0 0
Read Time:3 Minute, 21 Second


Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

Կաղանդը կը մօտենայ, եւ որքան որ ամէն տեղ ուտելիքներու առատութիւն կ՚ըլլայ, նոյնքան ալ աղբարկղները աղբերով կը լեցուին։ Վերջերս տեղացի կին մը կը գանգատէր.
– Ուֆ, էլի սկսուեց։
– Ինչո՞ւ այդպէս կ՚ըսես. ի՜նչ աղուոր են ընտանեկան այդ հաւաքները։
– Էտքան բան տաքցրու, դիր, վերցրու, տաքցրու, դիր վերցրու, յետոյ էլ աղբը գցի։
– Բայց ինչո՞ւ աղբը։
– Էտքան բան ո՞վ պիտ ուտի…
Ա՛լ չերկարեցի զրոյցս, ո՞վ գիտէ, մտածեցի, իսկապէս կը չափազանցեն օրեր շարունակ Կաղանդ տօնելով…։ Ահա թէ ինչո՛ւ, երկրի առաջին տիկինը կանանց յորդորեց ազատիլ այդ յոգնութենէն՝ զիրենք հրաւիրելով հանրապետութեան հրապարակ հաւաքական կերպով դիմաւորելու համար Նոր Տարին։ Եւ ինչպէս միշտ, աւանդապաշտները նեղացան, իսկ յեղափոխականները ողջունեցին գաղափարը։
Աղբի մասին շատ նիւթ դարձաւ վերջերս քաղաքիս մէջ։ Մարդիկ աղբը դուրս կ՚ուզեն պահել իրենցմէ ու բնականաբար հեռաւորութիւն ստեղծել աղբին եւ իրենց միջեւ, այլապէս աղբերը տեսակաւոր մանրէներու եւ հիւանդութեանց դուռ կրնան բանալ։ Եւ քանի որ տուն-տուն շրջող աղբահաւաքներ չկան, ուստի ամէն ոք իր աղբը շալկած թաղին ծայրը կը տանի հեռացնելու ինքզինք անկէ։ Ու կարգը կու գայ կատուներուն, որոնք աղբամաններուն մէջ թէ դուրս տոպրակները ճանկելով իրենց յարմար կերը կը փնտռեն, կ՚ուտեն։ Նիկողոս Սարաֆեան իր «Վենսենի անտառը» վիպակին մէջ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ապրիլը աղտոտիլ է». եւ քանի որ կ՚ապրինք՝ պիտի աղտոտինք ու աղբ ունենաք։ «Այն տունը որ աղբ ունի, կը նշանակէ որ հոն կենդանութիւն կայ», կ՚ըսէր մեծ մայրիկս։ Երանի՜ անոր որ աղբ ունի։ Անտուն ու անտէր մարդիկ գիշերով կամ առտու կանուխ կը շրջին փողոցները եւ աղբամաններուն մէջէն բաներ կը փնտռեն։ Երբեմն, աղբ թափողները նրբանկատ ալ կ՚ըլլան, իրերը կամ գործածելի առարկանները թէեւ հին, չեն թափեր աղբարկղին մէջ, այլ կը դնեն մայթին վրայ ու աղբապտիռին գործը կը դիւրացնեն։
Ու գիշերները բուրգի կը վերածուին թաղի աղբանոցները, մինչեւ որ քաղաքապետի որոշումով աղբատար մեքենաները գան ու պարպեն տարածքն ու աղբամանները։ Սակայն, քաղաքիս ամէնէն խորթ երեւոյթներէն մէկը փողոցները աւլող, մաքրող, աղբերը հաւաքող տարիքոտ կիներն են, որոնք ո՛չ ցուրտ գիտեն, ո՛չ սառոյց. ապրուստի ետեւէ վազող, ընտանիքին հոգերը շալկած, լուռ ու խոնարհ կը շալկեն նաեւ հոս ու հոն տարտղնուած աղբերն ու տերեւները։ Աղբահաւաքներու մասին պոլսահայ գրող Կարպիս Ճանճիկեան կարճ բանաստեղծութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ.
Աղբահաւաքը
75 տարի
ծառայեց քաղաքին
փողոցները աւլեց
մեռաւ առանց յոբելեանի ։
Վերջերս դիմատերտրի վրայ ծախու շքեղ տան մը յայտարարութիւնը դրուած էր։ Մեկնաբանութիւններուն մէջ սփիւռքահայ մը կը հարցնէր, թէ շէնքը սովետակա՞ն շէնքերէն է, թէ նոր կառուցուած։ Թէ ինչո՞ւ այդ հարցումը կ՚ընէր, կը գուշակեմ հարկաւ։ Ան այդպէս կ՚ըսէր ո՛չ թէ անոր համար որ սովետական շէնքերը խարխուլ են, իսկ նորերը հաստատուն, այլ որովհետեւ սովետական ժամանակաշրջանին կառուցուած շէնքերուն մէջ աղբամուղեր կան, ուր շէնքի բնակիչները իրենց աղբերը կը նետեն։ Սակայն հաւաքուած աղբերուն մինչեւ ամբողջապէս վերցուիլը, շէնքը ամբողջ աղբահոտով կը լեցուի։
Բնութիւնը, միւս կողմէ, կրկնումի մեքենայ մըն է։ Ինքզինք կը կրկնէ, կը վերանորոգուի. ոչինչ աղբ կը մնայ, կղկղանքն անգամ պարարտացուցիչի յատկութիւն ունի հողին համար։ Ու հողագործները կ՚աղբեն հողը, այսինքն՝ աղբով հողը կը պարարտացնեն։ Ցորենի աղբը (մնացորդը) հաւերուն կուտ կ՚ըլլայ, դդումի, վարունգի աղբը կովերը սիրով կ՚ուտեն, հաւը մաքրելէդ ետք աւելցած աղբը շուներուդ համար փառաւոր կեր կ՚ըլլայ, ըմպելի շիշերը չեն թափուիր կ՚օգտագործուին այլ պահածոներու համար, խնձորին կեղեւները քացախ կ՚ըլլան… վերջերս ալ կը լսենք, որ կերպընկալէ շիշերը կը հաւաքուին եւ անոնցմով տարբեր իրեր կը ստեղծուին։
Եւ որովհետեւ աղբը մեր առօրեային մաս կազմող երեւոյթ մըն է, բնական է որ ժողովուրդի բառ ու բանին մէջ նաեւ իր տեղը ունենայ։ Աղբ բառի գործածութիւնը կը դրսեւորուի մանաւանդ անէծքներու եւ հայհոյանքներու ընդմէջէն։ Երբ կ՚ըսուի. «Աղբահարդ ճանչցիր», ըսել կ՚ուզուի տեղդ իմացիր, քեզ կարգին պահէ։ Ժողովուրդը կը հաւատայ, որ գէշ ու նենգ արարքը անպայման օր մը օրանց յայտնի կը դառնայ, որովհետեւ «աղբը ձիան տակ չի մնար», ի վերջոյ ձիւնը պիտի հալի, չէ՞։
Ամերիկացի բանաստեղծ Չարլզ Պուքովսկի իր «Առանձին Բոլորի հետ» բանաստեղծութեան մէջ, կը նկարագրէ, թէ ինչպէս «բոլորս ալ ծուղակն ինկած ենք եզակի ճակատագրին» ու ոչ ոք կը գտնէ իր փնտռածը… եւ՝ «Քաղաքի աղբանոցները կը լեցուին, թափոնները կը լեցուին, խենթանոցները կը լեցուին, հիւանդանոցները կը լեցուին, գերեզմանները կը լեցուին, ուրիշ ոչ մէկ բան կը լեցուի»: Գիտակցելով առանձնութեան տհաճ երեւոյթին, մաղթենք որ վերոնշեալ տեղերը չլեցուին միայն, այլ մարդիկ իրենց տան աղբերը թափելու ժամանակ թափեն նաեւ ներքին աղբերը՝ քէնն ու ոխը, ու լեցուին բարութեամբ ու պարզութեամբ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles