
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգ տարի առաջ` 28 դեկտեմբերին, երկարատեւ ու ծանր հիւանդութեան պատճառով, Գերմանիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց Վահան Յովհաննիսեան: Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատան մէջ ամփոփուած անոր շիրիմին այցելութեան գացած հարազատները, կուսակցական-գաղափարական ընկերներն ու մտերիմները վերստին կը յիշեն եւ կ՛արժեւորեն մեծանուն գործիչին անցած ուղին:
«Հինգ տարի է, որ Դաշնակցութեան մէջ որոշումներ կը տրուին առանց մեր ընկերոջ, եւ յաճախակի` դժուար որոշումներ: Մենք շատ պիտի ուզէինք, որ ընկեր Վահանը այդ որոշումներուն մէջ իր ներդրումը ունենար, իր ճկուն միտքը, իր նուրբ հիւմըրը, իր արդարացի դիրքորոշումը արտայայտէր», նշեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան:
«Վահանին բացակայութիւնը շատ կը զգանք բոլորս` ե՛ւ մենք, որ իր ընկերն ենք, զինակիցն ու գաղափարակիցը, ե՛ւ մեր պետականութիւնը: Եւ ինչքան մեր պետութիւնը կ՛ապրի մարտահրաւէրներու, տագնապներու եւ խռոված իրականութեան մէջ, այնքան Վահան տեսակի բացը, անոր քաղաքական ու մարդկային կարօտը կը թանձրանայ: Մենք միշտ ներքին զրոյց ունինք Վահանին հետ` ինքը ինչպէ՛ս կը մտածէր, ինքը ի՛նչ կ՛ընէր», օրուան խորհուրդին անդրադառնալով` յայտնեց Լիլիթ Գալստեան:
Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին առիթով, բազմաթիւ հրապարակումներ ու արձագանգներ եղան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: