«ՄԵԾ ՀԱՅՐ ԵՒ ՄԱՅՐ ՉՈՒՆԵՆԱԼՍ ԽԹԱՆԵՑ ՈՐ ԳՐԵՄ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻ ՀՍԿԱՆԵՐ ԳՈՐԾԸ»

0 0
Read Time:12 Minute, 24 Second

Ծ.Խ.- Անցեալ շաբթուայ, »Հայրենիք«ի թիւին մէջ, տեղեկացուցած էինք թէ, ամիսներէ ի վեր հրապարակուած է Միչ Քէհէթեանի (Մուշեղ Խթէեան) »Երկրագունդի Հսկաները« գործը: Ստորեւ, հարցազրոյց մը, կատարուած Տիթրոյթաբնակ հրապարակագիրին հետ.-

Հարցում. Ի՞նչ էին պատճառները որ քեզ մղեցի կատարել արկածախնդրական ճամբորդութիւն մը դէպի բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան:
Պատասխան. 1968ին, Տիկնոջս հետ որոշեցինք այցելել խորհրդային Հայաստան, ուր կ’ապրէր Մեծ Եղեռնէն վերապրող իր մօրաքոյրը: Այդ օրերուն դէպի Հայաստան ճամբորդութիւնը կը կատարուէր Մոսկուայի ճամբով, եւ այդ պատճառով որոշեցինք քանի մը օր ալ Մոսկուա մնալ եւ ապա թռիչք առնել դէպի Երեւան: Մոսկուայի հրապարակին վրայ կը գտնուէր մեր իջեւանած պանդոկը, որուն չորրորդ յարկին վրայ էր մեր սենեակը: Երբ վերելակով վեր բարձրացանք ու դուռը բացուեցաւ, դռան առջեւ անակնկալ հանդիպում մը ունեցանք համաշխարհային երկրորդ պատերազմին, Գերմանիոյ բանակին կողմէ գերի բռնուած եւ ապա »Անչա«ի միջոցով Ամերիկա եկած Հմայեակ Խաչատուրեանին: Անոր հետ, միեւնոյն երեկոյեան, գացինք պանդոկին դիմաց գտնուող »Արարատ« ճաշարանը: Հոն հանդիպեցանք Մեծ Եղեռնէն վերապրող Արուսեակ Մանկոյեան (Տէրտէրեան) անունով տարեց կնոջ մը: Մեր խօսակցութեան ընթացքին երբ ըսի թէ հայրս՝ Գասպար Խթէեան, Քղի Խուբս գիւղէն է, տիկ. Արուսեակ յուզուած ուրախութեան արցունքներով փաթթուեցաւ եւ ըսաւ թէ ինք եւս Խուբս գիւղէն է ու մօտէն ծանօթ է ծնողացս, հօրս եւ հօրեղբայրներուս: Մեծ հայրս եղած է գիւղի բժիշկը: Ան իր կոտրած ձեռքի ոսկորը կրցած էր լաւապէս բուժել:
Եղեռնէն վերապրող իմ երկու եղբայրներս որոնք Խուբս մնացած էին, 1947ին, ձգեցին դարաւոր հայրենի գիւղը ու ներգաղթեցին խորհրդային Հայաստան: Համաձայն եղբայրներուս, անոնք տեսած են քու հարազատ հօրաքոյրդ՝ Փառանձեմը, որ կ’ապրի Խուբսի մօտ գտնուող Գատլաճա գիւղը: Հայրս ու հօրեղբայրներս կը կարծէին, թէ իրենց ծնողաց հետ նահատակուած էր նաեւ իրենց փոքր քոյրը՝ Փառանձեմը:

Հ. Ի՞նչ զգացում ունեցար երբ լսեցիր թէ, Հօրաքոյրդ վերապրող մըն է ու կը բնակի Գատլաճա գիւղը:
Պ. Հօրաքրոջս վերապրելու ոդիսականը օր ըստ օրէ սկսաւ մտածումներուս մաս կազմել: Հայրս, ու Տիգրան հօրեղբայրս մահացած էին, միակ աղբիւրը տակաւին կենդանի շնչող Մեսրոպ հօրեղբայրս էր: Ամերիկա վերադառնալէս ետք, այցելեցի Մեսրոպ հօրեղբօրս եւ պատմեցի ինչ որ Մոսկուայի մէջ լսեցի տիկ. Արուսեակէն: Հօրեղբայրս ճանչցաւ զինք, ապա ըսաւ. »ինչ որ լսած ենք մեր քոյրը՝ Փառանձեմը նահատակուած էր ծնողքիս հետ:….Հիմա դուն մեր քոյրը գերեզմանէն դուրս կը բերէս«:
Հօրաքրոջս առեղծուածին մասին աւելի եւս տեղեկութիւններ ունենալու համար դիմեցի Խուբսի կոտորածներուն ականատես եղած եւ հրաշքով ազատուած Յովհաննէս Ոսկերիչեանին, եւ տիկ. Արուսեակ Թօփալեանին որոնք հետեւեալը պատմեցին. »Թուրք բանակայինները ընկերակցութեամբ թուրք ու քիւրտ խուժանին, կանուխ առաւօտուն խուժեցին Խուբս ու սկսան անխնայ կոտորել հայութիւնը, ըստ մեր ունեցած տեղեկութեան առաջին զոհերէն եղան մեծ ծնողքդ, իսկ հօրաքոյրդ՝ Փառանձեմը սպիտակամորթ, կապոյտաչեայ, շէկ մազերով, որ գեղեցիկ աղջնակ մըն էր, ընտանիքին ամենափոքրը, հազիւ թէ 1011 տարեկան, տեսնելով իր ծնողաց սպանութիւնը փախուստ կու տայ, հազիւ փողոցէն դուրս ելած գետին կ’ինայ ու զինք հետապնդող զինուորը զայն ձերբակալելով, իր հետ կը տանի, որմէ ետք մինչեւ օրս ոեւէ մէկը տեղեկութիւն չունէր անոր ողջ կամ մեռած ըլլալուն մասին :
Հօրաքրոջս առեղծուածին մասին բացատրական յօդուած մը գրեցի, թէ ոեւէ մէկը որ տեղեկութիւն ունի անոր մասին տեղեակ պահէ մեզ: Յօդուածս լոյս տեսնելէ քանի մը օր ետք հեռաձայն մը ստացայ Տիթրոյթի Քոնկրէսական Լիւսիէն Նետզիէն: Ան կարդացած ըլլալով յօդուածը, խօստացաւ ամէն գնով օգնել կատարելիք աշխատանքներուս գտնելու Մեծ Եղեռնէն վերապրող հօրաքոյրս:
Ունեցած տեղեկութիւններս փոխանցեցի իրեն, զորս ան ալ իր կարգին զանոնք փոխանցած էր Արտաքին Գործոց նախարարութեան: Յունուար, 1969ին, հեռաձայն մը ստացայ Արտաքին Գործոց նախարարութենէն: Անոնք գտած էին հօրաքրոջս բնակարանը ու անոր երկու կենդանի զաւակները՝ Հիւսէնն ու Էլիֆան, որոնք կ’ապրին Խուբսի հարեւան Գատլաճա գիւղին մէջ: Դժբախտաբար 1962ին, հօրաքոյրս մահացած էր. անոնք հարց տուին ու ըսին. »եթէ կը փափաքիս հանդիպիլ նոր զարմիկիդ, մենք պատրաստ ենք դասաւորելու եւ ապահովելու ճամբորդութիւնդ դէպի Արեւմտեան Հայաստան…«:

Հ. Ի՞նչն էր որ քեզ մղեց, կատարելու լի արկածախնդրութեամբ այդպիսի ճամբորդութիւն մը դէպի բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան, երբ այդ օրերուն գոյութիւն ունէր Քրտական ապստամբութիւն:
Պ.Ինչպէս անդրադարձայ, մեծ հայր ու մայր չունենալուս մասին, որ փոքր տարիքէս մտքիս ու հոգիիս մէջ առաջնահերթ հարցման նշանը հանդիսացած էր: Իսկ երկրորդը որ մղիչ ուժ ու աւիշ հանդիսացաւ երակներուս ու մտածողութեանս, հետեւեալն է. Երկրորդական բաժինի ուսանող, դասերուս կողքին երեկոները գրադարան կ’երթայի պրպտելու համար հայոց Մեծ Եղեռնի առնչութեամբ լոյս տեսած գիրքեր, դժբախտաբար այդ օրերուն հազուագիւտ էր անգլերէն լեզուով այդպիսի լոյս տեսած գիրքեր գտնելը: Ինչ որ ձեռքս կ’անցնէր, յափշտակուած կը կարդայի: Երիտասարդութեանս սեմին անդամագրուեցայ Հ.Ե. Դաշնակցութեան »Մուրատ Զաւարեան« մասնաճիւղին: Այդ օրերուն ունէինք Փրովիտենսէն դաստիարակ՝ ընկեր Արթիւր Կիրակոսեանը, որ իր տպաւորիչ դասախօսութիւններով մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ, կը սերմանէր հայրենիքի սէրը, ազգային պատկանելիութիւնը, եւ յատկապէս մինչեւ օրս տակաւին իր արդար հատուցումը չգտած Հայ Դատի անհրաժեշտութիւնը :
»Հայ Սքուլ«ը աւարտելէ ետք, որոշեցի համալսարանի մէջ հետեւիլ լրագրութեան դասընթացքներուն, որպէս լրագրող կարենամ իմ համեստ ծառայութիւնս բերել Հայ Դատի աշխատանքներուն: Քաջատեղեակ ըլլալով, դէպի բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան ճամբորդելու արկածախնդրութեան եւ դժուարութիւններուն, որոշեցի եւ անմիջապէս տեղեակ պահեցի Ամերիկայի Արտաքին գործոց նախարարութեան, որոնք իրենց կարգին տեղեակ պահեցին Անգարայի մօտ իրենց Դեսպանին, եւ թելադրեցին որ Անգարա հասնելէս ետք, ներկայանամ դեսպանատուն, որոնք ամէն դասաւորում կատարած էին ուղղեւորութեանս համար:
Յուլիս 20, Հինգշաբթի 1969ին, հասա Անգարա եւ ներկայացայ դեսպանատուն, եւ ներկայացուցի ճամբորդութեանս քարտէսը. Մանազկերտ, Սեբաստիա, Երզնկա, Էրզրում, Քղի Խուբ եւ Գատլաճա գիւղերը, Մուշ եւ անոր հարեւան Սողկում գիւղը որ աներհօրս ծննդավայրն էր: Ապա ՊինԿէօլ, Պիթլիս, Պայազիտ, Վան, եւ Խարբերդ: Երիտասարդ թուրք մը որ նոր շրջանաւարտ եղած էր Իրաւաբանական կաճառէն, եւ լաւ անգլերէն գիտէր որպէս թարգման ընկերակցեցաւ ինծի, իսկ քիւրտ երիտասարդ մը որ լաւապէս ծանօթ էր բռնագրաւուած արեւմտեան Հայաստանի նահանգներուն որպէս թիկնապահ, ընկերակցեցաւ մեր հետ:

Հ. Ի՞նչ զգացում ունեցար երբ ոտք դրիր բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստան:
Պ. Իսկապէս յուզիչ էր պահը եւ լի վրէժխնդրութեամբ, տեսնել հայ ժողովուրդի դարաւոր շէն ու թալար քաղաքները ու գիւղերը դատարկուած իրենց սեփականատէրերէն, լեցուած թուրք, քիւրտ, չերքէզ եւ թաթար ցեղերով:
Այցելած քաղաքներուս եւ գիւղերուս մէջ, շատ հազուագիւտ եղաւ հանդիպիլ վերապրող քաջ հայորդիներու, որոնք կրցած էին պահել իրենց ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը: Սեբաստիոյ մէջ կ’ապրէին շուրջ հինգ հարիւր հայորդիներ, որոնք Մեծ Եղեռնէն վերապրող որբեր էին, քաջութեամբ կրցած էին պայքարիլ թրքական ամէն տեսակ բռնութեան դէմ, պահած էին իրենց ինքնութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքը: Հանդիպեցայ երեք հայերու՝ Թորգոմ, Մանուկ եւ Սեւակ անունով ոսկերիչներու, որոնք եւս Մեծ Եղեղռնի որբացած եւ որբանոցի մէջ մեծցած հայորդիներ էին: Անոնք ըսին. »Սեբաստիա մնացած հայերս, երբ մեր զաւակները հազիւ պատանեկութեան սեմին կոխած, զանոնք կը ղրկեն Պոլիս, ուր Հայ մնալը եւ հայ օճախ մը կազմելը աւել ձեռնտու է քան Սեբաստիոյ մէջ«:

Հ. Ինչպէ՞ս հանդիպեցար, եւ ի՞նչ զգացում ունեցար երբ հանդիպեցար զարմիկներուդ:
Պ. Երբ Հօրս ծննդավայր Խուբս հասայ, առաջին գործս եղաւ գտնել մեծ հօրս բնակարանը: Երկիւղածութեամբ համբուրեցի տան պատերը որոնք մեծ հօրս ձեռքերով պատուած էին, որովհետեւ տան արտաքին վիճակը ցոյց կու տար թէ ան կը պահէր իր նախկին վիճակը:
Գիւղը դատարկուած էր իր նախկին իրաւատէրերէն, քիւրտերով բնակուած : Դուռը թակեցինք: Փոքրիկ տղայ մը դուռը բացաւ: Ան մեզ տեսնելով շուարած քրտերէն բաներ մը ըսաւ, մինչ այդ միջահասակ հասակով, խանծուած ու չոր դէմքով մարդ մը եկաւ: Քիւրտ թիկնապահը ըսաւ թէ այս պարոնը Ամերիկայէն եկած է, այս տան նախկին հայ սեփականատիրոջ թոռնիկն է եւ կ’ուզէ տեսնել իր մեծ հօր տունը: Տան նոր տէրը բազմազաւակ քիւրտ մըն էր որ մեզ ներս հրաւիրեց: Տունը բաւական ընդարձակ էր, դռան մուտքին մեծ բակ մը ունէր որուն կողքին կը գտնուէր սենեակներ, մեզի յատկացուած աթոռներուն վրայ տեղ առինք: Տեղւոյն սովորութեան համաձայն մեզ հիւրասիրելէ ետք, մեզ ցոյց տուաւ սենեակները : Հոգեպէս ընկճուած էի, մտքիս մէջ կը հնչէր հօրս եւ հօրեղբայներուս պատմածներուն համաձայն որեւէ փոփոխութիւն տեղի չէր ունեցած տան մէջ : Քիւրտ տանտէրը տատամսելէ ետք, ըսաւ.»Աղա’ երբ որ գաս…տունը քուկդ է«:
Յուզուած հոգիով զգացումներով հեռացայ հայրենի տունէն ու ուղղուեցանք մահացած հօրաքրոջս գիւղը Գատլաճա, շուտով գտանք մահացած հօրաքրոջս բնակարանը, որուն սեմին մեզ դիմաւորեցին իմ կիսահայ թուրք զարմիկներս՝ Հիւսէնն ու Էլիֆան:
Դռնէն ներս մտանք, միջակ տարածութեամբ բակ մը որուն կողքի քանի մը սենեակներ կային, տեղ առինք մեզի յատկացուած աթոռներուն վրայ, ականջիս մէջ կը հնչէր Տիկ. Արուսեակ Մանկոյեանի խօսքերը թէ իր եղբայրները տեսած են հօրաքոյրս որ ողջ է ու կ’ապրի Գատլաճա գիւղը:
Երանի թէ հօրաքոյրս ողջ ըլլար եւ պատմէր իր ականատեսի վկայութիւնը թէ ինչպէս թուրք զինուորները ընկերակցութեամբ քիւրտ եւ չերքէզ խուժանին սպաննեցին իր ծնողքը եւ կոտորեցին Խուբսի հայութիւնը: Պատմէր իր ապրած տասնամեայ ոդիսականը, որպէսզի ես ալ իմ կարգիս զանոնք մամուլի միջոցով սեփականութիւն դարձնէի ընթերցողներուն, շեշտելով թէ Ամերիկայի կառավարութեան կարծեալ Թուրք դաշնակիցը, իսկական մարդկային գազան մըն է որ իր նմանը չէ ունեցած մարդկային պատմութեան մէջ:
Թարգմանիչիս միջոցով ցաւակցութիւններս յայտնելէ ետք ըսի »Թէ ձեր մահացած մայրը իմ հարազատ հօրաքոյրս էր«: Հիւսէն եւ Էլիֆա ըսին թէ իրենց մայրը »Էրմանի« գեղեցիկ կին մըն էր, ամուսնացած էր իրենց հօր հետ որ իրմէ տարիքով բաւական մեծ եղած էր, անոնք բախտաւորուած էին երկու մանչ եւ աղջիկ զաւակով:
Հօրս բացակայութեան, մայրս լալով կը պատմէր իր ծնողաց եւ Խուբսի հայութեան սպանդին մասին : Հայրս ծեր էր, հիւանդացաւ ու մահացաւ, երբ մենք փոքր երեխաներ էինք:
Հօրս մահէն ետք, մայրս ամուսնացաւ քիւրտի մը հետ, ան եւս մի քանի տարի ետք մահացաւ: Ասկէ ետք մայրս ամուսնացաւ ուրիշ քիւրտի մը հետ, ան եւս շուտով մահացաւ: Մեծ եղբօրս մահը շատ ծանր ազդեց մօրս վրայ, ան չդիմացաւ այդ ցաւին, հիւանդացաւ ու եօթը տարիներ առաջ ինք եւս մահացաւ, բոլորովին որբ ձգելով մեզ:

Հ. Զարմիկներդ կ’ընդունէ՞ին թէ իրենք կէս հայ են:
Պ. Զարմիկներս ինչպէս ըսի գիտէին թէ իրենց մայրը Հայ էր, սակայն իրենք մահմետական թուրք էին, ոեւէ սէր ու տաքութիւն ցոյց չտուին ինձ հանդէպ, նոյնպէս ես ալ իրենց հանդէպ: Չեմ մեղադրեր զիրենք, որովհետեւ անոնք ոեւէ նմանութիւն չունէին իրենց մօր, բարին իսկական առումով անտաշ թուրք էին:
Զարմիկներուս ընկերակցութեամբ այցելեցի հօրաքրոջս հողակոյտը եւ անոր վրայ մոմ մը վառելէ ետք, անոր հոգւոյն խաղաղութեան համար ի սրտէ աղօթեցի Տէրունական աղօթքը: Զարմիկներէս բաժնուելուս պահուն, առ ի յիշատակ անոնք իրենց մօր լուսանկարը տուին ինծի :

Հ. Երբ Մուշ քաղաքը այցելեցիր հոն բնաւ հայու կրցա՞ր գտնել: Ինչպէս գտար աներհօրդ ծնողաց բնակարանը:
Պ. Մուշ քաղաքը բաժնուած էր երկու մասի, հին, եւ նոր բաժինով: Հին քաղաքին մէջ հայոց քարաշէն տուները կանգուն կը մնային, կարգ մը տուներու դռան մուտքին վրայ կ’երեւէր հայ տառեր, որոնք դատարկուած էին իրենց նախկին իրաւատերներէն բնակուած թուրքերով եւ քիւրտերով: Հայոց եկեղեցին վերածուած էր մզկիթի, թարգմանիս միջոցով երբ հարց տուի արդեօ՞ք տակաւին հայեր կ’ապրին քաղաքին մէջ, պատասխան մը չստացանք:
Մուշ քաղաքը մեր ետին ձգելով ուղղուեցանք նախկին հայ Սողկում գիւղը գտնելու համար աներհօրս Սարգիս Մելիքեանի բնակարանը: Գիւղը ներկայիս բնակուած է քիւրտերով:
Գիւղին մուտքին կը գտնուէր բաւական ընդարձակ բնակարան մը, բախտատած միւս տուներուն որ կը նմանէր դղեակի մը, արտաքին տեսքը ցոյց կու տար թէ ան կը պահէր իր նախկին վիճակը: Անգիտակցաբար կանգ առինք անոր դռան առջեւ, մեզի ընկերակցող քիւրտ թիկնապահը ինքնաշարժով վար իջաւ ու դուռը թակեց, քիւրտ կին մը դուռը բացաւ ու մեզ ներս հրաւիրեց, ընդարձակ բակ մը իր յարակից բազմաթիւ սենեակներով, տեղաւորուեցանք մեզի յատկացուած աթոռներուն վրայ, թուրք թարգմանը տանտիրոջ ըսաւ.»Այս պարոնը Ամերիկայէն եկած է եւ կը փնտռէ իր աներհօր Սարգիս Մելիքեանի բնակարանը տեսնել արդեօ՞ք դուք գիտէք այդ բնակարանը«:
Տանտէրը դուրս ելաւ, մի քանի րոպէ ետք տարեց քիւրտ ծերունիի մը հետ վերադարձաւ, ըստ երեւոյթին քիւրտ ծերունին կը ճանչնար գիւղի նախկին հայ բնակիչները, անոր հարցուցինք արդեօ՞ք ինք գիտէ թէ ուր կը գտնուի Սարգիս Մելիքեանի բնակարանը: Քիւրտ ծերունիին պատասխանը եղաւ.»Թէ մենք արդէն իսկ կը գտնուինք Սարգիս Մելիքեանի բնակարանին մէջ«: Յուզում մը ցնցեց ամբողջ էութիւնս, չդիմանալով եղած անարդարութեան դէմ շրթներէս ժայթքեց լի վրէժխնդրութեամբ լի ներքին պոռթկում մը. թարգմանին ըսի. »Եթէ այս պահուն հետս ատրճանակ մը ունեցած ըլլայի ձեր բոլորն ալ այս տան մէջ կը սպաննէի«:
Քիւրտ տանտէրը տեսնելով վիճակս ու պոռթկումս ըսաւ.»Աղա երբ որ գաս այս տունը քեզի կը պատկանի…«:

Հ. Որպէս թղթակից եւ հրապարակագիր բնաւ հանդիպում ունեցա՞ր տեղւոյն խմբագրատուները, եւ կամ ոեւէ թղթակիցի մը հետ:
Պ. Երբ Պինկէօլ այցելեցի զիս հրաւիրեցին շրջանի »Պինկէօլ Կազիթա« թերթի խմբագրատունը, ուր հարցազրոյց մը ունեցայ Քիւրտ երիտասարդ թղթակիցի մը հետ ու ըսի. »Այս երկրի իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է, երեք հազար տարիներ աւելի եղած է Հայ ժողովուրդի հայրենիքը, սակայն 1915ին, Թուրք կառավարութիւնը ի գործ դրաւ հայ ժողովուրդի տեղահանութիւնը ու մաքրագործումը որուն օժանդակեցիք նաեւ դուք՝ Քիւրտերդ, որուն զոհ գացին մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի հայութիւն, այդ պատճառով է որ ներկայիս հոս հայեր չեն ապրիր«:
Խմբագրատունը գտնուած միջոցիս Մեծ Եղեռնէն վերապրող Խաչիկ Յովհաննէսեան անունով 6065 տարեկան հայ մը զիս տեսնելու եկաւ:
Ան հարցուց .»Ամերիկայի մէջ Հայ Քրիստոնեաներ կ’ապրի՞ն, եկեղեցի եւ դպրոց ունի՞ն : Ըսի. Ամերիկա մեծ երկիր մըն է կազմուած 52 նահանգներէ ուր կ’ապրին շուրջ մէկ միլիոն հայեր:
Տիթրոյթ քաղաքը ուր ես կ’ապրիմ ունինք չորս եկեղեցիներ, ես կը յաճախեմ Ս. Սարգիս եկեղեցին: Խաչիկ Յովհաննէսեան յուզուած ըսաւ.
»Երբ Ամերիկա վերադառնաս գնայ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի իմ կողմէս մոմ մը վառէ, եւ մամուլի միջոցով ըսէ հոն ապրող եղբայրներուս եւ քոյրերուս թէ Պինկէօլի մէջ տակաւին կ’ապրի Հայ քրիստոնեայ Խաչիկ Յովհաննէսեանը, որ տասնամեակներ կրցաւ դիմագրաւել թուրք կառավարութեան ի գործ դրած բռնութիւններուն, եւ տակաւին կը շարունակէ պահել իր պապերու դարաւոր քրիստոնէական հաւատքը ու ազգային ինքնութիւնը, որուն երկինքէն վկայ է Սուրբ Սարգիսը:
Երբ հարց տուի թէ արդեօ՞ք ամուսնացած է.»Ո’չ ըսաւ, որու հետ ամուսնանամ, այստեղ հայ գոյութիւն չունի, բնակիչները թուրք եւ քիւրտ են, եթէ ամուսնանամ թրքուհիի մը եւ կամ քրտուհիի մը հետ ինքնաբերաբար նպաստած պիտի ըլլամ անոնց թիւի աճման, այնպէս որ կը նախընտրեմ մեռնիմ հայ. իմ մահովս վերջ պիտի գտնէ ՊինԿէօլի հայութեան դարաւոր պատմութիւնը:

Հ. Կրցա՞ք Վան այցելել:
Պ. Մուշէն ետք ճամբայ ելանք դէպի Վան, սակայն Վանի շրջանի Քիւրտերը Թուրք կառավարութեան բռնութեան դէմ ապստամբած ըլլալով, շրջանը անապահով վիճակ մը կը պարզէր, ստիպուեցանք ետ վերադառնալ:
Ինքնաշարժին մէջ Թուրք թարգմանողիս ըսի.»1915.ին, ինչ որ թուրք կառավարութիւնը ի գործ դրաւ հայ քրիստոնեաներուս դէմ, հիմա նոյնը կը կիրարկէ քիւրտերուն որոնք ձեզ պէս մահմետական կրօնակից են : Դուք՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդը տեղահանեցիք իր դարաւոր հայրենիքէն ու աքսորեցիք դէպի Տէր Զօրի անապատը, աքսորի ճամբուն ընթացքին գազանաբար կոտորեցիք ու առեւանգեցիք երիտասարդ աղջիկները ու կիները ու թրքացուցիք զանոնք, որոնցմէ մէկն էր իմ հօրաքոյրս, այդպէս կ’երեւի թէ ինչ որ տեսայ, սկսած էք երկրորդ ցեղասպանութեան մը, հայ ժողովուրդի պատմական մշակոյթի ճարտարապետական կոթողները եւս փճացնել«:
Թուրք թարգմանը չդիմանալով տուած ճշմարտութիւններուս ըսաւ.»Ինչ որ մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ կը կարդանք դուք ձեր յօժար կամքով ձգեցիք այս երկիրը ու գաղթեցիք ուրիշ երկիրներ, ի՞նչ կրնայինք ընել, կ’ուզէք որ ձեր ինչքերուն կողքին ձեր մեռելներուն ալ տէր կանգնի՞նք«:

Հ. Ի՞նչ էր որ քեզ մղեց գրելու »Երկրագունդի Հսկաները« վերնագրով գիրքդ որ լոյս տեսաւ 2009ին:
Պ. Անցնող տարիներուն երբ կը հանդիպէի լուսահոգի Տ. Վարդան Քհնյ. Գասապեանի, ան միշտ կը շեշտէր ըսելով. »Միչըլ հիմա որ հանգստեան կոչուած ես եւ առողջութիւնն կը ներէ, գրէ յուշերդ որպէսզի զաւակներդ, թոռներդ ու հայ ժողովուրդը տեղեակ ըլլան քու մտածումներուդ եւ ապրումներուդ, եւ այդ ճամբով քու ազնիւ ու համեստ նպաստդ բերած կ’ըլլաս Հայ Դատի աշխատանքներուն«: Ահաւասիկ, այսպէս ալ եղաւ:

Հ. Ի՞նչ է քու պատգամդ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող հայ գաղթօճախներու, եւ յատկապէս Ամերիկահայի գաղութի հայ երիտասարդութեան:
Պ. Ներկայիս ամերիկահայի, եւ թէ զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող գաղթօճախներու երիտասարդութիւնը, երրորդ եւ չորորդ սերունդն է »Մեծ Եղեռնի«ն :
Անոնց առաջին. պարտաւորութիւնն է սորվիլ մեր լեզուն, ազգային պատմութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը:
Երկրորդ. պահ մը իրենք իրենց հարց տան թէ ի՞նչ պառճառով իրենց մեծ հայրերը զանազան երկիրներու մէջ գաղթօճախներ հիմնած են:
Եւ երրորդ. Ինչ աշխատանք պէտք է ի գործ դնել որ պէսզի անժխտելի ու անսակարկելի »Հայ Դատ«ը գտնի իր վերջնական յաղթանակը:
1915ին, եթէ թուրք կառավարութիւնը ի գործ դրած չըլլար Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան տեղահանութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար այսպէս կոչուած Պէյրութահայ, Սուրիահայ, Ֆրանսահայ, Ամերիկահայ, Յունահայ եւ ասոնց նման ուրիշ գաղթօճախներ:
Ներկայ քաղաքական պայմանները յաղթահարելու համար, պէտք է Հայրենի կառավարութիւնը որպէս Հայ Դատի իրաւատէր, տէր կանգնի մեր արդար ու անժամանցելի Դատին, եւ Սփիւռք գաղթօճախներու աջակցութեամբ տեղի չտայ մեծ պետութիւններու քաղաքական ճնշումներուն:
Ամերիկահայերուս պարտականութիւնն է մէկդի դնենք մեր նեղմիտ եւ անձնական շահերը, համադրենք մեր ուժերը ու կարելիութիւնները եւ մեր ապրած նահանգի քոնկրէսի եւ սէնէդի անդամներուն պարտադրենք որ ճնշում բանեցնեն կեդրոնական կառավարութեան վրայ որպէսզի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ ան ալ իր կարգին պարտադրեն իր կարծեալ թուրք դաշնակիցը հետեւի Գերմանիոյ օրինակին, ճանչնալու իր կատարած Ցեղասպանութիւնը, վեռադարձնէ բռնագրաւուած հայկական հողերը, եւ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն արեան հատուցում տայ:

հարցազրոյցը վարեց` ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles