարենորոգումներու պահանջներէն սկսած մինչեւ Կովկասեան նախագիծ՝ ստանձնելով համայն հայութեան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան գործը, ապա՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի որդեգրումը:


Ծրագրային առաջադրանքներու հոլովոյթը ծաւալուն յօդուածներու նիւթ կրնայ ըլլալ հաստատաբար: Սակայն ծրագրի հետեւեալ նախադասութիւնը կը գծէ վառ պատկեր մը Դաշնակցութեան ապագայ տեսլականին. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ դատի լուծմանը՝ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական հայրենիքի կերտմանը»: Այս տողերուն առանցքային նշանակութիւնը եւ գործնականացման համար մղուած պայքարը դարձած են կայուն ընթացակարգեր եւ աւելին՝ համոզում ու հաւատք դաշնակցական գործին մէջ: Հողահաւաք եւ հայահաւաք բանաձեւը իր մէջ կը խտացնէ ծրագրային ընդգրկուն հայեցակարգ մը, որ ազատութեան, անկախութեան եւ միասնութեան կերտման երկու հիմնական նախադրեալները կը ճշդէ՝ հայ մարդը եւ հայ հողը: Հասկնալի է, որ նշեալ բանաձեւումով, առաջին հերթին կը պատկերուին հայկական բռնագրաւեալ հողերու ազատագրումը եւ աշխարհասփիւռ հայութեան վերադարձը հայրենիք: Իսկ երբ նշեալ բանաձեւումը տեսութենէ անդին վերլուծական ու քննական մօտեցումի ենթարկենք, այդ պարագային յստակօրէն երեւան կու գայ անոր հանգրուանային իրականացման հնարաւորութիւնը:
Ցանկացած ծրագիր` քաղաքական թէ այլ բնոյթի, անհնար է իրականացնել միանուագ կերպով: Հեռահաս տեսլական հետապնդող ծրագիրները անհրաժեշտաբար կը յատկանշուին գաղափարական եւ քաղաքական հիմնաւորումներով, անոնցմէ բխող ռազմավարական ուղեգիծով եւ ամենակարեւորը` ճանապարհային քարտէզով՝ հասնելու համար ճշդուած նպատակներուն: Հայ իրականութեան մէջ, իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն, Դաշնակցութեան առանձնայատկութիւնը ոչ միայն անոր Ծրագիրի անզուգականութիւնն է, այլ նաեւ Ծրագիրի հետ գործելակերպերու ոճային այլազանութեան համադրութիւնը:Հողահաւաքն ու հայահաւաքը համալիր, միաձոյլ եւ անքակտելի գաղափարներ են, թէեւ բաղադրիչները կրնան ունենալ իրականացման փոխընդմէջ կամ համաժամանակեայ որոշակի հանգրուաններ եւ յարաբերական զարգացումի աստիճաններ: Զուտ ֆիզիքական հաւաքագրում մը չեն ենթադրեր այս ձեւակերպումները, այլ նաեւ ու մանաւանդ ենթակայական բարենպաստ պայմաններ ու ենթահող: Եւ այս է անոնց այժմէականութեան մէկնակէտը: Այսինքն՝ հայկական բռնագրաւեալ տարածքներու հողահաւաքը իրականացնելու համար (Ուիլսընեան քարտէս) նախ եւ առաջ պէտք է հզօրացնել առանցքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը` ազգաբնակչութեան համար ապահովելով արժանավայել կեանք, պատուաբեր աշխատանք, կենցաղային դիւրութիւններ, մշակութային վերելք, ընկերային արդարութիւն եւ այլն: Ասոնք կը նպաստեն առողջ հասարակութեան ձեւաւորման՝ տեղական համայնքային դրութեամբ, արտագաղթի կործանիչ երեւոյթի վերացման, ինչպէս նաեւ ներգաղթի խթանման: Ահա եւ հողահաւաքը կը դառնայ երաշխիքներէն մէկը հայահաւաքին:Մեր երկրի պայմանները երանելի չեն, այնուամենայնիւ ունինք երկու հիմնական հզօրագոյն նախադրեալ` հաստատակամ յառաջանալու դէպի ապագայ` հող (բնութիւն, աշխարհագրութիւն եւ անոնցմէ բխած բարիքներ) եւ մարդկային ստեղծագործ ներուժ ու միտք, հայ մարդու, քաղաքացիի հմտութիւններ եւ մատուցած ծառայութիւններ: Մարդկային ներուժի եւ բարիք ստեղծելու շրջագիծին մէջ անփոխարինելի են դերն ու տեղը ինքնաբաւ երկիր դառնալու բանալին հանդիսացող հայ գիւղացիին:

Դար մը ի վեր հողահաւաքի ու հայահաւաքի տեսլականով պայմանաւորուած է Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, եւ անով կ’առաջնորդուին անոր բոլոր միաւորները, ինչպէս եւ անոր մայր կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան վերընձիւղման օրերէն ասդին:

Ներկայ հանգրուանին, հայրենի հասարակութիւնը ծանր պայմաններու մէջ կը դիմագրաւէ տնտեսական եւ ընկերային ծանրակշիռ հարցեր՝ ակնկալելով արագ արդիւնքներ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ: Մինչդեռ համաճարակային սուր ճգնաժամին մէջ երկրին ղեկավարութիւնը կը շարունակէ փուճ խոստումներ եւ յոյս շռայլել` կրկին շեղելով քաղաքացիներուն հայեացքը հիմնական իսկական օրակարգերէն ու հիմնախնդիրներէն: Հասարակական ճնշուած վիճակին մէջ մեր տեսլականը առաջնահերթ ու այժմէական կրնայ չթուիլ, անոր քարոզչութիւնն ու փոխանցումը կրնան անիմաստ, ոչ անհրաժեշտ նկատուիլ: Գուցէ: Բայց եւ այնպէս, պէտք է գիտակցիլ, որ ամէն դժուարութիւն ու մարտահրաւէր յաղթահարելի են հաւաքական ուժերուն լարումով, միասնականութեամբ եւ ծրագիր ու ճամբու քարտէզ ունենալով: Կարեւորագոյն նախապայմանը, այսուհանդերձ, քաղաքական կամք ցուցաբերելն է: Միասնական իտէալներու իրականացումը ամէն բանէ առաջ կ’ենթադրէ քաղաքական վճռորոշ կամք:

Դաշնակցութեան ճամբան երկարաշունչ, անշեղ պայքարի ճամբան է: Դժուա՞ր է այդ ճամբան: Բնականաբա՛ր: Անշեղելի՞ է: Անշո՛ւշտ: Պատմութիւնը վկայ:

Եւ հոս է հիմնական ուժը Դաշնակցութեան: Ան երկարաշունչ պայքարի զինուորագրեալն է՝ Հայաստանի ու հայութեան դատին ծառայելու համար: Անցնող հարիւր երեսուն տարիներուն անոր պայքարի միջոցները փոխուած են: Վերջին երեսուն տարիներուն Դաշնակցութեան համար պետական իշխանութեան հասնիլը նպատակ ըլլալով՝ բնաւ ինքնանպատակ չէ եղած, որովհետեւ ան չունի իշխանութեան միջոցով ինքնահաստատուելու խնդիր, ոչ ալ կուսակցական կամ խմբակային շահադիտական նկրտումներ: Ներկայ հանգրուանին, սակայն, ամէն ժամանակէ աւելի, այո՛, Դաշնակցութեան համար իշխանութեան հասնելն անհրաժեշտ է, միջոց մը` թէ՛ պետութեան գահավէժ ընթացքը կասեցնելու եւ թէ՛ ծրագրային իր առաջադրանքները իրականացնելու ուղղութեամբ ճամբայ հարթելու:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles