Մօտաւորապէս ամիս մը անցած է այն օրէն ետք, երբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ չկամութեան պատճառով, Հոկտեմբեր 10, 2009ին ստորագրուած փրոթոգոլները ”սպառած են” եւ Հայաստան որոշած է դադրեցնել անոնց հետապնդման աշխատանքը:
Յաջորդող օրերուն, նաեւ մինչեւ այսօր, նախագահին այս յայտարարութիւնը ենթակայ է հակասական մեկնաբանութիւններու, որոնք կþարձակուին մերթ հայկական կողմէն, յաճախ նաեւ Թուրքիայէն ու ՀայաստանԹուրքիա յարաբերութեանց բարեշրջումով հետաքրքիրշահագրգիռ կողմերէ:
Մեկնաբանութեանց մէկ գիծը կը նշէ, թէ փրոթոքոլները պէտք է վերջնականապէս մեռած համարել, նախագահին յայտարարութեան միտք բանին այդ էր, թէ՝ պէտք է նոր էջ մը բանալ յարաբերութեանց բարելաւման ու առկախ հարցերու լուծումներ հետապնդելու գործադաշտին մէջ: Ուրիշ գիծի մը վրայ, ջանք կը թափուի համոզելու, որ փրոթոքոլները միայն սառեցուած են ու կրնան որեւէ ատեն սառնարանէն մայքրօուէյվ փուռ փոխադրուիլ, ու ”ֆութպոլային քաղաքականութեամբ” ճամբայ ելած արշաւը կրնայ վերգտնել իր նախկին հունը:
Մեր նպատակը նման մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու տուրք տալ չէ, այլ նայիլ նման մեկնաբանութիւններով ծանրաբեռնուած փորձադաշտէն անդին, պատասխաններ որոնել հարցումներու, որոնք նման մեկնաբանութիւններէ ներշնչում առնելով, կը մտահոգեն մեզ՝ հայերս: Նաեւ մատնացոյց ընել լուծման միակ ու անխուսափելի ուղին:
Եթէ թռուցիկ ակնարկ մը պտտցնենք նախագահ Ս. Սարգիսեանի յայտարարութեան յաջորդող շաբաթներուն վրայ, պիտի մտաբերենք, որ փրոթոքոլներու առկախման որոշումէն ասդին, քաղաքականդիւանագիտական աշխատանք տեղի չէ ունեցած ՀայաստանԹուրքիա եւ յարակից գիծերու վրայ, բացի Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն հնչող հակասական, նաեւ ինքնահակասում դրսեւորող յայտարարութիւններէ ու անոնց դիմաց Հայաստանէն եկող հակազդեցութիւններէ, պաշտօնական ու ոչ-պաշտօնական մեկնաբանութիւններէ: Հաւանաբար պէտք չէ արհամարհել այն հաւանականութիւնը, որ Երեւանի ու Անգարայի միջեւ ”առեւտուր”ը թերեւս կը շարունակուի գաղտնի կերպով, լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս որ եղաւ վերջին աւելի քան երկու տարիներու կարգ մը հանգրուաններուն, եւ օր մըն ալ կատարուած իրողութիւններ դրուեցան սեղանի վրայ, ”կերէք այս ապուրը” կամ՝ ոչինչ, տրամաբանութեամբ: Չենք ուզեր հաւատք ընծայել նման հաւանականութեան, սակայն թրքական կողմի յայտարարութիւնները ջուր կը բերեն անոր ջաղացքին (թրքական կողմի արտայայտութիւնները միշտ ալ պէտք է լսել վերապահութեամբ եւ ապատեղեկատուութեան, սուտ քարոզչութեան զոհ չդառնալու շրջահայեացութեամբ): Անգարայէն լսուեցան, օրինակի համար, ”փրոթոքոլները չեն սառած, գործընթացը չէ դադրած” եւ նման արտայայտութիւններ, որոնց նոյն ատեն ընկերացան նախկին յանկերգները, այսինքն, Ատրպէյճանի պահանջները չարհամարհելու, Ատրպէյճանը փոքր եղբայր նկատելու եւ նոյնինքն փրոթոքոլներուն ”տրամաբանութիւնը” գործնապէս ոտնակոխ ընող կեցուածքները, այսինքն՝ ցուցահանուեցան այն պատճառները, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնները մղեցին ”սպառած” յայտարարելու աւելի քան եօթը ամիս առաջ սկսած երթը:
Մանրամասնելու համար, արձանագրենք քանի մը դիպուկ յայտարարութիւն. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կþըսէ, թէ փրոթոքոլները ո’չ մեռած են, ոչ ալ սառնարանն են, ու կþաւելցնէ, որ անոնք անհրաժեշտութիւն են սկսուած գործընթացը տեղ հասցնելու համար: Անդին, վարչապետը կը հաւաստէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւման գործընթացը չի կրնար վերսկսիլ, եթէ հայկական կողմը ընթացք չտայ Ատրպէյճանի, հետեւաբար նաեւ Թուրքիոյ ծանօթ պահանջներուն, որոնք խորքին մէջ պերճախօս հերքումն են արտաքին գործոց նախարարին կեցուածքին եւ հիմնական պատճառը՝ գործընթացին դադրեցման:
***
Կը թուի, որ Թուրքիոյ վարիչները կþաշխատին նման արտայայտութիւններով ստեղծել շփոթի վիճակ, աւելի եւս պղտորել քարշահոտով պարուրուած ջուրերը. հաւանաբար կը փորձեն գլխապտոյտ առթել հայկական կողմին: Անդին, նկատելի է, որ Անգարա հրաժարած է այն ընտրանքէն, որ հրապարակ նետուեցաւ Ապրիլ 24ի օրերուն (անցեալին ալ նման փորձեր անհետեւանք մնացած էին), երբ հրաւէր արձակուեցաւ ”ուղղակի ճամբայ բանալու հայկական Սփիւռքին հետ”: Նման հրաւէր անկասկած որ ունէր հայկական կողմը պառակտելու, նոր երկփեղկում յառաջացնելու թաքուն նպատակը, սակայն բարեբախտաբար փորձին շունչը մնաց կարճ:
Այս ու նմանօրինակ ”փորձի օդագունդեր” հաւանաբար նաեւ կը միտին որոշ շարժումի մէջ պահել հայթրքական յարաբերութիւններու թղթածրարը, մանաւանդ, որ Թուրքիոյ դիւանագիտութիւնը վերջին շաբաթներուն իր վրայ լուսարձակներ կեդրոնացուցած է այլ զարգացումներու պատճառով, իսկ ներքին քաղաքական բեմին վրայ կը դիմագրաւէ ոչարհամարհելի տագնապներ: ԹուրքիաԻսրայէլ իրական կամ շինծու բանավէճին յաջորդած է Իրանի ”պաշտպան կանգնելու” Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը (հարստացուած իւրանիւմ Թուրքիոյ յանձնելու մասին ծանօթ համաձայնագիրը՝ Պրազիլիոյ մասնակցութեամբ), կամ, տակաւին, Միջին Արեւելքի մէկ քանի գիծերուն վրայ ներգործօն դիւանագիտութիւն խաղալու ճիգերը (Իրաքի եւ պաղեստինեան գիծերուն վրայ): Այս իրադարձութիւնները համապատասխան արձագանգումներով կը դիմաւորուին Թուրքիոյ շարժումներով շահագրգիռ կամ մտահոգ ուժերուն կողմէ, ինչպէս եղաւ Իրանի վերաբերող համաձայնութեան արձագանգներուն պարագային, Ուաշինկթընի մէջ եւ այլուր: Ներքին ճակատի վրայ, իշխող կուսակցութիւնը ինքզինք կը գտնէ դատական մարտահրաւէրի մը դիմաց, իսկ ընդդիմադիրներու մէկ ղեկավարին գայթակղալի հրաժարականը ուրիշ տեսակի փոթորիկով մը կը զբաղեցնէ այս ոլորտը:
Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ Թուրքիոյ աճպարարութիւնները վստահաբար այլեւս չեն կրնար խաբել ո’չ Հայաստանը, ոչ ալ շահագրգիռ կողմերը, որոնք հազուադէպ արդարամտութեամբ կþարտայայտուին հայկական տեսակէտներուն ի նպաստ (իսկ եթէ որոշ պատասխանատուներ կը նախընտրեն տարուիլ թրքական անհիմն պահանջներով, այդ ալ իրենց գործն է ու զիրենք անշեղօրէն կը տանի… ինքնադատապարտումի):
***
Յաջորդ հանգրուանը կերտելու համար, հայկական կողմին կը մնայ միանգամընդմիշտ յստակացնել փրոթոքոլներուն նկատմամբ իր կեցուածքը եւ մէկդի ձգել ”դիւանագիտական” արտայայտչաձեւերը:
Երեւանի կը մնայ Թուրքիոյ ու բոլոր շահագրգիռ կողմերուն յստակօրէն ըսել այն՝ ինչ որ պէտք էր ըսուէր առաջին օրէն: Այսինքն, պէտք է բացայայտօրէն ըսել, որ փրոթոքոլները իսկութեան մէջ մեռեալ ծնունդ էին, որովհետեւ ճամբայ ելած էին հայկական կողմի անառարկելի պահանջներուն ու իրաւունքներուն շուրջ սակարկութեան սեղան սարքելու միտումով: Երեւան պահ մը քալեց այդ ճամբէն, իբրեւ թէ հզօր կողմեր ողոքելու նպատակով եւ օր մըն ալ ըսելու՝ թէ ”տեսէ՞ք, մենք բարի տրամադրութեամբ մօտեցանք ձեր սպասումներուն եւ ահա Թուրքիան ու իր դաշնակից Ատրպէյճանը քար դրին անիւին առջեւ, ինչպէս ըրած են միշտ”:
Անշուշտ այս գործընթացին յարիլը ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցաւ մեր ներազգային բեմին վրայ, ու բացուած վէրքերուն դարմանումը պիտի կարօտի յաւելեալ ճիգի, որ այլապէս պէտք է տրամադրուի աշխատանքի ճիշդ դաշտին մէջ:
Յաջորդ քայլերուն համար, Երեւան պէտք է անվերապահօրէն սեղանի վրայ դնէ հայկական բոլոր իրաւունքներուն թղթածրարը, Ցեղասպանութենէն մինչեւ բոլոր մակարդակներու վրայ փոխհատուցման անսակարկելի իրաւունքները: Պէտք է Թուրքիոյ ու աշխարհին բառացիօրէն յիշեցնել, որ մեր իրաւունքներուն կառքը, Հայաստանի ու հայութեան կամքէն անկախ, տիղմի մէջ խրած է 1920-էն ի վեր, քիչ մըն ալ անկէ առաջ: Հետեւաբար, պէտք է սկսիլ քակել արդարութեան, Հայաստանի ու անոր բնակչութեան գոյատեւման եւ զարգացման նախադրեալները ապահովող լուծումներուն արուեստականօրէն խճճուած կծիկը:
Աւելի յստակ ըլլալու համար, հայկական կողմին կը մնայ, պետականօրէն ու Հայ Դատի արդար լուծման հետամուտ բոլոր միաւորներով, վերահաստատել պահանջատիրութիւնը այն իրաւունքներուն, որոնք օր մը արդարօրէն արձանագրուեցան Սեւրի դաշնագիրով ու Ուիլսընեան քարտէսով:
Առանց նման արդար լուծումի, առանց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր հետեւող փոխ հատուցումներու ամբողջական թղթածրարին բացման, անվաղորդայն փրոթոքոլներ ճակատագրուած են սառնարան վերադառնալու, մգլոտելու եւ անհարկի տագնապ ու մտատանջութիւններ սերմանելու:
Սա կը պահանջէ ազգային շահերու հետապնդման, ճիշդ ուղիին վերադառնալու եւ աննահանջ կերպով յառաջ ընթանալու քաղաքական կամք, որուն սերմերը կþուզենք տեսնել փրոթոքոլներու կասեցման որոշումին մէջ:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ