Կիրակի, Ապրիլ 11, 2010 յետմիջօրէին, Քրէնսթընի »Սքոթիշ Ռայթ« կեդրոնի թատերասրահին մէջ, Նիւ Ճըրզիի երիտասարդական թատերախումբը բեմադրեց »Ճորճթաուն Պոյզ« թատրերգութիւնը, բեմադրութեամբ՝ հեղինակ , դերակատար եւ ղեկավար Տոքթ. Հրանդ Մարգարեանի: Գաղութիս բարերարներէն‘ Օր. Մարթա Արամեան կը հովանաւորէր սոյն ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր տեղւոյն Համազգայինի եւ Հայ Մշակութային Ընկերակցութեան կողմէ:
Օրուայ հանդիսավար՝ Համազգայինի Փրովիտենսի մասնաճիւղի ատենադպիր՝ ընկ. Գէորգ Վիշապեան իր բացման խօսքէն ետք ,ներկայացուց օրուայ հիւրերն ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին էին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Պաղսարեան եւ երէցկին Ճօաննան, ազգային ժողովի ատենապետ՝ Տէր եւ տիկին Յակոբ Խաչատուրեան, եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Մարք Ֆիլիփսը, օրուայ հովանաւորութիւնը ստանձնող՝ Մարթա Արամեանը , Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ՝ Ընկ. Անի Հարոյեանը եւ ընկ. Ճօրճ Աղճայեանը, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Սիլվա Գույումճեանը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկ. Յակոբ Մելքոնեանը, եւ »Սքոթիշ Ռայթ« կազմակերպութեան վարչական‘ Ճան Թագեանը : Ապա ան հրաւիրեց Համազգայինի Փրովիտենս մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկ. Մարգրիտ Ստեփանեանը, որ անգլերէն լեզուով փոխանցեց Համազգայինի խօսքը:
»Ճորճթաուն Պոյզ« թատրերգութեան շուրջ քսան հինգ դերակատարները, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով, երգով ու նուագով , ներկայացուցին 1915ի ցեղասպանութենէն վերապրող 109 հայ որբերու կեանքը , Գանատայի Ճորճթաուն քաղաքին մէջ, ուր անոնք տեղափոխուած էին ջարդէն ետք գիւղատնտեսութիւն սորվելու համար: Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի ոգեկոչման նուիրուած այս Ապրիլեան ձեռնարկը , շատ պատշաճ էր որպէս մեր յարգանքի տուրքը մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն եւ վերապրող որբերուն: Շատ գնահատելի էր Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ վարժարանի չորրորդ դասարանի աշակերտներուն ներկայութիւնը իրենց ուսուցչական կազմով : Թատրոնի աւարտին, բազմատաղանդ բեմադրիչ եւ թատերագիր դոկտ. Հրանդ Մարգարեան խօսք առնելով տուաւ պատմականը այս թատրոնին եւ թատերախումբին: Այս իւրայատուկ ձեռնարկը չափազանց ջերմ ընդունելութիւն գտաւ ու գնահատուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով, քանի այսպիսի ներկայացումներու շնորհիւ, նոր սերունդի երիտասարդութեան հոգիին մէջ անմառ կը պահուի հայ ժողովուրդի մշակութային մեծ արժէքները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը Ամերիկայի այս օտար ափերուն վրայ: Մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնց նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ այս ելոյթը իրականութիւն դարձաւ, նա մանաւանդ Օր. Մարթա Արամեանին, Արարատ հաստատութեան, Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Կոմիտէին, Հ.Օ.Մ.ի Արաքս եւ Անի մասնաճիւղերուն, Հ.Ե.Դ . եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներուն:
Կը շնորհաւորենք Նիւ Ճըրզիի Համազգայինն ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը իր արձանագրած յաջողութեան համար, ցանկալով որ մեր մշակութային եւ կրթական բոլոր հաստատութիւնները շարունակեն իրենց արդիւնաբեր ջանքերը որ յաւէտ ապրի մեր մշակոյթը:
Գ. ՎԻՇԱՊԵԱՆ