Հոգեգալստեան շնորհաբաշխ տօնը, քրիստոնեաներուս համար մեծ կարեւորութիւն ու խորք ունեցող եղելութեան մը յիշատակութիւնն է, որ Քրիստոս ի’նք խոստացաւ ղրկել բոլոր իրեն հաւատացողներուն:
Այս ցնցիչ շարժումը, որ թափ տուաւ մարդկային ընկերա բարոյական նոր կեանքի մը, կ’իմաստաւորէ քրիստոնէական մեր կոչումը եւ երաշխիքն է անոր պահպանման ու յարատեւման:
Երբ կը խօսինք Սուրբ Հոգիի մասին, միեւնոյն ժամանակ խօսած կþըլլանք Սուրբ Երրորդութեան մասին, որովհետեւ Սուրբ Հոգին անբաժանելի մէկ մասնիկն է Երրորդութեան: Ան անեղ է, անժամանակ ու կը բղխի Հօր Աստուծմէ: Չէ ստեղծուած ժամանակի մը մէջ եւ ոչ ալ ժամանակի մը համար, այլ յաւիտեան է իր գոյութիւնը, ինչպէս Աստուծոյ ու Քրիստոսի պարագան:
Անկարելի է Սուրբ Հոգիի արժեւորումը կատարել ու ամբողջական դերակատարութեան մասին խօսիլ քանի մը էջերու մէջ, որովհետեւ ան, իր աներեւոյթ ներկայութեամբ ու զօրութեամբ, կը կատարէ այնպիսի հրաշքներ ու փոփոխութիւններ, զորս քրիստոնէութիւնը կը պահեն միշտ կայտառ, կենսունակ, զօրաւոր ու առողջ:
Ուստի մարդ արարածը միայն կը վայելէ ու կրնայ վկայել այն փոփոխութիւններուն մասին, զորս կը զգայ իր ներսիդին կամ իր ընկերային միջավայրին մէջ: Շատ են Սուրբ Հոգիի պարգեւներն ու շնորհքները մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, որոնք մեր մարդկային բնութիւնը առաւել եւս կը մօտեցնեն Աստուծոյ:
Սուրբ Հոգին Խաղաղարար է:
Ներկայ մեր կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր ու դժուար իրագործուող եւ պահպանուող երեւոյթներէն մին Խաղաղութիւնն է: Քրիստոս իր մարդեղացումով եկաւ աշխարհին խաղաղութիւն տալու, իր ծնունդէն մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալուստը խաղաղութեան ընթացքի մը մէջ քալելու հրաւիրուեցաւ մարդ արարածը:
Քրիստոս սքանչելի պարգեւ մը տուաւ մեզի երբ ըսաւ. »Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի. իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է« (Յհ 14.27):
Սակայն արդեօ՞ք մարդը ու մարդկային ընկերութիւնը կրցան պահել ու տէր կանգնիլ այդ խաղաղութեան: Այսօր կը տեսնենք մեր չորսդին, որքան անապահով ու իրարանցած վիճակ մը կը տիրէ, որ կը կազմէ հակապատկերը Քրիստոսի ցանած խաղաղութեան: Չկա’յ խաղաղութիւն Քրիստոսէ դուրս, չկա’յ խաղաղարար Քրիստոսէ զատ: Սուրբ Հոգին իր երկնային բնութեամբ, եկաւ ու հանգչեցաւ Առաքեալներուն ու հաւատացեալներուն վրայ, որպէս խաղաղութեան Հոգի, այդ Հոգին ստանալով Առաքեալներն ու Քրիստոսի հետեւորդները տարածուեցան աշխարհի բոլոր ծայրամասերը խաղաղութեան մասին խօսելու:
Անոնք կանգնեցան կայսրերու, թագաւորներու եւ իշխաններու դիմաց յայտարարելով իրենց խաղաղութեան որդիներ ըլլալը ու հրաւիրեցին աշխարհը ճանչնալու ու ապրելու Քրիստոսի տուած խաղաղութիւնը: Սակայն աշխարհը պէտք ունի այդ կանչին ականջալուր դառնալու ու զայն փորձարկելու, այլապէս աշխարհ պիտի կորսնցնէ իր առողջ ուղղութիւնը, առաջնորդուելով դէպի կորստական ճանապարհներ: Առաքեալի բառերով. »Իր շուրջ խաղաղութիւն սերմանողը՝ արդարութիւն կը հնձէ« (Յկ 3.18):
Սուրբ Հոգին Նորոգող է:
Քրիստոնեայ անհատին կեանքը ճանապարհորդութիւն մըն է, որու Առաջնորդը Քրիստոս ինք է ու անոր վախճանը յաւիտենական կեանքին հասնիլն ու հոն ապրիլն է:
Ուստի այդ ճանապարհորդութեան ընթացքին, հաւատացեալը մշտապէս անհրաժեշտ կարիքը ունի նորոգութեան ու որակաւորման, այնպիսի նորոգութեան մը, որ հին անձն ու սովորութիւնները մէկդի դնելով, կը հագնի նոր մարդը, նորոգուած հոգիով ու սրտով: Աստուծոյ ընծայուելու ու յաւիտենական կեանքի քաղաքացիութեան համար, հարկ է նորոգուիլ:
Ահաւասիկ այս մէկը կարելի կը դառնայ միայն Սուրբ Հոգիի միջոցաւ: Երբ Սուրբ Հոգին գայ ու հանգչի հաւատացեալին վրայ, այն ժամանակ ան կը նորոգուի, կը հիւծի իր մէջ ամէն բան, որ արգելք կը դառնայ իր փրկութեան:
Փաստօրէն մեր եկեղեցին կը վայելէ այդ նորոգութիւնը մշտապէս, եթէ բանանք մեր սրտի ու հոգիի աչքերը, կրնանք տեսնել այդ նորոգութիւնը ու ըստ այնմ զայն կþարժեւորենք: Մեր դարաւոր եկեղեցին ըլլալով ու պահելով իր սրբազան աւանդութիւնները, մշտապէս նորոգութեան մէջ է իր հաւատքի երթին եւ ուխտին դէպի Աստուած:
Սուրբ Հոգին Զօրութիւն ու Կարողութիւն է:
Քրիստոնէական կրօնքը, Աստուածային Սիրոյ զօրութեամբ պահպանուող կրօնքն է: Այդ զօրութիւնը ի յայտ եկաւ նոյնինքն Քրիստոսի անձին ու գործին ընդմէջէն: Զօրութիւնը չի պայմանաւորուիր մարմնական, մկանային կամ իմացական կարողութիւններ ունենալով, այլ զօրութեան չափանիշը կ’ամփոփուի հոգիի զօրութեան ու կարողութեան մէջ:
Քրիստոս իր հոգիի զօրութեամբ յեղաշրջեց մարդկային, ընկերային ու բարոյական անխորտակելի օրէնքներն ու սկզբունքները: Կայսրեր, թագաւորներ ու զօրավարներ, քանդելով ու փշրելով փորձեցին այս աշխարհը փոխել, սակայն բոլորն ալ անխտիր ձախողեցան ու անյայտացան… Ուստի Սուրբ Հոգին, իր մնայուն ներկայութեամբ մեզի զօրութիւն ու կարողութիւն կը պարգեւէ, յաղթելու այս կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր պատերազմներուն, որոնք սատանային ու չարին կողմէ կը կազմակերպուին: Այդ մէկը հոգեւոր պատերազմ մըն է ընդդէմ հոգին կրծող ու չարին գերի դարձնող զօրութեանց ու կարողութեանց:
Ընդունինք Սուրբ Հոգիի զօրութիւնն ու կարողութիւնը, որոնք մեզի երբեք ամօթով պիտի չպահեն, որովհետեւ այդ կարողութիւնն ու զօրութիւնը ի սպաս Աստուծոյ փառքին պիտի գործածենք: Ո՞վ է կամ որո՞նք են անոնք, որոնք դէմ պիտի դնեն Աստուծոյ զօրութեան կամ հակառակին Աստուծոյ արդարութեան:
Սուրբ Հոգին Ուսուցանող է:
Մարդկային կեանքը կ’իմաստաւորուի այն ատեն, երբ մարդ արարածը մնայուն սորվելու ու այդ սորվածը ուրիշներուն փոխանցելու ընթացքին մէջ կը մնայ: Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին, եղաւ ու մնաց իր առաքեալներուն ու իրեն հաւատացողներուն Ուսուցիչը: Ան սորվեցուց իր շուրջիններուն ու բացատրեց անոնց աստուածային անիմանալի ու ծածուկ խորհուրդներն ու ծրագիրները, սակայն երբ իր մեկնումի ու փառաւորումի ժամանակը հասաւ, ան իրեն հաւատացողներուն խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին, որպէսզի ան շարունակէ ուսուցանել ու բացատրել Քրիստոսով սկսած քրիստոնէական դասընթացքը՝ Կեանքի դասընթացքը:
Քրիստոս այսպէս հաստատեց. »Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի« (Յհ 14.26):
Եկեղեցին, որ սկիզբ առաւ Քրիստոսով, մինչեւ այսօր տնօրինումը կը վայելէ Սուրբ Հոգիին: Սուրբ Հոգին է, որ դարեր շարունակ ներշնչեց հաւատացեալները մնալու իրենց ճշմարիտ հաւատքին մէջ: Սուրբ Հոգին է, որ ներշնչեց եւ ուղղեց Առաքեալները, եկեղեցւոյ Հայրերն ու Սուրբերը, որոնց միջոցաւ հաստատուն մնաց Քրիստոսով հաստատուած ու Քրիստոսով գլխաւորուած Եկեղեցին: Սուրբ Հոգին խնամեց եկեղեցին դարերու ընթացքին, մանաւանդ երբ եկեղեցին հալածանքներու, դժուարութիւններու ու մարտիրոսութեանց մէջ կը գտնուէր:
Սուրբ Հոգին է, որ աւելի քան 1700 տարիներ կանգուն, հաստատ ու քաջ կը պահէ Հայ Եկեղեցին, իր հոգեւոր ու նիւթեղէն կառոյցով, միակ խաղաղութեան նաւահանգիստը դառնալով, ուր հայ ժողովուրդը գտաւ իր հոգեւոր ու մարմնաւոր ապահովութիւնը, պահելով հաւատքն ու հայրենիքը:
Թող Սուրբ Հոգիի օրհնութիւնները անպակաս ըլլան մեր ժողովուրդի վրայէն, թող այս Հոգին որ դարեր շարունակ կը խնամէ ու կը պահպանէ մեր ազգն ու եկեղեցին, այսօր եւս իր զգալի ներկայութեամբ ու ներգործութեամբ միացնէ մեր ժողովուրդը, ունենալու համար մէ’կ կամք, մէ’կ սիրտ ու մէ’կ հոգի եւ այդ միասնութեամբ զԱստուած փառաւորելու յաւիտեան:
Գարեգին Քահանայ Պետուրեան