Նոր Տարին Եւ Մենք

0 0
Read Time:5 Minute, 43 Second


Գէորգ Պետիկեան

365 օրեր «վայելելէ» ետք , մարդիկ հին տարին նետեցին պատմութեան գիրկը, որովհետեւ «նորը» եկած եւ հասած էր ու կը թակէր բոլորի դռները ու բոլորի մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէր դրական երազներ հիւսել:
Նոր տարի է։ Հակառակ անոր որ աշխարհը տակն ու վրայ է, բայց կաղանդի խորհուրդը ներկայ է տուներէն ներս։ Միջազգային կեանքն ալ խառնակ է։ Մեծ ու փոքր պետութիւններու զինարշաւը կը շարունակուի։ Ազգեր կը զինուին գալիք օրերու անստգու-թեան դէմ։ Գրեթէ ամէն ցամաքամասի վրայ ժողովուրդներ իրենց խաղաղութիւնը զէնքով կը շարունակեն փնտռել եւ դիմագրաւելու համար գալիք օրերու անստուգութիւնը, մահացու զէնքերով սկսած են զինուիլ: Վաղը ի՞նչ կամ ինչե~ր կրնան պատահիլ, ոչ ոք տեղեակ է։ Ու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ներկայ այս անապահով վիճակին մէջ, մարդիկ կրկին անգամ իրենց աչքերը կը յարեն դէպի նոր եկող այս անծանօթին եւ կը փորձեն դրական մտածել, նոր լոյսի եւ յոյսի նշաններ որոնել, աւելի ամուր սիւներ «հաստատել», կառուցել, որպէսզի իրենց կեանքի տանիքի ծանրութիւնը քիչ մը երկար դիմանայ ու չկքի:
Այլ խօսքով, դարձեալ նոր յոյսեր շարուած են մարդկային կեանքի հորիզուններու վրայ։
Ու բոլորին նման ես ալ այս «նորը» կ՚ուզեմ լաւատեսութեամբ դիմաւորել, յուսալով, որ ան իր բոլոր դրական երեսներով ուրիշ պիտի ըլլայ, որպէսզի դառնայ օրինակելի եւ նոյնքան ալ՝ յիշատակելի իր նախկինէն պիտի տարբերի։
Այս մտածումներէն մեկնած, ինքնածին, արդէն սկսած եմ ես զիս փնտռել։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, ի տես նման «բաներու», ամէն տարի այս օրերուն նոյն իրավիճակը կ՚ապրիմ, նոյն աղօթքի եւ նոյն բարի մաղթանքներու մրմունջներով, անոր համար է, որ հիմա կը փորձեմ հոգիս գրիչովս քակել։
Այո՛, կ՚ըսեմ տարի մըն ալ անցաւ իմ եւ անշուշտ աշխարհի կեանքէն։ Բայց խոստովանիմ, որ անցեալ տարի տարիքս զգացնել տուաւ ինծի։ Առողջական խնդիրներ։ Այս՝ ուրիշ հարց է։
Համեստօրէն նաեւ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ընդհանրապէս ցարդ տարիքս չեմ զգացած, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ ես տակաւին շատ գործ ունիմ ընելիք, որոնք զիս հանգիստ չեն ձգեր։ Գոհ եմ իմ կատարածներէս։ Առանց մեծամտութեան ըսեմ, որ ցարդ ստեղծած եմ «ուժերուս» ներած չափով, նոյնիսկ յաճախ զարմանալով, թէ ինչպէս այս բոլորը հոս հասցուցած եմ։ Այո՛, կը կրկնեմ, մէջս տակաւին կայ սորվեցնելու մարմաջը, բայց եւ այնպէս կա՛յ նաեւ սորվելու ցանկութիւնը։ Այս մէկն ալ ուրիշ հարց է։
Իսկ էականը՝ ըսեմ, որ բոլոր տարեկիցներուս նման, ընտանիքէս ետք գաղութովս, հայրենիքովս ու ծննդավայրովս կը խանդավառուիմ ու կ՚աշխատիմ պահել այն ճամբան, ուրկէ մեր նախնիներս անցած են:
Արդ յստակ է, թէ անցնող տարուան ընթացքին ազգովին ճակատագրական պահեր, դէպքեր եւ պատահարներ կանգնեցան մեր դիմաց ու տակաւին կը յամենան մնալ: Բոլորս ալ յաճախ ցնցուեցանք, եւ երբեմն ալ յուզուեցանք, տխրեցանք եւ երբեմն ալ՝ ուրախացանք։ Բնական է:
Անոր համար միշտ բարին մաղթեցինք, աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով մեր ժամերը օծեցինք:
Միւս կողմէ սակայն նաեւ ականատես եղանք, որ աշխարհ ըսուած այս գեղեցիկ մոլորակը, արդէն դարերէ ի վեր տակն ու վրայ վիճակ մը կ՚ապրի: Նաեւ ականատես եղանք, որ հայահոծ մեր շատ մը գաղութներէ ներս կարծես ապագայի «նպատակը» հետզհետէ սկսած է մաշիլ, կամ արդէն իսկ մաշած է։ Այս ընթացքով պիտի մաշի նաեւ ժողովուրդի յոյսն ու ոգին եւ մենք կամաց- կամաց պիտի փոքրանանք ու եւ ապա՝ սերունդներ պիտի կորսուին։ Որովհետեւ… որովհետեւ, չար սատանայ, հայ կեանքի բազկերակը անկանոն գործած է։
Դժուարին ու ծանր պայմաններու մէջ կ՚ապրին հայ սփիւռքները։ Նորութիւններ չեն։ Ժամա-նակներն ու յոյսերը գրեթէ ամէն տեղ ալ փոխուած են: Նաեւ կը նշմարենք, որ ֆիզիքական կորուստին կողքին, կայ բարոյական կորուստն ալ։ Եւ կը տուժենք։ Շատ բան կը տուժենք։ Այսօր ամէն բանէ աւելի հիմնականը ոգին է: Հայկականութիւն ստեղծող։ Այս մէկը չենք հասկցած. կարծես։
Բայց անկախ այս բոլորէն, անկախ մեր երազներէն եւ յոյսերէն, մեր ցաւերէն եւ մեր հարցերէն կայ իրականութիւն կոչուած այս հաստատումը, թէ շուրջ երեք տասնամեակներէ ի վեր ունինք ազատ եւ անկախ հայրենիք մը։ Անկախ երկիր եւ հող՝ Հայաստան անունով, որ աշխարհի հայութեան համար ամէնօրեայ անհրաժեշտութիւն է: Ահա թէ ինչո՞ւ, հայրենիքի գաղափարը արժէք ըլլալէ աւելի հեռաւոր կախարդանք պէտք է որ ըլլայ: Միւս կողմէ, սակայն Սփիւռքի համար էական է, որ հայրենքը չկորսնցնէ իր նկարագիրը եւ անոր հետ իր հաւատքն ու մշակոյթը, որովհետեւ համոզուած ենք, որ մեր պետականութիւնը մեր նկարագիրն ալ է: Սփիւռքը ուժեղ է, եթէ հայրենիքը զօրաւոր է, շեշտած ենք միշտ: Ազատ հայրենիքը մեզի, բոլորիս համար լոյս է, լինելութեան նշան եւ եթէ կ՚ուզէ՛ք, կեանքի հզօրութեան կանչ ու յատկապէս մեզ միացնող ատաղձ:
Մենք տարօրինակ ժողովուրդ մըն ենք: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութեան մէջն է: Շատերը՝ նոյնիսկ տեղեակ ալ չեն։ Ըսինք, Հայրենիք մը ունինք, որ մեր բոլորին կը պատկանի եւ ուր հոն կայ ամէն տեսակի դժուարու-թիւն։ Հարց։ Տագնապ։ Բնական է։ Բայց տեսանելի է, թէ տակաւին վարանում կայ մտքերուն մէջ: Տակաւին պատրաստ չենք իրականութիւնը յանձն առնելու: Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է: Այս ձեւով, մնայուն արժէքները պիտի նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան պիտի տանին մեզ:
Ահա իրականութիւն մը։ Վերջ ի վերջոյ պէտք է գիտնալ, որ իրականութիւնը իբրեւ յանձնառութիւն ընդունիլը, քաջութեան համազօր է:
Կրկնելու գնով կ՚ըսեմ, որ կեանքին եւ նպատակին հանդէպ լաւատեսութիւն ունենալը մեծ բարենիշ մըն է: Ուստի մենք զմեզ հպարտ պէտք է զգանք, որ ներկայիս ականատեսներ ենք մեր անկախ հայրենիքին ու ամէն ձեւով ու առիթով անոր ներկայութիւնը կը վայելենք հաստատօրէն։ Ուստի հարկ է զայն ամէն գնով ամուր եւ զօրեղ պահել։
Ուրախացանք, որ «թաւշեայ» յեղափոխութիւնը եկաւ ու նոր ոգի, ուղի ու շունչ բերաւ երկրին ու նաեւ տարբեր ու որոշ վստահութիւն եւ ակնածանք՝ աշխարհի աչքին։ Բայց չմոռնանք, որ միայն ազգային գիտակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի պիտի ըլլայ որոնել մեր «նոր» ուղին ու ճամբան։
Արդ, անգամի մը համար մենք մեզի հարց տանք, թէ արդեօ՞ք այսօ՛ր իսկապէս մեր ազատ ու անկախ երկրին մէջ մենք միացած ազգ ենք: Շատեր հաւանաբար ինծի պէս կը կարծէին, որ այս նոր յեղափոխութիւնը պիտի միացնէր մեզ բոլորս: Շատեր նաեւ համաձայն էին, որ որ այս նոր յեղափոխութիւնը ժամանակի պահանջքն ալ էր: Կարծիքներ եւ տեսակէտներ շատ են. ինչպէս նաեւ հարցումներ՝ պատասխաններէն աւելի երկար:
Շեշտաւորուած իրականութիւն է, որ ներկայիս մեր հայրենիքը բազմազան ներքին եւ արտաքին հարցեր ունի։ Հարցեր կան, անսասան պատերու նման, որոնցմէ մաս մը մենք սկսած ենք ստեղծել։ Այս բոլոր հարցերու լուծման համար կը կարծեմ, որ ոչ միայն առողջ միտքերու հոսքի կարիքը ունինք, այլ նաեւ՝ իմաստուն եւ հեռատես ղեկավարներու, ազգանուէր եւ հոգիի մեծութեամբ արդարամիտներու, արթուն զանգուածներու եւ գիտակից պատասխանտուներու, հզօր բանակի կողքին։ Ինչո՞ւ չենք փորձեր դառնալ ներշնչող եւ միակամ ապրող հաւաքականութիւն եւ առանց ինքնախաբէութեամբ կառչած մնալ հայրենիքի սրտին ու անոր հողէն մեզի հասնող լուռ ու խորունկ ձայներուն, որովհետեւ Հայրենիքի հողին վրայ ապրելու հպարտութիւնը ներշնչում պէտք է դառնայ բոլորիս:
Մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ, մէկ եկեղեցի, մէկ լեզու։ Ո՞ւր է…։ Ո՞ւր ենք…։
Եթէ այո… այս ուղղութեամբ ի՞նչ կ՚ընենք: Ժամանակն է, որ մեր մտքերը ազգային գիտակցութեամբ վերանորոգենք, որպէսզի վաղը չափսոսանք։ Որովհետեւ պէտք է լաւ գիտնանք, թէ մեր այս արարքներով, մեր նոր պատմութիւնն է, որ կը գրենք:
Արդ, այս բոլորէն ետք եւ նաեւ առաջ, ամանորեան մաղթանքս է, որ մենք բոլորս ալ, մեր հայրենիքի նկատմամբ, լաւատես ըլլանք ու այդպէս ալ մնանք եւ մանաւանդ անոր ապագան սիրենք ու միասին զայն կերտենք, որպէսզի մեր այդ երկիրը մեր բոլորին ջանքերով դառնայ արտաքին տեսքով եւ ներքին բովանդակութեամբ պայծառ եւ հզօր երկիր մը, իր օրէնքներով եւ մանաւանդ իր արդարամիտ իշխանութեամբ ու ղեկավարներով: Կիսամիջոցներու ժամանակը շատոնց անցած է: Կարգը եկած է ազգային ոգիով շաղախուած արմատական կարգադրութիւններու, յանուն գալիք լուսաւոր ուղիներու։
Մինչ այդ…ինչ որ ալ ըլլայ ձեր որոշումը, կրկին բոլորիդ…
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Բարի Կաղանդ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles